Որո՞ւ Ջաղացքին Ջուր Կը Լեցնեն «Ազգապետ Ընտրելու» Եւ… «Դէպի Ապահով Հայաստան» Կոչերը

Նազարէթ Պէրպէրեան

Նազարէթ Պէրպէրեան

Տասը օր ալ դիմանանք եւ անհամ ու սնամէջ այս քարոզարշաւի խաժամուժն ալ կ՛անցնի ու կը նետուի մեր նորագոյն պատմութեան աղբանոցին մէջ։

Փետրուար 16ին վերջ կը գտնէ նախագահական ընտրապայքարին համար օրէնքով նախատեսուած քարոզարշաւի ժամանակաշրջանը։ Հանգիստ շունչ կը քաշենք բոլորս, բայց մանաւանդ հայրենի ընտրազանգուածը, որուն ոչ միայն քուէին, այլեւ՝ մտածելու եւ կողմնորոշուելու իրաւունքին վրայ բռնանալու անուանապէս «ժողովրդավարական», բայց էապէս բռնադատումի անամօթ բեմականացման մը ակամայ հանդիսատեսները դարձած ենք ազգովին։
Չենք անտեսեր, ոչ ալ կը թերագնահատենք, անշո՛ւշտ, որ միայն խաբուսիկ կրնայ ըլլալ այդ հանգիստը։ Փաստօրէն Փետրուար 18ին, ինչպէս կ՛ըսեն՝ «առօք–փառօք», Հայաստանի նախագահ պիտի «վերընտրուի» Սերժ Սարգսեանը եւ հինգ տարի եւս պէտք է համբերենք ու ապաւինինք նախագահական պաշտօնավարութեան երկու շրջանի օրինական սահմանափակումին, որպէսզի ի վերջոյ կարենանք իշխանափոխութեան հասնիլ։

Հայաստանի եւ հայութեան համար թէեւ իշխանափոխութիւնը ըստ ամենայնի ինքնանպատակ չէ, այսուհանդերձ՝ անհրաժեշտ պայման է, որպէսզի ժողովրդավարացման սայլը այլեւս իր տեղէն շարժի եւ յաղթահարէ նոյն դիրքին վրայ մնալու, բայց յառաջխաղացքի պատրանք ստեղծելու տարիներէ ի վեր շարունակուող լճացումը։
Թէ՛ նախագահական, թէ՛ խորհրդարանական ընտրութեանց առիթով շարունակ հնչած է – նաեւ օտար դէտերու կողմէ – արդէն յանկերգի կարգ անցած այն տեսութիւնը, որ ընտրութեան մը ազատ ու արդար բնոյթը, այլեւ նոյնինքն ժողովրդավարական արժէքը կը չափուի գործող իշխանաւորին եւ իշխանութեանց քաղաքական դէմքի փոփոխութեամբ։ Խօսքը չի վերաբերիր միայն անձերու փոփոխութեան, նոյնիսկ՝ սերնդափոխութեան։
Ժողովրդավարութեան լիարժէք կայացման համար նախապայման է փոխարինումը իշխող ու պետական վարչամեքենային վրայ ամբողջատիրական հակակշիռ հաստատած, բայց վաղուան պայծառ օրուան հեռանկար ներշնչելու իր արժանաւորութեան դրամագլուխը լրիւ սպառած քաղաքական ուժին, անոր պահպանած քաղաքական անպէտք ու խաթարուած համակարգին։

Հայաստանի վերանկախացումէն ասդին իշխանութեան ղեկին տիրացած քաղաքական վերնախաւը, ճիշդ է, պարբերաբար իր առաջին դէմքերը փոխեց, բայց արմատական ոչ մէկ բարեփոխման ենթարկեց իր առաջադրած ու «զէն ի ձեռին» պահպանած քաղաքական անարդար համակարգը։

Ընդհակառակն՝ ամէն ճիգ թափեց արմատաւորելու համար օրինական եւ ստուերային իշխանութեանց մենաշնորհներու վրայ խարսխուած քաղաքական, այլեւ համակարգային խաթարումը։

