ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի կեդրոնական կոմիտէի խօսքը՝ ՀՅԴ 122 ամեակի տօնակատարութեան

Ի Վերջոյ Ես Եմ, Դուն Ես, Մենք Բոլո՛րս Ենք Դաշնակցութիւնը Վիգեն Յակուբյան Երբ ազատատենչութեան ոգին, ազատ ապրելու անկորնչելի իրաւունքը, չստրկանալու անսակարկելի պահանջը եւ իր պապենական հողը անընդհատ մշակելու իղձը կազմակերպութեան մը էութիւնը սահմանող գաղափարներն են, ապա ե՛ս եմ, դո՛ւն ես, բոլորս ե՛նք Դաշնակցութիւնը:

Աւելի քան դար մը եւ երկու տասնամեակ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը առաջնորդուեցաւ իր ժողովուրդի իրաւունքները պաշտպանելու, անոր արդար Դատի կանչը աշխարհով մէկ շեփորելու, ազգային ինքնորոշման նուիրական տեսլականը շօշափելի գործով խարսխելու յանձնառութեամբ:

Այսօր, մազաչափ նահանջ չկայ այդ յանձնառութեան մէջ, ո՛չ ալ երկչոտ տատամսում՝ դիմագրաւելու քաղաքական, ընկերային դժուարութիւնները կամ սերնդափոխութեան, ազգային ինքնութեան եւ վերակառուցուող երկրագունդի մը հրամցուցած մարտահրաւէրները:

Ժողովուրդին հետ եւ ժողովուրդին համար: Ահա այս ըմբռնումը, իրմէ սերած գիտակից եւ ուժական «աքթիւիզմ»ը, տասնամեակներ շարունակ արձանագրուած են Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պատմութեան փայլուն էջերուն վրայ: Իր ժողովուրդին հետ այս օրգանական կապն է, որ միշտ երաշխաւորած է Դաշնակցութեան հաղորդականութիւնը, եւ նոյն այդ կապն է, որ մեզ կը դնէ սուր եւ ցցուն պարտաւորութիւններու առջեւ:

Այսօր, մեր առջեւ պարզուող հինի եւ նորի պայքարը, անոր ստեղծած պրկումը՝ բացայայտ թէ թաքուն, արդէն դարձած է վիթխարի: Դժբախտաբար, ցարդ չենք յաջողած ստեղծել ենթահողը, ուր կարելի է ապահովել փոխանցման արդիւնաբեր եղանակ՝ տեղ մը, ուր առողջ զրոյցը եւ ներգործօն մասնակցութիւնը համադրուած տեսլականի մը կարելիութիւնը կրնան թելադրել:

Հինի եւ նորի այս բախումը, դժբախտաբար, դրսեւորուած է անկազմակերպ մէկ թոհուբոհի պարունակով, ուր խօսակցութեանց եւ յարաբերութիւններու հոլովոյթը սկսած է սահմանուելու նուազագոյն հասարակ յայտարարներով: Նորը դարձած է հինի դրժումը, իսկ ազգապահպանման աւանդապահ ըմբռնումները կ՛ընդունուին իբրեւ օտարման դէմ պայքարի խորհրդանիշներ: Ստեղծուած այս անջրպետը կը սպառնայ անջատել այն կապը, որ անցեալին կ՛երաշխաւորէր սերնդափոխութեան, ջահակիր նոր փաղանգներու ապահովումը:

Հարկ է արդէն նորոգուիլ: Հարկ է արդէն բիւրեղացնել պայքարի նոր եղանակ մը, ուր, ազատագրուած ներքին բարդոյթներէ՝ կրնանք վերադառնալ պահանջատիրական մեր սկզբունքներուն եւ ըմբռնումներուն, ո՛չ բառացիօրէն զանոն որդեգրելու, այլ անոնց ներշնչումով մեր նոր պայքարի, ժամանակակից աք-թիւիզմի ոճը ճշդելու համար: Պարտաւոր ենք այլեւս կենդանացնել անցեալը, դուրս բերել զայն լօզունգագրուած իր մրափէն, որպէսզի դառնայ նորը թելադրող, ներկան խարսխող եւ ապագան ընձիւղող փարոս: Որպէսզի այլեւս իւրաքանչիւր հայ աշակերտ չարտասանէ Սեւակն ու Վարուժանը լոկ մեքենականութեամբ եւ բեմադրուած դերակատարումով, այլ՝ իր iphone-ին վրայ նոր app գտած ըլլալու խանդավառութեամբ: Ժամանակը եկած է, որ ձերբազատուինք մեր իսկ բարդոյթներէն եւ պայծառ գիտակցութեամբ համադրենք մեր առօրեան՝ այն կեանքը, զոր կ՛անցընենք «ֆրիուէյ»ներուն վրայ, մեր գործատեղիներուն եւ գրասենեակներուն մէջ, մեր ազգային գիտակցութեան, մեր աշխարհայեացքային եւ մեր պահանջատիրական սկզբունքներուն հետ: Ըլլայ Հայաստան թէ Սփիւռք, հարկ է ստանձնել այն ջահը, որ մեզ է կտակուած մեր պապերէն, նորոգել զայն մեր կրակով, որպէսզի մեր խօսքն ու գործը, երազն ու պայքարը միանգամընդմիշտ նոյնանան:
Նորը կարելի չէ անջատել հինէն: Կարելի է զայն միայն ականաւորել մեր այն սկզբունքներով, որոնք երաշխաւորած են մեր ժողովուրդի վերապրումը իր ողբերգական ամէնէն վատ օրերուն իսկ: Հարկ է արդիականացնել պայքարը, մատչելի դարձնել զայն համաշխարհայնացած հայ երիտասարդին, սակայն՝ միշտ ապաւինելով այն յուսադրիչ հանգամանքին, թէ երէկուան Սասունը այսօրուան Արցախն է, ոգին Մուսա Լերան՝ սուրիահայերուն չընկրկելու յանձնառութիւնն է:

Միայն մենք կրնանք այս նոր կարգի հեղինակները ըլլալ, ինչպէս անցեալին մենք ենք եղած հայ գիւղացիին սեփական ճակատագիրը որոշելու իրաւունքն ու տենչը ներշնչողը: Վճռական գիտակցութիւնն է պէտք, աննկուն կամք է պէտք:

Այսօր՝ աւելի քան երբեք, հարկ է տէր կանգնիլ մեր իրաւունքներուն եւ պահանջատէր հեղինակութեամբ ստանձնել մեր համայնքը ղեկավարելու առաքելութիւնը: 122 ՀՅԴ Պէտք է անդրադառնալ, որ մեր համայնքը, բազմաշերտ ու բազմերես իր դրուածքով, կը ներկայանայ իբրեւ ամէնէն ուժական, անսահման կարողականութեամբ եւ ներուժով օժտուած ազգային հատուածներէն մէկը: Մասնագիտացած իր հետաքրքրութիւններով՝ գիտական ոլորտէն մինչեւ մարզականը, օրինականը, բարեսիրականը, կրթականն ու մշակութայինը, ազգային իմաստով՝ Արեւմտեան Ամերիկան պատկառելի ներկայութիւն է հայ ազգային իրականութեան մէջ: Հարկ է ստեղծել բոլոր հնարաւորութիւնները, որպէսզի իւրաքանչիւր ամբողջականութիւն լիովին ծաղկի իր առաքելութեան մէջ: Կարելի է միայն ու միայն սատարել այդ ընթացքին, որովհետեւ անկաշկանդ աշխատանքը նաեւ որակը բարելաւող աշխատանք է: Այդ ընթացքը դիւրացնելը ինքնավստահ ղեկավարութեան կարեւորագոյն ցուցանիշներէն մէկն է: Այս, սակայն, չի նշանակեր, թէ Դաշնակցութիւնը որեւէ ժամանակ կրնայ տկարանալ ազգային պահանջատիրական մեր սկզբունքներու պահակը ըլլալէ: Կան անշուշտ ազգային արժէքներ, մեր ժողովուրդի արդար Դատը բնորոշող սկզբունքներ, որոնք ե՛ն եւ միշտ կը մնան անսակարկելի:122-ՀՅԴ 1 Դաշնակցութիւնը հոն է եւ միշտ ալ հոն պիտի ըլլայ, երբ հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն որեւէ վտանգ կը սպառնայ, երբ մեր ժողովուրդի ազգային արժանապատուութիւնը խնդրոյ առարկայ կը դառնայ: Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի շահերուն համար պայքարիլը մի՛շտ գրաւած է եւ պիտի շարունակէ գրաւել Դաշնակցութեան օրակարգի ամէնէն առաջնահերթ դիրքը:

Մինչեւ այն օրը, երբ իւրաքանչիւր հայ ինքնիրեն զգայ ազատ, լիցքաւորուած իսկական ժողովրդավարութեան ընձեռած անհատական հեղինակութեամբ, մինչեւ այն օրը, երբ մեր մեծ հայրերուն իրաւունքն ու արժանապատուութիւնը վերահաստատուի ազգային հաւաքական պահանջատիրութեամբ եւ ոչ դատարաններու մէջ անձնականացուած վէճերով, մինչեւ այն օրը, երբ իմ տղաս, քու աղջիկդ, դրացիիս թոռնիկը իրենք զիրենք զգան Հայաստանի քաղաքացի՝ Դաշնակցութիւնը պիտի մնայ պատնէշի վրայ:

Որովհետեւ, ի վերջոյ, ե՛ս եմ, դո՛ւն ես, մե՛նք բոլորս ենք՝ Դաշնակցութիւնը:

«ԱՍՊԱՐԵԶ»

Տպել Տպել