Կազմակերպական Մարտահրաւէրներ

Սեդօ Պոյաճեան

Սեդօ Պոյաճեան

Կազմակերպութիւնը կը հանդիսանայ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան աշխատանքներուն բազկերակը: Երբ բաբախուն եւ աշխոյժ է Դաշնակցութեան կազմակերպութիւնը, բեղուն եւ արդիւնաւէտ է Դաշնակցական գործը: Երբ թոյլ ու տարտամ է մեր կազմակերութիւնը, տկար ու ճապաղ հանգամանք կը զգենու մեր աշխատանքը: Ուստի, Դաշնակցութեան Օրուան առիթով կարելի չէ ամբողջական արժեւորումը կատարել անցնող տարուան գործունէութեան՝ առանց մեր կազմակերպութեան եւ զայն դիմակալող մարտահրաւէրներու ա-ռարկայական գնահատման:

Դժբախտաբար, Դաշնակցութեան կազմակերպութիւնը յաճախակիօրէն կը համարենք իբրեւ կատարուած տուեալ: Այսինքն՝ զայն կ՛ընկալենք իբրեւ տուեալ մը, որ ինչ ալ ըլլան պայմանները, պիտի բանի բնականօրէն: Սակայն նման մօտեցում եւ տրամաբանութիւն թէ՛ ըստ ձեւի եւ ըստ էութեան սխալ է, չըսելու համար վտանգաւոր:

Կարելի է մեր կազմակերպութիւնը դիտարկել երեք տեսական մօտեցումներէ: Առաջին, ընթացակարգային տեսակէտէ կարելի է կեդրոնանալ անոր ներքին յարաբերական ու որոշումներու կայացման ընթացքներուն վրայ: Երկրորդ, գործառնական տեսակէտէ կարելի է կեդրոնանալ անոր աշխատանքային նուաճումներուն վրայ: Երրորդ, կառուցային տեսակէտէ կարելի է կեդրոնանալ անոր նպատակային հետապնդումներուն վրայ:

Սակայն այս տեսական մօտեցումները միայն մակերեսային պատկերացում մը կրնան տալ մեր կազմակերպութեան մասին: Անոնց կը պակսի էականը, խորքայինը եւ կենսականը, որոնք գոյութեան իմաստը կը կազմեն ՀՅԴ Կազմակերպութեան: Այդ գոյութեան իմաստաւորումը կը մարմնաւորեն մեր կազմակերպութեան անդամները՝ նոյնինքն դաշնակցականները:

Տեսութիւննէրէ անդին, ՀՅԴ կազմակերպութիւնը կենդանի գոյութիւն է: Այդ գոյութիւնը կախեալ է իր անդամներու կազմակերպական կենդանութենէն, իմա՛ կենսունակութենէն: Ինչպէս բնութագրած է Ռուբէն Տէր Մինասեան իր «ՀՅԴ Կազմակերպութիւնը» գործին մէջ, «Կազմակերպութեան արժէք ոչ այնքան իր նպատակը, գաղափարներն են կամ իր այս կամ այն ձեւը, այլ նախ եւ առաջ իր գոյութիւնը. ան ինքնանպատակ է, որովհետեւ համախմբումն է ուժերու. ան ինքը ուժ է եւ կարողութիւն:»

Մեր կազմակերութիւնը ուժ եւ կարողութիւն է շնորհիւ այն ուժերու համախմբումին, որ ոգի ու մարմին կը ստանայ շարքերուն ճամբով: Այնքան ատեն որ շարքերը ուժ կ՛արտաբերեն, կենսունակ է կազմակերպութիւնը: Այնքան ատեն որ անոնք կարողութիւն կը ցուցաբերեն, արդիւնաբեր է կազմակերպական աշխատանքը:

Բնականաբար ուժի եւ կարողութեան վերածումը մնայուն գործընթաց է, որուն ապահովումն ու պահպանումը կը բախին ենթակայական եւ առարկայական խոչընդոտներու: Կրնան ենթակայական խոչընդոտները հասկնալի ըլլալ, երբ նկատի ունենանք կամաւորներէ բաղկացած կազմակերպութեան մը անդամներուն առօրեայի անհատական հոգսերու եւ օրապահիկի ապահովման մտահոգութիւնները: Սակայն լուծելին ու սրբագրելին պէտք է ըլլան առարկայական խոչընդոտները, որոնք այսօր մեր կազմակերպութեան համար վերածուած են լուրջ մարտահրաւէրներու:

