Օպաման Կը Շահագործէ Թուրք Ղեկավարներու Շողոքորթուելու Մարմաջը

Յարութ Սասունեան

Յարութ Սասունեան

Մինչ քաղաքական ղեկավարները յաճախ կը չափազանցեն իրենց ձեռքբերումները ու կը պարծենան իրենց ժողովուրդին գերազանցութեամբ, նման պնդումները անհեթեթ կը դառնան, երբ անոնք շատ կը հեռանան իրականութենէն եւ կը հասնին ազգայնամոլութեան ու ինքնասիրահարութեան սահմաններուն:

Երբ ղեկավարները կը տածեն մեծամտութեան չափազանց մեծ զգացում, անոնք կրնան դիւրութեամբ շահագործուիլ անոնց կողմէ, որոնք կ՛օգտագործեն իրենց շողոքորթուելու անյագ ծարաւը: Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը մէկն է թուրք այն բարձրաստիճան պաշտօնեաներէն, որոնք կը տառապին նկարագիրի նման թերութեամբ:

obama-erdogan-091207Թրքական լրատուամիջոցները ընդարձակ տեղեկութիւններ մատակարարած են «Լոս Անճելըս Թայմզ» թերթի յօդուածին, հաղորդելով, որ՝ «նախագահ Օպամա Էրտողանի հետ աւելի մեծ թիւով հեռաձայնային կապեր հաստատած է, քան՝ աշխարհի ոեւէ ղեկավարի, ի բացառութիւն Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քեմերոնի»: Երբ այս երկուքը հանդիպած են Նիւ Եորքի ՄԱԿի գրասենեակին մէջ, նախագահ Օպամա Էրտողանին «աւելի շատ ժամանակ յատկացուցած է, քան՝ համաշխարհային այլ ղեկավարի մը», շուրջ երկու ժամ: Միացեալ Նահանգներու նախագահը գովաբանած է Թուրքիոյ վարչապետը՝ իբրեւ «մեծ ղեկավար»: «Լոս Անճելըս Թայմզ»ը մասնաւորապէս նշած է, որ Օպամա նոյնիսկ «շողոքորթութեան դիմած է»՝ այնուհետեւ հեռաձայնելով Էրտողանին եւ «հիացմունքով խօսելով թրքական պասքեթպոլի մրցաշարքին մասին»:
Հետեւելով «Լոս Անճելըս Թայմզ»ի լրատուութեան՝ թրքական «Թուտէյ Զաման» օրաթերթը հրապարակած է յօդուած մը, ուր աւելի շեշտուած կերպով անդրադարձած է երկու ղեկավարներուն միջեւ առկայ սերտ յարաբերութեան. «Էրտողանի եւ Օպամայի հեռաձայնային զրոյցները կը բացայայտեն Թուրքիոյ յառաջընթացը»: Յօդուածին մէջ տեղ գտած է լուսանկար մը, ուր Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ առաջնորդները կ՛երեւին՝ իրարու ձեռք սեղմելու ընթացքին՝ լայն ժպիտները իրենց դէմքին:

Հակառակ անոր որ վարչապետ Էրտողան բարեացակամ չէ ոեւէ մէկուն հանդէպ, որ անբարեհաճ խօսքեր կը գրէ իր մասին եւ յաճախ դատի կու տայ այն լրագրողները, որոնք կը յանդգնին քննադատել իր քաղաքականութիւնը, այնուամենայնիւ, յայտնի թուրք մեկնաբան Սեմիհ Իտիզ «բանտարկուելու վտանգով հանդերձ» անցեալ շաբաթ «Էլ-Մոնիթըր» թերթին մէջ գրած է՝ «Արդեօք Էրտողան կը ձգտի՞ ժամանակակից սուլթան դառնալ» վերնագիրով յօդուած մը: Իտիզ կ՛ընդգծէ վարչապետին «բռնատիրական հակումներն ու հանդուրժողականութեան բացակայութիւնը որեւէ քննադատութեան հանդէպ, յատկապէս ազատ մամուլի կողմէ»:

Թուրք լրագրողը մանրամասնօրէն կը գրէ Էրտողանի՝ 2014 թուականի Օգոստոսին նախագահ առաջադրուելու ծրագրերուն մասին, բայց՝ ոչ աւելի շուտ, քան՝ նոր սահմանադրութեան մշակումը, որ երկրի ներկայ առաջին դէմքի ձեւական պաշտօնը պիտի ձեւափոխէ «գործադիր նախագահութեան» եւ անիկա «ծանրաբեռնուած չըլլար զսպող եւ հաւասարակշռող ուժերու համակարգով»: Եթէ Էրտողան նախագահ ընտրուի, ան՝ «իրաւունք պիտի ունենայ լուծարելու խորհրդարանը, կառավարելու արտակարգ լիազօրութիւններու հիման վրայ եւ՝ նշանակելու նախարարները, բարձրաստիճան պաշտօնեաներն ու դատաւորները, առանց խորհրդարանի հաւանութեան»:

Պատահական չէ, որ Էրտողան վերջերս թուրք լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ ըսած էր, որ ամերիկեան նախագահական համակարգը՝ նախագահի իշխանութիւնը սահմանափակող, զսպող եւ հաւասարակշռող ուժերով, յարմար չէ Թուրքիոյ համար. «Միացեալ Նահանգներու նախագահը չի կրնար դեսպան նշանակել, ան նոյնիսկ չի կրնար միանձնեայ որոշում կայացնել ուղղաթիռ մը վաճառելու մասին…. Ահա թէ ինչո՛ւ մենք պէտք է ստեղծենք թրքական ոճի նախագահական համակարգ»:

Արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուն, որ լուրջ մտաւորականի համբաւ ունէր, ըստ երեւոյթին, կը մրցի իր ինքնահաւան վարչապետին հետ: Անցեալ շաբաթ Անգարայի մէջ տեղի ունեցած թուրք դեսպաններու տարեկան համաժողովին Տաւութօղլու իր բացման խօսքին մէջ հանդէս եկած է շատ ամբարտաւան յայտարարութեամբ, պնդելով, որ Թուրքիան վճռական դեր կը խաղայ միջազգային հարցերու մէջ. «Քանի որ մեծ պետութիւնները գիտեն, որ պատմութիւնը կ՛անցնի Անգարայի մէջէն, ուստի այն կողմերը, որոնք կ՛անտեսեն Անգարան, չեն կրնար հասկնալ պատմութիւնը: Ան, որ վտանգի կը դիմէ Անգարայի հետ ունեցած յարաբերութիւններուն մէջ, վտանգի պիտի դիմէ նաեւ տարածաշրջանային բոլոր քաղաքականութիւններուն մէջ…: Անոնք, որոնք կը փափաքին հասկնալ պատմութիւնը, պէտք է ներկայ ըլլան Անգարա, Պոլիս եւ Թուրքիոյ որեւէ այլ վայր, քանի որ այժմ մենք աւելի աշխուժութեամբ պիտի մասնակցինք պատմութեան հոսանքի կերտման»:

Եւ այս անհեթեթ խօսքերը կը հնչեն արտաքին գործոց այն նախարարին կողմէ, որ իր ներկայ պաշտօնը ստանձնելու ժամանակ ամպագոռգոռ յայտարարած էր, թէ իր երկիրը կը հետապնդէ «զերօ խնդիր հարեւաններու հետ» քաղաքականութիւն: Դառն իրականութիւնը այն է, որ Թուրքիա այժմ գրեթէ առանց խնդիրներու հարեւան չունի: Իրօք, Անգարա լուրջ հակամարտութիւններ ունի հարեւան Հայաստանի, Կիպրոսի, Յունաստանի, Իրանի, Իրաքի եւ Սուրիոյ հետ:

Իր աւագ գործընկերներէն ետ չմնալու համար Թուրքիոյ Եւրոմիութեան հարցերով խնդրայարոյց պետական նախարար Էկեմեն Պաղըշը Ամանորը ողջունած է տարօրինակ յայտարարութիւններու թարմ ցուցակով մը. «Այսօր Եւրոպայի մէջ չկայ որեւէ կառավարութիւն, որ աւելի շատ կողմնակից ըլլայ բարեփոխումներուն, քան՝ մեր կառավարութիւնը: Այն ժամանակ, երբ Եւրոմիութեան անդամ երկիրները կը պայքարին ճգնաժամի դէմ, մեր երկիրը կ՛ապրի իր պատմութեան ամենաժողովրդավարական, բարգաւաճ, ժամանակակից եւ թափանցիկ շրջանը: Երէկուան “հիւանդ մարդ”ը ոտքի կանգնած է եւ ուժ հաւաքած՝ այսօրուան Եւրոպային դեղատոմս գրելու համար… եւ կիսելու Եւրոմիութեան բեռը, այլ ոչ թէ բեռ դառնալու անոր համար»:

obama-erdogan-2892Նախագահ Օպամա բացայայտած է, որ ան կրնայ թուրք ղեկավարներէն աւելի շատ օգուտ ստանալ զանոնք «իւղելու, այլ ոչ թէ դեղելու» միջոցով՝ շահագործելով անոնց գովասանքի ու շողոքորթութեան հիւանդագին մարմաջը: Հարցը այն է, որ նման շռայլ գովասանքը Թուրքիան վերածած է «շփացած լակոտ»ի, որ լուրջ սպառնալիք դարձած է բոլոր հարեւաններուն համար:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի փոխադրեց՝ «Եռագոյն» կայքէջը

«ԱՍՊԱՐԷԶ», 10 Յունուար 2013

Տպել Տպել