2012 – Հաշուեյարդար. Մսխուած Առիթներու Եւ Խեղուած Ընտրանքներու Տարին

ASBAREZ-2013Տարեվերջի ընդհանրացած սովորութիւն է, որ անհատներ, հաւաքականութիւններ, կազմակերպութիւններ թէ իշխանութիւններ կ՛արժեւորեն իր աւարտին հասած տարուան հաշուեկշիռը։

Աշխարհի չորս ծագերուն, նոր տարուան սեմին, բոլորը հաշուեյարդարի կը նստին եւ գնահատումը կը կատարեն իրենց ձեռքբերումներուն ու կորուստներուն։

Ինքնանպատակ չի կատարուիր, անշուշտ, հաշուեյարդարը։

Բոլորին մօտ ալ կ՛իշխէ, փորձուած ու անցեալին յանձնուող տարուան հաշուեկշիռէն մեկնելով՝ գալիքին համար անհրաժեշտ դասերը քաղելու նախանձախնդրութիւնը։

Դասեր, որոնք կը յատկանշուին, ամէնուրեք, թէ՛ ընձեռուող նոր տարուան ժամանակը աւելի արդիւնաւէտ օգտագործելու եւ իմաստաւորելու, թէ՛ անցնող ու անցեալ տարիներուն կուտակուած պարտքը ի վերջոյ փակելու լաւատեսութեամբ, այլեւ՝ գօտիները ամրապնդելու պատրաստակամութեամբ։
Միեւնոյն նախանձախնդրութենէն կը ներշնչուի նաեւ ու մանաւա՛նդ աշխարհասփիւռ հայութիւնը, երբ հաշուեյարդարը կը կատարէ 2012 թուականի իր ազգային–քաղաքական «ժառանգութեան»…

Առաջին հերթին՝ զգալի յառաջընթացով յատկանշուեցաւ հայոց ազգային տարուան հաշուեկշիռին դրական գլուխը։

Փաստ է, որ 2012ի ընթացքին ազգովին՝ Հայաստանով եւ Սփիւռքով, պետական իշխանութիւններով թէ ազգային կառոյցներով ու կազմակերպութիւններով, ունեցանք ձեռքբերումներու տարի մը։

Յատկապէս ազգային արժէքներու պահպանման ու զարգացման ճակատներուն վրայ, հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր հարստութեանց տէր կանգնելու ու զանոնք պետական հոգատարութեամբ վերանորոգելու առումներով, կայուն թափով շարունակուեցաւ Հայաստանի վերանկախացումով ու Արցախի ազատագրումով նոր հուն մտած համազգային ինքնահաստատման մեր երթը։

Նազարէթ Պէրպէրեան

Նազարէթ Պէրպէրեան

Նոր հորիզոններ բացուեցան Հայաստան–Սփիւռք կամրջումի համակարգուած ճիգերուն առջեւ՝ աւելիով արմատաւորելով հայրենական եւ սփիւռքեան առօրեան իբրեւ մէկ ու անբաժանելի ամբողջութիւն զգալու, ընկալելու եւ առաջնահերթ օրակարգի վերածելու համահայկական աշխարհայեացքը։
2012ի հայ ազգային–քաղաքական հաշուեկշիռի ձեռքբերումներու նժարին վրայ ամէնէն կարեւոր դիրքը գրաւեց այն միասնականութիւնը, որ Հայաստանէն մինչեւ Սփիւռքի հեռաւոր ափերը մեր ժողովուրդը համախմբեց տագնապահար Սուրիոյ հայութեան զօրակցութեան հասնելու միեւնոյն դրօշին տակ։
Հայ Դատի պահանջատիրութեան եւ Հայաստանի թէ Սփիւռքի աղէտի պահերուն կամ տագնապահար շրջաններուն զօրակցութեան հասնելու դրսեւորումները, ի մի գալու եւ իրերօգնութեան միասնական զօրաշարժ առաջացնելու կամքը, անշո՛ւշտ, երբեք չեն պակսած մեր ժողովուրդին մօտ։
Բայց 2012ին պարզուած համահայկական միասնականութիւնը՝ Սուրիոյ հայութեան տէր կանգնելու օրակարգով, փաստօրէն աննախընթաց էր իր բնոյթով ու տարողութեամբ։

Մեծ Եղեռնէն եւ անկախ Հայաստանի ստեղծումէն շուրջ դար մը ետք, առաջին անգամ ըլլալով, հայ ժողովուրդը 2012ին նուիրագործեց, բառին լիարժէք իմաստով, համազգային ու համահայկական իր միասնականութիւնը՝ հայրենի իր պետական իշխանութիւններով, վեհափառ հայրապետներով ու հոգեւոր պետերով, ազգային կուսակցութիւններով ու հասարակական կազմակերպութիւններով, անհատ բարերարներով ու ժողովրդային հոծ շարքերով՝ Հայաստանն ու համայն հայութիւնը պետականօրէն ու ազգովին տէր կանգնեցան վտանգուած Սուրիոյ հայութեան։

