Հրաչ Տասնապետեան

Ար­դէն իսկ տաս տա­րի­ներ թա­ւա­լած են:

Ուր­բաթ, Մարտ 16, 2001-ին, ընկ. Հրաչ Տաս­նա­պետ­եա­նի կո­րուս­տով, Հայ Յե­ղա­փո­խա­կան Դաշ­նակ­ցու­թիւնը եւ հայ ժո­ղո­վուր­դը կորսն­ցու­ցած էր պատ­մա­գիր մը, մտա­ւո­րա­կան, կրթա­կան մշակ եւ հան­րա­յին-հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ մը, որ իր բա­ցա­ռիկ կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը դրած էր ի սպաս Հա­յաս­տա­նի եւ հա­յու­թեան ծա­ռա­յե­լու վեհ գոր­ծին եւ իր անու­նը մի­ա­ցուց դաշ­նակ­ցա­կան երախ­տա­ւոր­նե­րու ան­մահ փա­ղան­գին:

Ան ծնած էր Հա­լէպ, 1928ին: Յա­ճա­խած է Հա­լէ­պի Հայ­կազ­եան ման­կա­պար­տէ­զը, ապա նա­խակր­թա­րա­նը: Տա­րի մը Մխի­թար­եան վար­ժա­րան յա­ճա­խե­լէ ետք, ան­ցած է Հա­լէ­պի ֆրան­սա­կան Լի­սէն, որուն փա­կու­մէն ետք` երկ­րոր­դա­կան ուս­ման վեր­ջին եր­կու տա­րի­նե­րը ամ­բող­ջա­ցու­ցած է Պէյ­րու­թի ֆրան­սա­կան Լի­սէ­ին մէջ: Տա­րի մը հե­տե­ւած է Պէյ­րու­թի ու­սո­ղու­թեան եւ բնա­գի­տու­թեան կեդ­րո­նի դա­սըն­թացք­նե­րուն, ապա մեկ­նած է Լի­ոն (Ֆրան­սա): Ստա­նա­լէ ետք բնա­գի­տու­թեան տիտ­ղո­սը, եր­կու տա­րի աշա­կեր­տած է ճար­տա­րար­ուես­տա­կան Քիմ­ի­ա­գի­տու­թեան Բարձ­րա­գոյն դպրո­ցին, ուր­կէ վկայ­ուած է իբ­րեւ քիմ­ի­ա­գէտևճար­տա­րա­գէտ: Թեկ­նա­ծու դառ­նա­լով տոք­թո­րա­կան աւար­տա­ճա­ռի, տա­րի մը փոր­ձա­գի­տա­կան աշ­խա­տան­քի ըն­դուն­ուած է Փե­շի­նէ ըն­կե­րու­թեան մէջ: 1953ի ամա­ռը, Հա­մազ­գա­յի­նի ճե­մա­րա­նի տ­նօ­րէն Սի­մոն Վրաց­եան Հրաչ Տաս­նա­պետ­եա­նը հրա­ւի­րած է Ճե­մա­րան, իբ­րեւ գի­տա­կան նիւ­թե­րու ու­սու­ցիչ: 1953ի Հոկ­տեմ­բե­րին հաս­տատ­ուե­լով Պէյ­րութ, մին­չեւ իր մա­հը Հրաչ Տաս­նա­պետ­եա­նի կեան­քը կապ­ուե­ցաւ Նշան Փա­լանճ­եան, ապա Մ. եւ Հ. Արս­լան­եան ճե­մա­րան­նե­րուն:

1968ի ամա­ռը Հրաչ Տաս­նա­պետ­եան նշա­նակ­ուե­ցաւ Ճե­մա­րա­նի տնօ­րէն: Գի­տու­թեան բազ­մա­տա­ղանդ ու­սու­ցի­չը, 32 տա­րի Հա­մազ­գա­յի­նի ի սպաս դրաւ իր մտա­ւո­րա­կան ու վար­չա­կան կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը: Դպրո­ցի ու­սում­նա­կան վե­րել­քին, տնտե­սա­կան հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թեան ապա­հով­ման, աշա­կեր­տու­թեան թուա­կան աճին ու ճե­մա­րա­նի ճա­ռա­գայ­թու­մին ի նպաստ ճի­գե­րը ար­դիւ­նա­ւոր­ուե­ցան ըստ ամե­նայ­նի: Ճե­մա­րա­նը ան­խա­փան շա­րու­նա­կեց իր առա­քե­լու­թիւնը, լի­բա­նան­եան քա­ղա­քաց­ի­ա­կան եր­կա­րա­տեւ պա­տե­րազ­մի թո­հու­բո­հին մէջ, կայ­քէ կայք տե­ղա­փոխ­ուե­լով եր­բեմն, վե­րի­վայ­րում­նե­րով ու բազ­մա­պի­սի դժուա­րու­թիւն­նե­րով, բայց միշտ անե­րեր: Այդ նոյն շրջա­նին կա­ռուց­ուե­ցան Մ. եւ Հ. Արս­լան­եան ճե­մա­րա­նի եւ Նոր­սիկ­եան ման­կա­պար­տէ­զի շէն­քե­րը:

Հրաչ Տաս­նա­պետ­եա­նի հա­սա­րա­կա­կան կեան­քը առա­ւե­լա­բար կապ­ուած է Հ.Յ.Դաշ­նակ­ցու­թեան հետ: Հա­սակ առած դաշ­նակ­ցա­կան ըն­տա­նի­քի մէջ, ան յատ­կա­պէս կրած է ազ­դե­ցու­թիւնը իր հօ­րեղ­բօր` կու­սակ­ցա­կան գոր­ծիչ Յա­կոբ Սի­մոնիի: Պէյ­րու­թի եւ Փա­րի­զի մէջ Ռու­բէն Տէր Մի­նաս­եա­նի, իսկ աւե­լի ուշ Սի­մոն Վրաց­եա­նի հետ մտեր­մու­թեան մէջ կազ­մա­ւոր­ուած է ու ար­մա­տա­ցած դաշ­նակ­ցա­կան Հրաչ Տաս­նա­պետ­եա­նի գա­ղա­փա­րա­կան աշ­խար­հը, որ միշտ դրսե­ւոր­ուե­ցաւ ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րու պաշ­տա­մուն­քով, հա­յու­թեան եւ Հա­յաս­տա­նի իրա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեամբ, դաշ­նակ­ցա­կան խի­զա­խու­թեամբ ու կար­գա­պա­հու­թեամբ:

Ճե­մա­րա­նի տնօ­րէն նշա­նակ­ուե­լէն առաջ, Հրաչ Տաս­նա­պետ­եան ան­դա­մակ­ցած է Լի­բա­նա­նի թե­մի Ու­սում­նա­կան Խոր­հուր­դին: Այդ նոյն շրջա­նին կազ­մած է գի­տու­թեան դա­սա­գիր­քե­րու շարք մը, որ եր­կար տա­րի­ներ գոր­ծած­ուե­ցաւ Ճե­մա­րա­նի թէ Ազ­գա­յին վար­ժա­րան­նե­րու մէջ:

Հ.Յ.Դ. Զա­ւար­եան Ու­սա­նո­ղա­կան Միու­թեան վար­չու­թե­նէն ետք` քա­նի մը շրջան Հ.Յ.Դ. Լի­բա­նա­նի Կեդ­րո­նա­կան Կո­մի­տէի ան­դամ, Հրաչ Տաս­նա­պետ­եան առա­ջին ան­գամ մաս­նակ­ցե­ցաւ 1967ի Հ.Յ.Դ. Ընդ­հա­նուր Ժո­ղո­վին, ուր ընտր­ուե­ցաւ Հ.Յ.Դ. Բիւ­րո­յի ան­դամ: Յա­ջոր­դա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րով ան Բիւ­րո­յի ան­դամ մնաց մին­չեւ Դեկ­տեմ­բեր 1999, վեր­ջին եր­կու տա­րի­նե­րուն դառ­նա­լով Բիւ­րո­յի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ:

Հայ Դա­տի հե­տապնդ­ման, ազ­գա­յին առա­ջադ­րանք­նե­րու դրսե­ւոր­ման աս­պա­րէզ­նե­րուն մէջ:

«Դաշ­նակ­ցա­կա­նու­թիւնը, իր զա­նա­զան առա­քի­նու­թիւն­նե­րով, հա­ւա­քա­կան աւանդն է բո­լո­րին, հա­մա­պար­փակ գու­մա­րը բո­լո­րի՛ նկա­րագ­րա­յին շեշտ­ուած գի­ծե­րուն: Մթնո­լորտ է ան, որ պի­տի աշ­խա­տինք վառ պա­հել` իբ­րեւ ներշն­չա­րան: Բա­րո­յա­կան իւ­րա­յա­տուկ դի­մագ­ծու­թիւն է ան, որուն աս­տի­ճա­նա­կան իւ­րաց­ման պի­տի ձգտինք` հա­ղոր­դու­թեան եւ ան­խար­դախ կի­րար­կու­մի ճամ­բով: Եւ ար­ժա­նի ըլ­լա­լու հա­մար լրիւ ու իրա՛ւ դաշ­նակ­ցա­կան մար­դու դժուար կո­չու­մին, Դաշ­նակ­ցու­թեա՛ն հա­մար, անոր հե­տապն­դած նպա­տակ­նե­րուն հա­մար` որոնց հա­ւա՛տ­քը ու­նինք, ամէն օր քիչ մը աւե­լի պի­տի դաշ­նակ­ցա­կա­նա­նա՛նք», կը յայտ­նէր ան:

Ու­շագ­րաւ եղաւ յատ­կա­պէս Հրաչ Տաս­նա­պետ­եա­նի դե­րը յա­րա­բե­րա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու մէջ, հայ բայց յատ­կա­պէս օտար շրջա­նակ­նե­րու հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մար­զին մէջ:

Հրաչ Տաս­նա­պետ­եան հայ­կա­կան ճար­տա­րա­պե­տու­թեան ու­սում­նա­սի­րա­կան քա­նի մը աշ­խա­տանք­ներ հ­րա­տա­րա­կե­լէ ետք, ամ­բող­ջո­վին նուիր­ուե­ցաւ Հ.Յ.Դաշ­նակ­ցու­թեան պատ­մու­թեան, գա­ղա­փա­րա­կան ու կազ­մա­կեր­պա­կան խնդիր­նե­րու գի­տա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թեան:

1970ական թուա­կան­նե­րուն, Հ.Յ.Դ. Բիւ­րո­յի որո­շու­մով 4 կամ 5 ամառ­ներ զբա­ղած է Պոս­թը­նի Հ.Յ.Դ. ար­խիւ­նե­րու դա­սա­ւոր­ման, ցու­ցա­կագր­ման ու պատ­ճէ­նա­հան­ման գոր­ծով, այ­նու­հե­տեւ միշտ մնա­լով այդ ար­խիւ­նե­րու բծախն­դիր ու­սում­նա­սի­րող մը: Իր խմբագ­րու­մով կամ իր գրչի ար­գա­սի­քով հա­տո­րով հրա­տա­րակ­ուե­ցան շուրջ քսան աշ­խա­տու­թիւն­ներ, առանց հաշ­ուե­լու մա­մու­լի մէջ տպուած առա­ւել կամ նուազ ըն­դար­ձակ յօդ­ուած­ներն ու յօդ­ուա­ծա­շար­քե­րը:

Հրաչ Տաս­նա­պետ­եա­նի մա­հով Հ.Յ.Դաշ­նակ­ցու­թիւնը, Հա­մազ­գա­յի­նի Հայ Մշա­կու­թա­յին ու Կրթա­կան Միու­թիւնը, ընդ­հան­րա­պէս հայ ժո­ղո­վուր­դը կորսն­ցու­ցած էր բազ­մա­տա­ղանդ անձ­նա­ւո­րու­թիւն մը, որ ամ­բողջ յիս­նամ­եակ մը, իբ­րեւ ու­սու­ցիչ, տնօ­րէն, մտա­ւո­րա­կան, հրա­պա­րա­կա­գիր, հայ ար­ուես­տի ու ազա­տագ­րա­կան շարժ­ման պատ­մու­թեան հե­տա­զօ­տող, ազ­գա­յինևհա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ իր բա­ցա­ռիկ կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը ի սպաս դրաւ հա­յու­թեան եւ Հա­յաս­տա­նին, իր անու­նը մի­աց­նե­լով դաշ­նակ­ցա­կան երախ­տա­ւոր­նե­րու ան­մահ փա­ղան­գին:

«Հայրենիք»

Ինքնակենսագրութիւն (1928-1926)՝ Հրաչ Տասնապետեանի

Հրաչը՝ Հրաչին Մասին

Ծնած եմ Հալէպ, 28 Յուլիս 1928ին։ Նախակրթութիւն՝ Ազգ. Հայկազեան վարժարանի մանկապարտէզ (վարիչ-մանկապարտիզպանուհի՝ մայրս, Սաթենիկ Տասնապետեան), ապա՝ նախակրթարան (մինչեւ Գ. դասարան՝ ներառեալ), ուր ուսուցչական պաշտօն կը վարէր նաեւ հայրս՝ Եդուարդ Տասնապետեան։ Մէկ տարի Մխիթարեան վարժարան յաճախելէ ետք, 1938ին (թէ՞ 1939ին) մտած եմ Lycée Français (Հալէպ) եւ մնացած Seconde (1օրդ Ն.Պ.) դասարանի աւարտը։ 1945ին, Հալէպի ֆրանսական հաստատութեանց փակումէն ետք, անցած Պէյրութ, եւ երեք յաջորդական տարիներ մնացած եմ մանկութեանս ընկերոջ՝ Բագրատունի Քրիստափորի (Սենօ) տունը, շարունակելով վայելել ընտանեկան յարկի ջերմութիւնը։ Տիկ. Մանուշակը երկրորդ մայր մը եղած է ինծի համար։

1947ին աւարտած եմ Պէյրութի Lycée-ն եւ առած ֆրանսական պաքալորիան ու յաջորդ տարեշրջանը անցուցած՝ Պէյրութի Centre d’Etudes et de Recherches Mathématiques et Physiques հաստատութենէն ներս (պատրաստութիւն M.P.C. վկայականի)։ 1948էն 1950՝ Լիոնի (Ֆրանսա) Faculté des Sciences-ին մէջ ամբողջացուցած եմ Licence és-siences-ը եւ, 1952ին ստացած եմ Ingénieur-chimiste-ի վկայական՝ Լիոնի Ecole Sup. de Chimie Industrielle-էն։ Մօտ տարի մը ֆրանսական Péchiney ընկերութեան st. Auban-ի գործարանի laboratoire-ին մէջ աշխատելէ ետք (research), 1953 Հոկտեմբերին, ընդառաջելով ողբ. Սիմոն Վրացեանի փափաքին, վերադարձայ Պէյրութ, Ճեմարանէն ներս ուսուցչական պաշտօն ստանձնելու համար։ Ու ցարդ կը մնամ Ճեմարան, մինչեւ 1968, իբրեւ բնագիտութեան եւ քիմիագիտութեան բարձրագոյն կարգերու ուսուցիչ եւ 1968 Հոկտեմբերէն ասդին՝ տնօրէն։ Մինչեւ Ճեմարանի տնօրէն նշանակումս եւ Ճեմարանի ուսուցչութեան առընթեր, վարած եմ նաեւ, պարագայաբար, ուսուցչական այլ պաշտօններ՝ միշտ գիտութեանց մարզին մէջ,- Ս. Նշան վարժարան (սկիզբի երկու տարիները), Collége Sacre-Cœur des Fréres Maristes (Ճիւնի, մէկ տարի) եւ մանաւանդ Յիսուսեաններու Ժամհուրի College Notre-Dame-ին մէջ (տասը յաջորդական տարիներ)։

ԾՆՈՂԱԿԱՆ BACKGROUND (ԵԹԷ ԿԸ ՀԵՏԱՔՐՔՐԷ)

