Աղճա Դարձեա՞լ Պատուէր Կը Կատարէ

TURKEY POPE GUNMAN Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապին դէմ 1981-ին մահափորձ կատարած Մեհմեթ Ալի Աղճա Իտալիոյ մէջ լոյս տեսած «Ինծի դրախտ խոստացած էին. կեանքս եւ ճշմարտութիւնը պապին դէմ ահաբեկչութեան մասին» գիրքին մէջ յայտարարած է, որ պապին դէմ մահափորձը պատուիրած է Իրանի իսլամական հանրապետութեան հիմնադիր այաթոլլա Ռուհոլլա Խումէյնին:

Քարոլ Վոյթիլա 455 տարուան ընթացքին առաջին ոչ իտալացի պապն էր եւ անոր գործունէութիւնը մտածել կու տայ, որ այդ ընտրութիւնը պատահականութիւն մը չէր: Լեհ պապը 1979-ին Լեհաստան այցելելով տեղւոյն ժողովուրդը յորդորեց միասնակամ ըլլալու եւ անոր քաջութիւն ներշնչեց փոփոխութիւն պահանջելու: Անոր «Մի՛ վախնաք» կոչին իբրեւ պատասխան ժողովուրդը բացագանչեց. «Մենք զԱստուած կ՛ուզենք, մենք զԱստուած կ՛ուզենք, մենք զԱստուած կ՛ուզենք»: Այդ այցելութենէն եւ միասնակամութեան կոչէն մէկ տարի ետք, հիմնուեցաւ լեհ աշխատաւորներու «Սոլիտարնոսք» (Միասնականութիւն) շարժումը, որ համայնավար իշխանութեան դէմ յանուն ազատութեան պայքար հռչակեց: Պապը Լեհաստան կատարած իր այդ այցելութեամբ ծանր հարուած մը հասցուց բռնատիրական վարչակարգին եւ խորհրդային կայսրութեան, իսկ Լեհաստան իր իրերայաջորդ այցելութիւններով ամրապնդեց այդ պատգամը եւ նպաստեց Արեւելեան Եւրոպայի մէջ ամբողջատիրական վարչակարգի տապալման: Միխայիլ Կորպաչեւ առիթով մը յայտարարած էր. «Երկաթեայ վարագոյրին փլուզումը անկարելի պիտի ըլլար առանց Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի»:

Կաթողիկէ եկեղեցւոյ աթոռին վրայ լեհ գահակալի մը գոյութիւնը բազմաչարչար լեհ ժողովուրդին ազգային եւ կրօնական զգացումները խթանող ազդակ մըն էր, ինչ որ մարդկային այդ հիմնական արժէքները մերժող «չարիքի կայսրութեան» համար խիստ վտանգաւոր էր: Ահա թէ ինչու ծնունդ առաւ «խռովարար» պապէն ձերբազատելու խորհրդային որոշումը:

Սակայն պապը ահաբեկած ըլլալու ահաւոր ամբաստանութեան տակ յայտնուելու հետեւանքներէն խուսափելու համար անհրաժեշտ էր ծածկել մատնահետքերը: 2 մարտ 2006-ին Իտալիոյ խորհրդարանի Մեթրոխին յանձնախումբը եզրակացուց, որ 13 մայիս 1981-ին տեղի ունեցած մահափորձին ետին կը կանգնէր Խորհրդային Միութիւնը, որ զայն ծրագրած էր իբրեւ հակադարձութիւն պապին «Սոլիտարնոսք» շարժումին նկատմամբ ցուցաբերած աջակցութեան: Խորհրդային Միութիւնը պապի մահափորձին իր մեղսակցութիւնը ծածկելու համար օգտագործեց պուլկարական համայնավար ապահովական մարմինները: Մինչ այդ, նախապէս Թուրքիայէն Պուլկարիա մաքսանենգութեամբ զբաղած եւ «Միլլիյեթ» օրաթերթի խմբագիրի սպանութեան համար բանտարկուած, Գորշ գայլեր կազմակերպութեան անդամ Աղճա բանտէն փախուստ տալով` 25 նոյեմբեր 1979-ին Պուլկարիա ապաստանած էր այդ երկրին մէջ աշխուժ գործունէութիւն ունեցող թրքական մաֆիայի պաշտպանութեան տակ:

Աղճա պապը սպաննելու հրամանը ստացած էր Պուլկարիոյ մէջ թուրք ականաւոր մաֆիոզ Պեքիր Ճելենքի կողմէ, իսկ գործողութեան հրամանատարն էր Իտալիոյ մէջ Պուլկարիոյ դեսպանատան զինուորական կցորդ Զիլօ Վասիլեւ: Աղճայի պատուիրատուներուն անմիջականէն մինչեւ սկզբնաղբիւր երկարող շղթան հետեւեալն է` Գորշ գայլեր-Պուլկարիոյ մէջ թրքական մաֆիա-Պուլկարիոյ համայնավար ապահովական մարմիններ-Խորհրդային զինուորական գաղտնի սպասարկութիւն (եւ ոչ թէ «Քա.Կէ.Պէ.»): Թերեւս առարկողներ ըլլան, թէ պապը մայիս 2002-ին Պուլկարիա իր այցելութեան ընթացքին յայտարարած է, թէ երկրին խորհրդային ժամանակաշրջանի ղեկավարները իր դէմ մահափորձին հետ որեւէ առնչութիւն չունին, սակայն անոր քարտուղարը` Սթանիսլաւ Ծիուից իր «Կեանք մը Քարոլի հետ» գիրքին մէջ այդ դիւանագիտական կամ հաշտարար յայտարարութիւնը վկայակոչելով կը գրէ, որ պապը համոզուած էր, թէ յարձակումին ետին Խորհրդային Միութիւնը կը կանգնի: Պապը հաւանաբար ուղղափառ եկեղեցւոյ հետեւորդ երկրին մէջ այդ դիւանագիտական յայտարարութիւնը կատարած էր միջքրիստոնէական երկխօսութիւնը չխանգարելու եւ յաւելեալ պառակտում չյառաջացնելու համար:

Ինչպէս ծանօթ է, Աղճա տարիներու ընթացքին կատարած է զարմանալի յայտարարութիւններ, որոնք անոր հոգեմտաւոր առողջութիւնը հարցականի տակ կ՛առնեն: Այս նորագոյն յայտարարութիւնն ալ այդ ծիրին մէ՞ջ կ՛իյնայ, թէ՞ Աղճա դարձեալ որոշ կողմերու պատուէրն է, որ կը կատարէ: Միջազգային քաղաքականութեան մէջ տիրող ներկայ կացութեան լոյսին տակ կը թուի, թէ երկրորդը աւելի հաւանական կարելիութիւն մըն է, մանաւանդ երբ զայն դիտենք թուրք-իրանեան բանավէճի եւ փոխադարձ հակաքարոզչութեան ծիրին մէջ:

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
«ԱԶԴԱԿ»

Տպել Տպել