«Գանձասար». Սատարենք՝ Սուրիահայութիւնը Պատնէշի Վրայ Պահելու Առաքելութեան

Gantsasar-logoՇուրջ երկամեակ մըն է որ սուրիահայութեան կացութիւնը կը մտահոգէ ողջ հայութիւնը եւ վերածուած է համազգային տագնապի։ Խնդրոյ առարկան այստեղ, առաջին հերթին, սուրիահայութեան ֆիզիքական անվտանգութեան հարցն է, որ առկայ տուեալներով կարելի չէ հանգուցալուծել արիւնահեղութեան, բիրտ ուժի ու զէնքի միջոցով։ Առ այսօր սուրիահայութիւնը երկրի ներքաղաքական պատերազմին մասնակից չէ դարձած եւ այսուհետեւ եւս պէտք է շարունակէ նոյն խելամիտ ընթացքը, որովհետեւ ծայրայեղական որեւէ քայլ ճակատագրուած է հաւանական ձախողութեամբ եւ ուրեմն՝ ողբերգութեամբ։

Ցարդ առաջնային եւ ամենակարեւոր հարցը կը մնայ գաղութի անվտանգութիւնը եւ տիրող քաոսէն նուազագոյն վնասով դուրս գալը, ինչ որ հնարաւոր է միմիայն քաղաքական յարաբերական բազմակողմանի աշխատանքներու ձեռնարկելով։ Այդպիսի տարողունակ նախաձեռնութիւն մը սուրիահայութիւնը առանձնաբար անկարող է իրականացնելու։ Քաղաքական յարաբերական աշխատանքներու յաջողութեան համար անհրաժեշտ են համազգային զօրաշարժ, համահայկական համընդհանուր մասնակցութիւն՝ միշտ, ամէն տեղ եւ տարբեր մակարդակներու վրայ, յատկապէս՝ հոն ուր բաւարար ուժ, միջոցներ եւ կարելիութիւններ չեն պակսիր։ Այդ նպատակի կենսագործման մասնակից պէտքէ դառնան հայոց պետութիւնը, հայկական քաղաքական կազմակերպութիւններ, մեր եկեղեցին՝ իր տարբեր յարանուանութիւններով, ինչպէս նաեւ առանձին անհատներ, որոնք քաղաքական թէ հասարակական ազդեցիկ աշխատանքներ ծաւալելու կարողութիւն, փորձ եւ հնարաւորութիւն ունին։

Սուրիոյ մէջ գործող բոլոր ուժերն ու կազմակերպութիւնները, քաղաքական խմբակցութիւններն ու կրօնական հաստատութիւնները պէտք է ներգրաւուին ազգօգուտ այս աշխատանքին մէջ, որուն գլխաւոր նպատակը պէտք է հանդիսանայ սուրիահայութեան առանձնայատուկ կարգավիճակի պարզաբանումը։

Հակառակ այն իրողութեան, որ սուրիահայը Սուրիոյ քաղաքացի է եւ ըստօրինի պէտք է վայելէ քաղաքացիական լիարժէք իրաւունքներ, որեւէ հարցինկատմամբ պէտք է ունենայ սեփական տեսակէտ եւ քաղաքական ինքնուրոյն կողմնորոշում, այսուհանդերձ այդ իրաւունքն ու ազատութիւնը դժբախտաբար ներկայիս զլացուած են սուրիահայ մարդուն։ Սուրիահայը պէտք է ըլլայ արթուն, զգաստ եւ շրջահայեաց, որպէսզի իր կողմէ կատարուած որեւէ անպատեհ արարք կամ թոյլատրուած որեւէ սխալ չվերագրուի համայնքին եւ համայն հայ հասարակութեան։

Շրջահայեացութիւնն ու զգօնութիւնը եթէ անհրաժեշտ են անհատի մը համար, ապա կրկնակի կարեւորութիւն կը ներկայացնեն հայ քաղաքական խմբակցութիւններու կամ համայնքի ղեկավարութիւնըստանձնած անձնաւորութեանց ու մարմիններուն համար։ Հայկական համայնքներու եւ կազմակերպութեանց ղեկավարութեան կոչուած մարդիկ պէտք է գործեն ու հանդէս գան ամենայն պատասխանատուութեամբ, բարձրագոյն գիտակցութեամբ եւ ծայրագոյն զգուշաւորութեամբ, որովհետեւ անոնց դրական թէբացասական կեցուածքներուն համար պատասխանատու պիտի համարուի ամբողջ գաղութը՝ անհատաբար թէ հաւաքաբար։

