«Ազդակ»ի խմբագրական. Ընթացքի Շեղումներ Եւ Դիրքերու Հերթափոխութիւն

Israel-attac Իսրայէլեան օդուժին Դամասկոսի դէմ կատարած սահմանափակ գործողութիւնը Սուրիոյ հարցին զարգացման նոր հունաւորում տուաւ։ Ռուսական, թրքական, ընդհանրապէս արեւմտեան եւ որոշ չափով իրանեան համեմատաբար աշխուժ ներգրաւուածութեան դիմաց Թել Աւիւի երեւութական կրաւորականութիւնը դուրս եկաւ իր վիճակէն։ Մինչ, սուրիական պաշտօնական աղբիւրներ կը շարունակէին յայտարարել, որ հարուածուածը գիտահետազոտական կեդրոն էր, Թել Աւիւը կը յայտնէր, որ իր հարուածածը Դամասկոսէն Լիբանան տեղափոխուող զինամթերքն էր։

Թիրախի այս հակասական մեկնաբանութիւնը պահ մը կրնայ երկրորդական թուիլ։ Ի վերջոյ իսրայէլեան օդուժը բռնաբարած է Սուրիոյ օդային տարածքը, դիմած է զինուորական գործողութեան եւ հարուածած սուրիական տարածք։

Թէեւ Սուրիոյ ընդդիմադիր շրջանակներ իրենց վրայ վերցուցին օդային յարձակումի պատասխանատուութիւնը, սակայն Դամասկոսի ամբաստանած կողմը յստակ էր։ Դամասկոսը կը յայտարարէր, որ ընդունակ է համարժէք պատասխան տալու Թել Աւիւին։

Մինչ այս բոլորը, Թել Աւիւի համեմատական կրաւորականութիւնը քաղաքական որոշ բացատրութիւն ունէր. ներսուրիական պատերազմը պէտք չէ տեղափոխուէր արաբ-իսրայէլեան պատերազմի հարթութիւն. աւելի ճիշդ՝ պէտք է շարունակուէր միջսուրիական բախումներով երկիրը քանդելու եւ մաշումի առաջնորդելու զարգացման ընթացքը։ Այժմ, Թել Աւիւ ի՛նք կը շեղէր այս ընթացքը։

Կը վերադառնանք ընթացքէն կատարուած այս շեղումի պատճառականութեան. մտաբերենք, որ Դամասկոսին նեցուկ կանգնելու ուղղութեամբ ռուս-իրանական դիրքափոխումներու երեւոյթ մը մտածել կու տար երկու պետութիւններուն առնչուածութեան առաջին գիծերը գրաւելու հերթափոխութեան մասին։ Ճգնաժամի սկիզբը պաշտօնական Թեհրանը իր բանբերին միջոցով կը յայտնէր, որ Սուրիոյ դէմ պարտադրուած պատերազմին նպատակը Ռուսիա-Իրան-Սուրիա դիմադրութեան առանցքին քանդումն է։ Ապա, Իրանը զօրակցութեան իր առաջնակարգ դիրքը երեւութապէս կը զիջէր Մոսկուային։

Կը թուի, որ այժմ հերթափոխութիւն կատարուած է այս առումով։ Չմոռնանք, որ Իրանի մատնանշած դիմադրութիւնը կ՛երկարի մինչեւ Լիբանան եւ այս պարագային այդ առանցքային դիմադրութիւնը հիմնական սպառնալիք է Սուրիոյ դէմ զինուորական գործողութիւն իրականացուցած Իսրայէլին։ Թել Աւիւը պարզօրէն կը յայտարարէր, որ Սուրիայէն Լիբանան տեղափոխուող զինամթերքն էր իր հարուածածը։

Զինուորական գործողութեամբ թատերաբեմ յայտնուած Իսրայէլին դիմաց Դամասկոսի նկատմամբ յայտնուած զօրակցութեան երկրորդ դիրքէն առաջին դիրք կու գար Թեհրանը, որ Դամասկոսին կոչ կ’ուղղէր համարժէք պատասխան տալու պատահածին։

Աւելի՛ն. Իրանի արտաքին գործոց նախարարը կը զգուշացնէր միջազգային ընտանիքը զինուորական միջամտութիւն կատարելէ Սուրիոյ մէջ՝ անկանխատեսելի նկատելով նման միջամտութեան մը հետեւանքները։ Ուղերձը պարզ էր. Իրան չէր կրնար ձեռնածալ մնալ առանցքային դիմադրութիւնը քանդելու զինուորական ծրագիրներու իրականացման փորձերուն դիմաց։

Թել Աւիւի գործողութեան դիմաց Թեհրանը առաջին դիրք գրաւած էր. իսկ Մոսկուան, երկրորդ կարգի դիրքերէ իր արտաքին գործոց նախարարին ճամբով կը խօսէր Սուրիոյ ընդդիմութեան հետ պարբերական հանդիպումներ եւ բանակցութիւններ ունենալու հնարաւորութիւններուն մասին։

Այս բոլորին մէջ Անգարայի սկզբնական լռութիւնը բարացուցական է։ Հակաիսրայէլեան բեմականացումներ ցուցադրելով արաբական ընկալելիութիւն ապահովող Անգարան, Թել Աւիւի ներգրաւուածութեան զարգացման պարագային, դիրքորոշուելու նեղ ընտրանքներուն առջեւ կրնայ գտնուիլ։ Հաւանաբար այս պատճառով ալ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը այս ամբողջ թոհուբոհին մէջ նախընտրած է խօսիլ մարդասիրական թեմայի մասին եւ կեդրոնացած՝ Թուրքիա ապաստանած բազմաթիւ սուրիացի գաղթականներու հարցին վրայ, աւելցնելով, որ Թուրքիան մեծ գումարներ կը յատկացնէ մարդասիրական նպատակի համար։ Թուրքիոյ վարչապետը նկատառելի ուշացումով կը դատապարտէր Իսրայէլի յարձակումը եւ գործողութեան հիմնաւորումը կը համարէր պատրուակ։

Սուրիոյ հարցը ընդհանրապէս կրնայ շատ սուղ արժել Թուրքիոյ. ոչ միայն գումարային իմաստով։

«ԱԶԴԱԿ»ի խմբագրական
04 Փետրուար2013

Տպել Տպել