Մեծ հայրս՝ Սիմոն էֆէնտի Օնպաշեան, ծնած է Էվերէկ (Կեսարիոյ մօտ, Կապադովկիա)։ Ուսանելու համար Պոլիս երթալով, ստացած է դեղագործ-քիմիագէտի վկայական։ Չէ վերադարձած ծննդավայրը, այլ հաստատուած Պանտրմա (պատմական Տրովադայի մօտ), դեղարան մը բացած եւ ամուսնացած օրդ. Նեկտարի հետ (աղջիկութեան անունը ինծի անծանօթ)։ Սիմոն էֆէնտին մեռած է 1915ին կամ 1916ին, գաղթականութեան օրերուն, ֆիզիքական սպառումէ. Տիկ. Նեկտարը՝ 1928ին, Հալէպ, իմ ծնունդէս մէկ կամ երկու ամիս առաջ։ Անոնք ունեցած էին երկու մանչ զաւակներ, երկուքն ալ ծնած 1900ի շուրջ (մէկէն երկու տարի առաջ կամ ետք)։ Մեծը՝ Յակոբ, որ պիտի դառնար կուսակցական գործիչ Յակոբ Սիմոնին, Ազունիէի ազգային բուժարանին մէջ թոքատապէ պիտի մահանար 1945ին։ Ամուսնացած չէր։ Փոքրը՝ Եդուարդը, Պոլսոյ Պէրպէրեան վարժարանը աւարտած եւ մէկ-երկու տարի Հինդլեան վարժարանի մէջ դասաւանդած, 1925ին Պոլիս ամուսնացած էր մանկապարտիզպանուհի օրդ. Սաթենիկ Գոնտայեանի հետ։ Նոյն տարին փոխադրուած էին Հալէպ, իբրեւ ուսուցիչ հրաւիրուած այնտեղի ազգային իշխանութեանց կողմէ։ Հայրս եւ մայրս (Եդուարդ եւ Սաթենիկ Տասնապետեանները) մինչեւ 1959 ապրած են Հալէպ, ուր մայրս մնայուն կերպով վարիչ-մանկապարտիզպանուհին էր Հայկազեան վարժարանի, հասցնելով յաջորդական բազմաթիւ սերունդներ, իսկ հայրս՝ հայերէնի, հայ գրականութեան եւ հայոց պատմութեան ուսուցիչ սկզբնապէս Հայկազեան վարժարանի, ապա նաեւ Մխիթարեաններու եւ աւելի ուշ՝ Քարէն Եփփէ Ճեմարանին մէջ։ Ան երկար տարիներ վարած է Նոր Գիւղի Ազգ. Սահակեան վարժարանի տնօրէնութիւնը։ Յատկապէս լաւ մասնագէտ էր Սայաթ Նովայի։ Ունի գրական բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ հայ պարբերական մամուլին մէջ («Նայիրի», «Բագին»…), առանձին գրքով ալ լոյս տեսած (յետ մահու)։ Պէյրութ փոխադրուելէն ետք, հայրս 1959էն սկսեալ միեւնոյն նիւթերը դասաւանդեց Պիքֆայայի Զարեհեան դպրեվանքին մէջ, դարձեալ յետ մահու, Անթիլիասը հրատարակեց անոր «Քերականութիւն» ուշագրաւ աշխատութիւնը։ Եդ. Տասնապետեանը մեռաւ Անթիլիաս՝ 13 Յունուար 1974ին։ Մայրս եղած է օրդ. Գոնտայեան. անոր ընտանիքէն՝ իրմէ զատ ճանչցած եմ մօրենական մեծ մայրս՝ Մարիամ հանըմը (ծնեալ Քիւրտեան) եւ մօրեղբայրս՝ Յովհաննէս Գոնտայեանը։ Մինչեւ մօրեղբօրս ամուսնութիւնը, երկուքն ալ, Հալէպ, մեր տան մէջ ապրած են։

Զիս «մեծցնողը» փաստօրէն Մարիամ հանըմն է եղած, որ չորս աղջիկներ զոհ տուած էր Եղեռնին։ Մարիամ համըմն ու Յովհաննէսը հիմա չկան։ Առաջինը մահացած էր խոր ծերութեան մէջ՝ 1967ին, երկրորդը սրտի նորոգուած տագնապով մը մեռաւ 1977ին։ Իր կինն ու երկու աղջիկները՝ Ազգանոյշ ու Նանօր Գոնտայեանները (վերջինը տիկ. Պերճ Ասլանեան, Գամշլի, Սուրիա, տէր երեք զաւակներու) կ՚ապրին։ Ունիմ ինձմէ փոքր քոյր մը, Նայիրին կամ Նիրին, Պիթիաս ծնած եւ 1963ին Պէյրութ ամուսնացած ամերիկաբնակ ճարտարագէտ հալէպցի-ուրֆացի Յակոբ Մելքոնեանի հետ։ Ունին երկու չափահաս զաւակներ՝ Սօման եւ Տիգօն։ Կ՚ապրին Լոս Անճելըս (Անահայմ, Օրէնճ Քաունթի)։ Հօրս մահէն ետք, քոյրս իր քով (L.A.) տարաւ մաման, որ մինչեւ իր մահը (1992 Դեկտեմբեր 21) ապրեցաւ այնտեղ, վայելելով Նիրիի ամբողջական եւ բծախնդիր խնամքը։ Այդ խնամքին տիկ. Սաթենիկը պէտք ունէր իր կեանքի վերջին շրջանին, երբ լրիւ անդամալոյծ էր արդէն, կոյր եւ պարպուած յիշողութենէ։ Մեռաւ խոր ծերութեան մէջ։

ԻՄ ԸՆՏԱՆԻՔՍ

Ուսանողութեանս շրջանին (Լիոն) ճանչցած էի օրդ. Զապէլ Օվիկեանը, ֆրանսահայ, ծնեալ Cruas (Ardéche նահանգ, ուր հայ բազմաթիւ ուրիշ ընտանիքներու հետ, հաստատուած էին իր գաղթական ծնողները, կարծեմ 1926ին կամ անկէ ետք)։ Ամուսնացանք 1954 Ապրիլ 23ին, Արեւելք վերադարձէս ետք։ Զապէլին ծնողները մշեցի էին (ծանօթ ֆետայիներ Ալիճանայ Տիգրանի եւ Չոփուր Միսաքի գերդաստանէն). այդ տարիներուն կ՚ապրէր միայն մայրը՝ Ֆնտօ (կամ Լուսիա) Օվիկեանը (ծնեալ Ասատուրեան), Եղեռնէն հրաշքով ազատուած՝ շնորհիւ ընտանիքի քիւրտ բարեկամի մը ազնուութեան։ Ամուսինը, Ալիճանցի Աւետիսը, Հալէպ գտնուած էր 1925-1926 թուականներուն։ Զիրենք ամուսնացուցած էր Ցրօնքցի Մուրատը, որ այդ տարիներուն Սուրիոյ մէջ կը զբաղէր որբահաւաքի գործով։ Աւետիսը մահացած էր Տէսին (Ֆրանսա) 1947ին։ Ֆնտօն մեզի հետ ապրեցաւ մինչեւ մահ (28 Յունիս 1988)։

Ունեցանք երեք զաւակներ, երեքն ալ աղջիկ… Շուշիկը՝ 15 Փետրուար 1955ին, Թամարը՝ 2 Յունիս 1956ին եւ վեց տարի ետք Սանանը՝ 14 Դեկտ. 1961ին։ Առաջինը եւ երկրորդը իրենց համալսարանական ուսման մեծագոյն մասը ստացած են Փարիզ, Սոռպոնի մէջ հետեւելով գրականութեան (Շուշիկ), ուսողութեան, գրաբարի եւ կրօնագիտութեան (Թամար)։ Շուշիկը երկու տարի առաջ Երեւանէն ստացաւ գրականութեան իր PH.D.-ն։ Ունի բանաստեղծութեան երեք հատորներ, գրական-վերլուծական հրատարակութիւններ («Զապէլ Եսայեան» ֆրանս., «Վերլուծական Էջեր», «Յակոբ Օշականի Վէպը», եւլն.)։ Ծաւալուն գործ մըն է եւ նարեկացիագիտութեան մարզին մէջ նորութիւն՝ Թամարին doctorat-ի աւարտաճառը (Սոռպոն, Նոյ. 1989), Նարեկացիի քիչ ծանօթ մէկ գործին մասին («Ներբող Աստուածածնին», ֆրանսերէն). անկէ զատ՝ Թամարը ունի հայ եւ օտար եկեղեցագիտութեան եւ աստուածաբանութեան նուիրուած, ինչպէս նաեւ զուտ բանասիրական աւելի քան տասնեակ մը հատորներ, հայերէն կամ ֆրանսերէն։ Սանանը, 1980ին աւարտելով Ճեմարանը, նոյն ամառը Նիւ Ճըրզիի մէջ ամուսնացած էր ջուղայեցի Մարտօ Սողոմեանին հետ, որուն ծանօթացած էր Պէյրութ՝ 1976-1978 տարիներուն։ Մարտօն Columbia համալսարանի ուսանող էր՝ քաղաքական գիտութիւններու։ Ինք՝ Սանանը, Հայկազեան գոլէճէն ստացաւ իր պատմութեան B.A.-ը (1984ին, երբ երկուքով վերադարձած էին արդէն Լիբանան), միջանկեալ յաճախելով նաեւ Նիւ Եորքի Queen’s College-ը։ 1984ի վերջերը երկուքն ալ վերստին Նիւ Եորք դարձան, ուր Մարտօն սկսաւ աշխատիլ Radio Free Europe (կամ Radio Liberty), իսկ Սանանը, ինը տարեշրջան ձեռնհասօրէն վարեց Queen’sի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ազգ. ամէնօրեայ վարժարանի տնօրէնութիւնը։ Եղաւ ծնողներէն ու շրջապատէն սիրուած ու յարգուած տնօրէնուհի մը։ Սանանը ինծի տուած է երկու թոռնիկներ, Սարինը (այժմ տասներկու տարեկան, Պէյրութ ծնած) եւ Վահիկ-Հրաչը (եօթը տարեկան, նիւ եորքցի)։ Անցեալ տարի, նշանակուած ըլլալով Radio Liberty-ի հայկական բաժնի տնօրէն, Մարտօն փոխադրուեցաւ հիմնարկութեան այժմու կեդրոնը՝ Փրակա (Չեխիա), իսկ Սանանը զաւակներուն հայեցի ուսման եւ դաստիարակութեան տալով առաջնահերթութիւնը, հատատուեցաւ Պէյրութ՝ ի մեծ գոհունակութիւն Սարինի եւ Վահիկի մեծ հայրիկին… Կինս՝ Զապէլը, անակնկալ կերպով մահացաւ 10 Փետրուար 1993ին, շատ արագ տարածուող քաղցկեղէ մը։