Համահայկական միասնականութեան այսօրինակ շղթայազերծումը, բնականաբար, տակաւին երկար ճամբայ պէտք է կտրէ, որպէսզի կարենանք ըստ արժանւոյն դիմագրաւել սուրիական տագնապի եւ անոր հետ խմորուող Թուրքիոյ վտանգաւոր միջամտութեան չարիքը։ Բայց ուղին բացուած է արդէն եւ ճամբայ հարթելու մեր մարտունակութեան մէջ կը կայանայ յաջողութեան երաշխիքը։

Նաեւ կարեւորութեամբ պէտք է նշել, որ Սուրիոյ հայութեան զօրակցելու միասնական շարժումը իր յարակից արդիւնաւորումը գտաւ, երբ նոր շունչ եւ թափ տուաւ քսանամեայ ու արդէն աստիճանաբար իր հնչեղութիւնը որոշ չափով կորսնցնող Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամին շուրջ իրագործուած մեր միասնականութեան։ Հայաստանը իբրեւ համահայկական քարտէս եւ աշխարհասփիւռ հայութիւնը իբրեւ մէկ ու անբաժան ամբողջութիւն ընկալելու իմաստով՝ 2012ին Սուրիոյ հայութեան օգնութեան հասնելու հրամայականը իր կարեւոր տեղը ունեցաւ Հիմնադրամի տարեկան հանգանակութեանց ու նուիրահաւաքի առաջադրանքներու օրակարգին վրայ։

* * *

Այդ բոլոր ձեռքբերումներով հանդերձ՝ 2012ի հաշուեկշիռին ընկրկումներու եւ կորուստներու բացասական գլուխը, բաղդատաբար, շատ ծանր կշռեց եւ գերազանցեց ձեռքբերումներու դրական հաշուեկշիռը։

Ազգային–քաղաքական յառաջընթացի՝ հզօր Հայրենիքի եւ ուժական Սփիւռքի ամրապնդման բախտորոշ ճակատին վրայ, թէ՛ արտաքին ու մեր կամքէն անկախ դասաւորուած անբարենպաստ պայմաններու բերումով, թէ՛ նոյնինքն քաղաքական մեր կամքին թոյլատրած վրէպներուն հետեւանքով՝ դատապարտուեցանք տեղատուութեան եւ ինկանք մտահոգիչ հարուածներու տակ։

Մսխեցինք տարուան մը մեր ժամանակը եւ անոր ընձեռած առիթները՝ հակահայ ուժերու ծրագրեալ ու հետեւողական հարուածները կանխելու, անոնց թշնամական քայլերուն լոկ հակազդողը չըլլալու եւ, աւելի կարեւորը, հայանպաստ կացութիւններ ստեղծելու ճակատներուն վրայ։ Փաստօրէն ի վիճակի չեղանք Հայաստանի ու հայութեան ոտնակոխուած իրաւունքներուն ամբողջական վերականգնման պայքարը տեղքայլի իր վիճակէն յառաջ մղել՝ համաթրքական վտանգը դիմագրաւելու ուղղութեամբ ռազմավարական համարժէք ծրագրում կատարելու եւ համապատասխան քայլերու նախաձեռնելու առումներով։

Ա՛յդ է պատճառը, որ ծանր տրամադրութեամբ այսօր պատմութեան կը յանձնենք 2012ը, եւ անոր թողած ազգային–քաղաքական ծանր բեռը մեր ուսերուն՝ անձկութեամբ կը դիմաւորենք քանի մը օրէն ժամանող Նոր Տարին։

Անշուշտ լաւատեսութիւնը բնաւ չէ պակսած հայերուս, որովհետեւ մեր ժողովուրդը նախ՝ օժտուած է ամէնէն ծանր հարուածներէն իսկ վերականգնելու եւ աւելիով յաղթաքայլ յառաջ շարժելու ազգային հրաշագործ ընդունակութեամբ։ Ապա՝ յատկապէս ծանրագոյն վտանգներու եւ դժուարութեանց պահերուն է, որ յաջողած ենք ազգային մեր ներուժը իր առաւելագոյն լարումով շղթայազերծել ու արդիւնաւորել։

