Սուրիացիք հրաւիրուած են որսալու նպատակայարմար պահը

Յե­տա­դարձ ընդ­հա­նուր ակ­նար­կով մը եթէ փոր­ձենք մեր յի­շո­ղու­թիւնը թար­մացը­նել եւ մտա­բե­րել, թէ եր­կու տա­րի առաջ այս օրե­րուն սուր­ի­ա­ցի­ներ ինչ­պի­սի մտա­հո­գու­թիւն­նե­րով կլան­ուած էին, առօ­ր­է­ա­կան ինչ­պի­սի խն­դիր­ներ կը յու­զէ­ին, կ՛ան­հանգըս­տաց­նէ­ին զա­նոնք, ապա առանց նուա­զա­գոյն ճի­գի կամ դժ­ուա­րու­թեան պի­տի անդ­րա­դառ­նանք, որ անոնք օրն ի բուն կը տագ­նա­պէ­ին շարք մը ըն­թա­ցիկ հար­ցե­րով, ինչ­պէս` վա­ռե­լա­նիւ­թի գնա­ճով եւ կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ այդ ուղ­ղու­թեամբ ակն­կալ­ուած միջ­նոր­դու­թեամբ, սահ­մա­նա­փակ եկա­մու­տի տէր քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն տրա­մադր­ուե­լիք յատ­կա­ցում­նե­րով, որոնք առ­հա­սա­րակ կը մի­տէ­ին նաֆ­թամ­թեր­քի սա­կե­րու մագլ­ցումն ու ապ­րուս­տա­յին սղա­ճը հա­կակշ­ռել:

Այդ օրե­րուն մղ­ձա­ւան­ջի վե­րած­ուած եւ ներ­կա­յիս աւե­լի քան ան­հե­թեթ ու մա­կե­րե­սա­յին թուա­ցող խն­դիր­նե­րէն կա­րե­լի է մէջ­բե­րել օրի­նակ` քա­ղա­քա­յին եր­թե­ւե­կու­թեան սպա­սար­կող վա­րորդ­նե­րու օրի­նա­զան­ցում­նե­րը, հան­րա­յին վայ­րե­րու մէջ ծխա­խոտ կամ կլկ­լակ ծխե­լը ար­գե­լա­կող օրէն­քի հրա­պա­րա­կու­մն ու գործադրութիւնը երկ­րի գլ­խա­ւոր քա­ղաք­նե­րու փո­ղոց­նե­րը խճո­ղող շր­ջիկ վա­ճա­ռորդ­նե­րու սո­վո­րա­կան դար­ձած սան­ձար­ձա­կու­թիւն­նե­րը, պե­տա­կան պաշ­տօն­եա­նե­րու յո­ռի եւ ան­հան­դուր­ժե­լի վար­քը, փտախ­տով եւ գայ­թակ­ղա­լի գոր­ծարք­նե­րով մե­ղա­ւոր անուղ­ղայ քա­ղա­քա­ցի­նե­րը սաս­տելն ու հա­մա­պա­տաս­խան պատ­ժա­կան տնօ­րի­նում­նե­րու են­թար­կե­լը… եւայլն:

Նոյն ժա­մա­նա­կա­մի­ջո­ցին «Արա­բա­կան Գա­րուն» յոր­ջոր­ջու­մով բո­լո­րին ծա­նօթ յե­ղա­փո­խա­կան պոռթ­կում­նե­րը ար­դէն ծայր առած էին եւ շեշտ­ուած զգա­ցա­կա­նու­թեամբ ու ռո­ման­թիզ­մով կը դր­սե­ւոր­ուէ­ին` զար­մաց­նե­լով հա­մայն աշ­խար­հը:

