Յովհաննէս Թումանեան (1869-1923). Ամենայն Հայոց Բանաստեղծին լուսաբաշխ արուեստն ու կենարար շունչը

Hovhannes-Tumanyan3Այսօր, Փետրուար 19ին, հայ ժողովուրդը կը նշէ ծննդեան տարեդարձը իր հանճարեղ զաւակներէն Յովհաննէս Թումանեանի, որ իր կենդանութեան իսկ արժանացաւ «Ամենայն Հայոց Բանաստեղծ»ի պատուանդանին։

Մեծն Եղիշէ Չարենց իրաւամբ թարգմանը հանդիսացաւ հանուր հայութեան՝ թէ՛ Արեւմտահայաստանի, թէ՛ Արեւելահայաստանի եւ թէ աշխարհով մէկ սփռուած մեր ժողովուրդին, երբ հայ գրականութեան «հանճարեղ Լոռեցին» հռչակեց Թումանեանը։

Բառին բոլոր առումներով լոռեցի էր Թադէոս Թումանեանի որդի Յովհաննէսը։ Լոյս աշխարհ եկաւ 7 Փետրուար (հին տոմարով) 1869ին, Դսեղ գիւղին մէջ, հոգեւորական ընտանիքի յարկին տակ։ Նախնական կրթութիւնը գիւղի դպրոցին մէջ ստանալէ ետք, յաճախեց Ջալալօղլուի (այժմու Ստեփանաւան) դպրոցը, որմէ շրջանաւարտ՝ 1883ին անցաւ Թիֆլիս, «Ներսիսեան» Ճեմարանին մէջ ուսումը շարունակելու համար։ Սակայն նիւթական ծանր պայմաններու ճնշումին տակ, 1887ին, ակամայ լքեց ուսումը եւ նետուեցաւ կեանքի ասպարէզ՝ աշխատանք գտնելով նախ Թիֆլիսի հայոց Ազգային Դատաստանական Խորհուրդի, ապա՝ Հայ Հրատարակչական Միութեան գրասենեակներուն մէջ։

Ամենայն հայոց բանաստեղծին կազմաւորման շըրջանը յատկորոշող կենսագրական այս ուրուագծային ամփոփ տեղեկանքի պաստառին վրայ իրենց տեղն ու նշանակութիւնը կը գտնեն Յովհաննէս Թումանեան մարդուն, հայուն, գրողին եւ ազգային-հասարակական գործիչին տիրական յատկանիշները.

– Անսահման բարութեամբ եւ միշտ լաւատեսութեամբ՝ անհուն ժպիտով կեանքին նայող մարդը եղաւ Թումանեան։

– Սեփական ազգի բազմաչարչար պատմութեամբ տառապող, հայու սեփական սխալները սրտցաւօրէն քննդատող, ինքնաքննադատութեան եւ ինքնամաքրման յառաջապահ դիրքերուն վրայ կանգնող եւ, մանաւա՛նդ, հայ ժողովուրդի ու Հայաստանի վաղուան պայծառ օրուան հաւատացող ու պայքարող հաստատակամ հայը եղաւ Թումանեան։

– Հայոց աշխարհի բնական գեղեցկութիւններով ու հայ ժողովուրդի տոհմիկ բարքերով գինովցած գրողը եղաւ Թումանեան, որ այդ բոլորին հանճարեղ երգիչը դառնալով՝ անմահացաւ ու իրեն հետ անմահացուց Հայաստանն ու հայութիւնը։

– Հայ ժողովուրդի ազգային զարթօնքին եւ ազատագրական պայքարին անձնուէր դրօշակիրը եղաւ Թումանեան՝ ազգային¬հասարակական իր գործունէութեամբ ու մտածողութեամբ, հաւատաւոր ջատագովը դառնալով ինչպէս հայ ժողովուրդին մեծամասնութիւնը վարակած անբուժելի ռուսասիրութեան, նոյնպէս եւ վրացի ու թուրք-թաթար հարեւաններուն հետ անկեղծ բարեկամութեան։

Այս բոլորին ինքնատիպ եւ ճառագայթող համադրումը մարմնաւորեց Յովհաննէս Թումանեան։

Բազմազաւակ իր ընտանիքով եւ նահապետական նիստուկացով՝ արժանացաւ հայոց նոր դարաշրջանի ժողովրդային բանաստեղծի արդար փառքին։ Եւ պատահական չէ, որ իր դիւցազներգութեամբ, վիպերգներով, հեքիաթներով, առակներով եւ մանաւանդ խորախորհուրդ քերթուածներով՝ Թումանեան դարձաւ ամէնէն շատ սիրուած ու կարդացուած գրողներէն մէկը հայ իրականութեան։

Հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր ժառանգութեան ջերմեռանդ պահապանի եւ հանճարեղ վերանորոգողի իր գրական ստեղծագործութեամբ, նաեւ ու մանաւա՛նդ իր բնակարանի վերնայարկին մէջ հիւրընկալած ատենի հայ մտաւորականութեան սերուցքի «Վերնատան հանդիպումներով»՝ Թումանեան 1900ականներուն իրագործեց հոգեկան-գաղափարական միասնութեան ոգեշնչող մթնոլորտ մը, որ մինչեւ մեր ժամանակները կը պահպանէ օրինակելի աւանդի եւ ներշնչման աղբիւրի իր այժմէականութիւնն ու թելադրականութիւնը։