Աւելի՛ն. յետադարձ հայեացքով ու ժողովրդային իմաստութեամբ շարունակ կը սիրենք փիլիսոփայել, թէ այսուհետեւ պէտք չէ սպասել դանակը ոսկորին հասնելու օրհասական պահուն, որպէսզի շղթայազերծենք ազգային մեր կարողութիւններուն եւ հնարաւորութիւններուն մարտունակ զօրաշարժը։

Այսուհանդերձ՝ բան չի փոխուիր իրողութենէն։ Արդէն ազգային նկարագիր եւ հոգեկերտուածք դարձած է միայն օրհասական պահուն շարժելու, վերջին պատեհութիւնն ալ չկորսնցնելու եւ, աւելին, ուժերու վերջին լարումով յաղթանակի հասնելու հայուն բնորոշ այդ վարքագիծը։

* * *

Ընկրկումի եւ տկարութեան մեր պահերն ու դժուարութիւնները դիմագրաւեցինք, առաջին հերթին, Հայ Դատի իրաւատիրութեան ու պահանջատիրական շարժման ճակատին վրայ։

Թուրքիոյ հակահայ ռազմավարութիւնը եւ անոր լծակից Ատրպէյճանի ծաւալապաշտական ախորժակները 2012ին դրսեւորուեցան թուրքեւազերական համադրեալ ճնշումի հետեւողական քայլերով, որոնց յաղթահարման համազգային մեր ճիգերը շարունակեցին տեղքայլի մէջ մնալ եւ անդին չանցնիլ հակազդողի սահմանափակումներէն։

2012ը թեւակոխեցինք Ֆրանսայի Ազգային Ժողովին հաստատած՝ Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէական յանցագործութիւն հռչակող եւ պատիժի ենթարկող օրինագիծին յաղթաթուղթով։

Բայց թուրքեւատրպէյճանական պատասխանը ոչ միայն սպառնական եղաւ Ֆրանսան սեւ ցանկի վրայ դնելու ուղղութեամբ, այլեւ՝ աշխարհաքաղաքական եւ ռազմատնտեսական խաղաթուղթերու լաւապէս հաշուարկուած օգտագործումով՝ յաջողեցաւ իր կամքը պարտադրել ֆրանսական քաղաքականութեան։

Նախ՝ հակառակ թրքական ճն-շումին առջեւ չընկրկելու ատենի Ֆրանսայի նախագահ Սարքոզիի կատարած հաւաստիացումներուն, փաստօրէն թրքական կաշառքը վճռորոշ դեր ունեցաւ օրինագիծը հակասահմանադրական հռչակելու եւ յետ մղելու Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդի տխրահռչակ որոշման կայացումին մէջ։

Նախագահական իր պաշտօնավարութեան աւարտին գտնուող Սարքոզին չկրցաւ իրագործել օրինագիծը վերանայման ենթարկելու, սահմանադրութեան համապատասխանող տարբերակով օրինագիծը վերստին օրակարգի վրայ բերելու եւ որդեգրելու իր խոստումը, որովհետեւ կորսնցուց 2012ի գարնան կայացած Ֆրանսայի նախագահական ընտրութիւնները։

Ապա՝ նորընտիր նախագահ Հոլանտ, իր կարգին, ընկրկեցաւ թրքատիպ ճնշումներուն առջեւ։ Անշուշտ, նախքան իր նախագահ ընտրութիւնը, Հոլանտ խոստացած էր Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող ու պատժող օրինագիծը վերստին օրակարգի վրայ բերել ու հաստատել։ Նաեւ՝ իր ընտրութենէն ետք հաւաստիացուցած էր, թէ տէրն է իր խոստումին։ Բայց դէմ յանդիման կանգնելով Թուրքիոյ հրամցուցած Ֆրանսայէն զինական գնումներ կատարելու ախորժագրգիռ խայծին եւ Ատրպէյճանի հրամցուցած Սեւ ոսկիի «իւղոտ պատառներուն»՝ Հոլանտ փաստօրէն նախընտրեց մոռնալ հայերը եւ, փոխարէնը՝ առօք–փառօք կուլ տալ թուրքեւատրպէյճանեան շաքարապատուած թոյնը։

Ֆրանսայի ընթացքը, սակայն, սոսկ բարացուցական, այլեւ ցցուն օրինակը եղաւ մեծապետական ուժերու կողմէ կիրարկուող թուրքեւատրպէյճանական ճակատը սիրաշահելու աւանդական քաղաքականութեան, որ 2012ին անխռով շարունակուեցաւ, նոյնիսկ ամօթալի գայթակղութեանց առջեւ կանգնեցնելով միջազգային հանրութիւնը։

