50 Տարեկան Երիտասարդ «Բագին»ը. Յարատեւ Կենսունակութիւն Յիսնամեայ «Բագին»ին

Pakin-Cover2012 տարին հայ գիրի ու գրականութեան համար հանդիսացաւ յատկանշական իրադարձութիւններու տարի մը: Քաղաքամայր Երեւանը ԵՈՒՆԵՍՔՈՅի կողմէ հռչակուեցաւ «Գիրքի համաշխարհային մայրաքաղաք», հայ տպագրութեան նախակարապետ Յակոբ Մեղապարտի նախաձեռնութեամբ սկիզբ առած հայ տպագրութիւնը տօնեց իր 500-ամեակը իսկ «Բագին»ը թեւակոխեց իր յիսուներորդ տարին:

1962 Յունուարին հոյլ մը երիտասարդ ու գրասէր մտաւորականներու համատեղ ճիգերով Պէյրութի մէջ լոյս կը տեսնէր «Բագին» գրականութեան եւ արուեստի ամսագրի անդրանիկ թիւը: Համասփիւռքեան գրական բեմ մը ստեղծելու եւ իրենց շուրջ գրասէր երիտասարդներ համախմբելու ճիգին մէջ, Հայ գիրի ու գրականութեան նուիրուած այդ երիտասարդները հաւանաբար չէին մտածած, թէ նորաստեղծ թերթը պիտի գոյատեւէր աւելի քան կէս դար: «Բագին»ը գոյատեւեց եւ յաջողեցաւ հանդիսանալ սփիւռքահայ գրագէտին, գրականագէտին եւ արուեստագէտին ստեղծագործական թափը քաջալերող ազդակ: «Բագին»ը նաեւ կրցաւ հանդիսանալ Խորհրդային Հայաստանի մտաւորականութեան Սփիւռքի խօսքը եւ մտածումները փոխանցող գրական-մտաւորական բեմ: Իսկ երբ համասփիւռքեան իրավիճակով սկսած «Բագին»ը Հայաստանի անկախացումէն ետք դարձաւ նաեւ համահայկական շնորհիւ հայրենի գրողներու մեծ ներդրումին, հայրենին ու հայրենաբաղձը կամրջուեցան իրարու:

Կէս դարու գրական հսկայ ժառանգ մը կայ «Բագին»ի պատմական էջերուն մէջ. բազմատասնեակ հեղինակներ, բազմահարիւր գրական ստեղծագործութիւններ եւ բազմահազար էջեր կը կազմեն հայ գրականութեան արժէքաւոր գանձարան մը: Կ՛արժէ այստեղ փակագիծի մէջ նշել, որ ի մօտոյ Համազգայինի համացանցային կայքին վրայ տրամադրելի պիտի ըլլայ ամբողջական մատենագիտական ցանկը այդ պատկառելի ժառանգին:

«Բագին»ի գրական ժառանգը ոչ միայն պահելու, այլ նաեւ աւելի ուռճացնելու ու զայն ապագայ սերունդներուն փոխանցելու դժուարին պարտականութիւնը իր ուսերուն ունի «Բագին»ի այսօրուան ամբողջ ընտանիքը: Դժուարին` այո՛: Որովհետեւ եթէ արհեստագիտութեան ընձեռած պայմանները մէկ կողմէ դիւրութիւններ ընծայեցին ելեկտրոնային հրատարակութիւններու, ընթերցումներու եւ ընթերցողին շատ արագ հասնելու, միւս կողմէ սակայն տուին ծանր հարուած մը տպագիր հրատարակչութեան` հետզհետէ տկարացնելով թուղթ-գրիչ-ընթերցող եռեակ հին մտերմութիւնը:

«Բագին» այսօր ամբողջացուցած է իր յիսնամեակը ու լաւատեսութեամբ կը նայի ապագային: Նոր մարտահրաւէրներ կան ցցուած իր դէմ, նոր հանգրուաններ կան նուաճելի ու նոր երազներ` իրականացնելիք: Այս բոլորը վստահաբար պիտի իրականացուին հայ գրականութեամբ ու մշակոյթով հետաքրքրուած անհատներու անշահախնդիր համագործակցութեամբ:
Վարձքը կատա՛ր «Բագին»ի էջերուն վրայ տքնած ու աշխատած իւրաքանչիւր խմբագիրի ու աշխատակիցի:

Վարձքը կատա՛ր «Բագին»ի գոյերթին հաւատացած ու անոր վերելքին սատարած իւրաքանչիւր հայորդիի:

«Բագին»ի երթը պէ՛տք է շարունակուի: Պիտի՛ շարունակուի:

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

«Բագին»ի Հոկտեմբեր, Նոյեմբեր, Դեկտեմբեր 2012-ի թիւը
«ԱԶԴԱԿ», 16 Փետրուար 2013

Տպել Տպել