Ժամկէտներ` Շաբաթական, Ամսական Եւ Տասնամեայ Կտրուածքներով

քարտեզ Սուրիոյ հիմնահարցին հանգուցալուծման նպատակով իրականանալի Ժընեւեան բանակցութիւններու նախօրեակին երկու ուշագրաւ զարգացումներ տեսանելի տեղ գրաւեցին տիրող ընդհանուր համապատկերին մէջ: Թրքական լրատուամիջոցները յատուկ քարոզչութիւն կեդրոնացուցին Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) ղեկավարին հետ Անգարայի տարած բանակցութիւններուն վրայ: Ըստ շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերուն, ՔԱԿ-ի ղեկավարներ պիտի լքեն երկիրը եւ մեկնին Եւրոպա: Այլոց պիտի արտօնուի զբաղիլ Թուրքիոյ ներքին քաղաքականութեամբ. բանտարկուած գործիչներ ազատ պիտի արձակուին: Այս եւ նման «ներումնային» գործողութիւններու դիմաց ՔԱԿ-ը պիտի հրաժարի ժողովրդավարական ինքնավարութեան կամ անջատ պետութիւն ստեղծելու իր պահանջէն եւ… Ասատի վարչակարգին զօրակցելէն. փոխարէնը, պիտի միանայ սուրիական ընդդիմութեան: Տակաւի՛ն. թրքական մամուլը նոյնիսկ «կ՛աւետէր», որ քրտական հարցը լուծուած պիտի ըլլայ մայիս 2013-ին:

Թրքական լրատուական եւ հրապարակագրական այս փայլատակումները անշուշտ կառավարական պատուէրի անմիջական գործադրութիւններն են: Մանաւանդ որ Օճալանի հետ կառավարութեան անունով բանակցելու լիազօրութիւնը տրուած է թրքական գաղտնի ծառայութիւններու ղեկավարին:
Քրտական գործօնի հաշուարկը գերակայ հանգամանք ունի Սուրիոյ նկատմամբ Անգարայի վարած քաղաքականութեան հերթական քայլին մէջ: Այդ հարցը արծարծուի կամ ոչ, Թուրքիոյ իւրաքանչիւր քայլին ետին տիրականօրէն կանգնած է քրտական շարժառիթը:

Ենթադրեալ այս համաձայնութեան վրայ նման միակողմանի լուսարձակներ բանալու թրքական որոշումն ալ այդ տեսութիւնը հաստատող երեւոյթներուն մաս կը կազմէ: Թէական այդ համաձայնութիւնը առաջին հայեացքով քրտական համարժէք արձագանգ չունի: Յաւելեալ որոնողական աշխատանք պէտք է քրտական տեղեկատուական աղբիւրներուն այս մասին թողարկած լրատուութիւններուն իրազեկուելու համար: Անշուշտ նկատի ունենալով` թրքական աղբիւրներէ ջուր խմող եւ քրտերէնով հրատարակուող ելեկտրոնային կայքերու թրքականին համարժէք արձագանգումի իրականութիւնները:

Պահ մը փորձենք մնալ սակայն թրքական տեղեկատուութիւններուն փոխանցած հիմնական երկու ուղերձներուն վրայ, որոնցմէ առաջինը կը վերաբերի Թուրքիոյ տարածքային ամբողջականութեան պահպանման սկզբունքին, իսկ երկրորդը` Սուրիոյ վարչակարգին: Խորքին մէջ երկրորդն ալ սերտօրէն կապ ունի առաջինին հետ:

Այս բոլորին մէջ ուշագրաւը այն է, որ թրքական աղբիւրները արդէն սկսած են խօսիլ Թուրքիոյ տարածքային ամբողջականութեան խնդրոյ առարկայ ըլլալուն մասին: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը թեման արծարծելու առումով քանի մը շաբաթ առաջ կանխած էր թրքական լրատուամիջոցները:

Վերադառնանք Սուրիոյ թղթածրարին եւ կեդրոնանանք երկրորդ ուշագրաւ զարգացումին վրայ:

Յունուարի վերջը Ռուսիոյ Պալթեան, Սեւծովեան, Հիւսիսային Խաղաղովկիանոսեան ռազմական նաւատորմերու նաւերու խումբը հակաահաբեկչական զօրավարժութիւններ կ՛իրականացնէ Միջերկրական ծովու արեւելեան հատուածին մէջ` Սուրիոյ ափերուն:
Ռուսիան փաստօրէն կը ծրագրէ իրականացնել ցամաքահանման ռազմափորձեր Միջերկրական եւ Սեւ ծովերու ջրային տարածքներուն վրայ: Անցեալ տարի ռուսական մամուլը հաղորդած էր, որ վայրէջքային ռազմափորձերուն կրնան մասնակցիլ մինչեւ 25 հազար ռուս վայրէջքայիններ (դեսանտայիններ):

Սուրիական ծովափին Ռուսիոյ կողմէ բեմադրելի այս ուժի ցուցադրութիւնը բարացուցական է եւ անպայման կը կապուի Ժընեւի բանակցութիւններու նախօրէին ուղերձ փոխանցելու գաղափարին:

Թուրք-քիւրտ համաձայնութեան թէականութիւնը խիստ ընդգծուած է. այստեղ, ըստ թրքական մամուլին, մինչեւ մայիս (այսինքն` միայն չորս ամիս) ունինք եղելութեան հաւաստիութիւնը հաստատելու: Մինչդեռ սուրիական ծովափ ուղարկուող ռուսական ռազմանաւերու թիւին բազմապատկումը կը յստականայ մէկուկէս շաբաթէն (մինչեւ յունուարի վերջ): Իսկ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան վերլուծական բաժանմունքը Թուրքիոյ մասնատումը կը նախատեսէր յառաջիկայ 20 տարուան ընթացքին (մինչեւ 2030):

«Ա.»
Ակնարկ, «ԱԶԴԱԿ», 12 Յունուար 2013

Տպել Տպել