Հայկական բանակի սպայ Գուրգէն Մարգարեանը քնացած պահուն կացինահար սպաննած ատրպէյճանական բանակի սպային՝ Րամիլ Սաֆարովի, ազատ արձակման գործարքը միայն հունգարեւատրպէյճանեան գայթակղութիւն չէր, այլեւ՝ աղաղակող ապացոյց մը այսպէս կոչուած «Նոր աշխարհակարգ»ի բարոյական սնանկութեան եւ կեղծ իրաւապաշտպանութեան։

Միացեալ Նահանգները, ՆԱԹՕն, Եւրոպական Միութիւնը եւ Ռուսիոյ Դաշնութիւնը թէեւ դատապարտանքի յայտարարութիւններով հակազդեցին գործուած հակահայ ոճիրին, բայց գործնապէս իրենց հնարաւորութեանց սահմանին մէջ գտնուող ազդու քայլերուն չդիմեցին, որպէսզի հայասպան Սաֆարովը պարտաւորեցնեն կրելու ցմահ բանտարկութեան իր պատիժը։

2012ը արձանագրեց նաեւ թուրքեւատրպէյճանական լոպիինկի լայնածիր աշխուժացում։ Պետական, դիւանագիտական եւ մանաւանդ նիւթական հսկայական միջոցներ ի գործ դրուեցան՝ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ թրքական գործօնին կարեւորութիւնը ուռճացնելու եւ համաթրքական նկրտումներու իրագործման ի նպաստ հող պատրաստելու համար։ Քարոզչական ծրագրեալ եւ հետեւողական յարձակողականի մը ձեռնարկուեցաւ՝ Անգարայի եւ Պաքուի գործած ու անպատիժ մնացած յանցագործութեանց նկատմամբ միջազգային հանրային կարծիքը մոլորեցնելու, թրքանպաստ հունի մէջ ներքաշելու նպատակով։

Յատկապէս Միացեալ Նահանգներու ուղղութեամբ աննախընթաց տարողութիւն ու թափ ստացաւ թրքական լոպիինկի զօրաշարժը։ 2012ի տարեմուտէն իսկ վարչապետ Էրտողանի կառավարութիւնը լծուեցաւ դիւանագիտական եւ լոպիինկի ընդհանուր արշաւի, որպէսզի կանխէ Ապրիլ 24ի առիթով նախագահ Օպամայի աւանդական յայտարարութեան մէջ որեւէ բառեզրի ակնարկութիւն՝ հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած Ցեղասպանութեան՝ իբրեւ այդպիսին։

Անգարա անհաշիւ օգտագործեց թուրքեւամերիկեան ռազմավարական գործակցութեան եւ զինակցութեան քաղաքական զինանոցը։ Հանրային կարծիքին ներկայացաւ իբրեւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ բարի–դրացիական յարաբերութեանց դրօշակիր, որ իբր թէ յաջողած է արտաքին իր քաղաքականութեան մէջ «զերօ հարց» ունենալ… Նոյնիսկ Հայեւթուրք տխրահռչակ Արձանագրութիւնները չվաւերացնելու թրքական խորհրդարանի չկամութեան համար Անգարա հետեւողականօրէն «մեղաւոր» նկատեց հայկական կողմը, որ նուազագոյն բարեացակամութիւնը ցոյց չի տար՝ Ատրպէյճանի նկատմամբ իր ոտնձգութեանց վերջ տալու եւ «գրաւեալ տարածք»ը վերադարձնելու առումով։

Որքան ալ քննական միտքի մերկացումներուն դէմ, ըստ էութեան, անզօր եղաւ ինքզինք պաշտպանելու, այդուհանդերձ՝ թրքական ինքնագովազդի լոպիինկը փաստօրէն լայն ընդունելութիւն գտաւ, որովհետեւ ամերիկեան գործադիր իշխանութեանց քաղաքական հաշիւներուն ու շահագրգռութեանց կը սպասարկէր։ Այդ պատճառով ալ ձայնակիցներ ունեցաւ ե՛ւ Սպիտակ տան, ե՛ւ Քափիթըլ Հիլի մէջ։

