Ինչ բերաւ եւ ինչ տարաւ անցնող 2012 տարին

Gantsasar-logoԱմանորի եւ Ս. Ծննդեան շնորհաբաշխ եւ օրհնաբեր տօներուն առիթով, «Գանձասար»ի խմբագրութեան եւ ողջ անձնակազմի անունով ջերմապէս կը շնորհաւորենք մեր ընթերցողները, ի սրտէ մաղթելով որ նորընծայ 2013 թուականը բարեբեր, յաջողութիւններով եւ նուաճումներով հարուստ տարի մը ըլլայ հանուր հայութեան, Հայաստանին ու Արցախին համար։ Թող բարօրութիւնն ու զարգացումը, սէրն ու համերաշխութիւնը համակեն մեր ողջ ժողովուրդի կեանքը, ի Հայաստան եւ Սփիւռս աշխարհի։ Օրէնքն ու արդարութիւնը թող տիրապետեն մեր երկրէն ներս։ Մաղթենք, որ հայրենաբնակ մեր քոյրերն ու եղբայրները արժանապատիւ աշխատանք եւ լիարժէք վարձատրութիւն ունենան, մանաւանդ անոնք՝ որոնք կը ջանան անմնացորդ նուիրումով գործել եւ արդիւնաբերել, անոնք՝ որոնք իրենց ճակտի արդար քրտինքով վաստկած քանի մը հարիւր դրամը կը գերադասեն ապօրինի միջոցներով եւ այլոց ցաւ, արցունք պատճառելով իւրացուած կամ շահուած միլիոնաւոր տոլարները։

Gantsasar-Amanor-2013 Մեր գերագոյն բաղձանքն է, որ յառաջիկայ ամիս Հայոց հայրենիքէն ներս կազմակերպուին նախագահական չկեղծուած, արդար ու անաչառ ընտրութիւններ, մեր երկրէն ներս հաստատուին իրաւ ժողովրդավարութիւն եւ ընկերային արդարութիւն։ Աւելին, ազատագրեալ Արցախի հանրապետութեան անկախութիւնը ամրակայուի եւ միջազգային հանրութեան ճանաչողութեան արժանանայ։ Իսկ Սուրիական ասպնջական վշտակիր հայրենիքը՝ հանդուրժողութեան եւ համագոյակցութեան այդ անզուգական օրրանը վերագտնէ իր երբեմնի անդորրն ու խաղաղութիւնը, սուրիահայութիւնը վերադառնայ իր անցեալի բարօր ու երանելի օրերուն, մանաւանդ՝ պատմական եւ հայաբոյր Հալէպ քաղաքը ձերբազատուի իր ահաւոր ողբերգութենէն, դարմանէ եւ սպիացնէ իր արիւնալի վէրքերը եւ, արժանաւորապէս վերատիրանայ «մայր գաղութ» ու «երազային» պատուաւոր կոչումներուն։

Անգիր օրէնքով մը, մահկանացուներ տարեմուտին ակամայ կը դառնան ներամփոփ։ Հեռացող տարին ետ կը նայի ու կ՚ափսոսայ, որ հրաժեշտ տուաւ մարդկութեան։ Իւրաքանչիւր անհատ իր կարգին յետադարձ ակնարկով կը յիշէ, թէ ինչ բերաւ եւ ինչ տարաւ անցնող 2012 տարին։ Ետ կը նայի ու յառաջ կը մղուի անպայման լաւն ու բարին կենսագործելու անխախտ հաւատքով, որ անգիր այլ օրէնքով մը տեւաբար կը մնայ կենդանի։

Անընդմէջ 365 ցերեկ եւ 365 գիշեր, որոնք լուռ եւ տարածական ընթացքով, իրենց մեկերեւոյթին ունենալով հասարակութեանդ ու հայրենիքիդ մակոյկը, կը հոսին անծանօթ եւ անիմանալի ուղղութեամբ։ Ու դատապարտուած ես մշտական ջանքով հոսանքն ի վեր նաւարկելու, հաւաքական բնազդով ճգնելու՝ ի վերջոյ հոգւոյ ուռուցիկ արագաստով նուաճելու համար ցանկալի ափը։

