Սարգիս Զէյթլեան (1930-1985). Հայ քաղաքական մտքի պետական հասունացման դրօշակիրը

Մարտ 28ի չարաբաստիկ այդ թուականէն ասդին թէեւ անցած են երկար տարիներ, որոնց ընթացքին ամբողջ աշխարհակարգ մը փոխուեցաւ, այսուհանդերձ՝ մեր սերունդներու յիշողութեան մէջ դեռ չէ սպիացած գաղափարական այն խոցը, որ առաջացաւ Սարգիս Զէյթլեանի առեւանգման, անհետացման ու սպանութեան անարգ ոճիրով։

Երկար տարիներ անցած են ա՛յս օրէն՝ 28 Մարտ 1985էն ի վեր, երբ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի թոհուբոհին մէջ, հայադաւ ուղեղ մը յղացաւ, պատուիրեց ու օտարի ձեռքով «իրագործեց» առեւանգումը Մարդու, Հայու եւ Դաշնակցականի յանդուգն մարմնաւորումը հանդիսացող Սարգիս Զէյթլեանի։

Թէեւ դեռ լրիւ պարզուած ու հրապարակուած չեն ստոյգ մանրամասները Դաշնակցութեան ղեկավար վերջին սերունդի այս ակնառու ներկայացուցիչին առեւանգման ու սպանութեան անարգ ոճիրին, այսուհանդերձ՝ որոշապէս «Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակ» անունին տակ թաքնուած հակադաշնակցական տարրերու վրայ կը ծանրանայ պատասխանատուութիւնը հայադաւ այդ յանցագործութեան։

Այդ առումով՝ Սարգիս Զէյթլեանի առեւանգման ու սպանութեան առեղծուածին ամբողջական ու սպառիչ լուսաբանումը տակաւին կը սպասէ իր ժամանակին։ Ինչպէս մերօրեայ, նոյնպէս եւ վաղուան հայոց սերունդներուն համար, անկասկա՛ծ, պէտք է բացուին ծալքերը այդ աններելի ոճիրին, որպէսզի ոչ միայն երբեւիցէ չկրկնուի նման հայադաւութիւն, այլեւ՝ հաւաքական մեր յիշողութեան մէջ վերջնականապէս սպիանայ ամօթի այդ խարանը։

Իր 25րդ Ընդհանուր Ժողովին, 1992ին, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, յատուկ յայտարարութեամբ մը, վեր կանգնեցաւ 28 Մարտ 1985ի ոճիրին բացած խոր վէրքէն եւ մեր ժողովուրդի սերունդներուն յանձնեց Աւանդը Ս. Զէյթլեանի՝ պատգամելով, որ

– «Ս. Զէյթլեանը էր եւ կը մնայ մեր արժանաւոր ընկերը, որ նահատակուած է Հ.Յ.Դաշնակցութեան վարած պայքարի պատնէշին վրայ՝ հակադաշնակցական մութ ուժերու ձեռքով (իր ընկերակից՝ Կ. Գոլանճեանի հետ միասին) առեւանգուելով եւ տմարդի կերպով ահաբեկման ենթարկուելով։ Պայքարողի խրոխտ կեցուածքով, դաշնակցականի գաղափարական սքանչելի տիպարով եւ դաշնակցական մտքի դրօշակիրի փայլուն դիմագիծով, ինչպէս նաեւ իր գործով ու օրինակով, Ս. Զէյթլեան այլեւս մաս կը կազմէ դաշնակցական անմահ նահատակներու փաղանգին»։

Բազմաշնորհ տաղանդով օժտուած ղեկավար գործիչը եղաւ Ս. Զէյթլեան, որ 1930ին ծնած էր պատմական Մուսա Լերան Խտըր Պէկ գիւղը։ Մեծ մայրը՝ Վարդերը 1915ի Մուսա Լերան հերոսամարտին կռուած հայ հերոսուհիներէն էր։ Հայրը՝ Թովմասը, հերոսամարտի շրջանին տակաւին պատանի, իբրեւ սուրհանդակ մասնակցած էր թրքական յարձակման դէմ մղուած մարտերուն, իսկ երեք տարի ետք, միանալով Ֆրանսական բանակի կողքին կազմուած Հայկական Լեգէոնին, մասնակցած էր 1918ի Արարայի յաղթական ճակատամարտին։