Թրքական լոպիինկի յարձակողականը միայն Մ. Նահանգներու ուղղութեամբ չընթացաւ։

Եւրոպական ու եւրասիական ճակատներուն վրայ, Գերմանիոյ եւ Ռուսիոյ հետ «գործակցութեան» հիմեր հաստատելու օրակարգով Անգարայի առած նախաձեռնութիւնները 2012ին որոշապէս արդիւնաւորուեցան։ Մ. Նահանգներու դաշնակիցի դիրքերէն, մեծապետական այդ ուժերուն հետ աշխարհաքաղաքական եւ ռազմատնտեսական մրցապայքարի մէջ գտնուելով հանդերձ, Թուրքիա յաջողեցաւ լուրջ խօսակիցի եւ ապահով գործընկերոջ իր դիրքերը ամրապնդել։ Թուրքիա քայլ առ քայլ զօրացուց տեղն ու խօսքը ունեցող իր երկրի կարեւորութիւնը՝ Եւրոպական Միութեան, Սեւ Ծովեան աւազանի եւ Անդրկովկասէն մինչեւ Կեդրոնական Ասիա երկարող շրջանին վրայ մեծապետական հակակշիռ հաստատելու հարցերուն լուծման մէջ։
Տարակոյս պէտք չէ ունենալ, որ թրքական այդ յառաջխաղացքին գինը կը վճարեն իրաւունքի եւ արդարութեան դատ ունեցող, բայց զանոնք նուաճելու բաւարար ուժ չունեցող փոքր ածուներու շարքին նաեւ Հայաստանն ու ողջ հայութիւնը։

Նոյնքան եւ աւելիով յաջողութիւն գտաւ Արաբական եւ Իսլամական աշխարհները սիրաշահելու Թուրքիոյ կեղծաւոր քաղաքականութիւնը։
2012ին շարունակուեցաւ արաբական ու իսլամական հանրային կարծիքին մօտ թրքանպաստ տրամադրութեանց ալիք բարձրացնող Թուրքիոյ լարախաղաց քաղաքականութիւնը՝ մէկ կողմէ Իսրայէլի նկատմամբ կարծրացման, իսկ միւս կողմէ Իրանի հետ մեղմացման դրսեւորումներով։ Էապէս երկդիմի այդ քաղաքականութիւնը կրցաւ տարածել այն տպաւորութիւնը, որ Թուրքիա՝ սուլթանական խալիֆայութեան իբրեւ ժառանգորդ՝ կոչուած է առաջնորդելու իսլամական աշխարհը, որովհետեւ թէ՛ Իսրայէլի դէմ դիրքորոշուելու «քաջութիւն»ը ունի, թէ՛ Իրանին մերձենալու յանդգնութիւնը ունի։ Զոյգ պարագաներուն ալ Թուրքիա կրցաւ գովազդել, թէ հաստատ կը մնայ իբր թէ արդարութեան նուիրուած իր այդ քաղաքականութեան վրայ, հակառակ որ այդպիսով կը հակադրուի ամերիկեան քաղաքականութեան… նախասիրութիւններուն։

Համաթրքական գործօնը Քաղաքական Իսլամի ամէնէն յառաջապահ ուժը դարձնելու այդ ռազմավարութիւնը 2012ին իր կարեւորագոյն յաղթաթուղթը ձեռք բերաւ սուրիական տագնապին ընդմէջէն։ Թուրքիոյ մերօրեայ ղեկավարութիւնը լաւագոյնս նախապատրաստեց հողը, որպէսզի իբրեւ հաւասարապէս թէ՛ կրօնամէտ, թէ՛ ազատական հոսանքի՝ իր բանալի նշանակութիւնը արմատաւորէ քաղաքական աշխարհի նորովի խմորուող մեծապետական հաւասարակշռութեանց մէջ։

Եւ վաղը անակնկալի պէտք չէ գալ, բնա՛ւ, եթէ Ռուսիոյ կողքին յայտնուի Թուրքիան՝ իբրեւ Եւրասիական Միութիւն ստեղծելու գաղափարի դրօշակիրներէն մէկը։ Փաստօրէն Թուրքիա եւ Ռուսիա 2012ը անցուցին ինչպէս հակամարտութեան, նոյնպէս եւ գործընկերութեան հակասական պատգամներ ուղղելով իրենց ազդեցութեան ոլորտին տակ գտնուող ինքնիշխան, բայց փոքր ածուներուն… Եւրոպական Միութեան մէջ իր տեղը որոնող, բայց արմատներով Եւրասիական հողին պատկանող Հայաստանը իրաւունք չունի պատրաստ չգտնուելու թրքական գործօնի շրջանային դերակատարութեան հաւանական այդ զարգացումին։

Հայաստանն ու հայութիւնը, անշո՛ւշտ, ձեռնածալ նստած հանդիսատեսները չեղան Թուրքիոյ եւ անոր լծակից Ատրպէյճանի համաթրքական ու համաիսլամական նկրտումներու 2012ի շքերթին։

Հայաստանի ու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնները իրենց պետական կառոյցներով, իսկ Սփիւռքը՝ իր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեամբ ու ազգային–կուսակցական կազմակերպութիւններով, անպատասխան չձգեցին, նաեւ կրնկակոխ հետեւեցան ու հակադարձեցին ինչպէս Թուրքիոյ, նոյնպէս ալ Ատրպէյճանի հակահայ քայլերուն եւ հեռահար նախաձեռնութիւններուն։