ԿԵԱՆՔԻ ՇՐՋԱՆՆԵՐ, ՏՊԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ, ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ, ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆ

Ա) Կեանքիս Հալէպեան շրջանը (ծնունդէս մինչեւ 1945՝ տասնեօթը տարեկան) լեցուն է անշուշտ ընտանեկան, դպրոցական թէ ընկերային կեանքի մանկապատանեկան յուշերով։ Յաճախած դպրոցներուս մէջ (յատկապէս Lycռe) փայլուն էի գրեթէ բոլոր նիւթերուն մէջ, բացի… արաբերէնէն (որ առանձին ծրագրով կ՚աւանդուէր հայ աշակերտներուս)։ Հայրս այդ օրերուն կուսակցական կարեւոր պաշտօններ կը վարէր (Հալէպի կոմիտէի կամ Սուրիոյ Կ.Կ.ի ներկայացուցիչ), հօրեղբայրս՝ Սիմոնին ալ, որ ընդհանրապէս Գամիշլի կը մնար, ծանօթ գործիչ էր։ Ուստի մեր տունը յաճախադէպ էր ելեւմուտքը թէ՛ դաշնակցական եւ թէ քիւրտ երեւելի անձնաւորութիւններու։ Զիս կանուխէն շատ տպաւորած են, կուսակցական տեղական ուժերէն զատ (Ատուր Գապագեան, Հրաչ Փափազեան, խմբապետ Մուշեղ, Միհրան Հերարդեան, եւլն.), այցելու ընկերներ՝ ինչպէս Մանուէլ Մարութեանը, Շաւարշ Մակարեանը, Կոպեռնիկ Թանտրճեանը, Երուանդ Խաթանասեանն ու յատկապէս առաքելատիպ Համօ Օհանջանեանը, քիւրտ ղեկավարներ՝ ինչպէս շատ համակրելի Մեհմուտ պէյն ու Քամերան Պատրխանը։ Մանկութեանս, պատիւը ունեցած եմ ճանչնալու նաեւ Սօսէ Մայրիկը, որ Հալէպ այցելութեան մը առիթով մնացեր էր ընկերոջս՝ Սենոյենց տունը։ Ուրիշներ ալ, զորս մոռցած եմ հաւանաբար։ Բոլոր պարագաներուն, տան եւ մեր անմիջական շրջանակին հետ կապուած այս մթնոլորտին մէջ է որ ընթացաւ մտքի եւ տրամադրութիւններու կազմաւորման առաջին շրջանս։ Ինչ խօսք որ ժրաջան անդամ էի թէ՛ պատանեկան միութեան, թէ՛ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական փաղանգին (երբ Պէյրութ փոխադրուեցայ, 1945ին, արդէն առաջնորդ էի, բայց չշարունակեցի. երկու անգամ մասնակցած եմ դէպի Լիբանան կատարուող բանակումներուն)։

Բ) Պէյրութ, ապա՝ ուսանողութիւն.- 1945էն 1948 Հալէպի ֆրանսական հաստատութեանց փակման իբրեւ հետեւանք Պէյրութ անցուցած երեք տարիներս յատկանշական եղան, ուսմանս՝ նախ Lycée-ի, ապա Centre-ի մէջ շարունակման կողքին, նոր ծանօթութիւններով, մեր ազգային-ընկերական կեանքին վրայ յաւելեալ բացումով եւ կուսակցական աշխատանքներու լրջացումով ու ծաւալումով։ Նախ՝ հօրեղբօրս՝ Յակոբ Սիմոնիի մահուան եւ յուղարկաւորութեան առիթով ծանօթացումս Ռուբէն Տէր Մինասեանի հետ՝ առանձին դեր ունեցաւ կուսակցական անհատականութեանս կազմաւորման մէջ (տարօրինակ զուգադիպութեամբ մը, այս երկուքը, մեռնող Սիմոնին եւ վերապրող Ռուբէնը,- որուն անշուք յուղարկաւորութեան ներկայ պիտի ըլլայի Փարիզ, Pére Lachaise, 1951 Նոյեմբերին…,- միասնաբար դարբնեցին դաշնակցական Հրաչ Տասնապետեանը)։ Ապա նաեւ՝ հին ու նոր դէմքերով հարուստ շրջապատ,- Մովսէս Տէր Գալուստեանը, որ մեր ընտանիքին մօտիկ բարեկամն էր մանկութեանս (Պիթիասի) օրերէն, ակումբ մնացող պատկառելի ծերունին՝ Շահպազ հայրիկը (Վասպուրականի Վարդան Շահպազը), Կարօ Սասունին, Արամ Սահակեանը (Լութեր), Ղազար Չարըգը, Արշակ Յովհաննէսեանը եւ շատ ուրիշներ։ Անդամագրուած էի անշուշտ Հ.Յ.Դ. Զաւարեան Ուսանողական Միութեան, որուն շրջանակին մէջ 1946ին (թէ 1947ին) տուի կուսակցական երդումս, Ռուբէնի կնքահայրութեամբ։ Պաքալորիան առնելէս ետք (1947) եւ մինչեւ Ֆրանսա երթալս, շուրջ տարի մը ուսողութեան եւ գիտութեան դասեր ալ տուի Սուրբ Նշան վարժարանին մէջ (Զոքաք Էլ-Պլաթ)։ M.P.C.ի պատրաստութեան տարիս էր, եւ քսան տարեկան չկայի տակաւին։ Կուսակցական գործունէութեան կողքին, ուսուցչական գործը – կոչո՞ւմը – կանուխէն սիրելի եղած է ինծի, հաւանօրէն բնական ժառանգութեան մը իբրեւ արդիւնք։ Ուսանողութեան շրջանին նաեւ (1948-1953,- մանրամասնութիւնները տուած եմ այս ինքնակենսագրութեան առաջին բաժնին մէջ), կատարած եմ կուսակցական բոլոր պարտաւորութիւններս՝ Լիոնի տեղական Ընդհանուր Ժողովներէն մինչեւ Փարիզի Շրջանային Ժողովները։ Առաւել՝ դասախօսութիւններու գրեթէ մնայուն շարք Մարսէյլի թէ Լիոնի, եւ զանազան առիթներով բանախօսութիւն՝ շրջաններուն մէջ (Կրընոպլ, Սէն-Շամոն, Սէնթ Էթիօն, Մարսէյլ, Վալանս, Ռոման, եւլն.)։ Յաջորդական երկու տարիներ հայերէնի կիրակնօրեայ դասեր տուած եմ Վիլլըֆրանշի Նոր Սերունդականներուն։ Ֆրանսայի այս հինգ տարիներուն առիթը ունեցած եմ ճանչնալու կուսակցական բազմաթիւ այլ դէմքեր, որոնց մէջ առաջին տեղը կը գրաւէ անշուշտ անմոռանալի Շաւարշ Միսաքեանը։ Բայց նաեւ ուրիշներ՝ Սահակ Տէր Թովմասեանը, Գերասիմ Բալայեանը, Մարսէյլ հաստատուած Յակոբ Պապիկեանը (ինծի Հալէպէն ծանօթ), Սիսակ Սիսլեանը, Սերոժա Թորոսեանը, յիշելու համար գլխաւորները միայն։ Ռուբէնի մինչ այդ Փարիզ հաստատուած ըլլալը ինծի համար առիթ ստեղծեց իր առինքնող անհատականութիւնը աւելի մօտէն ճանչնալու եւ անոր հետ աւելի՛ եւս մտերմանալու։