Թու­նու­զի, Եգիպ­տո­սի, Լիպ­իոյ եւ Եմէ­նի մէջ բռն­կած իրա­րա­յա­ջորդ շար­ժում­նե­րը անակն­կա­լի կը բե­րէ­ին ու խու­ճա­պի կը մատ­նէ­ին ամ­բողջ արա­բա­կան աշ­խար­հը: Արա­բա­կան պե­տու­թիւն­նե­րը սահմռ­կած եւ ահա­բեկ­ուած` անձ­կու­թեամբ կը սպա­սէ­ին, թէ ո՛ր եր­կի­րը պի­տի ըլ­լայ յա­ջորդ զո­հը: Սա­կայն նոյ­նը կա­րե­լի չէ ըսել Սուր­իոյ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն եւ ժո­ղո­վուր­դին համար: Սուր­ի­ա­ցի­ներ յե­ղա­փո­խա­կան այդ շար­ժում­նե­րու հե­տե­ւանք­նե­րուն առն­չու­թեամբ երկ­փեղկ­ուած էին եւ ու­նէ­ին հա­կա­դիր տե­սա­կէտ­ներ. անոնց­մէ խումբ մը ամե­նե­ւին կը բա­ցա­ռէր, որ Սուր­իա եւս կր­նայ թա­տե­րա­բեմ դառ­նալ նմա­նօ­րի­նակ զանգ­ուա­ծա­յին ընդ­վզու­մի եւ վայ­րա­գու­թեանց ալիք­նե­րու, մինչ­դեռ` ոչ ար­հա­մար­հե­լի թիւով ու­րիշ­ներ կը կան­խա­տե­սէ­ին, որ ալե­կո­ծու­թեան հա­մայ­նա­կուլ այդ հո­սան­քը ուշ կամ կա­նուխ ան­պայ­ման պի­տի հաս­նի նա­եւ իրենց` իր արիւ­նա­լի եւ կոր­ծա­նա­րար բռ­նա­րարք­նե­րով պա­տու­հա­սե­լու հա­մար նա­եւ Սուր­ի­ա­կան չք­նաղ հայ­րե­նի­քը: Իսկ ար­դիւն­քը եղաւ այն, որ աւե­րիչ այդ երկ­րա­շար­ժը չու­շա­ցաւ հար­ուա­ծե­լու եւ ճգ­նա­ժա­մե­լու նա­եւ սուր­ի­ա­ցի­նե­րը` իր ահա­ւոր փո­թո­րիկ­նե­րով եւ ար­հա­ւիրք­նե­րով, իր ող­բեր­գա­կան եւ հա­մա­հար­թեց­նող ցն­ցում­նե­րով ու յետ ցն­ցում­նե­րով:

Այ­սօր, շուրջ եր­կամ­եայ արիւ­նա­լի եւ մա­հաս­փիւռ իրա­դար­ձու­թիւն­նե­րէն ետք, սուր­ի­ա­ցի­նե­րու գլ­խա­ւոր եւ մի­ակ մտա­հո­գու­թիւնը կը կազ­մէ իրենց ֆի­զի­քա­կան գո­յու­թեան պահ­պա­նու­մը, կեան­քի անվ­տան­գու­թիւնը: Կեանք ըսե­լով այս­տեղ պար­զա­պէս կը հասկըց­ուի գո­յու­թեան քաշք­շուք, որ կը բնո­րոշ­ուի կեն­ցա­ղա­յին հա­մես­տա­գոյն եւ կաթ­ուա­ծա­հար պայ­ման­նե­րով, մի­ան­գա­մայն յա­գե­ցած է ան­հան­դուր­ժե­լի դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րով ու մար­տահ­րա­ւէր­նե­րով: Ան­տա­րա­կոյս, մի­ամ­տու­թիւն կամ անի­րա­տե­սու­թիւն պի­տի ըլ­լար այս պա­րա­գա­յին բա­րե­կե­ցու­թեան կամ եր­ջան­կու­թեան մա­սին մտա­ծել ու ար­տա­յայտ­ուիլ: Բա­րին ու բա­րօ­րու­թիւնը այ­սօր գրե­թէ ջնջ­ուած են սուր­ի­ա­ցի­նե­րու կեան­քէն ու բա­ռա­պա­շա­րէն:

Սուր­ի­ացիի կեան­քը ինչ­պէ՞ս բա­րօր ու բար­գա­ւաճ կր­նայ ըլ­լալ, երբ մահ­ուան ուր­ուա­կա­նը տիւ եւ գի­շեր կը շր­ջի ամէն կողմ, երբ մար­դոց գո­յու­թիւնը, կե­ցու­թեան շա­րու­նա­կա­կա­նու­թիւնը վտանգ­ուած է ամէն պա­հու եւ ամէն քայ­լա­փո­խի: Ինչ­պէ՞ս կ՛ակըն­կա­լենք, որ սուր­ի­ա­ցի­ներ ու­րախ եւ եր­ջա­նիկ ըլ­լան, երբ անոնց հայ­րե­նա­կից­նե­րէն շա­տեր կ՛ապ­րին վրան­նե­րու տակ, դպ­րոց­նե­րու եւ հան­րա­յին պար­տէզ­նե­րու մէջ, եր­բեմն նոյ­նիսկ փո­ղո­ցը` ան­ծածկ ու ան­պաշտ­պան…: Ֆիզիքական ապա­հո­վու­թիւնն ու անվը­տան­գու­թիւնը սուր­ի­ացի­ին հա­մար հիմ­նա­կան պա­հանջք եւ գե­րա­գոյն բաղ­ձանք դար­ձած են:
Անոր փնտ­ռա­ծը ամէն բա­նէ առաջ եւ վեր ներ­քա­ղա­քա­կան կա­յու­նու­թիւնն է, ար­տա­քին սպառ­նա­լիք­նե­րուն դէմ անվ­տան­գու­թիւնը:

Ներ­կայ պա­հը որ կ՛ապ­րինք, մեր ֆի­զի­քա­կան գո­յու­թիւնը ապա­հո­վե­լու եւ շա­րու­նա­կե­լու նկր­տու­մէն ան­դին, կը դառ­նայ սոսկ հան­րա­գու­մար մը` ման­րուք­նե­րու, ապ­րուս­տա­յին հար­թե­լի ու շր­ջան­ցե­լի խն­դիր­նե­րու, որոնք պա­րա­գա­յա­կան եւ ան­ցո­ղա­կի բնոյթ ու­նին, եւ զորս կա­րե­լի է ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին կեր­պով մը հան­գու­ցա­լու­ծել:

Առ այ­սօր տասն­եակ հա­զա­րա­ւոր սուր­ի­ա­ցի­ներ զոհ­ուե­ցան կամ նա­հա­տակ­ուե­ցան, հա­րիւ­րա­ւոր հա­զար­ներ հա­շուող ու­րիշ­ներ կորսնց­նե­լով իրենց տու­նը, տե­ղը, աշ­խա­տա­նո­ցը եւ ամ­բողջ ու­նեց­ուած­քը լքե­ցին եր­կի­րը, դար­ձան գաղ­թա­կան­ներ կամ աք­սո­րա­կան­ներ, աղէտ­եալ այլ զանգ­ուած մըն ալ հա­զիւ փրկ­ուած կոր­ծա­նա­րար ու մա­հաս­փիւռ հար­ուած­նե­րէ, անխ­նայ ռմ­բա­կո­ծում­նե­րէ, խոյս տուաւ իր բնա­կա­վայ­րե­րէն եւ ապաս­տա­նե­ցաւ հոն` ուր հնա­րա­ւոր է, հոն` ուր գէթ կեան­քի նուա­զա­գոյն ապա­հո­վու­թիւն կա­րե­լի է գտ­նել…: Առ այդ, որ­պէս ան­փո­խա­րի­նե­լի եւ ոս­կի ընտ­րանք` ներ­կա­յիս սուր­իա­ցի­նե­րուն կը մնայ ըլ­լալ աչա­լուրջ եւ զգօն, որ­սալ դրա­կան ու նպա­տա­կա­յար­մար պա­հը, առա­ւե­լա­գոյնս օգտ­ուիլ ստեղծ­ուած որե­ւէ պա­տեհ առի­թէ, իմաս­տու­թեամբ եւ իրա­տե­սու­թեամբ սահ­մա­նել իրաւ առաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րը, երկ­րին ու ժո­ղո­վուր­դին անհը­րա­ժեշտ գե­րա­կա­յու­թիւն­նե­րը, միշտ հե­ռու` ան­բո­վան­դակ եւ ցու­ցա­կան նշա­նա­խօս­քե­րէ, ճա­մար­տա­կու­թիւն­նե­րէ, զորս ամե­նե­ւին կա­րե­լի չէ հա­մե­մա­տել մար­դոց ֆի­զի­քա­կան գո­յու­թեան հետ, նժա­րի դնել կեան­քի իս­կա­կան ար­ժէ­քին համատեղ:

Որ­սալ յար­մա­րա­գոյն պա­հը, բա­րեն­պաստ պա­տե­հու­թիւնը կը նշա­նա­կէ կա­սեց­նել մա­հը, վերջ տալ սպա­նու­թեանց եւ բռ­նա­րարք­նե­րու տի­րա­պե­տու­թեան, նա­խա­պա­տուու­թիւն ճանչ­նալ խա­ղա­ղու­թեան եւ հա­մե­րաշ­խու­թեան, հա­կա­մար­տող բո­լոր կող­մե­րու եւ հա­սա­րա­կու­թեան ողջ բաղ­կա­ցու­ցիչ­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ եր­կի­րը առաջ­նոր­դել դէ­պի հրա­դա­դար, դէ­պի երկ­խօ­սու­թիւն եւ հաշ­տու­թիւն: Իսկ այս բո­լո­րը մեր­ժող որե­ւէ վար­քա­գիծ կամ կողմ­նո­րո­շում հա­մա­զօր պի­տի ըլ­լայ դա­ւա­ճա­նու­թեան եւ Սուր­ի­ան պի­տի մղէ դէ­պի դժո­խա­յին ան­դունդ: Դա­ւա­ճա­նու­թիւն կեան­քին, դա­ւա­ճա­նու­թիւն հայ­րե­նի­քին եւ սուր­ի­ա­ցի­նե­րուն, դա­ւա­ճա­նու­թիւն մա­նա­ւանդ` բիւ­րա­ւոր ան­մեղ զո­հե­րուն եւ յում­պէտս հեղ­ուած ծով ար­եան նկատ­մամբ:

Այս­տեղ ան­վա­րան կեր­պով եւ ամե­նայն հա­մո­զու­մով կր­նանք յայ­տա­րա­րել, որ Սուր­իոյ ճգ­նա­ժա­մին մէջ սխա­լե­ցան բո­լո­րը` ներ­քին թէ ար­տա­քին հար­թու­թեանց վրայ: Սա­կայն ներ­կայ պա­հը բնաւ ձեռն­տու չէ գործ­ուած սխալ­նե­րուն, անոնց հե­ղի­նակ­նե­րուն եւ շար­ժա­ռիթ­նե­րուն անդ­րա­դառ­նա­լու: Թէ ո՞վ սխա­լե­ցաւ, ինչ­պէ՞ս սխա­լե­ցաւ, ին­չո՞ւ սխա­լե­ցաւ, ե՞րբ եւ ո՞ւր սխա­լե­ցաւ…: Այս բո­լոր հար­ցադ­րում­նե­րը պա­տաս­խան չու­նին եւ քննե­լի չեն այ­սօր, երբ չա­րա­գու­շակ մա­հը իր գե­րիշ­խա­նու­թիւնը պար­տադ­րած է մեր երկ­րին եւ հա­մայն սուր­ի­ա­ցի­նե­րուն, դա­րա­նա­կալ կը սպա­սէ ամէն ան­կիւն, կը սպառ­նայ բո­լո­րին` առանց բա­ցա­ռու­թեան:

Վեր­ջա­պէս` որ­սալ պատ­շաճ, նպա­տա­կա­յար­մար պա­հը կը նշա­նա­կէ փր­կու­թիւն, որով­հե­տեւ սուր­ի­ա­ցիք յոգ­նած ու բա­րո­յալք­ուած են այ­լեւս ամէն ին­չէ, յոգ­նած են առ­ճա­կա­տում­նե­րէ, արիւ­նա­հե­ղու­թե­նէ, աւե­րա­ծու­թե­նէ, ահա­բե­կու­թե­նէ, ան­մարդ­կա­յին բռ­նու­թիւն­նե­րէ, զազ­րե­լի սպանդ­նե­րէ…, աւե­լին` անոնք պար­տա­սած են նոյ­նինքն յոգ­նու­թե­նէն եւ ան­համ­բեր կը սպա­սեն վերջ­նա­կան հան­գու­ցա­լու­ծում­նե­րու տա­նող ան­կեղծ քայ­լե­րու…: Ար­դա­րեւ, ինչ­պէս կան­խան­շե­ցինք, վերոթ­ուարկ­եալ­նե­րէն տար­բեր որե­ւէ ան­պա­տաս­խա­նա­տու ըն­թացք կամ ուղ­ղուա­ծու­թիւն պի­տի սպառ­նայ սուր­ի­ա­ցի­նե­րու ապա­հո­վու­թեան ու գո­յու­թեան, անոնց կեան­քը գե­հե­նի պի­տի վե­րա­ծէ, Սուր­ի­ա­կան հայ­րե­նի­քի ապա­գան ու շա­րու­նա­կա­կա­նու­թիւնը հար­ցա­կա­նի տակ պի­տի առ­նէ:

* * *

Յարակից Խորհրդածութիւններ

– Գի­տա­կից ու խե­լա­ցի մար­դիկ տե­ւա­բար կը փոր­ձեն օգտ­ուիլ առիթ­նե­րէ, որ­սալ պա­տե­հու­թիւն­ներ ու խու­սա­փիլ ապար­դիւն վի­ճար­կում­նե­րէ, դի­մա­կա­յու­թիւն­նե­րէ: Անոնք առա­ւե­լա­բար առիթ­ներ ստեղ­ծող­ներ, սնու­ցող­ներ են, իսկ կնճ­ռոտ խն­դիր­ներն ու ան­հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րը ող­ջա­խո­հու­թեամբ ու բազ­մա­պատկ­ուած ջան­քե­րով յաղ­թա­հա­րող­ներ:

– Ձա­խո­ղու­թիւնը իր ող­բեր­գա­կան հե­տե­ւանք­նե­րով հան­դերձ առիթ է, շր­ջա­դարձ` վերս­տին աշ­խա­տան­քի ձեռ­նար­կե­լու, ան­կա­տար նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ աւե­լի ծրագըր­ուած, աւե­լի կան­խամ­տած­ուած եւ աւե­լի հա­մա­կող­մա­նի ու կազ­մա­կերպ նա­խա­պատ­րաս­տու­թեամբ կր­կին փոր­ձե­լու:

– Իմաս­տու­նը ձեռ­նա­ծալ նս­տած առիթ­ներ սպա­սե­լէ կամ երա­զե­լէ աւե­լի կը նա­խա­ձեռ­նէ ու կը ստեղ­ծէ զա­նոնք:

– Առիթ­նե­րը առա­ւե­լա­բար կը կերտ­ուին եւ ոչ թէ պա­տա­հա­կա­նօ­րէն կը շնորհ­ուին, կամ ոս­կե­զօծ ափ­սէ­ով ինք­նա­բե­րա­բար կը մա­տուց­ուին:

– Յո­ռե­տե­սը ներ­կա­յաց­ուած պա­տե­հու­թիւն­նե­րէն օգտ­ուե­լու փո­խա­րէն անոնց­մէ նպաս­տա­ւոր­ուի­լը անհ­նար կը հա­մա­րէ, անոնց ըն­ծա­յե­լիք հա­ւա­նա­կան բա­րիք­նե­րը կը նսե­մաց­նէ, սոսկ եւ տեւա­բար մատ­նան­շե­լով կամ ընդգ­ծե­լով անոնց յա­րու­ցե­լիք ան­պա­տե­հու­թիւն­նե­րը, դժ­ուա­րու­թիւն­ներն ու ար­գելք­նե­րը:

– Լա­ւա­տես մահ­կա­նա­ցուն միշտ եւ ամէն պա­րա­գա­յի կը ջա­նայ խո­չըն­դոտ­ներն ու ան­հար­թու­թիւն­նե­րը շր­ջան­ցել, զա­նոնք յա­ջո­ղու­թեանց խթա­նի եւ նա­խադր­եալ­նե­րու վե­րա­ծել, որ­քան ալ ան­բա­րեն­պաստ, ան­բա­րե­յոյս ըլ­լան տի­րող պայ­ման­ներն ու շր­ջա­պա­տող հան­գա­մանք­նե­րը:

– Առիթ­նե­րը կը ներ­կա­յա­նան կամ կ՛ըն­ծայ­ուին միայն զա­նոնք փնտ­ռող­նե­րուն, ան­կեղ­ծօ­րէն ու նա­խան­ձախնդ­րու­թեամբ անոնց ձգ­տող­նե­րուն եւ հե­տա­մուտ եղող­նե­րուն:

Խ.Շ.
«ԳԱՆՁԱՍԱՐ», 18 Փետրուար 2013

Տպել Տպել