Երբ ատենի մեծապետական սադրանքներուն եւ ծաւալապաշտական նենգ հաշիւներուն հետեւանքով Անդրկովկասի գլխաւոր երեք ազգութեանց՝ հայերուն, վրացիներուն եւ թաթար-թուրքերուն միջեւ արիւնալի ընդհարումներ հրահրուեցան 1905ին, յատկապէս Թումանեան բարձրահասակ կանգնեցաւ հաշտարար խառն յանձնախումբերու առաջին դիրքերուն վրայ, ազգամիջեան ներքին համերաշխութեան ի սպաս հաւատաւոր աշխատանք ծաւալելով։

Կուսակցականի խառնուածք չունէր Թումանեան եւ միայն կարճատեւ անդամակցութիւն ունեցաւ Դաշնակցութեան, որուն ազգային-գաղափարական ուղիին հաւատացող համակիրը մնաց մինչեւ վերջ։ Այդ պատճառով ալ, մտքի եւ գրչի իր ընկերներուն հետ, 1909ին բանտ նետուեցաւ ցարիզմին կողմէ, որ ձեռնամուխ եղած էր Դաշնակցութեան «կազմալուծումին», համառուսական առաջին յեղափոխութեան շրջանին Դաշնակցութեան ծաւալած հակացարական պայքարը սանձելու քաղաքականութեամբ։

Թումանեան ազգային գործիչին կերպարը իր առաւելագոյն հնչեղութիւնը ստացաւ Առաջին Աշխարհամարտի տարիներուն, երբ Հայ Կամաւորական Շարժման կազմակերպման իր աշխոյժ մասնակցութիւնը բերաւ։ Յատկապէս մեծ եղաւ Թումանեանի ներդրումը թրքական պետութեան գործադրած Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հարիւր-հազարաւոր հայ գաղթականներու պատսպարման, բուժ-ապահովման եւ սնընդաւորման դժուարին գործին մէջ։ Այդ ժամանակ էր, որ Ս. Էջմիածնի վերանորոգուած վեհարանը գաղթականներուն առջեւ իբրեւ պատսպարան բանալու Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի դժկամութեան առ ի պատասխան՝ Թումանեան յայտարարեց, թէ ինքն ալ «Ամենայն Հայոց Բանաստեղծ»ն է եւ, գաղթական իր ժողովուրդին տէր կանգնելու իր այդ կոչումով, բանալ տուաւ վեհարանը։

Յովհաննէս Թումանեան ազգային-հասարակական գործիչին վերջին առաքելութիւնը եղաւ Թիֆլիսէն Հայաստան ժամանումը 1921ի Մարտին, պոլշեւիկներու խժդժութեանց դէմ բռնկած Փետրուարեան համաժողովրդային ապստամբութենէն անմիջապէս ետք, որպէսզի Սիմոն Վրացեանի «Հայրենիքի Փրկութեան Կոմիտէ»ին եւ խորհրդայիններուն միջեւ հաշտեցման եզրեր գտնէ։

Այդ առաքելութիւնը սպասուած արդիւնքը չտուաւ, իսկ Թումանեան բռնուեցաւ դեղնախտէ։ Անմիջապէս վիրահատման պէտք է ենթարկուէր եւ ան ճամբայ ելաւ դէպի Մոսկուա՝ Պերլին անցնելու եւ հոն մասնագիտական գործողութեամբ բուժուելու համար։ Բայց խլիրդը խոր բոյն դրած էր մէջը եւ հայ գրականութեան փառքը կազմող «Հանճարեղ Լոռեցին» վախճանեցաւ Մոսկուայի մէջ՝ 1923ի Մարտ 23ին։

Այս տարի կը լրանայ 90ամեակը Թումանեանի մահուան եւ Յուշատետրի Մարտ 23ի էջը դարձեալ կը նուիրուի մեծ բանաստեղծին։

Իսկ Ամենայն Հայոց Բանաստեղծին նուիրուած իւրաքանչիւր անդրադարձ ոչ միայն հաղորդութեան առիթ է հայ ժողովուրդի մեծանուն այս զաւակին ազգային մտածողութեան եւ շնչաւորած արժէքներուն հետ, այլեւ անպայման գրական-գեղարուեստական խրախճանքի պահ է, որովհետեւ Թումանեան իր երկնած իւրաքանչիւր տողին մէջ կը խտացնէ մեր ժողովուրդին հոգեխառնութենէն, հայոց հողին ջերմութենէն եւ հայ հոգիի կախարդանքէն լոյս մը, ձայն մը, երանգ մը եւ խաղ մը։

Թումանեանի ստեղծած աշխարհը բանաստեղծական վկայութիւնն է հազարամեակներու ուղի կտրած, այլեւ յաւերժի ուղեւորի իր ինքնատիպ դրոշմով ողջ մարդկութիւնը աւելիով գեղեցկացուցած ու հարստացուցած Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի անկորնչելի ժառանգութեան։

Ամենայն Հայոց Բանաստեղծին ծննդեան 144ամեակին նուիրուած այսօրուան էջը կþարժէ փակել թրքական պետութեան գործադրած Հայոց Ցեղասպանութեան դէմ յանդիման Թումանեանի երկնած բանաստեղծական վկայութեամբ ու պատգամով։ Որքան ալ մեր օրերուն հայ պետական եւ քաղաքական գործիչներ մոլորանքի մատնուին եւ հայ ժողովուրդի ազգային-քաղաքական պահանջատիրութիւնը «արհաւիրքակեդրոն» հռչակեն ու զայն թօթափելու եւ, իբր թէ, «յաղթահարելու» կոչեր արձակեն, Մեծն Թումանեանը 1915ին իր ստեղծած բանաստեղծութիւններով հունաւորած է արդէն մեր ժողովուրդի ուղին, որմէ շեղելու ամէն փորձ միայն ինքնալքում է ու դատապարտուած անփառունակ ձախողութեան։

Ն.
«ԱԶԱՏ ՕՐ», 19 Փետրուար 2013

Տպել Տպել