Այս առումով գործող նախագահը պարզապէս ներկայացուցչական դէմքերէն մէկն է քառորդ դարէ ի վեր Հայաստանի քաղաքական ղեկին տիրացած վերնախաւին։ Վերնախաւ մը, որ ժողովրդային շարժման թափով յանդուգն ոստում կատարեց դէպի իշխանութիւն եւ խորհրդային ամբողջատիրութենէն կտրուկ անցաւ… վայրագ դրամատիրութեան։
Արդէն գործ ունինք քաղաքական իշխանութեան դիրքերէ տնտեսական ահռելի ուժի տիրացած պետական վերնախաւի մը հետ, որուն բարացուցական ներկայացուցիչներէն են գործող նախագահն ու վարչապետը։ Պետական միջոցներուն եւ լծակներուն ուղղակիօրէն տէր դարձած նման վերնախաւ մը դժուար է կարգի հրաւիրել ժողովրդավարական պայքարով։ Ժողովրդավարական պայքարը թափ առնելու այսօրինակ դժուարութեան կը բախի մանաւանդ հասարակութեան մը մէջ, որ կազմակերպ եղանակով քաղաքացիական մասնակցութեան ու քուէի ուժին բաւարար փորձառութիւնը չունի, որպէսզի կարենայ պետական իշխանութեան մենաշնորհին դէմ ժողովրդային կազմակերպ ծառացումի եւ ճնշումի ազդու՝ քաղաքական կուսակցութեանց եւ հասարակական կազմակերպութեանց արդիւնաւէ՛տ հակակշիռ հաստատել։ Նոյն պատճառով է, նաեւ, որ ժողովրդավարական կառոյցով ու գաղափարական ուղեգիծով կուսակցութիւններ չեն կայանար, ահա քսան տարիէ ի վեր, ազատ ու անկախ հռչակուած Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ՝ ժողովրդային պայքարի դաշտը զբաղեցնելու հնարաւորութիւնը վերապահելով առաւելաբար անձերու առանցքին շուրջ կազմուած քաղաքական խմբաւորումներու…

Ժողովրդավարական հակակշռի հաստատման չ՛օգներ նաեւ այսպէս կոչուած արտաքին աշխարհի, բայց էապէս մեծապետական ուժերու կիրարկած կողմնակալ, այլեւ պատեհապաշտ վարքագիծը՝ Հայաստանի մանուկ ժողովրդավարութեան իբր թէ հսկելու առաջադրանքով։ Կը բաւէ, որ Հայաստանի իշխանաւոր վերնախաւը համակերպի մեծապետական ուժերուն կողմէ մեր երկրին համար ճշդուած դերին ու տեղին… որպէսզի միջազգային շրջանակներ ոչ միայն «ըմբռնումով մօտենան» մեր իշխանութեանց հակաժողովրդավարական իրաւախախտումներուն, այլեւ՝ «ժողովրդավարական» բարենիշներու արժանացնեն մեր պետութեան իշխանաւոր վերնախաւը։ Իսկ հակառակ պարագային, վա՜յ է եկեր Հայաստանի իշխանութեանց, եթէ ինքնուրոյն կողմնորոշուելու դոյզն փորձն իսկ կատարեն…
Հայաստանի վարկանիշը յանկարծ կտրուկ անկում կ՛արձանագրէ, իսկ պետական վերնախաւը կարգի հրաւիրող ճնշումներն ու հարուածները ոչ մէկ սահմանափակում կը ճանչնան։

Անկասկած միայն Հայաստանին բնորոշ չէ աննախանձելի այս իրավիճակը։ Ամբողջ հարաւային կիսագունդը յայտնուած է անարդար նոյն վիճակին մէջ։ Նոյնիսկ երկրագունդի հիւսիսը գտնուող երկիրներէն ու ժողովուրդներէն շատեր մատնուած են միեւնոյն՝ ընդհանրական տագնապին, որուն աղբիւրը Համաշխարհային Նոր Կարգն է։
Բայց Հայաստանի պարագան նաեւ առանձնայատուկ է այն առումով, որ ի տարբերութիւն շատ–շատերու, մեր ժողովուրդն ու պետութիւնը ընդհանրական տագնապը կը դիմագրաւեն պատերազմի մնայուն սպառնալիքի տակ գտնուող, այլեւ թշնամական շրջափակման մէջ յայտնուած երկրի պայմաններուն մէջ։

Հետեւաբար, մեր ժողովուրդին ինքնավստահութիւնը կը խոցեն եւ մեր հայրենիքի անվտանգութեան անփոխարինելի երաշխիքը հանդիսացող քաղաքացիական համերաշխութիւնն ու մարտունակութիւնը կը ջլատեն բոլոր անոնք, որոնք ի խնդիր իշխանութեան իրենց մենաշնորհներու պահպանման ու ամրապնդման՝ կ՛ոտնակոխեն Հայաստանի վաղուան ուղին ժողովրդավարականօրէն ընտրելու իրաւունքն ու հնարաւորութիւնը։
Ազատ ու արդար ընտրութեանց կայացումը խափանող նախադէպեր շատ ունեցաւ վերանկախացեալ Հայաստանը։ Ունեցաւ նոյնիսկ 1996ի նախագահական ընտրութեանց նախադէպը, երբ մեր հասարակութիւնը ցոյց տուաւ իր քուէին ուժը եւ պարտութեան մատնեց օրուան իշխանութեանց նախագահական թեկնածուն… առանց որ կարենայ պետական իշխանութեան ղեկը յանձնել իր ընտրած թեկնածուին։