Բառին իրաւ եւ հարազատ իմաստով մուսալեռցի էր Ս. Զէյթլեան։ Եւ ուսումն ու հանրային ծառայութիւնը ո՛ւր որ ալ տարին եւ պատասխանատուութեան ի՛նչ դիրքի վրայ ալ կանգնեցուցին Սարգիս Զէյթլեանին՝ ան միշտ գործեց լեռնական հայ գիւղացիի պարզ պայծառամտութեամբ, խրոխտ նկարագրով եւ անդրդուելի ազգայնականութեամբ։

Կեանքը չօգնեց, որ Ս. Զէյթլեան համալսարանական բարձրագոյն ուսում ստանայ։ Ստիպուեցաւ բաւարարուիլ Երուսաղէմի «Ժառանգաւորաց»ին եւ Պէյրութի Համազգայինի Ճեմարանին ջամբած հայագիտական պատրաստութեամբ։ Բայց ե՛ւ իր ուսումնատենչութեամբ ու ինքնաշխատութեամբ, ե՛ւ Յակոբ Օշականի, Լեւոն Շանթի, Նիկոլ Աղբալեանի, Սիմոն Վրացեանի ու Կարօ Սասունիի տարողութեամբ մեծ Ուսուցիչներու շունչով կազմաւորուելու իր բախտաւորութեամբ, Սարգիս Զէյթլեան մտաւորական նախանձելի պաշարի տիրացաւ եւ իր ողջ կեանքը իմաստաւորեց հայոց պատմութիւնն ու մշակոյթը, հայ քաղաքական մտքի դեգերումներն ու հայ ազգային ինքնութեան բազմակողմանի զարգացումը ուսումնասիրելու անսպառ եռանդով։ Եւ այդ պաշարով՝ Սարգիս Զէյթլեան համարձակ քայլերով իր ուղին հարթեց հայ իրականութեան մէջ։

Բացառապէս սփիւռքի մէջ գործեց, բայց հայ ժողովուրդի հայրենական կեանքի առօրեան, ազգային-քաղաքական ու հասարակական-մշակութային իր բոլոր խնդիրներով, անբաժան մասն ու կիզակէտը դարձուց սփիւռքահայու իր աշխարհին։ Միայն իրեն չպահեց գաղափարական ու հոգեմտաւոր այդ ջերմեռանդ առօրեան, այլ անսակարկ բաշխեց իր ընթերցողներուն, իր դպրոցական աշակերտներուն, դաշնակցական իր ընկերներուն եւ, լայն ընդգրկումով, աշխարհասփիւռ ողջ հայութեան, որոնց բոլորին հասնելու յարատեւ ճիգը խթանեց իր մարտունակութիւնը՝ մնայուն վերելքի մը վերածելով իր կեանքը՝ ազգային-քաղաքական գործունէութեան բոլոր մարզերուն մէջ եւ մակարդակներուն վրայ։

1954ին հրաւիրուեցաւ Գահիրէ, Եգիպտոս, Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Յուսաբեր»ի խմբագրական կազմին միանալու համար։ Մօտէն ծանօթացաւ ու գործակցեցաւ Վահան Նաւասարդեանի ղեկավարութեամբ «Յուսաբեր»ի շուրջ խմբուած հայ մտաւորական փաղանգին՝ Գաբրիէլ Լազեանի եւ Բենիամին Թաշեանի տարողութեամբ խմբագիրներու հետ։ «Յուսաբեր»ի դպրոցը արմատաւորեց ազգայնաշունչ մտաւորականի, քաղաքական գործիչի եւ դաշնակցական ղեկավարի նկարագիրն ու պատրաստութիւնը Սարգիս Զէյթլեանի մէջ։ Նոյն տարիներուն նաեւ կրթական մշակ եղաւ Գահիրէի Ազգային «Գալուստեան» վարժարանին մէջ, ուր պաշտօնակից ունեցաւ իր կեանքի հետագայ ընկերուհին՝ ծանօթ մտաւորական Սոնա Սիմոնեանը, որուն հետ 1957ին ընտանեկան իրենց բոյնը կազմեցին եւ ունեցան չորս զաւակներ՝ Սալբի, Հրազդան, Կարին եւ Հեղնար։

