Արցախեան Ազատագրական Պայքարի 25-Ամեակ Եւ Փետրուարեան Ապստամբութեան 92-Ամեակ

lem11Արցախեան ազատագրական պայքարի 25-ամեակին եւ Փետրուարեան ապստամբութեան 92-ամեակին առիթով, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան քարոզչական յանձնախումբին, երէկ` ուրբաթ, 22 փետրուար 2013-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ազգային-յեղափոխական երգերու փառատօն` ներկայութեամբ հարիւրաւոր երիտասարդներու եւ պատանիներու:

Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Սեւակ Արոյեան, որ նշեց, թէ երիտասարդութիւնը Արցախի հարցին գծով պէտք է իր միասնակամ «ոչ»-ը ըսէ բոլոր տեսակի փոխզիջումներուն, որովհետեւ Վիգէն Զաքարեանի եւ Մհեր Ջուլհաճեանի նման ԼԵՄ-ական հերոսներու արեամբ ազատագրուած Արցախի սուրբ հողը ծախու չէ, քանի որ մեր հողն է, եւ քանի որ մենք արիւն վճարած ենք: Արոյեան հաստատեց, որ ազգային յեղափոխական երգերու երեկոն Փետրուարեան ապստամբութեան կամքին եւ Արցախեան յաղթանակի ուխտին վերանորոգման առիթ մըն է` հաւատքով եւ վճռակամութեամբ շարունակելու պայքարի եւ պահանջատիրութեան սրբազան երթը:

Ապա ելոյթ ունեցան լիբանանահայ երիտասարդ երգիչներ Լուսին Տեմիրճեան, Ալիս Իփրաճեան, Սերոբ Յակոբեան եւ Յարութ Լափաճեան, որոնք ազգային-յեղափոխական երգերով ստեղծեցին մեծ խանդավառութիւն եւ ազգային մթնոլորտ: Երգիչներուն կ՛ընկերակցէր Սեդօ Պաղտասարեան եւ իր նուագախումբը: Փառատօնը սկսաւ «Պիտի գնանք վաղ թէ ուշ» երգին հաւաքական կատարումով:lem21

Անոնք երգեցին «Ով հայ մայրեր», «Հայոց աշխարհ», «Ելէք հայեր», «Հայոց լեռներ», «Կարօտի յիշատակին», «Գնա՛ ու կռուի՛ր», «Զարթի՛ր որդեակ», «Ղարաբաղ» եւ այլ երգեր: Երգահանդէսին ընթացքին ցուցադրուեցան Փետրուարեան ապստամբութեան եւ Արցախեան ազատագրական պայքարին նուիրուած վաւերագրական տեսերիզներ:

Ազգային-յեղափոխական երգերու փառատօնը փակուեցաւ Լուսին Տեմիրճեանի, Ալիս Իփրաճեանի, Սերոբ Յակոբեանի եւ Յարութ Լափաճեանի կողմէ «Արիւնոտ դրօշ»-ի միացեալ կատարումով:

«ԱԶԴԱԿ»

Տպել Տպել