Բայց նախընթաց որեւէ ընտրութիւն այսօրուան պէս ու այս աստիճան իմաստազրկած չէ նոյնինքն ժողովրդավարական պայքարը, ընտրութեան արժէքը եւ քաղաքացիական քուէին ուժը։
Փետրուար 18ին նախատեսուած Հայաստանի համապետական քուէարկութիւնները փաստօրէն կապ չունին Հայաստանի Հանրապետութեան (ՀՀ) նոր նախագահի ընտրութեան հետ։

Պետութիւնը արդէն ունի իր տէրն ու նախագահը, որ օրէնքով արտօնութիւնը ունի պաշտօնավարութեան երկու ան-ընդմէջ շրջանի համար ՀՀ նախագահութիւնը ստանձնելու։ Պետութիւնը վճռած է նախագահի իր պաշտօնին վրայ վերահաստատել գործող նախագահը եւ… վերջ։

Մնացեալը ողբերգական, նաեւ զաւեշտական բեմադրութիւնն է իբր թէ ժողովրդավարական… ընտրութեանց, ուր «պետութեան ղեկավար»ին դէմ ընտրական մրցապայքար կը մղեն յարգարժան քաղաքական գործիչներ, որոնց թեկնածու առաջադրումն ու մղած աշխոյժ ընտրապայքարը վերջին հաշուով կոչուած են, կամայ թէ ակամայ, ծառայելու մէկ ու միակ հրամայականի մը, այսինքն՝ ՀՀ նախագահի այսօրինակ նշանակման «ժողովրդավարական օրինականութիւն» ապահովելու նպատակին։

Ողբերգութիւնը այն է, որ այս ամէնուն գիտակցելով հանդերձ՝ Հայաստանի գործող նախագահն ու իր քարոզարշաւին թափ տուողները անխնայ կը խոցեն արժանապատուութիւնն ու ողջմտութիւնը ընտրազանգուածին։
Ընտրելու իր տարրական ու անբռնաբարելի իրաւունքէն այսպէ՛ս ու այս աստիճան զրկուած ընտրազանգուածը կը վիրաւորեն՝ ոչ թէ նախագահ, այլ «ազգապետ» ընտրելու կոչեր ուղղելով։

Ի՜նչ «ազգապետ» կարելի է սպասել քաղաքական այն գործիչէն, որ նախագահական պաշտօնավարութեան իր առաջին շրջանին «մեծագոյն նուաճում»ը կը նկատէ, իր սիրած բառերով՝ «ֆութպոլային դիւանագիտութիւն»ը, որուն մեղքի պտուղը հանդիսացաւ հայ ժողովուրդի անժամանցելի իրաւունքները սակարկութեան սեղանի ապրանք դարձնող Հայեւթուրք Փրոթոքոլը։

Աւելի՛ն. պետական վերնախաւը ի՞նչ «ազգապետ» կ՛առաջադրէ վերահաստատել Հայաստանի նախագահութեան ղեկին, յառաջիկայ հինգ տարիներուն համար եւս, երբ իր աւարտին մօտեցող անհամ ու սնամէջ այս ընտրական քարոզարշաւին կարգախօս ընտրած է «Դէպի Ապահով Հայաստան» խոստում–կոչը։

Իբր թէ «Ապահով Հայաստան» մը, որուն կայացման ի խնդիր Սերժ Սարգսեանի քարոզարշաւը դարձեալ հրապարակ կը նետէ այնպիսի գիւտեր, ինչպիսին անոր յայտնագործած վերջին պնդումն է, թէ՝ «Ցեղասպանութիւն» եւ «Եղեռն» եզրերը նոյն նշանակութիւնը ունին, հետեւաբար պէտք չէ ընդվզիլ, երբ Միացեալ Նահանգներու նախագահը կը մերժէ հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութիւնը ճանչնալ իբրեւ այդպիսին՝ իբրեւ «Ցեղասպանութիւն»։
Զգո՜յշ, ՀՀ նախագահի պաշտօնին վրայ կը վերահաստատուի քաղաքական գործիչ մը, որ այս կեղծ ընտրութեանց իր քարոզարշաւը կ՛առաջնորդէ այն պատգամով, թէ՝ «Անհրաժեշտ է նաեւ հրաժարուել դարն ապրած պատկերացումներից»…
Եթէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումին համար մինչեւ վերջ պայքարելու պատրաստակամութիւն յայտարարող նախագահը այդպէս՝ «դարն ապրած պատկերացումներ» կը նկատէ հայ ժողովուրդին իրաւատիրութիւնն ու քաղաքական հատուցման պահանջները, տարակոյս պէտք չէ ունենալ, թէ որո՜նց ջաղացքին ջուր կը լեցնեն «ազգապետ ընտրելու» եւ «Դէպի Ապահով Հայաստան» յառաջանալու կոչերը։

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
«ԱՍՊԱՐԵԶ»

Տպել Տպել