Ահա այս կացութիւնն է, որ համայն հայութիւնը հրաւիրուած է իր տարբեր հատուածներով ներկայացնելու աշխարհին, ընդգրկելով պետութիւններ,միջազգային կազմակերպութիւններ, հանրային կարծիք ձեւաւորող զանգուածային լրատուամիջոցներ, քաղաքական ազդեցիկ կազմակերպութիւններ, կրօնական խմբակցութիւններ… եւայլն։ Այսօրինակ մօտեցումով միայն պիտի կարողանանք պաշտպանական զրահ ու վահան ստեղծել, անառիկ ու ամրակուռպարիսպ կառուցել սուրիահայութեան շուրջ, որպէսզի հնարաւորինս ապահովուած ըլլայ հաւանական վտանգներու դէմ։

Սուրիահայը պարտաւոր է ըլլալ չէզոք իր շուրջ ծաւալող աւերիչ եւ ողբերգական պատերազմին մէջ։ Դրական չէզոքութիւնը այն ոսկի միջինն է, որունպէտք է հետեւի իւրաքանչիւր անհատ սուրիահայ, եւ այդ՝ անկախ իւրաքանչիւր հայորդիի նախընտրութիւններէն, տածած համակրանքէն կամ հակակրանքէն Սուրիական հայրենիքէն ներս արձանագրուած իրադարձութիւններու առնչութեամբ։ Սուրիահայը ներկայ հանգրուանին հեռու պէտք է մնայ որեւէկողմի յարելէ, որեւէ խմբակցութեան ի նպաստ դիրքորոշուելէ, որեւէ կերպով երկրէն ներս ծաւալող ներքաղաքացիական պատերազմին մէջ ներքաշուելէ…։ Սուրիահայութեան այս իրավիճակը, անոր որդեգրած չէզոք կեցուածքը պէտք է բացատրել բոլորին, պէտք է պարզել մեր դժուարութիւնները, մեր փխրուն կացութիւնը, որպէսզի սահմանափակուին տարբեր կողմերու ակնկալիքներն ու սպասումները, որպէսզի սխալ ու բացասական կարծիք չստեղծուի հայուն նկատմամբ, որպէսզի այս կամ այն կողմին յարակցող հաւաքականութիւնկամ ուժ չսեպուինք։

Սուրիահայութիւնը ամէն գնով պէտք է մնայ Սուրիոյ մէջ, պէտք է կառչած մնայ իր երկրորդ հայրենիքին, հնարաւորինս պէտք է բացառէ արտագաղթը, որովհետեւ ասպնջական այս երկրէն հեռացումը կործանարար պիտի ըլլայհայ համայնքին, նաեւ տագնապ պիտի ստեղծէ այն պետութեան, որ պատրաստ պիտի ըլլայ հիւրընկալելու զինք։ Սուրիահայութեան արտագաղթը անբարենպաստ հետեւանքներ պիտի ունենայ մանաւանդ նոյնինքն գաղթող սուրիահայերուն համար։

Եթէ արտագաղթը անխուսափելի ըլլայ եւ ելքի բոլոր դռները փակուածմնան սուրիահայութեան առջեւ, ապա լաւագոյն տարբերակը կը համարուի հայրենադարձութիւնը։ Սակայն մեր հայրենիքը արդեօք պատրա՞ստ է ընդունելուկամ դիմակայելու սուրիահայութեան զանգուածային տունդարձը։ Հայաստան արդեօք ի վիճակի՞ է հիւրընկալելու տասնեակ հազարաւոր հաշուող սուրիահայեր, տուն-տեղ եւ ապաստան տրամադրելու անոնց։ Աշխատանք հայթայթելու սուրիահայ մարդուն, դպրոց եւ կրթութիւն ապահովելու սուրիահայ երեխային, պատանիին կամ երիտասարդին…։ Եւ այս բոլորը այն պարագային, երբմեր մայր հայրենիքը կը դիմագրաւէ գործազրկութեան, աղքատութեան, ընկերային անարդարութեան… մարտահրաւէրները, երբ հայրենի քաղաքացին դժգոհ իր կեանքէն եւ փրկուելու համար ապրուստային եւ ընկերատնտեսական դժուարութիւններէ կը դիմէ արտագաղթի, կը լքէ մայր հայրենիքը։ Նման անբարենպաստ հանգամանքներու տակ հայոց պետութիւնը արդեօք պիտի յաջողի դեղ, դարման եւ սպեղանի դառնալ սուրիահայութեան։

* * *

Ցարդ խաղաղ հանգուցալուծման մը հասնելու փուլէն, հնարաւորութենէնբաւական հեռու կը մնայ Սուրիոյ ներքաղաքական իրավիճակը։ Զինեալ բախումներու արշակաւանին մէջ յայտնուած, միանգամայն ընկերատնտեսականեւ կենցաղային կաթուածահար վիճակ դիմագրաւող սուրիահայ գաղութը աննահանջ կերպով կը պայքարի իր ազգային-հաւաքական գոյատեւման ի խնդիր։ Այսօր տագնապահար կացութեան մատնուած է հալէպահայութիւնը, որ Հայաստանի սահմանամերձ ամէնէն հայահոծ, ամէնէն կազմակերպ եւ աւանդապահ գաղութը, սփիւռքահայութեան բաբախող սիրտը կը համարուի։ Առ այդ՝ սփիւռքահայութեան համար առաջնահերթ, գերակայ հրամայական կըհանդիսանայ սուրիահայ իր արենակիցներուն օժանդակելու էական հարցը։

