«Ազատ Օր»ի խմբագրական. Հայկական բանակը՝ իր երրորդ տասնամեակի սեմին. Հայրենիքի անվտագութեան 21-ամեայ երաշխաւորը

zou logo 21 տարիներ առաջ Արցախեան ազատամարտի դժուար մարտերուն ընդմէջէն անցնելով, մեծցաւ ու կազմաւորուեցաւ հայ զինւորագրեալ նոր սերունդը, որ հիմը դրաւ ու հետագային կերտեց հայոց բանակը՝ հայ ազգի ու հայրենիքի անվտանգութեան եւ գոյատութեան հիմնական երաշխաւորը։

21ամեայ փորձառութեան ճանապարհէ անցած հայոց բանակը, այսօր իր մարտունակութեամբ եւ բարոյահոգեբանական պատրաստուածութեամբ, կը հանդիսանայ Կովկասի լաւագոյն միաւորը։ Ներկայիս ընթացող փուլը յատկանշուած է հայկական բանակի սպառազինման արդիականացումով եւ բազմապատկումով։ Նոր տեսանք Հայաստանի շուրջ կառուցուած հակաօդային պաշտպանութեան գիծը՝ հրթիռներու կրկնապատկումով, որ կտրուկ բարձրացուց Կովկասի տարածաշրջանին մէջ օդային վերահսկողութիւնը, նաեւ Մոսկուայի օժանդակութեամբ:

Դեռ կը տեսնենք զինուորական միջազգային առաքելութիւններու մէջ հայկական բանակի կայացած հեղինակութիւնը։

Իսկ մենք Յունաստանի մէջ, բախտը կ’ունենանք մօտէն տեսնելու եւ հպարտանալու երիտասարդ հայ սպաներու բարձր մակարդակով, որոնք պատիւ կը բերեն հայ ազգին, իրենց դաստիարակութեան լման շրջանին արժանանալով հելլէն զինուորականներու գովասանքներուն ու գնահատանքին։

Տարիներու հետեւողական աշխատանքը իր պտուղները շատոնց սկսած է ցոյց տալ, ակներեւ դարձնելով հայ սպաներու եւ զինուորներու մարտական կատարեալ մակարդակը, որ կոյր վստահութիւն կը ներշնչէ անոնց հանդէպ։

Անկիւնադարձային եւ ճակատագրական պահերէ անցաւ հայոց բանակի կազմաւորումը։ Երկու տասնամեակ եւ մէկ տարի առաջ էր, երբ տարածաշրջանի աշխարհաքաղաքական ամբողջ համայնապատկերը շրջադարձային փոփոխութեան կ’ենթարկուէր բռնագրաւուած Շուշիի ազատագրումով։ Այն օրէն ի վեր կազմաւորուեցան հայոց բանակի առաջին կորիզները, որոնց գլուխը անցան Արցախեան գոյապայքարին մէջ հասունցած ղեկավար ու զինուոր երիտասարդ տղաքը։

Դիւրին չէր անցնող ժամանակաշրջանը, մանաւանդ բանակի մէջ դժբախտ պատահարներու բացայայտումներէն ետք, որ հին մտայնութիւններու կամ սխալ կեցուածքներու, կամ նոյնիսկ չարամիտ մօտեցումներու արդիւնք էին։ Խոցելի այդ կէտերը սրբագրելու եւ սեփական ժողովուրդի աչքերուն ու սրտերուն մէջ բանակի վարկը դարձեալ բարձրացնելու աշխատանքը եղաւ հետեւողական եւ արդիւնաբեր։ Ասոր փաստը՝ անսահման սէրն ու յարգանքն է, որ մեր ժողովուրդը կը տածէ հայ զինուորին հանդէպ։ Պահպանելու համար այս յարգանքն ու սէրը մէկ ճամբով կարելի է միայն ուղղուիլ՝ հաւատարմութիւն, խստապանջութիւն, արդարութիւն եռեակին վրայ հիմնուելով: Հայ ժողովուրդը ունի այդ գիտակցութիւնը, պաշտպանելու համար իր բանակը, պաշտպանելու համար իր երիտասարդ սերունդը:

Ըլլալ հայրենիքի զինուոր։ Ըլլալ հայրենիքի պաշտպան։ Այս է սահմանադրութեամբ ճշդուած իւրաքանչիւր քաղաքացիի պարտքը։ Քաղցր պարտք, որու միջոցով կ’ապահովուի մեր երկրի անվտանգութիւնը։

Մեր բոլորի մաղթանքն է խաղաղ պայմաններու տակ կատարել այդ պարտքը, հայու վայել արժանապատուութեամբ ու նուիրումով։

«ԱԶԱՏ ՕՐ»ի խմբագրական
28 Յունուար 2013

Տպել Տպել