Իսկ ամենագլխաւորը մեր գիտակցութեան մէջ անմասնատ եւ ամբողջական հայրենիքի մշտական գրանցումն է, որպէսզի կարողանանք հաստատաքայլ գոյատեւել մարդկութեան համայնակուլ ովկեանին մէջ, մանաւանդ այս օրերուն՝ երբ յանկարծահաս, բայց ողբերգական աղէտները տեւաբար անբաժան են մեզմէ։ Մեր իրականութիւնը այնպիսին է, որ տարուայ հրաժեշտը կը դառնայ ցանկալի, որովհետեւ յաջորդ հանգրուանը յոյսն է, անսպառ լաւատեսութիւնը։

Մաղթենք նաեւ՝ որ մեկնարկող նոր տարուան 365 օրերը կարեկցանքով պարուրեն մարդոց սրտերը, վերազարթնեցնեն բոլորին խիղճերը, մեր ժողովուրդը զրահեն յոյսով ու վճռակամութեամբ, վերանորոգեն մեր հաւատքն ու վստահութիւնը սեփական կարողութիւններու եւ Հայաստան աշխարհի պայծառ ապագայի նկատմամբ։ Հուսկ, կը մաղթենք ողջախոհութիւն, սէր եւ միութիւն մեր բազմաչարչար փոքր ածուին։

Հակառակ անոր, որ մաղթանքներու մեր թուարկումը կարելի է դեռ շատ երկարել, այսուհանդերձ, վերեւ նշուածները արդէն բաւական են ապացուցելու, թէ որքան կարիքներ ու անբաւարարութիւններ ունին մեր ժողովուրդն ու հայրենիքը։

Տօնական այս օրերուն պահ մը փորձենք խորասոյզ քննարկումով պարզել, թէ հայրենի մեր հասարակութեան գլխաւորաբար ինչեր կը պակսին։

Մեզի այնքան պակսածներէն եթէ առանձնացնենք առաւել էականները, պիտի նկատենք թէ՝ մեր հասարակութիւնը առաջին հերթին կարօտ է բարութեան, հանդուրժողութեան, մերձաւորի հանդէպ Աստուծոյ պատգամած սիրոյն։ Այս առաքինութիւնները ընդհանրապէս բացակայ են հաւաքական մեր կեանքէն։ Անցնող 2012 տարին անշուշտ այս առումով բացառութիւն չէր կազմեր։

Մեր ժողովուրդը չար չէ, բայց մեզմէ որոշ հատուած մը սկսած է չարանալ։ Չմոռնանք, որ չարացած բարի մարդիկ շատ աւելի վտանգաւոր են եւ կործանարար, որովհետեւ անոնց չարութիւնը ցասումնալից է, անհակակշռելի եւ մոլեգին։ Իսկ ծայրայեղ վատութիւնները առաջին առիթով կը կուրցնեն մարդոց հոգիները, կը կարծրացնեն անոնց սրտերը, զանոնք դարձնելով անողոք եւ անգութ։

Մեր ազգային-պետական գործունէութեան մէջ ազնուութիւնը հետեւողականօրէն կը նահանջէ։ Մեր հայրենի քաղաքական գործիչները, մեր լրագրողներն ու քարոզամիջոցներու ներկայայացուցիչները, որոնք անցեալ տարուայ ողջ տեւողութեան իշխանութեան թէ ընդդիմադիր ճակատներէն պայքարի դրօշ պարզած էին, դարձած են ազնուութեան եւ վեհանձնութեան երդուեալ ու ջերմեռանդ հակառակորդներ։

2012 թուականը մեր քաղաքական դաշտի մարտիկներուն համար հանդիսացաւ ճշմարտութիւնը մենաշնորհի վերածելու եւ անսխալականութիւն դաւանելու տարի։ Անոնք վճռական էին այլակարծութիւնը մերժելու, յաւակնոտութեամբ ուրիշներ լռութեան մատնելու եւ մեծամտութեամբ զրուցակիցը արհամարհելու իրենց մեղադրելի վարքագիծին մէջ։