Գ) Նշան Փալանճեան Ճեմարանի ուսուցիչ – Ֆրանսայի ուսանողական շրջանս փակուած նկատեցի, երբ 1953 Նոյեմբերին վերադարձայ Պէյրութ։ Ճեմարանի ղեկավարութիւնը – ոչ ուղղութիւնը – փոխուած էր Նիկոլ Աղբալեանի (1947) եւ Լեւոն Շանթի (1951) մահով։ 1952ին գործի կոչուած էր նոր տնօրէնը՝ բազմավաստակ քաղաքական, կուսակցական եւ մշակութային գործիչ Սիմոն Վրացեանը, զոր անձամբ քանի մը վայրկեանով միայն տեսեր էի Lion-Perrache-ի երկաթուղիի կայարանը, 1951ին, երբ, Փարիզէն անցնելով, խումբ մը ղեկավար ընկերներ կ՚երթային Հ.Յ.Դ.ի 15րդ Ընդհանուր Ժողովին։ 1952ին, Ս. Վրացեան յանձնարարած էր ընկերոջս՝ մաթեմաթիկոս Ստեփան Աթթարեանին (այն օրերուն Ճեմարանի բարձրագոյն կարգերու ուսուցիչ) գրել ինծի, որ ետ կենամ Ֆրանսայի մէջ գիտահետազօտական աշխատանքի նուիրուելու որոշումէս եւ անցնիմ Պէյրութ՝ իբրեւ Ճեմարանի ուսուցիչ։ Երկար չէի տատամսած։ Ծանօթ էի նաեւ «Նշան Փալանճեան» վերանուանուած (1950-51) Պէյրութի Հայ Ճեմարանի սկզբնական վարիչ դէմքերուն,- Նիկոլ Աղբալեանին, շնորհիւ հօրեղբօրս՝ Սիմոնիի իրեն հետ ունեցած մտերիմ բարեկամութեան եւ, 1945-1947 տարիներուն, Memorial Hall-ի իր համո՛վ դասախօսութիւններուն։ Լեւոն Շանթ շատ աւելի ինքնամփոփ էր ու վերապահ. կարծեմ 1947ին, ան մէկ անգամ իր Ուատի Ապու Ժեմիլի գրասենեակը կանչեր էր զիս, դասարանի մը որոշ դասերը առաջարկելու, բան մը, զոր ստիպուած եղեր էի մերժելու, բազմազբաղութեանս հետեւանքով (Centre-ի տարիս էր, եւ արդէն Սուրբ Նշանի դասերս ունէի)։ Պատանեկութեան Ճեմարան յաճախող ընկերներուս պատմածներն ալ (Սենօ, Բաբգէն, Վարդգէս, Վարուժան, Այտա եւ ուրիշներ) կ՚ամբողջացնէին Շանթի եւ Աղբալեանի դպրոցէն ունեցած վկայութիւններն ու տպաւորութիւնները։ Վրացեանի հետ աշխատանքի եւ գործակցութեան այդ տասնհինգ տարիները, որոնք հետզհետէ ստեղծեցին անձնական եւ ընտանեկան մօտիկութիւն մըն ալ, ամբողջացում բերին Ռուբէնի մտերմութեան մէջ սկսուած դաշնակցականի կազմաւորմանս, մթնոլորտի ներշնչման պատմողական-յուշագրական եղանակին վրայ աւելցնելով բազմահմուտ մտաւորականի ու քաղաքագէտի (Ս.Վ.ի) գիտելիքներու անսահման աշխարհը,- արդիւնք՝ բացառիկ կերպով հարուստ ու սուր յիշողութեան մը,- եւ առարկայական մօտեցումները։ Սկզբնական տարիներուն, գէթ մինչեւ 1956ի վերջը, Պէյրութ կ՚ապրէր նաեւ Դրօն (այն ատեն Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ), Վրացեանի հետ միեւնոյն յարկաբաժնին մէջ։ Յուզիչ էր տեսնել մտերմութիւնն ու փոխադարձ գուրգուրանքը դաշնակցական զէնքի եւ մտքի այդ երկու տիտաններուն։ Երբեմնի ղեկավար դէմքերէն՝ Լիբանան կը գտնուէր նաեւ Կոմսը (Վահրամ Փափազեան), որ բոլոր հիներուն մէջ ամէնէն երկարակեացը եղաւ։ Ճեմարանէն ներս աւանդած գիտական նիւթերուս մէջ (առաւելաբար լսարանական կարգերու բնագիտութիւնն ու քիմիան) ձեռնհասութիւնը չէր պակսեր ինծի, թէեւ զուտ մանկավարժական գծով կարողութիւններս,- ըսե՛նք,- աւելի բնածին էին, քան ակադեմականօրէն սորվուած։ Բոլոր պարագաներուն, կը թուի, թէ, իբրեւ ուսուցիչ թէ մեծ ընկեր, սիրուած էի աշակերտներէս (իրենց իսկ վկայութեամբ)։ Այլ դպրոցներու մէջ նաեւ աւանդած եմ միեւնոյն նիւթերը (տեսնել Ա. բաժին)։ Այս ժամանակաշրջանին բազմաթիւ անգամներ եղած եմ Զաւարեան Ուսանողական Միութեան վարչութեան, Համազգայինի Պէյրութի վարչութեան, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան Կրթական յանձնախումբին, եւ 1956Էն սկսեալ (ընդհատաբար) Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէին։ 1967ին, Հ.Յ.Դ. 19րդ Ընդհանուր ժողովը զիս ընտրեց Բիւրոյի անդամ։ Կուսակցական պարտականութիւն մը, զոր անընդհատաբար շարունակեցի մինչեւ 26րդ Ընդհ. Ժողով (Նոյեմբեր 1995)։ Իբրեւ գործակից-անդամ, տարիներու ընթացքին ունեցած եմ ընկ. Հ.Մ., Բ. Փ., Ս.Ս., Ե. Փ., Ա.Վ., Ս. Զ., Վ.Ղ., Հ.Ա., Ռ.Մ., եւ ուրիշներ։ Անոնցմէ ոմանց վաղաժամ կորուստը դժբախտութիւն մը կը նկատեմ մեր կուսակցութեան համար, բնական մահով դադրած ըլլան անոնք գործելէ (տոքթ. Բաբգէն Փափազեան), արկածով՝ ինչպէս Հրայր Մարուխեան, որուն հետ միշտ ունեցած ենք փոխադարձ վստահութիւն եւ յարգանք՝ հակառակ երբեմն գործելակերպային տարբերութիւններու, կամ զոհ դարձած ըլլան հայ կայէններու դաւադրական մէկ արարքին (Սարգիս Զէյթլեան)։

