Ստեփանակերտը դարձեալ շարժումի մէջ է: Պահանջատիրութիւնը, բողոքն ու ցասումը փոխակերպուած են ցնծութեան, յաղթանակի պարգեւած բերկրանքին ու հպարտութեան:
Ինչո՞ւ չհպարտանալ: Շարժում էր, դարձաւ ազատամարտ, որուն վճռական յաղթանակի պսակը դարձաւ Արցախի անկախ Հանրապետութիւնը, որուն բոլոր խորհրդանիշները երէկ մասնակից էին քսանհինգերորդ տարեդարձին առթիւ կազմակերպուած հաւաքին:
Եկէք այսօր ունկնդրենք Արցախի երիտասարդութեան ձայնը, որ հնչած է Վերածնունդի հրապարակէն: Նոր յաղթանակներու դրօշակակիրները պիտի ըլլան անոնք, լա՛ւ ակնաջ տուէք.
Պատմութեան համար 25 տարին ակնթարթ է: Առաւել եւս՝ հայ պատմութեան համար: Սակայն, վերջին 25 տարին արցախահայութեան եւ ողջ հայութեան համար հոգեւոր վերելքի, ազգային ինքնութիւնը վերահաստատելու, պատմութեան մարտահրաւէրները դիմագրաւելու, ռազմադաշտում տարած յաղթանակի ջահը նոր սերնդին փոխանցելու քառորդ դար էր:
1988 թուականի Փետրուարի 20ին, արտայայտելով ժողովրդի կամքը՝ ԼՂԻՄ մարզխորհրդի 20րդ գումարման արտահերթ նստաշրջանը ընդունեց պատմական որոշում, որով ազդարարուեց իր ճակատագիրը տնօրինելու արցախահայութեան վճռականութիւնը:
1991թ. Դեկտեմբերի 10ի հանրաքուէով, Արցախի ժողովուրդը իրացրեց ինքնորոշման իր ճանաչուած իրաւունքը՝ հաստատելով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը որպէս ազատ, անկախ, ժողովրդավարական պետութիւն:
Մենք, որպէս ժողովրդի կամարտայայտութեամբ հռչակուած Արցախի Հանրապետութեան քաղաքացիներ, յայտարարում ենք, որ Արցախի ժողովրդի ինքնորոշումն անբեկանելի է:
Ինքնիշխան պետութիւն կերտելու եւ մեր պետութեան ճակատագիրը տնօրինելու մեր իրաւունքն այլընտրանք չունի:
Մենք՝ Արցախի Հանրապետութեան երիտասարդ քաղաքացիներս, ունենք անհրաժեշտ եւ բաւարար ներուժ՝ մեզ աւանդուած ազգային ու համամարդկային արժէքները պահպանելու եւ պաշտպանելու, անկախութեան ձեռքբերումները բազմապատկելու համար:
Մեր յաղթական երթն անկասելի է, մեր պետականութեան զօրացման ուղին՝ անշեղ:
«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Փետրուար 13