1958¬1959ին, Վահան Նաւասարդեանի մահէն ետք, Սարգիս Զէյթլեան նշանակուեցաւ «Յուսաբեր»ի խըմբագիր եւ մնաց այդ պաշտօնին վրայ մինչեւ 1962, երբ ընտանեօք վերադարձաւ Լիբանան եւ հաստատուեցաւ Այնճար, ուր ստանձնեց Ազգային «Յառաջ» վարժարանի տնօրէնութիւնը։ Թէ՛ ազգային¬գաղափարական շունչով սերունդ հասցնելու, թէ՛ «Յառաջ»ը Գոլէճի մակարդակին բարձրացնելու եւ թէ, ընդհանրապէս, Այնճարի հայութեան հաւաքական կեանքն ու դաշնակցական կազմակերպութիւնը վերաշխուժացնելու առումներով բեղմնաւոր եղաւ Սարգիս Զէյթլեանի գործունէութեան այնճարեան շրջանը։

Լայն ու ընդգրկուն հորիզոնի տէր անհատականութիւն էր Զէյթլեան, որ քանի մը տարի ետք ընտանեօք հաստատուեցաւ Պէյրութ։ Կարճ ժամանակով միացաւ Հ.Յ.Դ. Լիբանանի պաշտօնաթերթ «Ազդակ»ի խմբագրութեան, միաժամանակ՝ պատասխանատու պաշտօն վարեց Համազգայինի մէջ։ Շուտով եղբայրներուն հետ ընտանեկան գործ հաստատեցին ազատ ասպարէզի մէջ, ինչ որ հնարաւորութիւնը ընձեռեց Սարգիս Զէյթլեանի, որպէսզի լիաժամ նուիրուի մտաւորական աշխատանքի եւ ազգային¬կուսակցական եռուն գործունէութեան։

Ընտրուեցաւ Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կ. Կոմիտէի անդամ, ստանձնեց նաեւ Կ.Կ.ի ներկայացուցիչի պատասխանատուութիւնը եւ, միաժամանակ, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ բժիշկ Բաբկէն Փափազեանի կողքին խմբագիր նշանակուեցաւ 1969ին իր վերահրատարակութիւնը սկսած Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ին, որ լիբանանեան մամլոյ օրէնքի սահմանափակումներուն հետեւանքով՝ այդ շրջանին լոյս տեսաւ «Ազդակ Շաբաըօրեակ¬Դրօշակ» անունով։

Պատասխանատուութեան այդ զոյգ մակարդակներուն վրայ Սարգիս Զէյթլեան եղաւ ճառագայթող ներկայութիւն։ Իր ղեկավարութեամբ՝ Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կ. Կոմիտէն, 1970ականներու սկզբնաւորութեան, քաղաքական մեծ յաջողութիւններ նուաճեց պետական դերակատարութեան, ինչպէս նաեւ Հայ Դատի հետապնդման ճակատներուն վրայ։ Իսկ «Դրօշակ»ի էջերուն իր հրապարակած խմբագրականներով եւ ազգային¬քաղաքական յօդուածաշարքերով, Ս. Կալեան եւ Ս. Զէյթլեան ստորագրութիւններով, հիմնական ներդրում ունեցաւ մեր ժամանակներու հայ ազգային գաղափարաբանութեան եւ դաշնակցական ռազմավարութեան մշակումին ու հունաւորումին մէջ։

Տեսակէտ ունեցող, ուղի հարթող եւ գաղափարական պայքար առաջնորդող հեղինակութիւն էր Սարգիս Զէյթլեան, որ իբրեւ այդպիսին, 1972ին, Հ.Յ.Դ. 20րդ Ընդհանուր Ժողովին, ընտրուեցաւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ եւ այդ պատասխանատուութեան վրայ, անսակարկ նուիրաբերումով, գործեց եւ ուղի հարթեց մինչեւ վերջին շունչ՝ մինչեւ իր դէմ գործուած առեւանգումի եւ սպանութեան անարգ ոճիրը։

