«Հորիզոն»ի խմբագրական. Օգնենք մեր եղբայրներուն

CanadianCoForSyAmՄիջին Արեւելքի մէջ Սուրիոյ ներքաղաքական պատերազմական իրավիճակը տակաւին հեռու է խաղաղ հանգուցալուծման մը հասնելու հանգրուանԷն։ Սուրիոյ հայ գաղութը, ընկերային ու կենցաղային կաթուածահար վիճակով, զինեալ բախումներու արշակաւանին մէջ՝ իր գոյատեւման ի խնդիր կը պայքարի։ Պատմական Հայաստանի սահմանամերձ ամենէն հայահոծ գաղութը նկատուող Հալէպի աւանդապահ գաղութը, այսօր կը գտնուի տագնապահար կացութեան մէջ։

Տասնամեակներ առաջ, երբ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի քաոսին մէջ ընկղմած էր լիբանանահայութիւնը, Սփիւռքը, գիտակցելով պահուան լրջութեան, հրատապ օրակարգի վերածեց Լիբանանի իր արենակիցներուն օժանդակելու հարցը եւ զօրաշարժի ենթարկելով գաղութային իր կառոյցները՝ պատուով կատարեց իր պարտականութիւը: Այսօր, նոյն առաջադրանքը վերստին յաջողութեամբ իրագործելը՝ սփիւռքահայութեան օրուան հրամայականն է:

Այսօր, Սուրիահայութեան կրած վնասները դարմանելու նպատակով ու մարդասիրական անմիջական օժանդակութիւն փոխանցելու առաջադրանքով, Սփիւռքի հայ օճախներն ու հայրենիքը, բազմակողմանի նախաձեռնութիւններով օգնութեան ձեռք կÿերկարեն իրենց քոյրերուն ու եղբայրներուն։

Սակայն բոլորս կը գիտակցինք, թէ սուրիահայութեան զօրակցութեան եւ նուիրահաւաքի առաքելութիւնը, տակաւին իր աւարտին չԷ հասած, նկատի առած, որ զինեալ բախումներու աւարտէն ետք իսկ, անհրաժեշտ է սկսիլ պատերազմի պատճառով տոյժի ենթարկուած կացութիւնը վերադարմանելու ու վերականգնելու աշխատանքին, որ կը կարօտի հսկայական գումարներու:

Սփիւռքի իւրաքանչիւր հայ գաղութ, պէտք է գիտակցի, որ սուրիահայութեան ցաւը, բոլորիս ցաւն է. անոնց նման տարագիր դարձած Եղեռնի շառաւիղ իւրաքանչիւր սփիւռքահայ բեկորի մորմոքն է։ Այդպէս է, ճակատագրակից էինք անցեալին, ճակատագրակից ենք ներկայիս, որովհետեւ, այս օրերուն, յատկապէս Եղեռնագործ պետութեան իրաւայաջորդներուն համար, ըղձալի է Արեւմտահայաստանի սահմանամերձ Միջին Արեւելքի հայ գաղթօճախները հիւծած ու հայաթափուած տեսնել։

Գանատայի մէջ, յառաջիկայ ամիսներուն պիտի շարունակուին սուրիահայութեան օժանդակութեան նպատակաուղղուած աշխատանքները։ Իւրաքանչիւրս զգանք պահուան կարեւորութիւնը եւ մեր աջակցութիւնը ցուցաբերենք, միշտ յիշելով սուրիահայ այն երիտասարդներն ու երիտասարդուհիները, որոնք անձնազոհութեան ու ինքնանուիրման իրենց օրինակելի արարքներով, օգնութեան կը հասնին կարիքաւոր ընտանիքներուն, տէր կը կանգնին հայ դպրոցին ու եկեղեցիին, պաշտպան կը հանդիսանան հայու իրաւունքին։

Հետեւինք իրենց օրինակին եւ մեր անսակարկ նուիրաբերումով մասնակից դառնանք սուրիահայութիւնը պատնէշի վրայ պահելու առաքելութեան։

Սուրիոյ պատերազմական կացութեան յոռեգոյն զարգացման հաւանականութեանց դէմ նախապատրաստուելով, ճիգ չխնայենք, որ հայրենամերձ մեր Մայր գաղութը նուազագոյն կորուստներով դուրս գայ այս մղձաւանջէն:

«ՀՈՐԻԶՈՆ»-ի խմբագրական
10 Յունուար 2013

Տպել Տպել