Քաղաքական Մեր Տեսիլքը՝ 22րդ Դարէն Առաջ

Ռազմիկ Շիրինեան

Ռազմիկ Շիրինեան

Նիւթական եւ հոգեկան ընկճումներով լեցուն է հայրենի ժողովուրդին կեանքը: Հակառակ տնտեսական շարունակական աճին, երկիրը կը մնայ թերաճ վիճակի մէջ: Պատճառներ շատ կան բացատրելու համար ժողովուրդին ընկճուածութիւնը: Պարզ է, որ հայրենի ժողովուրդը չի կրնար ազատ իր կեանքը ու հոգեկան զարգացումը ապրիլ անգործ, անօթի ու իրողապէս հարստահարուած պայմաններու մէջ, ուր տաժան կեանքը արգելք կ՛ըլլայ նաեւ բարոյական զարգացումին:

Տակաւին երկար ճամբայ ունինք մարդկութեան այս նախնական եւ, այսպէս ըսուած՝ ազատական յարաբերութիւններէն ձերբազատուելու: Մեր կեանքը կը մնայ զսպուած եւ արգելափակուած՝ իշխող դասակարգի հակաշիռին տակ: Եթէ պատմութեան զարգացման տրամաբանութեամբ պիտի նայինք այս կեանքին՝ ապա Մարքսեան բառերով՝ նախապատմութիւնն է, որ կ՛ապրինք ազատականութիւն կոչուած այս դասաւորումին մէջ: Ժամանակն է, որ հայրենի ժողովուրդի կեանքը արժեւորենք ու հասկնանք առարկայական իր վիճակին մէջ, եւ սկսինք գաղափարական ռազմավարութիւն ճշդելու հայրենի կենցաղին համար:

Ազատականութիւնը իր յատուկ կենցաղային օրէնքները ունի, եւ ուզենք կամ չուզենք տակաւին այդ օրէնքներով պիտի զարգանայ հայ ժողովուրդին կեանքը: Տակաւին երկար պիտի շարունակենք խօսիլ ընկերային արդար համակարգի, օրէնքի իշխանութեան ինչպէս նաեւ քաղաքացիական հասարակութիւն ըսուած անհեթեթ, կեղծ եւ քաղաքական տրամաբանութիւն կաշկանդող նիւթերու մասին: Տակաւին շահագործուած պիտի մնայ մեր աշխատանքը դրամատիրական այս պատմութեան մէջ: Հաստատուած այս իրողութիւններու մէջ պիտի սահմանափակուին մարդկային մեր արժէքները, ընկերային յարաբերութիւնները տակաւին պիտի չափուին ու կշռուին օրէնքով, իշխանութեամբ եւ ամբողջ համակարգով: Ախտաճանաչումը աւելի խոր է, անշուշտ, տեսնելու համար, թէ ինչո՛ւ հայրենի ժողովուրդը ազատական այս համակարգին մէջ պիտի շարունակէ տակաւին իր կեանքը, պիտի գոյատեւէ՝ նախնական իր այս պատմութիւնը ամբողջացնելու համար, նոյնիսկ եթէ դրամատիրական կոշտ շահագործումներու ենթարկուած է:

Գոյատեւման այս կռիւին մէջ, հայրենի ժողովուրդը ամէն բանէ առաջ պէտք ունի նիւթական ապահովութեան՝ սնունդ, պատս-պարան, եկամուտ եւ բարեկեցիկ կեանք: Այս կռիւը յաղթական դուրս գալէն ետք միայն հայը պիտի կարենայ ոստում կատարել դէպի ամբողջական ազատութիւն եւ որոշել հաւաքական իր ճակատագիրը: Ազատութիւնն ու անկախութիւնը իմաստ պիտի առնեն սեփական ճակատագիրը որոշելու գործին մէջ: Դժուար է պատկերացնել քաղաքակրթուած հայրենիք՝ առանց նիւթական ապահովութեան: Հետեւաբար, Հայաստանը այսօր արտադրութեան աճի պէտք ունի՝ դրամատիրական ոճով, հակառակ անոր, որ արտադրութեան նման զարգացում եւ տնտեսական աճ հայրենի ժողովուրդին համար քաղաքակրթութեան եւ բարբարոսութեան քայլ եղած է միեւնոյն ժամանակ:

Ներկան ազատական հանգրուանն է: Այս հանգրուանին մէջ հայը պիտի պայքարի ազատական իր իրաւունքներուն համար, պիտի ունենայ տնտեսապէս բարգաւաճ ու բարեկեցիկ կեանք ու ապա, եւ ամէնէն կարեւորը՝ պիտի գիտակցի դէպի ընկերվարական յարաբերութիւններ ոստում կատարելու անհրաժեշտութեան: Այլապէս, ընտրութիւնը պիտի մնայ շահագործում, բռնատիրութիւն եւ հարստահարութիւն հաստատած ազատական համակարգը: Ի վերջոյ, կենցաղային ու մարդկային յարաբերութիւններու բարձունքին հասած անհատը կը մերժէ ազատական թշուառութիւնը: Կը գիտակցի նաեւ, որ տնտեսական բռնատիրութեան ու հարստահարուած պայմաններու մէջ կարելի չէ իրականացնել պատմութեան յառաջխաղացքը դէպի նոր մարդկութիւն: Անցումը դէպի ընկերվարութիւն:

Պէտք է աւելցնել, որ ընկերվարութիւնը մարդկային յարաբերութիւններու կատարելագործում չի պատկերացներ: Չի խոստանար նաեւ ձերբազատում դժուար եւ ծանր աշխատանքէ: Մարդ անհատը ամէն պարագայի պիտի գործէ թէ՛ դժնդակ եւ թէ բարեբեր պայմաններու մէջ: Ամէն մարդ պիտի աշխատի արտադրութեան սիրոյն, աւելի ճիշդը՝ արտադրութեան հաճոյքի սիրոյն, մարդկային կենցաղի արժէքին համար: Մարդ անհատի կարողութիւնները, որոնք կը զարգանան գործին մէջ ու արտադրութեան ուժերուն հետ, կը զարգացնեն նաեւ մարդկային ազնիւ բնաւորութիւններ: Անհատը կ՛աշխատի, որովհետեւ իր արտադրածին վայելքը կ՛ապրի, տէր կ՛ըլլայ իր գործին, արդիւնքին, կը նոյնանայ անոր հետ, որովհետեւ շահագործուած եւ օտարացած չէ իր աշխատանքը: Ազատ մարդն է, որ կրնայ իր արտադրածին հետ նոյնանալ եւ հետեւաբար՝ աշխատիլ եւ արտադրել աշխատանքի սիրոյն, մարմնական եւ հոգեկան բաւարարութեան սիրոյն: Ծոյլ մարդը չի կրնար ազատ ըլլալ:

Հայրենիքն ալ, վերջին հաշուով, մեր արտադրութիւնն է, որուն հետ նոյնացած ենք: Ասիկա նաեւ ազգային գիտակցութիւն է, զոր հայը կը զարգացնէ իրեն մէջ՝ իր արտադրածին կամ իր հայրենիքին հետ նոյնանալու վայելքը ապրելու համար: Հոս գործը եւ գիտակցութիւնը չեն բաժնուիր իրարմէ: Ընկերվարութեան մէջ ամէն գործ իրականութիւն է եւ իր մէջ կը պարունակէ վայելքի գիտակցութիւնը: Հետեւաբար, հայուն համար արտադրութեան այս միջավայրը կը խոստանայ լուծել գոյութիւն ունեցող եւ պատմութեան յառաջդիմութիւնը արգելակող ազատական հակասութիւնները՝ պարտադիր ու բռնի աշխատանք, շահագործում, ճնշուածութիւն կամ բռնատիրութիւն:

Նիւթական արտադրութիւնն ու ապահովութիւնը ոչ միայն անհրաժեշտ են քաղաքակրթութեան համար, այլ նաեւ հիմնական տուեալներ են քաղաքակրթութեան նկարագիրը կերտելու համար: Հայրենի ժողովուրդը նիւթական ապահովութիւնը գտնելէ ետք միայն կրնայ հաւաքաբար ճշդել կեանքի իր ճակատագիրը: Նիւթականը, սակայն, չի փոխարիներ ժողովուրդի գիտակցութիւնը, չի կերտեր կեանքը: Ժողովուրդը ինք կ՛որոշէ առնել այն ոստումը եւ ճշդել կեանքի այն ուղղութիւնը, որ կ՛առաջնորդէ դէպի ազատ ու ամբողջական կեանք: Նոյնն է պարագան նիւթ եւ գիտակցութիւն բոլոր յարաբերութիւններուն: Գրիչը կամ գրամեքենան, օրինակ, անհրաժեշտ են յօդուած մը գրելու համար, բայց այդ գործիքները չեն որոշեր յօդուածին պարունակութիւնը: Հեղինակը ի՛նք կ՛որոշէ պարունակութիւնը յօդուածին, ինչպէս որ ժողովուրդը կ՛որոշէ կեանքին բովանդակութիւնը: Ընկերվարութիւնն է, որ նիւթական պայմաններով ապահովուած կեանք կու տայ ժողովուրդին՝ իմաստաւորելու համար նաեւ կեանքին պարունակութիւնը:

Առաջնահերթ մեր թիրախը, այսօր, Հայաստանի անտուն եւ աւերակներու մէջ բնակող ընտանիքներու պարագան է՝ բնական հարստութեան շահագործումը, անգործութեան եւ արտագաղթի հարցը, գիւղատնտեսութիւնը, աղքատութեան աճը, տարեկան առնուազն 70,000 արտագաղթողի հարցը, տնտեսութեան բացարձակ կեդրոնացումը, որոնք ազատական ընկերութեան մէջ յառաջացած հետեւանքներ են: Թիրախ է նաեւ այնքա՛ն տարածում ստացած քաղաքացիական հասարակութիւն ըսուածը, որուն մէջ պարզապէս կորսուած է աշխատաւոր դասակարգը: Աշխատաւոր դասակարգին արժէքն է, որ ազատականութիւնը չէզոքացուցած է ընդհանրական, տպաւորիչ, բայց ապաքաղաքականացած միտքերու մէջ: Անշուշտ, դասակարգ ըսուածը նիւթական ունեցուածքի, դիրքի կամ եկամուտի հարց չէ միայն, այլեւ՝ ոճի, մտայնութեան եւ գիտակցութեան, որոնք նոյնքան թիրախ են ընկերվարական միտքին համար: Բազմաթիւ ընկերվարական յեղափոխականներ պայքարած ու նահատակուած են՝ բնաջնջելու եւ անհետացնելու համար ոչ միայն շահագործումն ու ունեցուածքի տարբերութիւնները, այլեւ մարդկային գձուձ ու ցուցամոլ յարաբերութիւնները:

Ընկերվարութիւնը, վերջին հաշուով, պիտի չկատարելագործէ կեանքը, այլ առիթ պիտի տայ հայ անհատին, որ իր ճակատագիրը որոշէ: Ընկերվարական համակարգին մէջ տակաւին գոյութիւն պիտի ունենան յոռի երեւոյթներ, ինչպէս խաբէութիւն, նախանձ, մրցակցութիւն, թշնամութիւն: Սակայն նման երեւոյթներու դրամատիրական դրդապատճառներն են, որոնք պիտի անհետանան մարդու յառաջդիմական մտածողութեան եւ յարաբերութիւններուն մէջէն: Ազատական մարդու հոգիին մէջ թափանցած շահագործման երեւոյթն է, որ պիտի անհետանայ, եւ միայն ատկէ ետք՝ հայը պիտի կրնայ ինքնիրեն ապացուցել անկախ ապրելու իր ունակութիւնը: Քաղաքական այս տեսիլքն է, որ հայ ժողովուրդի գոյատեւման ուղին կրնայ ճշդել:

ՌԱԶՄԻԿ ՇԻՐԻՆԵԱՆ
«ԱՍՊԱՐԷԶ»
4 Յունուար 2013

Տպել Տպել