Պատմագիտութեան Ճանապարհին. «Նիւթեր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Պատմութեան Համար»

YervantPamboukia
Պատմագէտ եւ բանասէր Երուանդ Փամպուքեանի աշխատասիրութիւնը սոսկ պատմագիտութիւն չէ, այլեւ` ստեղծագործական գրականութիւն: Այս համոզումը ունեցանք, որովհետեւ այսօր մեր ձեռքին ունինք «Նիւթեր Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան պատմութեան համար» կոթողային շարքին Թ. հատորը, 558 ծաւալուն էջերով, լոյս տեսած` Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունէն:

Իբրեւ ընդհանրութիւն` թեման նոյնն է, բայց` տարբեր հորիզոններու աշխարհագրական այլ տարածքներու վրայ սերմանուած հետեւողական եռուն գործունէութեամբ:

Այս Թ. հատորը ունի այլազան դասաւորումներ, բայց հիմնական գործունէութիւնը ծաւալած է երկու ուղղութիւններով` Պարսկաստան եւ Եւրոպա: Առաջինը ՀՅԴ կազմակերպական եւ քարոզչական գործընթացով լիացած, երկրորդը` ուսանողական մթնոլորտի մէջ դէպի Եւրոպա միութենական շարժումի լայնածիր գործունէութեամբ:

ՀՅԴ կոմիտէներու կազմակերպ ժողովներով, տեղեկագիրներով, շրջաբերականներով, նամակներով յագեցած: Կը հանդիպինք Արեւելեան եւ Արեւմտեան Բիւրոներու, կեդրոնական կոմիտէներու` իրենց ենթակոմիտէներով: Իրենց ժամանակին արձանագրուած ու պահուած (մինչեւ մեր օրերը): Արխիւները պրպտելը, դասաւորելը, դիւրին չէ: Յատուկ անձնանուններու եւ տեղանուններու ստուգումները, թուականներու ճշգրտումները ժամանակի իմաստով հատորը պատրաստողին համբերատար ըլլալը կը վկայեն:

Պարսկաստանը յիշատակելով` ՀՅԴ-ի գործունէութիւնը չի սահմանափակուիր: Քաղաքէ քաղաք գիւղէ գիւղ աշխարհագրական ընթացք մը կայ (յիշենք անունները Եփրեմի եւ Յոնան Դաւթեանի): Հոն ստեղծուած են ակումբներ, ժողովի վայրեր, ազգային գիտակցութեամբ արտայայտուած հատորին բաժիններուն մէջ ներկայացուած ՀՅ Դաշնակցութեան ծրագրած կուսակցական եւ քաղաքական գործունէութիւնը աշխուժ թափով շարունակուած է ոչ միայն Թեհրանի, այլեւ Նոր Ջուղայի եւ Ատրպատականի շրջակայ աւաններուն մէջ: Ե. Փամպուքեան ուշադիր մօտեցումով նկատի առած է բարձրագոյն ժողովներէն մինչեւ փոքր հանդիպումները, որոնցմով խմորուած են տեղւոյն մթնոլորտը եւ գաղափարականութիւնը:

Պարսկաստանի մէջ գործող շրջանները ունին իրենց կեդրոնական կոմիտէները: Ատրպատականի կոմիտէն կը գործակցի Արեւմտեան Բիւրոյին հետ (Թուրքիոյ հատուած): Դաշնակցութեան անցեալի պատմութեան հետեւողը հոն պիտի գտնէ հիանալի գործակցութիւն` գիւղական մարմիններու եւ ընկերներու միջեւ: Կարդալով հատորի վերջին էջերուն արձանագրուած տասնեակ էջերով անձնանուններու եւ տեղանուններու ցանկը` ընթերցողը պիտի զարմանայ կատարուած տուեալ գործունէութեան: Հատորին հեղինակ, վաստակաշատ ընկերոջ բծախնդիր ուշադրութեան արժանի է այս: Դիւրին գործ չէ այբբենական կարգով ցանկագրել հարիւրաւոր անձերու եւ տեղերու անունները, երեւոյթ մը, որ կ՛արժեւորէ ոչ միայն հատորին ծանրակշիռ պատրաստութիւնը, այլեւ Ե. Փամպուքեանին լուրջ մօտեցումը` իր ստանձնած պարտականութեան նկատմամբ: «Բերրի դաշտ» է Պարսկաստան, ուր ցանուած են սերմերը յեղափոխութեան:

Եւրոպայի Ուսանողական ՄիութիւնՀատորին գրաւիչ եւ յարգարժան բաժին է այս` իբրեւ դաշնակցական երիտասարդութեան ուսանողական թեւին ներկայութիւնը Զուիցերիոյ մէջ: «Դրօշակ»-ը մագնիսական դեր ունի ՀՅ Դաշնակցութեան մտաւորականները խմբելու Եւրոպայի մէջ: Զուիցերիան իր Ժընեւով, Ցիւրիխով, Լոզանով եռուն ժամանակաշրջաններ եղած են: 1900-ական թուականին սկիզբէն մինչեւ 1913 եւ աւելի ՀՅԴ ուսանողական միութիւնը Եւրոպայի մէջ ծաղկեցուցած է կուսակցութեան վարկը` իր ժողովական-համագումարներով, մտաւորական իր դրսեւորումով, գրական աշխատանքով, մամուլով եւ այլապէս:

Եթէ անցնինք անուններ թուելու, անոնք բազմաթիւ են եւ յարգարժան: Հոն կը տեսնենք մեր դասական բանաստեղծներու եւ գրագէտներու հոյլը: Լեւոն Շանթ, Սիամանթօ, Դանիէլ Վարուժան, Ռուբէն Սեւակ, Աւետիս Ահարոնեան, Ռուբէն Տէր Մինասեան, Ակնունի, Սիմոն Վրացեան, Նիկոլ Աղբալեան, մինչեւ իսկ` Կոմիտաս, մնայուն ներկայութիւն են` Ռոստոմը, Քրիստափորը, Զաւարեանը, նաեւ կը յիշուին Եւրոպայի այլ երկիրներ: Ուսանողական միութիւնը աշխուժ ներկայութիւն եղած է Գերմանիոյ, Ֆրանսայի եւ Ռուսիոյ մէջ` միասնակամ եւ Հայ դատի հետապնդման լուրջ եւ հետեւողական գործունէութեամբ:

Մեր թուած անուններուն մէջ կը տեսնենք Կոմիտաս վարդապետը, որ հաւաստացած է ազգային սուրբ գործին: Ափսոս, սակայն, երբ կը յիշենք այս հիանալի անունները, անգամ մը եւս կը բորբոքի մեր ոխը, մեր վրէժը` հանդէպ մեր գոյութեան սպառնացած եւ Ցեղասպանութեամբ հռչակուած Թուրքիոյ եւ իր անցեալի ու ներկայի ղեկավարներուն, որոնք կ՛ուրանան այսքան չարիքը:

Կարելի չէ պարզ ընթերցանութեան տրամադրութեամբ մօտենալ անցեալէն ժառանգուած քաջարի պատմութեան, որ դաստիարակիչ եւ օրինակելի է: Հոն փոխանցուած է դասը, արժէքներու, գաղափարի պաշտամունքին Հրաչ Տասնապետեանով սկսուած այս մեծ ու ծանրակշիռ գրականութիւնը շարունակող նոյնքան հաւատաւոր մեր ժրաջան մտաւորականին` Ե. Փամպուքեանին նուիրումին կ՛անդրադառնանք: Ան մտաւորականի իր հմուտ պաշարը արժեւորած է սերունդներու հետ յաւերժական զրոյցի նստելու` իր այս երախտաշատ ջանասիրութեամբ:

Երբ հարցում մը ուղղեցի Ե. Փամպուքեանին, թէ տակաւին քանի՞ հատորի կարիքը կայ Դաշնակցութեան «Նիւթերը» յանձնելու պատմութեան:

Ան պատասխանեց ամենայն պարզութեամբ ժպտելով.

– Անվերջանալի են այս հատորները…

ՀՅ Դաշնակցութեան 123 տարիները: Հերոսական եւ արժանապատիւ պատմութիւնը փառաւորող 9 հատորները արդէն հոգեմտաւոր եւ բանաւոր յուշարձաններ են:

Վարձքերդ կատար, ընկե՛ր Երուանդ:

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

«ԱԶԴԱԿ»

Տպել Տպել