Հ.Յ.Դ. կը նշէ Սումգայիթի սպանդին 25-ամեակը

affiche 25 ans de SoumgaitՍումկայիթեան սպանդի 25 ամեակին առիթով, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը Փարիզի մէջ երեք տարբեր նախաձեռնութիւններով, ինչպէս նաեւ` զուգահեռ քաղաքական հանդիպումներով, լուսարձակի տակ կ’առնէ այս իրադարձութիւնը եւ համաժողովրդային բնոյթ կու տայ անոր :

Այս առիթով, Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէի կազմակերպական ներկայացուցիչ Հրաչ Վարժապետեան կը լուսաբանէ հանգամանօրէն :

Հարցում.- Կարելի՞ է ներկայացնել ամբողջ շարքը ձեր նախաձեռնութիւններուն :

Հրաչ Վարժապետեան.- Նախ պէտք է անմիջապէս ընդգծեմ, որ Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէն Սումկայիթի 25-րդ տարելիցը կը նշէ համաժողովրդային տարողութեամբ, առ այդ տարբեր նախաձեռնութիւններն ու ձեռնարկները կը կազմակերպէ իր միաւորներու մասնակցութեամբ :

Այսպէս, 26 Փետրուարին, Ֆրանսայի Ազգային Ժողովին մէջ տեղի կ’ունենայ քաղաքական ձեռնարկ, միացեալ կազմակերպութեամբ Ֆրանսայի Հայ Դատի Գրասենեակի եւ Ֆրանսայի Հայ Դատի Յանձնախումբին : Յաջորդ օր, 27 Փետրուարին, տեղի կ’ունենայ նստացոյց` Ազրպէյճանի դեսպանատան առջեւ, Հ.Յ.Դ. Նոր Սերունդի կազմակերպութեամբ, իսկ յաջորդող օրը` 28 Փետրուարին, տեղի կ’ունենայ բողոքի ժողովրդային հաւաք` Ազրպէյճանի դեսպանատան առջեւ, կազմակերպութեամբ Հ.Յ.Դ.-ի :

HratchVarjabedianԱյս բոլոր իրադարձութիւններուն մանրամասնութեանց մասին օրը-օրին, ինչպէս նայեւ նոյն այս պրակով կը տեղեկացուի արդէն Հայ Դատի Գրասենեակի ճամբով, հետեւաբար կրկնութիւնը աւելորդ պիտի ըլլայ այստեղ :

Հարցում.- Ի՞նչ են զուգահեռ քաղաքական հանդիպումները :

Հրաչ Վարժապետեան.- Նախքան հարցումին անցնիլը, յայտնեմ, որ 24 Փետրուարին, յետ անմահ եւ Սուրբ Պատարագի, Փարիզի Ս. Յովհաննէս-Մկրտիչ եկեղեցւոյ մէջ պիտի մատուցուի հոգեհանգիստ, որմէ ետք, Հայաստանի դեսպանութեան եւ ԼՂՀ ներկայացուցչութեան կողմէ պիտի կատարուի ծաղկեպսակի զետեղում` Կոմիտաս Վարդապետի յուշարձանին, իբրեւ խորհրդանիշ հայ ժողովուրդի բոլոր նահատակներուն, որոնց շարքին բնականաբար Սումկայիթի մեր նահատակներու յիշատակին :

Ինչ կը վերաբերի քաղաքական հանդիպումներուն, մենք տեսակցութիւն պահանջած եւ ժամադրութիւն ստացած ենք Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարարութենէն եւ Ֆրանսայի մէջ Ռուսաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու դեսպաններէն : Այս երեք պետութիւնները, որոնք կը համանախագահեն ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խմբակը եւ սկզբունքով իրենց մօտ է ղարաբաղեան տագնապի լուծման բանալին, Սումկայիթի 25-րդ տարելիցին առիթով բնականաբար անոնք ըսելիք ունին հայութեան : Եւ ո՛չ միայն ըսելիք, այլ նաեւ մանաւանդ` ընելիք : Իսկ այլ փոխանցումներու շարքին, մենք յստակօրէն պիտի ներկայացնենք անոնց` ԼՂՀ-ի անկախութեան միջազգային ճանաչման պահանջը, զոր աւելի քան երկու տարիէ ի վեր կը հետապնդենք իբրեւ կուսակցութիւն, իսկ այսօր, Հայաստանի նախագահին կողմէ երբ պաշտօնապէս կը ներկայացուի այս բանաձեւումը, ապա մեր պահանջը կը զգենայ շատ աւելի իրաւական ուժ եւ դիմագիծ : Բայց անշուշտ այս բոլորին մէջ ամէնէն իրաւական յենարանը է՛ ու կը մնայ ԼՂՀ բնակչութիւնը, որ այսօր միաբերան կը պահանջէ իր անկախութիւնը : Եւ Սփիւռքը չի կրնար իր կարողութեանց առաւելագոյնը չներդրել համազգային այս գործընթացին մէջ :

Հարցում.- Ի՞նչ կ’ակնկալէք մեր ժողովուրդէն :

Հրաչ Վարժապետեան.- Մենք մի՛շտ հաստատած ենք ու կը վերահաստատենք կրկնելու գնով, որ մեր ժողովուրդն է մեր թիկունքը, մեր վստահութեան աղբիւրը : Ամէն անգամ որ մենք կարիքը ունեցած ենք մեր ժողովուրդի ներկայութեան ու նեցուկին, ան անսակարկ ու անվարան «ներկայե արձագանգած է :

Վստահաբար այս անգամ տարբեր պիտի չըլլայ նախորդներէն, եւ մեր ժողովուրդը խիտ շարքերով պիտի մասնակցի յատկապէս բողոքի հաւաքին` Ազրպէյճանի դեսպանատան առջեւ, 28 Փետրուարին : Մանաւանդ` հայ երիտասարդութիւնը : Առանց յարանուանական ու գաղափարական խտրութեան : Ազերի թուրքին պէտք է անընդհատ յիշեցնել հրէշային իր արարքը, որուն միա՛կ պատասխանատուն կը հանդիսանայ պաշտօնական Պաքուն : Եւ ո՛չ միայն յիշեցնել, այլեւ մնալ պահանջատէր :

Վերջապէս, Ֆրանսայի մէջ աճող ու հետզհետէ կազմակերպուող թուրք-ազերի համայնքը իր հերթին անընդհատ պիտի տեսնէ ու իմանայ ֆրանսահայութեան պահանջատիրութեան մասին, մինչեւ արդարութեան վերականգնումը :

Ուստի, բոլորս միասին, խիտ, կուռ ու պահանջատէր շարքերով մասնակցինք համաժողովրդային այս ձեռնարկներուն եւ մեր յարգանքի տուրքը մատուցենք Սումկայիթի մեր նահատակներուն, ինչպէս նաեւ մեր անվերապահ զօրակցութիւնը` Ղարաբաղի մեր քաջարի ժողովուրդին :

Հ.Յ.Դ ՄԱՄԼՈՅ ԴԻՒԱՆ

Տպել Տպել