Հայ Ազգային Հերոս Սողոմոն Թէհլիրեանի Յուշարձանը Կը Վերանորոգուի

0105soghomontehlirian2012 տարեշրջանի սկզբնաւորութեան, անյայտ անձեր փորձած էին վրիժառու բազուկ Սողոմոն Թէհլիրեանի յուշարձանին Արծիւը վար առնել եւ այդ պատճառաւ յուշարձանին պատերուն մարմարները շարժած եւ ճեղքուած էին։ Տմարդի այս արարքի մասին Ֆրեզնոյի ՀՅԴ Ս. Թէհլիրեան կոմիտէն տեղեկացուց ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէին, որ որոշեց շատ արագ կերպով վերանորոգել յուշարձանը։

Ֆրեզնոյի վերոյիշեալ կոմիտէն յանձնարարեց Ալէքս Գունտաքճեանին դրամահաւաք ձեռնա2րկելու: Ս. Թէհլիրեանին յուշարձանը ամբողջութեամբ նորոգուեցաւ։ Արծիւը վերաներկուեցաւ ոսկեգոյնով, պատերուն մարմարները ամբողջութեամբ փոխուեցան ցուրտի եւ տաքի դէմ շատ տոկուն մարմարներով եւ ապահովութեան համար, անշարժ երկաթեայ անցարգելներ զետեղուեցաւ յուշարձանին չորս կողմը։

2012-2013 տարեշրջանի Ֆրեզնոյի ՀՅԴ Ս. Թէհլիրեան նորընտիր կոմիտէն իր խորին շնորհակալութիւնները կը յայտնէ այն բոլոր անձնաւորուեանց, որոնք օգտակար հանդիսացան սոյն գործին։

Մասնաւոր շնորհակալութիւն հետեւեալ անձնաւորութեանց եւ միութեանց, որոնց սրտաբուխ նիւթական նուիրատուութեանց պատճառաւ, կատարուեցաւ Հայ Ազգային հերոսին՝ Սողոմոն Թէհլիրեանի յուշարձանին նորոգութիւնը։

Աբրահամ Սաղտըճեան $2000
Վահան Շամըլեան $1000
ՀՕՄ Սօֆիա Մասնաճիւղ $1000
ՀՕՄ Մայր Մասնաճիւղ $500
Ալէքս Գունտագճեան $500
Մանաս Սաղտըճեան $500
Արա Սողոմոնեան $500
Համազգային Դ.Վ. Մասնաճիւղ $200
Վարդան Ճապրայեան $200
Փէթ Պուլութեան $200
Եդուարդ Մկրտիչեան $100
Պերճ Չափարեան $100
Սարգիս Վարդանեան $100
Սագօ Կէօպաշեան $100
Համբիկ æաղացպանեան $100
Նշան Մինասեան $100
Հրաչ Սողոմոնեան $100
Պետրոս Խտրեան $100
Մայգ Թօփալեան $100
Ճօրճ Հատճինլեան $60
Արաքսի Մեսրոպեան $50
Հրայր Համամճեան $40

ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ
ՖՐԷԶՆՈՅԻ ՀՅԴ Ս. ԹԷՀԼԻՐԵԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

«ԱՍՊԱՐԷԶ»
4 Յունուար 2013

Տպել Տպել