Բաբգէն Փափազեան

Ընկ. տոքթ. Բաբգէն Փափազեան ծնած է 28 Փետրուար 1915-ին, Պաղտատ։ Զաւակն է տոքթ. Գուրգէն եւ Փերուզ Փափազեաններու, որոնց յարկին տակ ստացած է իր նախնական ուսումը, առաջին ուսուցիչ ունենալով կուսակցական գործիչ եւ գրիչի մարդ իր հայրը։ Երկրորդական ուսումը ստացած է Պէյրութի նորաբաց Ճեմարանէն ներս աշակերտելով Լ.Շանթի եւ Ն.Աղբալեանի։ «Ն. Փալանճեան» Ճեմարանի շրջանաւարտներու երրորդ սերունդէն էր ան 1937-ին։

Հետեւած է Ֆրանսական բժշկութեան ճիւղին, միաժամանակ դասաւանդելով Ճեմարանի մէջ։ 1946-ին ընտանեօք վերադարձած է Պաղտատ, ուր մնացած է մինչեւ 1959, երբ վերջնականապէս հաստատուած է Պէյրութ չարունակելով կիրարկել բժիշկի իր ասպարէզը, ազգային եւ մշակութային գործունէութեան զուգահեռ։

Որպէս կուսակցական գործիչ։ Ընկ. Փափազեանի կեանքը կ՚երկարի աւելի քան 50 տարիներու վրայ։ Ան գործած է Զաւարեան ուսանողական Միութեան շարքերէն ներս։

Պաղտատի մէջ բազմիցս եղած է կեդրոնական կոմիտէի անդամ։

1963-1981 եղած է Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ, խմբագրած է «Ազդակ Շաբաթօրեակ», «Դրօշակ» -հրատարակութենէն միչեւ 1977-, ինչպէս նաեւ վարած է Երոտասարդական գրասենեակը։ 1955-էն ետք մասնակցած է Հ.Յ.Դ. Լիբանանի բոլոր Շրջանային եւ ընդհանուր ժողովներուն։

Հրատարակած է երեք հատորներ՝ «Պատմութեան Նենգափոխումը», «Թատերական Արուեստը», «Փիրանտելլօ»։ Ան թարգմանած է կամ արեւմտահայերէնի վերածած է «Մուսա լերան Քառասուն օրերը»։

Ընկ.Բաբգէն Փափազեան մասնագիտութեամբ ներքին հիւանդութիւններու բժիշկ էր, սակայն Պաղտատի կամ Պէյրութի իր դարմանատունը այցելող որեւէ անհատ նախ կը լսէր գրամեքենայի մատներու արագ թխթխոցը, ապա իր քով անցնողը կը նկատէր գրասեղանին բազմած գրամեքենային ետեւ բժիշկը նստած, ակնոցները աչքին կ՚աշխատէր, հիւանդներուն շատ քիչ ժամանակ կը տրամադրէր։ Ան իր ամբողջ կեանքը շռայլօրէն նուիրեց իր պաշտած կուակցութեան։

Ան բառին բովանդակ իմաստով իտէալիստ էր եւ Դաշնակցական գաղափարաբանութիւնը ամբողջապէս իւրացուցած կուսակցական ղեկավար մը։ Հ.Յ.Դ գաղափարաբանութիւնը կը փոխանցէր նոր սերունդներուն հաւատքի ջերմերանդութեամբ եւ ոգեւորութեամբ։

Տպել Տպել