Յատկապէս Ֆրանսայի եւ ընդհանրապէս Եւրոպայի տարածքին հայկական լոպիինկը հետեւողական ճիգ թափեց, որպէսզի հայ ժողովուրդին դէմ Թուրքիոյ գործադրած Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը հունաւորուին քաղաքական հատուցման օրակարգով՝ հայկական Իրաւունքին ու Արդարութեան վերականգնման հարցը մշտարծարծ պահելով հանրային կարծիքի թէ պետական ատեաններու ուշադրութեան կիզակէտին։

Ուշագրաւ եւ ազդու եղաւ, մանաւա՛նդ, Սաֆարով գործարքին դէմ աշխարհասփիւռ հայութեան ծաւալած բողոքի շարժումը։ Հայաստանի կառավարութիւնը թէեւ որոշակի թափթփածութիւն ցոյց տուաւ Սաֆարովի ազատ արձակումը կանխելու իր անկարողութեամբ, բայց այնուհետեւ իր պատասխանատուութեան տէր կանգնեցաւ՝ հետեւողական ու ծաւալուն բնոյթ տալու համար հայկական բողոքի շարժումին՝ եւրոպական ու միջազգային ատեանները մղելով, որ դատապարտեն Սաֆարովեան ամօթալի գործարքը եւ պահանջեն անոր սրբագրումը։

Մ. Նահանգներու քաղաքական բեմահարթակին վրայ եւս աշխուժութիւն ցուցաբերեց հայկական լոպիինկը։ Նախագահ Օպամա, Ապրիլ 24ի իր ելոյթէն դարձեալ դուրս ձգելով Հայոց Ցեղասպանութիւն եզրոյթը՝ դէմ յանդիման գտնուեցաւ հայազգի իր ընտրազանգուածի բուռն դժգոհութեան։ ԱՄՆ նախագահ վերընտրութեան անոր յաղթարշաւը խոչընդոտելու ուժն ու տարողութիւնը չունենալով հանդերձ՝ հայկական հակազդեցութիւնը մտահոգուելու տեղիք տուաւ Դեմոկրատ կուսակցութեան եւ գործուած սխալը սրբագրելու անհրաժեշտութեան առջեւ կանգնեցուց Սպիտակ տան նորակազմ վարչամեքենան։

Այս բոլորը, սակայն, էապէս մնացին հակազդեցութեան սահմաններուն մէջ։

Ճիշդ է, հայը աւելի քան իրատես է եւ, փոքր ածուի իր ուժերը լաւագոյնս կշռադատելով՝ բնականբար հեռու կը մնայ անհիմն յաւակնութիւններէ։
Բայց նոյնքան ճիշդ է, որ յատկապէս փոքր ածուները ամէն հիմք ունին գերագոյն առաջնահերթութիւն նկատելու իրենց ներուժին ու կարողականութեան անբաւարար պաշարներուն զարգացումը, բազմապատկումն ու հզօրացումը։

Իսկ 2012ի ընթացքին մենք փաստօրէն մսխեցինք մեր ժամանակը՝ բաւարարուելով մեր ներուժին ընթացիկ լարումով եւ զօրաշարժով։
Հայկական լոպիինկը չկրցաւ առաւելագոյն արդիւնաւորման առաջնորդել վերանկախացեալ Հայաստանի պետական գործօնը՝ Հայկական իրաւունքի եւ արդարութեան վերականգնման պահանջատիրական պայքարին մէջ։

Հայաստանի իշխանութիւնները գերին մնացին իրենց գովազդած՝ այսպէս կոչուած «ֆութպոլային դիւանագիտութեան»։ Չուզեցին ընդունիլ, որ թուրքեւատրպէյճանական լոպին կրցած էր իր հաշիւներուն ծառայեցնել հայեւթուրք Արձանագրութեանց ստորագրումը, նոյնպէս եւ անոր վաւերացման ձգձգումը՝ հայկական կողմի «ղարաբաղեան յաւակնութիւններ»ը իբրեւ պատրուակ եւ մեղադրանք գործածելով։

Հայաստանի նախագահը նոյնիսկ այսօր տակաւին կը պնդէ, թէ իբր ինք իրաւացի էր Արձանագրութիւնները ինչպէս ստորագրելու, նոյնպէս եւ յետս չկոչելու իր քաղաքականութեան մէջ։