Առաջին մարտահրաւէրը անտարբերութիւնն է: Մեզմէ ոմանց մօտ օրըստօրէ կ՛աճի անտարբերութեան մօտեցումը: Այս մօտեցումը կը դրսեւորուի թէ՛ գաղափարական ու թէ գործնական մակարդակներու վրայ: Նպատակային յանձնառութեան եւ աշխատանքային նուիրուածութեան աստիճանական անկումը ախտանշանները կը հանդիսանան անտարբեր կեցուածքին: Անտարբերութեան պայմաններու տակ խնդրոյ առարկայ անդամը լաւագոյն պարագային կը վերածուի անհետաքրքիր ներկայութեան:

Երկրորդ, անտարբերութեան կը զուգորդուի կրաւորականութեան մարտահրաւէրը: Աշխատանքէ ու ժողովական ընթացակարգէ խոյս տալու ճիգերը ախտանշաններն են կրաւորականութեան զարգացման: Կրաւորականութեան պայմաններու տակ խնդրոյ առարկայ անդամը ինքզինք կը վերածէ պարզ դիտողի՝ ակնկալելով որ իրեն վերապահուած աշխատանքները կատարուին այլոց կողմէ:

Երրորդը տեղայնականութեան մարտահրաւէրն է: Տեղայնական մտայնութեան զարգացումը ջլատիչ ախտ մըն է, որ ուղղակի կը հարուածէ մեր հաւաքական աշխատանքներն ու կազմակերպական նպատակները: Տեղայնական մտայնութիւնը ընդհանրապէս հաւաքական դրսեւորումով կ՛արտայատուի, երբ տեղական շրջանի մը պատասխանատուութիւնը ստանցնողնները կը սկսին գործել այն թիւր ըմբռնումով թէ տեղայինն է առաջնահերթը: Անոնք մոռացութեան կու տան դաշնակցական ընդհանրական մտահոգութիւններ, ուր առաջնահերթայինը ամբողջական ժողովուրդն է ու հայրենիքը, ուր սուրիահայ գաղութին աջակցիլը եւ æաւախքի դատին սատարելը նոյնքան էական են, որքան տեղական կարիքները:

Չորրորդ, տեղայնականութեան զուգահեռ կ՛ընթանայ ընթացիկով բաւարարուելու մարտահրաւէրը: Միայն տեղական ու ընթացիկ պահանջները լրացնելու մտայնութիւնը ախտանշան կը հանդիսանայ ընթացիկով բաւարարուելու մարտահրաւէրին: Միայն ընթացիկի վրայ սեւերումը կ՛ենթադրէ պակասաւոր աշխատանք եւ ընդհանրական գործին նկատմամբ նախաձեռնութեան ոգիի բացակայութիւն:

Հինգերորդ մարտահրաւէրը գաղափարական ուծացումն է: Մեր կազմակերպական աշխատանքները կը մեկնին գաղափարական հիմունքներէ եւ կը նպատակադրեն գաղափարական թիրախներ: Սակայն, մեզմէ ոմանց մօտ սկսած է զարգանալ գաղափարական օտարացում, ուր մոռացութեան կը տրուին մեր գաղափարական սկզբունքները: Դաշնակցութեան գաղափարական սկզ-բունքները կը կայանան չորս հիմունքներու մէջ: Առաջին, հայութեան պահպանում: Երկրորդ, ամբողջական Հայաստանը ամբողջական հայութեան համար: Երրորդ, ուժ եւ կազմակերպութիւն: Եւ չորրորդ, արդար աշխատանք: Առանց մեր գաղափարական հիմունքներու ամէնօրեայ կենսաւորման, մեր կազմակերպական աշխատանքները պարզապէս կը վերածուին աննպատակ ոստումներու:

Մեր կուսակցութիւնը բնականաբար ունի իր պատասխանատուութեան բաժինը վերոյիշեալ կազմակերպական մարտահրաւէրներու առաջացման մէջ: Սակայն մենք ունինք նաեւ կազմակերպական ներուժն ու կարողականութիւնը դիմակալելու նման մարտահրաւէրներ եւ աստիճանաբար վերացնելու զանոնք: Այդ աշխատանքի ճամբով է որ մենք պիտի կարողականք որակաւորել մեր կազմակերպութիւնը:

Այդ նպատակին համար նաեւ պէտք է ի մտի ունենանք Ռուբէն Տէր Մինասեանի այն հաստատումը թէ Դաշնակցութեան համար արժէք է որակը, ոչ թէ թիւը:

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ
«ԱՍՊԱՐԶԷ», 25 Յունուար 2013

Տպել Տպել