«Ազդակ»ի խմբագրական. Գիտակցական Նո՛յն Վերաբերմունքին Ակնկալութեամբ (Հայոց Բանակի Օրուան առիթով)

hajkakan-banak Հայոց բանակը պետական այն հիմնարկն է, որուն հեղինակութիւնը, վայելած վարկը եւ անոր նկատմամբ տեսանելի յարգանքը կը շարունակէ առանձնանալ իբրեւ երեւոյթ, իբրեւ իրողութիւն: Պետականաշինութեան աշխատանքներուն զուգահեռ ընթացած բանակաշինութեան սկզբնական աշխատանքը Հայաստանի պարագային եղաւ ուսումնասիրուած, արդիւնաւէտ: Իրօք, պատերազմի ընթացքին զինեալ խմբաւորումներէն հեզասահ անցումը դէպի բանակ կամ պետական ռազմական միաւորի շուրջ համախմբումը եւ համապատասխան կառուցակարգումը կայացան համակողմանի գիտակցութեամբ: Թէ՛ նորաստեղծ բանակին սպայակազմը, թէ՛ զինեալ խմբաւորումներու հրամանատարները եւ թէ՛ հասարակութենէն զինուորագրուողները գաղափարական բովանդակութիւն ունեցող այս առաջադրանքին շուրջ միացան եւ կերտեցին մարտունակութեամբ յատկանշուող հայոց բանակը: Արցախեան ազատամարտին ուղեկցած մեր բանակաշինութիւնը հայ ժամանակակից պատմութեան մէջ կ՛արձանագրուի իբրեւ հայութեան ամէնէն պատմական նուաճումներէն մէկը:

Բանակը սակայն միայն խորհրդանիշ չէ: Պիւտճէ է` հսկայական ծաւալներով, ռազմարդիւնաբերութիւն է իր տարբեր բաժանմունքներով, աստիճանակարգ է իր բոլոր ստորաբաժանումներով, բնակչութեան ամէնէն գուրգուրալի` երիտասարդ խաւն է, իր տարբեր շրջանակներով: Ու մանաւանդ, ճակատային խրամատներու մէջ ամէնօրեայ վտանգները դիմակայելն է, հրադադարի խախտումներու անմիջական հետեւանքները կրողը, դիպուկահարներու եւ կացինահարներու թիրախը եւ մութին մէջ հակառակորդի յանկարծակի գործողութիւններուն սթափ հետեւելու պարտադրանքին տակ գտնուող ջոկատը:

Մեր բանակը ուրեմն, կրկնակի, բազմակի իմաստներ պարփակող կառոյց է, երբ կը մտաբերենք մեր երկրին կիսապատերազմական իրավիճակը, թշնամիին բազմամակարդակ ոտնձգութիւնները: Հայաստանի Հանրապետութեան երկկողմանի շրջափակումը ինքնին թշնամական վերաբերմունք կ՛ենթադրէ: Շրջափակելը ճակատի յայտարարութիւն կ՛ենթադրէ, իսկ ճակատին այն կողմը կը պարտաւորուի բարձրացնել իր պաշտպանողական համակարգի ահազանգայնութիւնը:

Պաշտպանութեան նախարարութեան ընդլայնուած նիստին հանրապետութեան նախագահին խօսքը կարեւոր մասամբ կը վերաբերէր բանակի անցած ուղիին, սպայակոյտին նաեւ իբրեւ մտաւորական հասարակական ընկալումի անհրաժեշտութեան մասին, բանակ-ուժային կառոյցներ եւ ընդհանրապէս պետական հաստատութիւններ համակարգաւորուած աշխատելու անհրաժեշտութեան: Այնտեղ գերկարեւոր կը նկատուէր բանակին դերակատարութիւնը` միաժամանակ սակայն ընդգծելով, որ անվտանգութեան պահպանումը սոսկ բանակէն կախեալ խնդիր չէ: Այս հասկացողութեան համապարփակութիւնը բացատրելով վերլուծական անդրադարձները կ՛ընդլայնէին դէպի Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան կարեւորագոյն ոլորտները: Ելոյթը դժուար առարկելի կէտեր ունի իր մէջ: Անիկա կարեւոր փաստաթուղթ կարելի է համարել մեր պետութեան ու երկրին գործունէութեան ուղենիշերը նկատելով: Այդ առումով ալ նման բովանդակութիւններ եւ թեմաներ նախընտրական քարոզարշաւի շարժառիթներով մեկնաբանելը առնուազն համոզիչ չի թուիր:

Տարբեր հարց, որ այնտեղ բանաձեւուած շատ կարեւոր մտածումներ ու մօտեցումներ տարիներ շարունակ եւ հետեւողականօրէն արծարծուած են Դաշնակցութեան պատասխանատու մարմիններու ներկայացուցիչներուն կողմէ. յատկապէս այն խնդիրները, որոնք ունին համահայկական տարողութիւն: Եւ երբ կը հաստատուի, որ առանց Թուրքիոյ անկեղծ ապաշխարանքին եւ Ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացման, տարածաշրջանին մէջ Հայաստանի ապահով գոյութիւնը կը շարունակէ վտանգուած մնալ, բնականաբար հարց կը յառաջանայ Երեւան-Անգարա արձանագրութիւնները տակաւին անվաւեր չյայտարարելու երեւոյթին շուրջ:

Այո՛, անվտանգութեան պահպանման խնդիրը սոսկ սահմանապահ բանակին առաքելութիւնը չէ, թէեւ անիկա անփոխարինելի երաշխիքն է համայն հայութեան պաշտպանութեան: Անվտանգութիւնը նաեւ ժողովրդագրական պատկերն է, գաղափարականութիւնն է, ստուերի վերացումն է, փտածութեան դէմ արդիւնաւէտ մեքենականութիւններու ճշդումն է, սակաւապետութենէն իրողական ժողովրդավարութեան անցումն է, հարստապետական համակարգի կազմաքանդումն է, ազատ, արդար եւ մրցակցային ընտրութիւններու կազմակերպումն է, ուժային կառոյցներու եւ այդ շարքին նաեւ բանակին ոչ ուղղահայեաց պատուէրներով քուէարկելու եղանակներու ապահովումն է:

Բանակաշինութեան նկատմամբ ցուցաբերուած համակողմանի գիտակցութեան նման այսօր աւելի քան երբեք անհրաժեշտ է նոյն վերաբերումը պետականութեան եւ հասարակութեան քաղաքակիրթ կայացման անյետաձելի աշխատանքին մէջ:

Զինեալ խմբաւորումներէն շատ արագ գիտակցական համակողմանի մօտեցումներով եւ հեզասահ անցումով միացեալ բանակ կերտած մեր ժողովուրդը անպայման կը յաջողի կերտել հայոց ժամանակակից պետութիւնն ու երկիրը:

«ԱԶԴԱԿ»ի խմբագրական
28 Յունուար 2013

Տպել Տպել