Հայաստանի պետական ղեկավարութիւնը դեռ չ՛ուզեր ընդունիլ, որ իր այդ վարքագծով ոչ միայն պետական ուժի արդիւնաւորման չի կրնար առաջնորդել Սփիւռքի Հայ Դատի յանձնախումբերուն լոպիինկի հզօր ներուժը, այլեւ՝ նոյնինքն Հայաստանի միջ–պետական ազդեցութեան ներուժը կը զրկէ իր լիարժէք արդիւնաւորումէն ու զօրաշարժի կարողականութենէն։

* * *

2012ը եղաւ նաեւ խեղուած ընտրանքի տարին։

Մայիս 2012ի խորհրդարանական ընտրութիւնները հանդիսացան վերջին արարը Հայաստանի կառավարման նախագահական համակարգի սնանկութեան եւ, իբրեւ այդպիսին, անփառունակ ձախողութեան։

Ապացոյցը այն դառն ու անընդունելի իրողութիւնն է, որ թափանցիկ ու մաքուր քուէարկութիւններ կազմակերպելու իր ընդունակութիւնը մշակելով հանդերձ՝ կառավարման այս համակարգը չուզեց կամ չկրցաւ ապահովել ժողովրդավարական– ազատ ու արդար– ընտրութեանց կայացումը։

Աւելի՛ն. խորհրդարանական վերջին ընտրութիւններով՝ կառավարման նախագահական համակարգը «օրինականացուց» ուժով եւ սուրով հաստատուած.. «իրաւունք»ը։

Անտառի օրէնքէն ներշնչուած իրաւունք մը, որուն պարտադրած տրամաբանութեամբ՝ վերանկախացեալ ու իրաւական եւ ժողովրդավարական պետականութեան ուղին ընտրած Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ, համաժողովրդային քուէարկութիւնները էապէս կը ծառայեցուին եւ, վերջին հաշուով, «հասկնալիօրէն» պէտք է ծառայեն գործող Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահով ներկայացուած վերնախաւի ընտրական յաղթանակին, անոր վերապահուած «օրինական» իշխանութեան մենաշնորհի ամրագրման։

Մայիս 2012ին ձեւաւորուեցաւ ՀՀ Ազգային ժողովի կազմ մը, որուն «հանգիստ» մեծամասնութիւնը գործող նախագահին «ղեկավարութիւն»ը ընդունող քաղաքական եւ հասարակական գործիչներու անդիմագիծ խմբաւորումն էր։ Իբրեւ այդպիսին, Հանրապետական կուսակցութեան անունով ներկայանալով հանդերձ, խորհրդարանական մեծամասնութիւնը ո՛չ ընտրութեան պահուն ունէր, ոչ ալ Հայաստանի կառավարման դիրքերուն վրայ փորձ կատարեց Հանրապետական դիմագիծ մշակելու։ Այն չափով, որ Սերժ Սարգսեան իր քաղաքական կենսագրութեամբ կրնար ներկայացնել Աշոտ Նաւասարդեանի Հանրապետական կուսակցութիւնը, նոյնքանով հանրապետական կրնային նկատուիլ նորընտիր խորհրդարանի մեծամասնութիւնը կազմող գործիչները, որոնք գործող նախագահի վերընտրութեան սատարելու իրենց «արժանիք»ով միայն հասած էին խորհրդարան։

Ընդդիմութիւնը կազմող ուժերը իրենք ալ, կամայ թէ ակամայ, իւղ քսեցին նախագահական համակարգի ախորժագրգիռ հացին։ Գիտակցելով հանդերձ, որ ոտքէն մինչեւ գլուխ խաթարուած այս համակարգով միակ հնարաւորը գործող իշխանաւորին ընտրական յաղթանակ պարգեւելն է, ընդդիմութիւնը խորհրդարանական ընտրապայքարին մասնակցեցաւ այն գովազդով, թէ ամէն բանէ առաջ եւ վեր հարկ էր աշխարհին ցոյց տալ, որ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութիւնը արդէն հասունացման իր տարիքին կը գտնուի եւ ի վիճակի է միջազգային ընկալեալ չափանիշներուն համապատասխան ընտրապայքար հանդիսադրել։

Այդպիսով՝ իշխանութեան այլընտրանք ներկայացնելու իր բուն գործը չընելով եւ ժողովրդավարութիւն բեմադրելու խաղին անձնատուր դառնալով՝ ընդդիմութիւնը փաստօրէն պատժուեցաւ ընտրազանգուածին կողմէ։ Ծանր պարտութիւն կրեց եւ մինչեւ այսօր ի վիճակի չէ վերականգնելու խորապէս խաբուած ընտրազանգուածին հաւատքն ու ինքնավստահութիւնը՝ ժողովրդավարական քուէով իշխանափոխութեան հասնելու հեռանկարին հանդէպ։
Արկածի հետեւանք չեղաւ Մայիս 2012ի խորհրդարանական ընտրութեանց այս ձախաւերութիւնը։