Դ) Տնօրէնութեան շրջան – 1968ի ամառը, երբ Ս. Վրացեան արդէն անշարժութեան դատապարտուած էր դժբախտ արկածի մը հետեւանքով, Հ.Յ.Դ. Բիւրօն, համախորհուրդ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան հետ, զիս նշանակեց Ճեմարանի տնօրէն։ Ես յատուկ արձանագրութիւն ձգած եմ Բիւրոյի համապատասխան նիստի ատենագրութեան մէջ, դէմ արտայայտուելով այդ որոշման (ճիշդ ձեւ չէի նկատեր Բիւրոյի որոշումով իր մէկ անդամին տնօրէն նշանակումը, եւ կը գտնէի, անկեղծօրէն, որ դպրոցավարական հարցերու մէջ անհրաժեշտ պատրաստութիւնը եւ փորձառութիւնը չունէի)։ Բայց որոշումը մնաց, եւ ես առանձին վարեցի, յատկապէս Ս.Վ.ի օգնականներ Մ. Իշխանի եւ Գ. Բանեանի հրաժարելէն ետք (ուսումնական եւ վարչական փոխ տնօրէնի իրենց պաշտօնէն), Նշան Փալանճեան Ճեմարանի տնօրէնութիւնը։ Վարեցի, ոչ անշուշտ անթերի ձեռնհասութեամբ, բայց,- կրնամ հպարտութեամբ ըսել,- անսակարկ նուիրումով, «գիշերը ցերեկին խառնելով», ինչպէս մեր ժողովուրդը կ՚ըսէ։ Վարեցի մանաւանդ իբրեւ կուսակցական առաջնահերթ պարտականութիւն, Ճեմարանի վերելքին, տնտեսական հաւասարակշռութեան ապահովման եւ անոր ճառագայթումին ի սպաս դնելով ամբողջութիւնը իմ համեստ կարողութիւններուս, բայց նաեւ՝ օգտագործելով կուսակցական եւ անձնական կապերս ու բարեկամութիւններս, գործիչային շրջապտոյտներս, կարճ՝ անձնական թէ հասարակական բոլոր կարելիութիւններս։ Քանի մը տարուան ընթացքին, աճեցաւ Ճեմարանի աշակերտութեան թիւը (1974-75 տարեշրջանին՝ ան 1000ը անցեր էր արդէն), ընդհանուր եկամուտին ծնողներէն գանձուած բաժնին առ հարիւր համեմատութիւնը (մինչեւ աւելի քան 90%) եւ, առհասարակ, Ճեմարանի վարկը՝ իբրեւ լիբանանեան եւ ֆրանսական պաքալորիաներուն յաջողութեամբ պատրաստող տասներկուամեայ լման երկրորդական վարժարան։ Բայց Ճեմարանը միաժամանակ հաւատարիմ մնաց հայերէն լեզուի, հայ գրականութեան եւ հայերէնագիտական այլ նիւթերու առաջնահերթութեան իր սկզբունքներուն։ 1974-75ին, Ճեմարանին կից հաստատուած Համազգայինի Հայագիտական Բարձրագոյն Հիմնարկը բոլորեց իր անդրանիկ տարեշրջանը։ Ճեմարանական կեանքին մօտէն հետեւողները, կամ՝ գէթ հաւատարիմ ընթերցողները 1970-71էն սկսեալ տնօրէնութեան կարելի կանոնաւորութեամբ հրատարակած տարեկան տեղեկագիր-գրքոյկներուն, գիտեն, որ յամենայնդէպս, բախտաւոր տնօրէն մը չեղայ։ Լիբանանի ներքին պատերազմը, իր կարճատեւ դադարներով եւ ահարկու վերաբռնկումներով, 1975էն մինչեւ տակաւին 1990-91՝ յաճախակի կերպով խախտեց մեր դպրոցական տարեշրջաններու կանոնաւորութիւնը, երբեմն մինչեւ 600ի սահմաններուն իջեցնելով աշակերտութեան համրանքը, մեզ դարձնելով մերթ կիսագաղթական (Տըպպայայի տարիներ), մերթ երկճիւղ (Քաղաք-Պուրճ Համուտ եւ, աւելի ուշ, Ծաղկաձոր-Պուրճ Համուտ եւ Ծաղկաձոր-Քաղաք), անհրաժեշտ դարձնելով յաճախակի փոխադրութիւններ եւ վերափոխադրութիւններ, եւլն.։ Չխօսելով տակաւին, ռմբակոծման հետեւանքով քանդումներու եւ Ճեմարանի աշակերտ թէ պաշտօնեայ անձնակազմէն մարդկային զոհերու մասին։ Այս բոլորին հետեւանքով ստեղծուած տնտեսական տագնապներու մասին։ Յատկապէս սկզբնական տարիներուն եւ բազմաթիւ առիթներով, երբ կարեւոր չափով պարպուած էր Արեւմտեան Պէյրութը, գրեթէ ամայացած՝ Նշան Փալանճեան Ճեմարանի շրջապատը եւ ազգային ու միութենական մարմինները փաստօրէն ցրուած ու դադրած գործելէ, Ճեմարանի տնօրէնը չլքեց հաստատութիւնը եւ իր գրասենեակը, բուռ մը հաւատարիմ տղոց հետ՝ յաճախ «պահակութիւն»ը ստանձնելով Ճեմարանին։ Ու հակառակը անբնական եւ դատապարտելի պիտի ըլլար անշուշտ։ Միեւնոյն այդ ժամանակաշրջանին՝ Ճեմարանի տնօրէնը օգտագործելով իր կուսակցական եւ անձնական կապերն ու ծանօթութիւնները եւ օգտուելով իր կարգ մը շրջապտոյտներէն, շարժման մէջ դնելով նախկին ճեմարանականներ եւ Ճեմարանի բարեկամներ, հաստատութեան ապահոված է շուրջ կէս միլիոն տոլարի բացառիկ օժանդակութիւններ՝ փակելով կուտակուած բոլոր պարտքերը։ Ճեմարանի այդ չորս-հինգ տարիներուն ստացած ընթացիկ նուիրատուութիւնները, սաներու ֆոնտին կանոնաւոր օժանդակութիւնները եւ կազմակերպութեանց ու հիմնարկութիւններու պարբերական յատկացումները նկատի առնուած չեն այդ գումարին մէջ։ Հետեւողութեամբ մեծանուն նախորդներուս, ես Ճեմարանի տնօրէնութեան հանգամանքին երբեք մօտեցած չեմ իբրեւ սոսկական պաշտօնի մը։ Երբե՛ք չեմ յաւակնած Լ. Շանթի մը կամ Ս. Վրացեանի մը ազգային-հասարակական background-ը կամ անոնց բացառիկ ճառագայթումը ունենալ, բայց ահա՛ քսանութ տարի, իբրեւ Ճեմարանի տնօրէն, եւ այդ ուղղութեամբ քաջալերուած Համազգայինի իրերայաջորդ Կեդրոնական Վարչութիւններէն եւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյէն, գործած եմ միեւնոյն եղանակով եւ միեւնոյն ոճով, (թէեւ, յաճախ, արտաքին շատ աւելի աննպաստ պայմաններու մէջ), ինքզինքս մի՛շտ զգալով տէրը բայց միաժամանակ հաւատարիմ ծառան այս հաստատութեան, պատասխանատու,- ամբողջութեան եւ արդիւնքին գծով միայն, երբե՛ք մանրամասնութեանց,- միա՛յն Համազգայինի Կ. Վարչութեան եւ Բիւրոյին։ Եղած եմ, կը կարծեմ, վարչական թէ բարոյական գերագոյն հեղինակութիւնը Ճեմարանին։ Մի՛շտ ամբողջական նուիրումով, բայց անկաշկանդ տնօրինումով։ Մի՛շտ հաւատարիմ Հ.Յ.Դաշնակցութեան գաղափարական մթնոլորտին եւ Համազգայինի կրթական-մշակութային քաղաքականութեան սկզբունքներուն։

Ե) Պուրճ Համուտ, ապա՝ Ծաղկաձոր (Մզհեր) – 1979 Հոկտեմբերէն սկսեալ Ճեմարանը վերստին դարձաւ երկճիւղ, արեւելեան շրջաններու աշակերտները ձերբազատելու համար Պէյրութի բաժանման վտանգալից գիծէն երթեւեկելու անպատեհութենէն։ Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդր. Կոմիտէն սիրայօժար կերպով մեր տրամադրութեան տակ դրած էր Շաղզոյեան եղբայրներու կողմէ «Ազդակ»ին նուիրուած՝ Պուրճ Համուտի մուտքին գտնուող կալուածը, ուր, 1979էն մինչեւ 1984-85, կարելի եղաւ բարձրացնել նախ քառայարկ, ապա աշակերտութեան թիւի աճման հետ, վեց յարկանի կառոյց մը (այժմու Շաղզոյեան կեդրոնը)։ Եւ Ճեմարանը կրցաւ անխափան շարունակել կրթական իր առաքելութիւնը, հակառակ դպրոցական յարմարութեանց չգոյութեան եւ անձնակազմի անդամներու շրջանէ-շրջան առօրեայ երթեւեկին հետ կապուած դժուարութիւններուն։ Անթիլիասի բարձունքին, Մզհերի (Ծաղկաձոր) 46.000 մ2 տարածութեամբ կալուածը Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ գնուած էր 1974ին, երբ Նշան Փալանճեան Ճեմարանը սկսեր էր նեղ գալ 1000ը անցած մեր աշակերտութեան համար։ Քաջալերուած ողբացեալ Մելանքթոն Արսլանեանի մեծագումար նուիրատուութեան խոստումէն (նախ 400.000 ամերիկ. տոլար, ապա բարձրացած՝ 800.000ի), Կեդր. Վարչութիւնը եւ ճեմարանի տնօրէնութիւնը կ՚առաջադրէին հոն ժամանակի ընթացքին կերտել կրթական-մշակութային պատուաբեր համալիր մը։ Ներքին պատերազմը, իր մասնակի թէ ամբողջական վերաբռնկումներով, առիթ տուած չէր սակայն՝ գործնապէս ձեռնարկելու այդ ծրագրի իրականացման։ Ճեմարանի տարեկան տեղեկագիրներուն, եւ յատկապէս ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՄԵԼԱՆՔԹՈՆ ԵՒ ՀԱՅԿ ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԸ ԵՒ ՆՈՐՍԻԿԵԱՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԸ գրքոյկին մէջ բացատրուած է, թէ ինչո՛ւ եւ ինչպէ՛ս, Նշան Փալանճեան Ճեմարանի աստիճանական պարապումին եւ Պուրճ Համուտի դպրոցին համապատասխան խճողման իբրեւ հետեւանք, մենք 1986ին, յամենայնդէպս, որոշեցինք ամէ՛ն գնով ձեռնարկել Մզհերի (վերանուանուած՝ Ծաղկաձոր) համալիրի հանգրուանային կառուցման։ Ու լծուեցանք գործի, տնտեսական տեսակէտէն Լիբանանի համար թերեւս շա՛տ անյաջող ժամանակաշրջանի մը։ Բայց գործին անհրաժեշտութեան (որ ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ Ճեմարանի առաքելութեան անմիջական շարունակումը) ամուր համոզումով, հաւատքով եւ վճռականութեամբ։ Շատեր թերահաւատ էին գործին յաջողութեան նկատմամբ՝ անժամանակ նկատելով մեր քայլը։ Բայց Կեդրոնական Վարչութեան եւ տնօրէնութեան վճիռը անդառնալի էր։ Լիբանանի տարածքին արագօրէն կազմուեցան հանգանակիչ յանձնախումբեր, նախաձեռնութիւնը զուգորդուեցաւ համազգայինի 60ամեակի պաշտօնական հանդիսութեանց հետ եւ… 20 Նոյեմբեր 1988ին, ի ներկայութեան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին, Արսլանեան բարերար ընտանիքի անդամներու, պետական երեսփոխաններու, Հայաստանի ներկայացուցիչներու, հիւրերու եւ ծնողներու հոծ բազմութեան մը, բացումն ու անուանակոչութիւնը կատարուեցան ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՄԵԼԱՆՔԹՈՆ ԵՒ ՀԱՅԿ ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆին (կառուցուած ողբ. ճարտարապետ Սագօ Սարգսեանի գծած յատակագծի հիման վրայ)։ Իսկ 2 Նոյեմբեր 1991ին, նոյնքան հանդիսաւոր արարողութեամբ մը, պաշտօնապէս բացուեցաւ ՆՈՐՍԻԿԵԱՆ գեղատեսիլ մանկապարտէզը (գործ՝ ճարտարապետ Տիրան Հարմանտայեանի)։ Երկու բացումներուն միջեւ ինկող բաւական երկարատեւ ժամանակաշրջանը բացատրելի է 1989-90 տարիներու նոր կռիւներով ու ռմբակոծումներով, որոնցմէ իրենց բաժին քանդումները ունեցան Պէյրութի Փալանճեան Ճեմարանէն ետք, նաեւ Ծաղկաձորի շէնքերը։ Այսօր, անհրաժեշտ նորոգութիւններով, յաւելումներով եւ ամբողջացումով Մզհերի համալիրը լրիւ ունի իր ճեմարանական մայր շէնքն ու մանկապարտէզը։ Շուտով կը կառուցուին նաեւ Համազգայինի կրթամշակութային համալիրէն այլ բաժիններ, ինչպէս, ընկ. Կարպիս Հարպոյեանի բարերարութեամբ, փակ մարզարանն ու 400 հոգինոց թատերական սրահը։ Մզհերի համալիրի ցարդ կառուցուած բաժիններու շինութեան, կահաւորման, սարքաւորման եւ յարակից աշխատանքներու համար ծախսուած են բարերար Արսլանեան ընտանիքի 800.000 ամերիկ. տոլարի նուիրատուութենէն զատ՝ 450.000 ամերիկ. տոլարի (Նորսիկեան կտակ), 750.000 ամերիկ. տոլար՝ Ճեմարանի Ամերիկայի պահեստէն եւ ուրիշ՝ համեմատաբար համեստ յատկացումներ։ Ամբողջացնելու համար տնօրէնի գործունէութեանս յատկացուած ներկայ բաժինը, պարտք կը զգամ յայտնելու, որ, սկիզբէն ի վեր ու հաւատարմօրէն, ժրաջան օգնականներս հանդիսացան օրդ. Ալիս Գազանճեան՝ ուսումնական, եւ ընկ. Յովհաննէս Տէր Յարութիւնեան՝ մարզական ու կարգապահական գծով։ Մէկ-երկու տարիէ ի վեր, Ճեմարանի վարիչ-անձնակազմը (տնօրէն խորհուրդ) հարստացած է երկու նոր ու երիտասարդ ուժերով՝ ընկերներ Մկրտիչ Մկրտիչեանն ու Տիգրան Ճինպաշեանը։