Դարձած ենք տմարդի եւ անքաղաքակիրթ, պատասխանատուութեան գիտակցութիւնն ու խղճամտութիւնը բոլորովին օտարացած են մեզմէ։ Ամենաբարին եւ Ամենակալ Աստուծոյ գոյութեան միակ, նիւթապէս շօշափելի ապացոյց հանդիսացող խիղճը պատանդուած, մոռացութեան տրուած է։

Արդարամտութիւնն ու պարկեշտութիւնը հազիւ յիշատակուող եզրեր են, մինչ անոնց բովանդակային ներկայութիւնը ցանկութիւններու շրջագիծէն դուրս անհնար է պատկերացնել։

Անորոշութիւնը գերիշխող է մեր իրականութենէն ներս, կերպով մը մոլորած ենք։ Թերահաւատ ենք մեր ուժերուն ու կարողականութեան նկատմամբ։ Հեռագոյն կողմնորոշիչներ ու նպատակներ դաւանած ենք դրամը, հարստութիւնն ու ոսկին։ Մեր ժողովուրդի գերակշիռ եւ զանգուածային մէկ հատուածը աչքածակ նիւթապաշտութեան անձնատուր եղած է, բնականաբար՝ տարբեր համեմատութիւններով։

Անարդարութեան մասին յստակ պատկերացում եւ կողմնորոշում չունինք։ Անարդարութիւն կիրառողներէն շատեր անտեղեակ են թէ ինչ կ՚ընեն։ Ողբերգականօրէն, այդպիսիներ համոզուած են, թէ իրենք «արդարութեամբ» կը գործեն եւ չեն վարանիր իրենց ընկալած «անարդարութեան» դէմ ըմբոստանալու, պայքար շղթայազերծելու։

Մեր ունեցածներուն հանդէպ հոգածութիւն, նախանձախնդրութիւն չենք ցուցաբերեր, մեր բնակարանները, մեր փողոցները, մեր քաղաքները, սեփական հայրենիքը սրտցաւ վերաբերումի եւ գուրգուրանքի չենք արժանացներ։ Առանց մտածելու կ՚եղծանենք ու կ՚ապականենք մեր ապրած միջավայրը, կը փճացնենք մեզ կերակրող արգասաւոր հողը, կ՚աղաւաղենք մեզի բարիքներ շնորհող բնութիւնը, կը պղտորենք ու կը թունաւորենք մեր ըմպած, օգտագործած զուլալ ջուրը…։

Անշուշտ պատրաստ ենք խիստ կերպով հակադարձելու, նոյնիսկ կոկորդը սեղմելու այն հէք մահկանացուին, որ կը համարձակի մեր կողմէ թոյլատրուած որեւէ սխալ ուղղել, մեր անպատասխանատու մէկ արարքին համար դիտողութիւն կատարել։

Այսքան չարութիւն եւ մոլորութիւն ո՞ւր կրնայ առաջնորդել մեզ։

KristaporeGradaran-HalepԱյս բոլորէն ետք կը մնայ մեզի մաղթել, որ Ամանորը վերջ տայ մեր ժողովուրդի ցաւերուն, ամրապնդէ մեր հայրենի պետութիւնը, չարը առյաւէտ հեռացնէ մեզմէ եւ մշտայորդ բարութեամբ ողողէ հայութեան կեանքն ու Հայաստան Աշխարհը։

Ի դէպ, բարիք կամեցողը կամ այլոց օժանդակել ցանկացողը Նոր Տարուան կամ յիշարժան այլ առիթի սպասելու պարտաւոր չէ։ Բարեգործութիւնը կրնայ անմիջապէս սկսիլ եւ զայն շարունակել իր ողջ կեցութեան տեւողութեան։

2012 տարին արդէն մեկնած է, իր վերջին հրաժեշտը տուած, աշխարհ ամբողջ կը վերափոխուի, ուրեմն ինչու չփոխուինք նաեւ մենք, վերատեսութեան չենթարկենք մեր անհատական թէ հաւաքական վարքը, կենցաղակերպը։

Խ.Շ.
«ԳԱՆՁԱՍԱՐ»
Յունուար Ա. 2013

Տպել Տպել