Բիւրոյական իր գործունէութեամբ, Սարգիս Զէյթլեան ոչ միայն դաշնակցական աշխարհասփիւռ մամուլին ընդհանուր պատասխանատուութիւնը ստանձնեց եւ անոր արդիականացման եւ ուժեղացման մէջ մեծ ներդրում ունեցաւ, այլեւ՝ իր առանձնայատուկ դրոշմը դրաւ Հ.Յ.Դ. Ծրագրի այժմէական վերամշակումին ու վերահաստատման մէջ, Դաշնակցութեան եւ ընդհանրապէս հայ ազգային¬ազատագրական շարժման գաղափարական աւանդներուն, ազգային¬յեղափոխական եւ ընկերվարական¬ժողովրդավարական ակունքներուն ուրոյն համադրումը իրագործելու առումներով։

Վճռորոշ եղաւ Սարգիս Զէյթլեանի ներդրումը նաեւ ու մանաւանդ սփիւռքահայ առօրեան ՀԱՅՐԵՆԱԿԱՆի բաբախումով ջերմացնելու մեծ գործին մէջ։ Յատկապէս իր հետեւողական հրապարակումներուն եւ անոնց ներշնչած ուղղութեան շնորհիւ, դաշնակցական մամուլը մնայուն իր լուսարձակին տակ պահեց Հայաստանի պարտադրուած խորհրդային կաշկանդումներն ու այլասերումները։ Ի հեճուկս խորհրդային ամբողջատիրութեան կողմէ կատարուած ազգային մեր արժէքներու ուծացման եւ ինքնալքութեան բոլոր ճնշումներուն ու հալածանքներուն, Սարգիս Զէյթլեանի մղումով մեր մամուլը անկաշառ ու անկաշկանդ դրօշակիրը դարձաւ հայրենի հայութեան, յատկապէս անոր ազատախոհ մտաւորականութեան եւ երիտասարդութեան ազգային զարթօնքի պոռթկումներուն։

Արդարեւ, Սփիւռքի քաղաքական եւ յեղափոխական զարթօնքի յաղթ հոսանքին մէջ, որուն առաջատար շարժիչը եղաւ Դաշնակցութիւնը 1970ականներուն, Սարգիս Զէյթլեան յատուկ դեր ունեցաւ հայրենի երիտասարդ գործիչներու եւ ազատախոհ մտաւորականութեան հետ կապերու հաստատման եւ սերտացումին մէջ։ Այդ մասին վկայութիւնները չեն պակսիր 1988էն ետք հրապարակ իջած հայրենի գործիչներու բանաւոր թէ գրաւոր խոստովանութեանց մէջ։

Մարտ 28 է դարձեալ եւ հակառակ անոր, որ 27 տարի անցած է տարաբախտ մեր ընկերոջ անհետացումէն ասդին, բոլորս՝ մեր սրտերուն մէջ եւ ակռաներուն տակ կսկիծն ու ցասումը զսպած՝ կը խոնարհինք օրինակին եւ վաստակին առջեւ հայ ժողովուրդի ազգային¬քաղաքական եւ կուսակցական-մտաւորական յանդուգն ու ղեկավար գործիչին՝ Սարգիս Զէյթլեանի մեծութեան առջեւ։

Արդէն յուշատետրի ամենամեայ էջերէն մէկը դարձած է Մարտ 28ին ոգեկոչումը Սարգիս Զէյթլեանի եւ այսօրուան էջը կþարժէ եզրափակել այն վկայութեամբ, որ Սարգիս Զէյթլեան նաեւ եղաւ դրօշակիրը հայ քաղաքական մտքի պետական հասունացման թռիչքին։