Զ) Հայաստան – Հայաստան գտնուած եմ զանազան առիթներով, 1962էն սկսեալ (ուսուցչական առաջին խումբով, շուրջ երկու ամիս)։ «Վերաորակաւորման» բարբարոս բնաբանին տակ տեղի ունեցած այդ այցելութիւնը ինծի համար առիթ ծառայեց շրջելու հայ ճարտարապետական կոթողները եւ զանոնք լուսանկարելու, անշուշտ որոշ մեղսակցութիւններով, փախչելով «պարտադիր» դասախօսութիւններէն…։ Հայկական ճարտարապետութեան սիրահարութեան շրջանս էր։ Երկրորդ անգամ Հայաստան եղած եմ 1974ի ամառը՝ Շուշիկին եւ Թամարին հետ, անուանապէս որպէս զբօսաշրջիկ… Այցելութիւններս աւելի յաճախակի եղած են Շուշիկին հոն ուսած շրջանին, 1988էն ասդին։ Նշանակած եմ երեւանի Համազգայինի անդրանիկ վարչութիւնը (Ռուբէն Յովսէփեան, Ռազմիկ Դաւոյեան եւ Սօս Սարգսեան), մասնակցած Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան Հայաստանի անդրանիկ լիագումարին (Դեկտեմբեր 1991), բանախօսած Մայիս 28ի առիթով (1992), վերջապէս՝ բազմաթիւ այլ անգամներ, որոնցմէ յիշատակելի է յատկապէս վերջին երկամսեայ այցելութիւնս (1994, Ապրիլ-Մայիս), երբ հրաւիրուած էի Հ.Յ.Դաշնակցութեան պատմութիւն □կարդալու□ Երեւանի համալսարանի պատմութեան ֆակուլտետին մէջ։ Վերջին այցելութիւնս եղաւ այդ մէկը, ու թերեւս մնայ վերջինը, հասկնալի պատճառներով…։ (Վերջինը՝ 1999ին, Հայաստան-Սփիւռք Ա. Խորհրդաժողովը եղաւ)։ Տունս մնացի (Շուշիկին Երեւանի տունը, Չարենց փողոց, թիւ 63)։ Լրիւ կատարեցի ակադեմական թէ այլ պարտականութիւններս ու պարտաւորութիւններս, երեք օրով եղայ նաեւ Արցախ (ներկայ եղայ Շուշիի ազատագրման երկրորդ տարեդարձին), մասնակցեցայ բազմաթիւ ժողովներու, տեսնուեցայ շատերու հետ, բայց զգալապէս տկարացած էի ու փաստօրէն հիւանդ վերադարձայ Պէյրութ։ Քննութիւնները աջ թոքիս մէջ ցոյց տուին ուռ մը, որուն մասնակի lobotonie-ն կատարեց տոքթ. Ղօշը, «Հայէք» հիւանդանոցին մէջ, 30 Յունիս 1994ին)։ Անկէ ասդին կ՚ապրիմ զգոյշ, շնչառութեան կամ զանազան այլ problem-ներով, եւ, ինչպէս նախատեսուած էր, շատ աւելի շուտ կը յոգնիմ։ Բոլոր պարագաներուն, ինծի համար պատիւ կը նկատեմ, բոլորովին անկաշկանդ եւ լրիւ մե՛ր մօտեցումներով ու մեկնաբանութիւններով, մեր կուսակցութեան պատմութիւնը գիտական-համալսարանական մակարդակով պատմութեան ֆակուլտետի բեմէն առաջին անգամ աւանդած ըլլալս։ Զանց կ՚ընեմ խօսիլ այն ահաւոր յուսախաբութեանց եւ frustration-ներուն մասին, զորս մեզի պատճառեցին Հայաստանի անցեալ ու ներկայ վարիչները։ Մենք ալ թերեւս,- ըսած եմ ասկէ առաջ,- որոշ պարագաներու՝ յանցանքի մեր բաժինը ունեցանք։ Իսկ եթէ ուզենք բաղդատական մը ընել այդ անցեալ ու ներկայ վարիչներուն միջեւ, ես անվարան պիտի ըսեմ, որ առաջինները աստիճանաբար մօտեցան մեզի, ժամանակի ընթացքին փաստօրէն իւրացնելով մեր՝ դաշնակցականներուս տեսակէտները հիմնական կարգ մը հարցերու շուրջ, մինչ Հայաստանի ներկայ ղեկավարութիւնը, հակադաշնակցական իր կեցուածքներուն մէջ, կը շարունակէ հանգրուանային այլ ապահով կերպով յառաջդիմել:

ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ԲԵՐՔ

Ինչպէս կ՚ենթադրեմ, շատերու կը պատահի, մտաւորական, կամ ընդհանրապէս մշակութային-հետաքրքրութիւններս (խօսքս, անշուշտ, ոչ-մասնագիտական հետաքրքրութիւններուս մասին է) տարուբերուած են որոշ մարզերու միջեւ, իւրաքանչիւր մարզի մէջ անցնելով զանազան փուլերէ։ Ժամանակագրական կարգով նախասիրութիւններս եղած են.

Ա) Գծագրութիւնն ու նկարչութիւնը – Մանկութենէս մինչեւ քսանհինգ-երեսուն տարեկան, իր գագաթնակէտէն անցնելով նկարիչ Կալենցի հետ մտերմութեանս օրերուն (տասներկու-տասներեք տարեկան) եւ շարունակուելով Հալէպ, անոր յետագայ կնոջ՝ Արմինէ Պարոնեանի հետ։ Ըստ երեւոյթին որոշ յարմարութիւն ունէի (այդ՝ շատ աւելի շեշտուած կերպով յետագային երեւան եկաւ աղջկանս՝ Թամարին մօտ)։

