«Ասպարէզ»ի խմբագրական. Ամփոփելով Մեր Գործունէութեան Տարին

Logo Սուրիոյ ներքին տագնապի վատթարացման պատճառով նոր զոհեր ունեցանք՝ նիւթական հսկայական վնասներ, ընտանիքներու տեղահանում, գաղթ: Սուրիահայութեան մինակ չթողուցինք եւ ամբողջ ազգին հետ, Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մէջ մենք ալ միացանք տագնապահար համայնքին ձեռք երկարելու, մխիթարելու, անոր կարիքները թեթեւցնելու աշխատանքներուն:

Հայաստանի մէջ Մայիսեան խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին անգամ մը եւս ապրեցանք արդար եւ ժողովրդավար երկիր մը կերտելու յուսախափութիւնը, եւ հայրենի ժողովուրդին հետ միասին մենք ալ պրկեցինք մեր ջիղերը, եւ ապագայի հանդէպ մեր յոյսը չկտրելով՝ առաւել վճռականութեամբ կառչեցանք պետական-վարչական համակարգը բարեփոխելու, արդար հասարակարգ ստեղծելու նպատակին:

Մեր տարածքի վրայ շարունակեցինք հզօրացնել հայկական քաղաքական ներկայութիւնն ու ներգործութիւնը ամերիկեան տեղական, նահանգային թէ դաշնակցային շրջանակներու մէջ: Այս ծիրէն ներս ձեռնարկեցինք հայկական քուէներու թիւը բազմացնելու եւ մեր ընտրական զանգուածի ազդեցութիւնը առաւելագոյն արդիւնաւէտութեամբ օգտագործելու աշխատանքներու: Դուռէ դուռ գացինք, այցելեցինք, խօսեցանք, համոզեցինք, երբեմն ալ, անշուշտ, անտաբերութեան պատի առջեւ գտանք մենք մեզ, բայց շարունակեցինք, առանց վհատելու, ընդհակառակը՝ ուղղակի շփումներէն առաւել խրախոյս, առաւել քաջալերանք ստանալով:

Գոհ ենք արձանագրուած արդիւնքներէն, սակայն այս բաւարարութիւնը պարզապէս մեր աշխատանքներու թափը ուժեղացնելու իբրեւ ներշնչում կ՛ընդունինք եւ կը պատրաստուինք այս տարի առաւել շօշափելի արդիւնքներու հասնելու: Քաղաքական մեր կշիռը, անշուշտ, միայն ու միայն Հայաստանի, Արցախի, Ջաւախքի հայութեան շահերու պաշտպանութեան եւ տնտեսական բարօրութեան համար կը ծառայեցնենք ու պիտի շարունակենք ծառայեցնել: Գիտակից ենք, որ Ուաշինկթընի ականջները մեր պահանջներուն զգայուն դարձնելու լաւագոյն ճամբան մեր թաղերէն կ՛անցնի, մեր բնակարաններէն, մեր հաւաքոյթներէն, քաղաքացիական զգօնութեամբ շարժող մեր ստուար շարքերու վճռականութենէն:

Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը ազգային մեր պահանջատիրութեան տեսակէտէն՝ բեկումնային իրադարձութեան մակարդակով իրականացնելու համահայկական ճիգին կը բերենք մեր մասնակցութիւնը՝ այս շրջանէն: Մեր անսակարկ մասնակցութիւնը պիտի շարունակենք բերել այս աշխատանքներուն՝ մի՛շտ մնալով նախանձախնդիր, որ անոնք ըլլան նպատակասլաց, Հայ Դատի պայքարի ներկայ հանգրուանի պահանջներուն համահունչ, նոյնինքն մեր պայքարի տրամաբանութեան համապատասխան վճռականութեամբ: Գիտենք, որքան դժուար է համախմբել ուժերը, գիտենք, որ անեցալի կարծրացած նախապաշարումներ, հիմնաւորուած կամ անհիմն յաւակնութիւններ ինչպէ՛ս կրնան դժուարացնել բռունցքի վերածուելու ցանկութիւնները: Այսուհանդերձ, մենք յանձնառու ենք անպայման կենսագործել բռնցքուելու ճիգերը:

Անցեալ տարին կարելի է դրական գնահատել մեր համայնքային առողջ համագործակցութեան մթնոլորտի տեսակէտէն: Համերաշխութիւնը ընդհանրապէս եղած է մեր գործելաձեւը, մեր ոճը, մեր յարաբերութեանց նկարագիրը: Պիտի շարունակենք այս ուղղութիւնը, միշտ փոխադարձ յարգանքի հիմունքներով, մեր ազգային կարեւորագոյն խնդիրներուն համար մեր հնարաւորութիւնները բազմապատկուած տեսնելու առաջադրանքով:

Այս եւ ամէնօրեայ կազմակերպական աշխատանքներ, երիտասարդութեան ազգային դաստիարակութեան, հոգեւոր կառոյցներու, մշակութային, մարզական բարեսիրական միութեանց, կրթական օճախներու թեւ ու թիկունք եւ զօրակցական գործունէութիւն… այսպէս էր մեր անցեալ տարին: Վաղը պիտի տօնենք Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 122րդ տարեդարձը: Այնտեղ՝ տօնակատարութեան սրահին մէջ, մեր ընկերներուն ու համակիրներուն հետ, մեր ժողովուրդին հետ հրապարակաւ պիտի գնահատենք տարուած աշխատանքը, պիտի անդրադառնանք նոր ընելիքներուն:
Նաեւ՝ պիտի ուխտենք վերանորոգ թափով շարունակել մեր երթը:

«ԱՍՊԱՐԵԶ»ի խմբագրական
25 Յունուար 2013

Տպել Տպել