Ներքաղաքացիական թէժ պատերազմի քաոսին մէջ ընկղմած է սուրիահայութիւնը, հետեւաբար հայ գաղթաշխարհին համար նախապատիւ պարտականութեան, հրատապ օրակարգի պէտք է վերածուի սուրիահայ իր արենակիցներուն օժանդակելու հարցը։ Սփիւռքը պէտք է գիտակցի պահուան լրջութեան, մնայուն կերպով եւ հանգամանօրէն քննարկէ սուրիահայութեան օգնութեանփութալու խնդիրը, աւելին՝ զօրաշարժի պէտք է ենթարկէ գաղութային իր կառոյցները, լիարժէքօրէն ու պատուով կատարելու համար իրեն վերապահուած նուիրական պարտականութիւնը։

Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու Սփիւռքի հայ օճախները ներկայիս արդէն բազմակողմանի նախաձեռնութիւններով օգնութեան ձեռք կ՚երկարեն իրենց սուրիահայ քոյրերուն եւ եղբայրներուն, անոնց կրած բազմապիսի վնասները դարմանելու, մարդասիրական անմիջական կարիքները բաւարարելու համար։

Սփիւռքահայ թէ հայրենահայ մեր արենակիցները պէտք է գիտակցին, որտակաւին իր աւարտին չէ հասած սուրիահայութեան զօրակցութեան եւ նուիրահաւաքի առաքելութիւնը, որովհետեւ բախումներու աւարտէն անմիջապէս ետք պիտի ձեռնարկուի պատերազմէն տուժածներու կացութիւնը վերադարմանելու եւ վերականգնելու երկարաժամկէտ աշխատանքին, ինչ որ հսկայական գումարներու կը կարօտի։

Սուրիահայութեան ահաւոր ողբերգութեան ամոքման մասնակից պէտք էդառնան բոլորը, Եղեռնի շառաւիղ գաղութահայ իւրաքանչիւր բեկոր պէտք էբաժնեկցի իր արենակիցներու մորմոքը, պէտք է սփոփէ անոնց վիշտը։ Թուրք եղեռնագործ պետութեան մերօրեայ յետնորդներու գերագոյն ցանկութիւնն էԱրեւմտահայաստանի սահմանամերձ հայագաղութները հիւծած, արիւնաքամ եւ հայաթափուած վիճակի մէջ տեսնել։

Յառաջիկայ օրերուն եւ ամիսներուն հայ Սփիւռքի ողջ տարածքին յարաճուն թափով պէտք է շարունակուին եւ ծաւալին սուրիահայութեան օժանդակութեան նպատակաուղղուած տարաբնոյթ աշխատանքներ։

Իւրաքանչիւր հայորդի պէտք է անդրադառնայ պահուան լրջութեան ու կարեւորութեան եւ իր հնարաւոր առաւելագոյն աջակցութիւնը չզլանայ, միշտչմոռնալով սուրիահայ այն երիտասարդներն ու երիտասարդուհիները, որոնքանձնազոհութեան եւ ինքնանուիրումի օրինակելի արարքներով արիաբար կըհսկեն ճակատագրակից իրենց քոյրերուն ու եղբայրներուն անվտանգութեան, անտեղիտալիօրէն կը պաշտպանեն հայու իրաւունքը, տէր կը կանգնին հայ կրթօճախին եւ հայ եկեղեցիին, ժրաջանօրէն լծուած են իրենց հայրենակիցներու օրախնդիրներու լուծման եւ դժուարութիւններու յաղթահարման շնորհակալ աշխատաքներուն, բազմակողմանի օգնութիւն կը ցուցաբերեն կարօտեալ եւաղէտեալ հայ ընտանիքներուն…։

Բոլորին պարտքն է հետեւիլ սուրիահայութեան օրինակելի ընթացքին եւ անսակարկ նուիրաբերումով սատարել սուրիահայ իրենց հայրենակիցները պատնէշի վրայ պահելու առաքելութեան։

Նախապատրաստուելով Սուրիոյ պատերազմական կացութեան յոռեգոյն եւ անկանխատեսելի զարգացումներուն, որեւէ ջանք եւ զոհողութիւն պէտք չէ զլանալ, որպէսզի հայաստանամերձ Մայր գաղութը՝ ուխտապահ եւ հայկականութեամբ շէնշող հալէպահայութիւնը նուազագոյն կորուստներով դուրս գայ այս մղձաւանջային ճգնաժամէն։

Խ.Շ.
«ԳԱՆՁԱՍԱՐ», Փետրուար Ա. 2013

Տպել Տպել