Գործող իշխանութիւնը Սերժ Սարգսեանի նախագահ ընտրութեան առաջին իսկ օրերէն տենդագին լծուեցաւ իր վերընտրութեան ուղին հարթելու աշխատանքին՝ անոր պահանջներուն եւ առաջնահերթութիւններուն համապատասխան հունաւորելով կառավարման համակարգի հետագայ քայլերը։
Նոյնիսկ 2012ի խորհրդարանական ընտրութիւններէն աւելի քան տարի մը առաջ, նախագահական այս իշխանութիւնը կեանքի կոչեց, յաջորդ նախագահական թեկնածուին շուրջ, իշխանաւոր կուսակցութեանց միջեւ ընտրական համաձայնութեան դաշինք կնքելու արտառոց խաղականոն մը։ Ընդդիմութիւնը չուզեց տեսնել ժողովրդավարութեան ողնաշարը հարուածի տակ դնող այդ խաղականոնին անխուսափելի հետեւանքները։ Ընդդիմութիւնը չուզեց կամ չկրցաւ անդրադառնալ, որ հանրապետութեան գործող նախագահը, կառավարական համախմբումին պարտադրելով իր վերընտրութեան համար գործելու այդօրինակ դաշինք մը՝ խորքին մէջ կը նախապատրաստէր ենթահողը ընտրազանգուածի քուէն ու ժողովրդավարական ընտրանքը խեղելու, այլընտրանք ներկայացնող ուժերէն ժողովուրդը օտարելու հետագայ քայլերուն։ Խորհրդարանական ընտրութիւններուն նախագահ Սերժ Սարգսեան ջախջախիչ յաջողութեամբ պսակեց նախագահ վերընտրուելու իր ռազմավարութեան առաջին փուլը։ Հիմա արդէն ճերմակ ձիու վրայ նստած կ՛արշաւէ դէպի նախագահ վերընտրելու ջախջախիչ յաղթանակ։

Ի՜նչ փոյթ, որ գործող նախագահի յաղթարշաւին սատարող Ռուբէն Հայրապետեաններու ցուցմունքով, թիկնապահներ ծեծի տակ սպաննեցին Վահէ Աւետեաններու օրինակով՝ ազատ ու արդար հայրենիքի մէջ ապրելու պատրանքը սնուցանող երիտասարդներ։

Կարեւորը այն է, որ ՀՀ նախագահը վճռած է կոռուպցիայի դէմ պայքար յայտարարել եւ հեռուստացոյցով ժողովուրդին համոզել, թէ ինք տրամադիր չէ այլեւս թոյլատրելու նման սահմանազանցումներ։

Ի՜նչ փոյթ, որ հայոց բանակի սպան կացինահար սպաննած ատրպէյճանցի ոճրագործը Ալիեւին յանձնելու ամօթալի գործարքէն նախապէս տեղեակ էր Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը, բայց որեւէ բողոքի ձայն չհանեց մինչեւ Սաֆարովի Պաքու ժամանումը եւ իշխանավայել ընդունելութեամբ մեծարուիլը։

Կարեւորը ՀՀ նախագահին վճռակամ բողոքն է ամօթալի գործարքին իրականացման դէմ՝ ոտքի հանելով աշխարհով մէկ սփռուած հայութիւնը, որպէսզի դատապարտանքի միջազգային ալիք բարձրանայ ատենին՝ մեր իշխանութեանց իսկ մեղքով չկանխուած անարդարութեան դէմ։

Բայց ինչո՜ւ տարածուիլ նախագահական կառավարման այս փտած համակարգի ընդհանուր խաթարուածութենէն բխող ընկրկումներու թուումին վրայ։
Երբ հարիւր հազարներով հայեր իրենց պաշտած հայրենիքէն դառնութեամբ ու դժգոհութեամբ կ՛արտագաղթեն, իսկ գործող նախագահը կը յոխորտայ, օրինակ, Երեւանի մէջ արդիական ճազի ակումբի բացումով, աւելորդ է այլեւս հաշուեյարդարը շարունակել՝ ահազանգ հնչեցնելու համար, թէ 2013ի նախագահական ընտրութիւնը ինչպիսի՛ վտանգ կը սպառնայ Հայաստանին ու հայութեան։

Նախագահական ընտրութիւն մը, որ դեռ չսկսած՝ արդէն որոշ է, թէ ընտրազանգուածը նախորդէն շատ աւելի բարձր տոկոսով իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ, եւ ինչո՞ւ համար…

Որպէսզի Հայաստանի նախագահ վերընտրէ… գործող նախագահը։

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
«ԱՍՊԱՐԷԶ»

Տպել Տպել