Տակաւին այն ժամանակներուն, երբ խորհրդային լուծի տակ՝ ազգային պահանջատիրութեան իր ձայնը լսելի դարձնելու բռնատիրական արգելքի տակ կը գտնուէր հայրենի հայութիւնը, Սարգիս Զէյթլեան հանդիսացաւ յառաջամարտիկներէն մէկը Դաշնակցական Մտքի զարթօնքին, որ Հայաստանի խորհրդային իրականութենէն անդին անցնելու եւ Հայ Դատի պայքարին հայրենի պետական կռուանը հզօրացնելու հրամայականը սեւեռակէտ դարձուց։
Հայաստանի անկախութեան վերանուաճումին եւ հայոց ազգային պետականութեան լիիրաւ վերականգնումին սեւեռող դաշնակցական ռազմավարութիւնը իր նորօրեայ հունաւորումը ստացաւ նաեւ ու մանաւանդ Սարգիս Զէյթլեանի շունչով։

Ն.
«Ազատ օր»

Ընկ. Սարգիս Զէյթլեանի խօսքը՝ Փետրուար 1976ին, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին, տեղւոյն պահակ տղոց նուիրուած ձեռնարկի մը առթիւ։

Փա՜ռք Ձեզի…

Կեանքի մէջ չկայ աւելի մեծ հաճոյք եւ երջանկութիւն, քան այն, որ մարդ արարք մը կը գործէ եւ ատով կը խանդավառէ իր շրջապատը: Չկայ աւելի գեղեցիկ զգացում, քան այն զգացումը, որ մարդ իր կեանքին մէջ զոհողութիւն կ՚ընէ, որպէսզի իր շրջապատին պատճառէ վայելքի այն պահը, գնահատանքի այն զգացումը, որ բոլոր գաղափարական գործերուն եւ նուիրումներուն ակունքն է: Եւ ատկէ ետք չկայ աւելի մեծ երջանկութիւն, քան այն ուրախութիւնը, որ մարդիկ միասին կÿանցնեն: Միասի՛ն ըլլալ, միասի՛ն պայքարիլ, միասի՛ն յոգնիլ, միասի՛ն տխրիլ եւ միասի՛ն հրճուիլ. մէ՛կ զգալ տասնեակ հազարներու մէջ եւ տասնեակ հազար անգամ զօրաւոր զգալ իւրաքանչիւր անձի մէջ: Չկայ աւելի մեծ զգացում, մարդկային հոգիին ստեղծագործ հանճարին թռիչք ու թափ տուող զգացում, քան այն զգացումը, երբ կը նկատես, որ երբ կը հարուածես, քու բազուկիդ հետ կը հարուածեն տասնեակ հազարներ, երբ ճակատդ կը բարձրացնես, քեզի հետ իրենց ճակատը բարձր կը պահեն տասնեակ հազարներ: Չկայ աւելի վսեմ զգացում, քան այն զգացումը, որ երբ դուն արիւն կու տաս երակներէդ, արդէն տասնեակ հազարներու արցունքը կը սրբես, երբ դողացող մանկան վախի սարսափի դողը ուրախութեան ժպիտի կը վերածես ընտանեկան յարկին մէջ, երբ քու ժողովուրդիդ նուաստացած ճակատը մէկ վայրկեանէն միւսը հպարտութեան փայլատակումի կը վերածես ազնուական քու մէկ զոհաբերութեանդ իբրեւ հետեւանք: Այսպէ՛ս կÿապրին ազգերը, այսպէ՛ս կը մեծնան անհատները, ամէնէն պարզերէն սկսեալ, երբ անբաժանելի մէկ մասնիկը կը զգան ազգին. եւ այսպէս ազգերը կը յաւերժանան, երբ գիտեն անձին մէջ ամբողջ ազգը դնել եւ ազգին մէջ անհատը ամբողջ իր բովանդակ ուժով արտայայտել: Եւ մենք ահաւասիկ մեր երիտասարդներուն հետ, այսինքն մենք մեզի հետ, այսինքն մենք մեր խղճմտանքին հետ, այսինքն մենք եւ մեր ազգային արժանապատուութիւնը դէմ յանդիման, այսինքն՝ ուրիշ խօսքով մենք եւ մեր պատմութիւնը մեր մեռելներուն գերեզմանին առջեւ կեցած հիմա կÿըսենք. Մասն ենք հայ ժողովուրդին, մաս կը կազմենք հայոց պատմութեան յաւիտենական օղակին: Հայ ժողովուրդը հպարտ զգալու այդ հաւաքական զգացումը ունեցաւ կամ կ՚ունենայ, երբ մեզի կը նայի աշխարհի չորս կողմերէն, մեր մեռելները իրենց գերեզմաններուն մէջ անգամ կÿունենան աննիւթական զգացումը, թէ իրենք չեն մեռած, որովհետեւ մենք կÿապրինք իրենց իտէալներով, իրենց արեամբ եւ իրենց զոհաբերութեան գերագոյն ոգիով: Եթէ մենք այո՛ պատասխանենք, ուրեմն այն ատեն մենք մաս կը կազմենք հայոց պատմութեան եւ հայոց ժողովուրդին անբաժանելի գանձը կը կազմենք:

Հիմա աչքիս դիմաց կը տողանցէ մեր տղոց ընթացքը հայկական մեր բոլոր թաղերուն մէջ, ազգային եւ կուսակցական բոլոր հաստատութիւններուն մէջ, եւ ինծի կը թուի, թէ չկար հայ մը, չկար մանուկ մը եւ ծեր մը, չկար ո՛չ մէկ հայ մարդ, առանց կուսակցական, դաւանական որեւէ խտրութեան, որ մեր տղաքը տեսաւ եւ չըսաւ. Հոս հայութիւն կա՛յ, հոս հայկականութիւն կա՛յ, հոս յեղափոխութիւն կա՛յ, հոս Դաշնակցութիւն կա՛յ եւ, հոս, մեր տղոց մէջ եւ մեր տղոց միջոցով, ամբողջ ազգը կայ: Եւ իրականին մէջ իւրաքանչիւր զէնքի, իւրաքանչիւր երիտասարդի մէջ ամբողջ ազգը կար եւ այդ ազգը յաւերժական հայ ժողովուրդն էր իր յաղթական երթով: Եւ ահաւասիկ մեզի հիմա յիսնամեակ մը, հարիւրամեակ մը նոր թափով եւ արիւնով նոր ուժ ամբարեցինք հպարտութեամբ քալելու համար հայոց պատմութեան ճամբէն: Բովանդակ սփիւռքը ձեզի նայելով, տղա՛ք, հարիւր տարիով երկարաձգեց իր կեանքը, որովհետեւ դուք իբրեւ մեր ժողովուրդի հոգիին հարազատ պատկերը՝ թոյլ չտուիք, հոն, ուր հնարաւորէր, որ մեր ծերունիները դողան սարսափի տակ, որ մեր մայրերն ու քոյրերը արցունքոտ աչքերով նային իրենց զաւակներուն, որ դո՛ւք ոչ մէկ զոհողութեան առջեւ կանգ առիք, որպէսզի ձեր անունը, հայ ժողովուրդի անունը, ձեր գաղափարական մաքրութիւնն ու մաքրակրօնութիւնը որեւէ բիծի եւ որեւէ նուաստացումի չենթարկուին:

Փա՜ռք ձեզի:

Փա՜ռք այս երիտասարդութիւնը ծնող ժողովուրդին, ճա¯ռք այս երիտասարդութիւնը դաստիարակող եւ գործի նետող կազմակերպութեանց. եւ որովհետեւ մենք, իբրեւ ժողովուրդ, արժանի ենք այս փառքին, իբրեւ կազմակերպութիւն արժանի ենք 85ամեայ մեր փառքին, մեր միակ պատասխանը, միակ հակազդեցութիւնը այսուհետեւ աշխարհի բոլոր անկիւններուն մէջ մէկ բառ է միայն. Մի՛շտ պատրաստ այս ժողովուրդին ծառայելու եւ մի՛շտ պատրաստ մեր ժողովուրդին միութիւնը, միասնականութիւնը, ամբողջութիւնը կրանիթեայ ամրութեամբ պահպանելու, որպէսզի անիկա յաղթական քայլերով ընթանայ դէպի յաւերժութիւն:

Ազգերը մեծ գաղափարներով կը մեծնան: Ինչպէս մեղուները, իրենց թագուհի մեղուին հետ, ուր որ երթան, կը համախմբուին եւ կը դառնան փեթակ ու կը ստեղծեն բարիք, այնպէս ալ ազգերը, այնքան ատեն որ իրենց մայր գաղափարներուն շուրջ գիտեն փեթակներ ստեղծել՝ աշխարհի բոլոր ծաղիկներուն բոլոր թանկագին հիւթերը հաւաքելով, այդ պարագային այդ փեթակները կը դառնան ազգին յաւերժութեան հիմնական կռուանները, եւ այդ մեծ գաղափարներն են ահաւասիկ, որ մեզ պիտի առաջնորդեն մի՛շտ: Մէկ հայրենիքի գաղափարը, ամբողջական, անբաժանելի, յաւերժական հայրենիքի գաղափարը, ազգի՛ գաղափարը՝ անոր միութեան, յաւերժութեան, մարդկային ընտանիքի մեծագոյն եւ ընտիր անդամներէն մէկը ըլլալու անոր հանգամանքին իսկ մէջէն: Այնուհետեւ, հայոց հայրենքի եւ հայոց ժողովուրդին անկախութեան գաղափարը, որովհետեւ համախումբ կեանքը, միութիւնը, փրկութեան միակ բանալին է ազգերուն համար: Միութենէն դուրս, համախումբ կեանքէ դուրս ազգ գոյութիւն չունի, եւ դուք ուշադրութիւն ըրէք, մեծագոյն դասը, որ լիբանանեան պատմութեան այս մեծ փորձութեան ընթացքին մենք կրնանք քաղել. Ո՞ւր հայութիւնը հայութիւն զգաց, հո՛ն, ուր համախումբ կեանք ունէր, հո՛ն, ուր հայը հայուն կառչած էր, հո՛ն, ուր մենք դարձած էինք փեթակ: Իսկ հակառակ անոր որ թիւով աւելի մեծ բազմութիւններ ունէինք այլուր, ցրուած, անոնք որեւէ արժէք եւ նշանակութիւն չբերին, չկրցան, չէին կրնար, որովհետեւ համախումբ կեանքի մէջ է մեր ուժը, մեր հանճարը, ապրելու արուեստը, այլապէս այնքան ատեն որ ցրուինք, այնքան ատեն որ բաժանբաժան ըլլանք, այնքան ատեն որ տարտղնուինք, սառոյցի կտորներու պէս արեւուն տակ պիտի հալինք, այնքան ատեն որ կեդրոնանանք, կողքկողքի ըլլանք, միանանք, համախմբուինք եւ հայութեան միութիւնը պահպանենք բոլոր պայմաններու մէջ եւ ի գին բոլոր զոհաբերութեանց, մենք այն ատեն պիտի ապրի՛նք, պիտի ապրեցնենք հայրենիքի գաղափարը, Հայաստանը պիտի ապրի մեր մէջ եւ մենք Հայաստանի մէջ, եւ օր մը պիտի իրականանայ մեր ազգային մեծագոյն երազը. այն երազը, որ մեր լինելութեան աղբիւրն իսկ է: Ահաւասիկ այս հաւատքով ես կը նայիմ մեր ժողովուրդի ապագային, ի տես այն երիտասարդութեան, որ ինծի հպարտութիւն ներշնչեց. վստահ եմ, որ չկար մանուկ մը, ծեր մը եւ հայ մը, ոչ միայն մեր գաղութին, այլեւ աշխարհի բոլոր անկիւններուն մէջ, որ այս տղոց մասին լսելով՝ հպարտ չզգաց իբրեւ հայ, յաղթական չզգաց իբրեւ հայ, եւ իր ուժերը չտասնապատկեց ու չհարիւրապատկեց իբրեւ հա՛յ ապրելու, տոկալու ու յաղթանակելու համար:

Ապրի՛ք, դուք եւ ձեզի հետ մեր ժողովուրդը՝ հայրենիքի անկախութեան, միութեան եւ հայ ազգի միութեան ու անմահութեան վեհ գաղափարներուն իբրեւ դրօշ:

Տպել Տպել