Բ) Ատկէ՝ նաեւ ընդհանուր սէր մը արուեստներու նկատմամբ, որ միախառնուելով ազգային հպարտանքի զգացումին հետ, շրջան մը՝ պաշտամունքի հասնող հիացում յառաջացուցած էր մէջս հայկական ճարտարապետութեան նկատմամբ (քսանհինգ-քառասուն տարեկանիս, բայց յատկապէս Հայաստան անդրանիկ այցելութեանս առիթով, երբ անձամբ այցելեցի յուշարձանները եւ առիթ ունեցայ ճանչնալու ճարտարապետներ Վարազդատ Յարութիւնեանը, Ստ. Մնացականեանը, Ալ. Սահինեանը, հնագէտ Կարօ Ղաֆադարեանը, Մօրուս Հասրաթեանը եւ ազնուական սերունդի մը ազնուական այլ դէմքերը)։ Անշուշտ այս պարագային նախասիրութիւնս կատարողական չէր, այլ՝ ուսումնասիրական, պատմագեղարուեստական, բանասիրական։ Յիսուն-վաթսունական տարիներուն այնքա՛ն տարուած էի հայ ճարտարապետական կոթողներով եւ յուշարձաններով, որ Համազգայինի ընկերներս, իբրեւ Նոր Տարուան նուէր, Թորոս Թորոմանեանի մաշիկները «կը մաղթէին» ինծի…։ Ուսումնասիրութիւններ ունիմ տպուած «Նայիրի»ին եւ «Հասկ»երուն մէջ, նաեւ երկու բաւական լուրջ յօդուած՝ Համազգայինի հրատարակած ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆՆԵՐ ալպոմին մէջ (1972), զոր,- կը յիշեմ,- երկու ամերիկացիներու Թրքահայաստանէն բերած նկարներով կազմեր էինք Գուրգէն Գասապեանի հետ, երեք լեզուով (հայերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն)։ Ունիմ նաեւ, տակաւին անտիպ վիճակով (մեքենագրուած), պատմագեղարուեստական ուսումնասիրութիւն մը, որուն նիւթը բազմիցս աւանդած եմ Համազգայինի Հայագիտական Բարձրագոյն Հիմնարկի ուսանողներուն («Հայկական Ճարտարապետութիւն»)։

Գ) Կ՚ենթադրեմ, թէ մեծ հանգիտութիւն չկայ արուեստի պատմութեան եւ քաղաքական-յեղափոխական պատմութեան միջեւ։ Իրողութիւն է սակայն, որ առաջինէն, ես տակաւ դարձայ երկրորդին, վաթսունական թուականներու աւարտէն իսկ առաջ։ Ողբ. Սիմոն Վրացեանի դասաւորումը անձնական թէ հաւաքած արխիւներու, զանոնք վերադարձնելու համար իրենց բարոյական իրաւատիրոջ՝ Հ.Յ.Դաշնակցութեան (Մայր Դիւան, Պոսթըն), 1970էն սկսեալ եւ երկար տարիներ, իմ ամառնային աշխատանքս Պոսթընի մեր արխիւներու ցուցակագրումի եւ պատճէնահանման գծով (գործ մը, որուն մէջ ինծի յաջորդեց… Ժիրայր Լիպարիտեանը, ձեռնարկելով նաեւ, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի որոշմամբ, մանրաժապաւէն պատճէնահանման), դարձեալ Բիւրոյի որոշումով, անցեալի մեր մեծ դէմքերուն նուիրուած մենագրութիւն-հաւաքածոներու կազմումը անոնց մահուան թուականին հետ կապուած տարելիցային առիթներով, Համազգայինի Հայագիտական Բարձրագոյն Հիմնարկին համար հայ կուսակցութիւններու եւ յատկապէս Հ.Յ.Դաշնակցութեան պատմութեան գիտական եւ ընդարձակ դասընթացքի մը պատրաստութեան անհրաժեշտութիւնը,- այս բոլորը մղիչ ազդակ հանդիսացան, որ ես կազմէի կարեւոր թիւով հատորներ, դէմքերու եւ դէպքերու նուիրուած, բայց ըստ կարելւոյն՝ բանասիրական ճշգրտութեամբ օժտուած, արխիւային հարազատ վերարտադրութիւններ, բայց բացատրուած կամ մեկնաբանուած, առաւել, անշուշտ, Դաշնակցութեան պատմութեան կամ յարակից նիւթերու վերաբերեալ անձնական աշխատութիւններ։

1)Հաւանաբար ամենաշահեկան եւ պատմագրին համար ամէնէն օգտակար շարքը ՆԻՒԹԵՐ Հ.Յ.ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ քառահատոր շարքն է, որ մեր կուսակցութեան պատմութիւնը կը տանի մինչեւ 4րդ Ընդհ. Ժողով (1907), թուականի մասնակի զանցումներով։ Ա. եւ Բ. հատորները արժանացած են վերահրատարակութեան (յաւելուածով)՝ ութսունական թուականներու սկիզբը։ Պատրաստ է հինգերորդ հատոր մը, ձեռագիր վիճակով, որ պիտի ամբողջացնէ 4րդ Ընդհ. Ժողովին վերաբերեալ փաստաթուղթերու (շրջաններու տեղեկագիր) ներկայացումը։

2) Անձերու նուիրուած կենսագրականներու, գրութեանց, նամակներու նկարագրային-գործունէութենական տպաւորութիւններու հաւաքածոները կը սկսին ԱՐԱՄԸ հատորով (1969, մահուան յիսնամեակ), կը շարունակուին ՌՈՍՏՈՄով (1979, մահուան վաթսունամեակ), ՍԻՄՈՆ ԶԱՒԱՐԵԱՆի հաստափոր երեք հատորներով (1983 եւ 1992) եւ հիմակուհիմա կ՚աւարտին ՔՐԻՍՏԱՓՈՐԻ ՆԱՄԱԿՆԵՐով (1993) եւ ՌՈՍՏՈՄի ամբողջական ՆԱՄԱԿԱՆԻՆ (1999)։

3) Ժամանակագրական կարգով, զուտ անձնական աշխատութիւններս հետեւեալներն են. – Հ.Յ.Դ. ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԿԱՆ ԿԱՌՈՅՑԻ ՀՈԼՈՎՈՅԹԸ, Պէյրութ, 1974. վերահրատարակուած՝ 1985ին։ – Ո՞Վ Է ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆԸ, Պէյրութ, 1975. վերահրատարակուած Հայաստան։ Անգլերէն թարգմանութեան փորձ մը կատարուած է Ա.Մ.Ն.ի մէջ, ըստ իս՝ ձախող։ – LA QUESTION ARMENIENNE, Beyrouth, 1975 (Եղեռնի վաթսունամեակին առթիւ)։ – ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑԸ, Պէյրութ, 1977։ Միեւնոյն գրքոյկը հրրատարակուած է նաեւ արաբերէնով, Հալէպ, եւ պարսկերէնով, Թեհրան։ – ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆ, Պէյրութ, 1985։ – ԻՆՆՍՈՒՆԱՄԵԱՅ ՀԱՇՈՒԵԿՇԻՌ, Պէյրութ, 1985։ – Հ.Յ.ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԻՐ ԿԱԶՄՈՒԹԵՆԷՆ ՄԻՆՉԵՒ Ժ. ԸՆԴՀ. ԺՈՂՈՎ, Աթէնք, 1988։ – Նոյնը՝ ֆրանսերէնով (HISTOIRE DE LA FEDERATION REVOLUTIONNAIRE ARMENIENNE DACHNAKTSOUTYOUN 1890/1924, Oemme, Milano, 1988)։ – Նոյնը՝ անգլերէնով (HISTORY OF THE ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION DASHNAKTSOUTYOUN 1890/1924, Oemme, Milano, 1988)։ – ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄԸ ՄԻՆՉԵՒ Հ.Յ.ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄՈՒԹԻՒՆԸ, Աթէնք, 1990։ – Հ.Յ.ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ-ՄԱՐՏԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ, Պէյրութ, 1994։

4) Ցարդ անտիպ կը մնայ Հ.Յ.Դաշնակցութեան ընդարձակ պատմութեան գէթ Ա. հատորը (մինչեւ 1902-1903)։ Աշխատութեան ամբողջութիւնը, եթէ երբեք աւարտի (ինչ որ քիչ հաւանական է), կրնայ առնել չորս հատոր, իւրաքանչիւրը առնուազն 400 էջերէ կազմուած։ 5) Եթէ յանկարծ յիշեմ,- ու յանկարծ յիշեցի,- որ յիսունական տարիներուն, □Սեւան□ տպարանի տէր ու տնօրէն ողբ. Սիմոն Սիմոնեանի առաջարկով (Հալէպի Հայկազեան վարժարանին մէջ ան հայերէնի առաջին ուսուցիչս էր եղած), դեռ նոր Ֆրանսայէն վերադարձած, ես պատրաստեր էի, նախակրթարաններու համար, գիտութեանց վեց դասագիրքերու շարք մը, տեղին ամբողջացում մը կատարած կ՚ըլլամ կարծեմ։ Այդ դասագիրքերը մինչեւ վերջերս ալ կը գործածուէին Ճեմարանի եւ ազգային վարժարաններուն մէջ։ Իբրեւ անոնց շարունակութիւնը, Է.-Ը. դասարաններուն համար պատրաստած ունիմ երկրաբանութեան դասընթացք մը, որ անտիպ է, բայց կը բովանդակէ հայերէնով գիտական ուսանելի բառապաշար մը։ Հիմակուհիմա՝ այսքան։

19 Յունուար 1996

Տպել Տպել