ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ընդունեց Ընկերվար Յառաջդիմական Կուսակցութեան Մէկ Պատուիրակութիւնը

ՀՅԴ-Լիբանանի Ընկերվար յառաջդիմական հանդիպումէն պահ մը

ՀՅԴ-Լիբանանի Ընկերվար յառաջդիմական հանդիպումէն պահ մը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Աւետիս Կիտանեան 11 Յունուար 2013-ին «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեցին Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին նախարարներ Ալաէտտին Թըրրօ եւ Ուաէլ Ապու Ֆաուր, ինչպէս նաեւ կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Զաֆեր Նասեր:

Հանդիպումէն ետք Թըրրօ յայտնեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին հետ հանդիպումը շատ դրական եղած է: Ան նշեց, որ քննարկուած են լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ անհրաժեշտ նկատուած է ընտրական նոր օրինագիծի մը մշակումը:

«Մենք քաղաքական բոլոր հաւատարիմ ուժերուն հետ կ՛աշխատինք տարակարծութիւնները նուազագոյնին հասցնելու եւ ազգային երկխօսութեան վերադառնալու», ըսաւ ան:

Թըրրօ շեշտեց, որ երկխօսութիւնը կարեւորագոյն քայլն է, որովհետեւ այս հանգրուանին հարցերը լուծելու շրջանային թէ միջազգային հոգատար մը չկայ, այլեւ կան քաղաքական ուժեր, որոնք մէկ սեղանի շուրջ կը գտնուին:

Ալաէտտին Թըրրօ իր խօսքը եզրափակեց ըսելով, որ նախաձեռնութիւնները ներքին առումով պէտք է ներկայացուին:

Միւս կողմէ, երեսփոխան Յ. Բագրատունի դրուատեց պատուիրակութեան ներկայացուցած նախաձեռնութիւնը, որ կը միտի լիբանանեան քաղաքական տարբեր ուժերուն միջեւ հասարակ յայտարարներ գտնել:

Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ ՀՅ Դաշնակցութեան եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան միջեւ տեսակէտները աւելի քան նոյնանման են` աւելցնելով, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ներկայացուցած նախաձեռնութիւնը ՀՅԴ-ն իրը կը նկատէ:

«Երկխօսութիւնը այլընտրանք չունի, իսկ քաղաքական սուր յայտարարութիւններն ու ցեխարձակումները մեզի չեն օգներ` բարելաւելու համար կացութիւնն ու տիրող մթնոլորտը: Մենք մեր ձեռքը կը զետեղենք Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ձեռքին մէջ, որպէսզի նոր սերունդներուն համար աւելի լաւ ապագայ մը կերտելու նպատակով միացեալ ենթահող մը գտնենք», եզրափակեց Յ. Բագրատունի:

Յ. Բագրատունի Այցելեց Նախագահ Սլէյմանի

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման 11 Յունուար 2013-ի առաւօտեան նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին, որուն հետ քննարկեց ներքին լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ընտրական օրինագիծերուն վերաբերող շարք մը հարցեր:

«ՀՅ Դաշնակցութիւնը Զօր. Աունի Հետ Իր Դաշինքով Հանգիստ Է» Ընդգծեց Յ. Բագրատունի

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի 10 Յունուար 2013-ին «Սաութ Մատա» ձայնասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին հաստատեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ իր դաշինքով հանգիստ է: «Այս է իրականութիւնը, իսկ որեւէ այլ խօսք անիրապաշտ է», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ընտրական օրէնքը քննարկող խորհրդարանական յանձնախումբին բոլոր նիստերը կարեւոր են, եւ այդ նիստերուն իբրեւ արդիւնք երկխօսութիւն կատարուած է, երբ երկրին մէջ երկխօսութիւնը խզուած էր:

«Խորհրդարանական ենթայանձնախումբը ընտրական օրինագիծեր քննարկելու բեմ մըն է, եւ ի գործ կը դրուին ջանքեր քննարկելու համար այլ նախաձեռնութիւններ, որոնք կրնան համախոհութեան արժանանալ», նշեց երեսփոխան Բագրատունի:

Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ինք կառչած կը մնայ Ուղղափառ հանդիպումի ընտրական օրինագիծին, սակայն քաղաքական բոլոր ուժերը պատրաստ են քննարկելու նաեւ նոր միտքեր: Հարցումի մը պատասխանելով ան ըսաւ. «Սակայն անհասկնալի է, թէ ինչպէ՛ս մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կը մերժէ Ուղղափառ հանդիպումին օրինագիծը, երբ Պքերքէի մէջ անոր շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է եւ արժանացած քրիստոնէական համախոհութեան»:

Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ ընտրական որեւէ օրինագիծ պէտք է ժողովուրդին կամքը ներկայացնէ եւ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած օրինագիծով կարելի է ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն ապահովել: «Սահմանադրութիւնը անհպելի չէ, իսկ ժողովուրդին կամքը կը գերազանցէ սահմանադրութիւնը», եզրափակեց Յ. Բագրատունի:

«ԱԶԴԱԿ»

Տպել Տպել