Կ՛ամչնանք

Apo-PhotօՆախագահ Պարաք Օպաման եւս միացաւ մեծ պետութիւններու ղեկավարներու շարանին՝ շնորհաւորելով Սերժ Սարգսեանին ընտրութիւնը, այսպիսով մեղսակից դառնալով կեղծիքը օրինականացնելու միջազգային կասկածելի համակարգումով կատարուած քայլի մը:

«Ասիկա իսկապէս կը վայելէ՞ր ազատ աշխարհի ղեկավարին, ո՞ւր է ամերիկփան արդարաամտութիւնը, ո՞ւր է ժողվորդավարութեան հանդէպ հաւատքը, համոզումը, մարդկային իրաւուննքերու պաշտպանութելան յանձնառութիւնը, այլ ժողովուրդներու հետ համերաշխութեան ոգին: Ազատութիւնը, ժողովրդավարութիւնը սակարկելի՞ են միջազգային քաղաքականութեան բեմի վրայ: Ասիկա ոչ միայն արմատականօրէն, հիմնովին սխալ է, այլ նաեւ կարճատես է: Անմերիկայի պատմութեան մէջ մենք որքան յաճախ զղջացած ենք նման վարքագիծ ունենալու համար», արդարօրէն իր ընդվզումը արտայայտեց Կիրակի օրուան ժողովրդային հաւաքի ընթացքին՝ իրաւաբան Էտուին Մինասեան:

Կը միանանք հասարակական գործիչ Էտուինի այս ընդվզումին եւ կը ձայնակցինք Սերժ Սարգսեանին ուղղուած իր զգուշացումին, որ ան այնքան ալ պէտք չէ հպարտանայ Օպամաներու շնորհաւորանքով, որովհետեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու անցեալի քանի քանի նախագահներ նոյն ոգեւորութեամբ, նոյն հաշուենկատութեամբ շնորհաւորած են նաեւ Պաթիսաթներու, Փինոչէէներու, Սոմոզաներու,սուհարթոներու եւ այլ տխրահռչակ բռնատէրներու ընտրութիւն: Բոլոր այդ պարագաներուն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները ծանր գին վճարած է, անմիջական շահերու հաշւոյն անտեսելով երկարատեւ, իսկական, մնայուն շահերը, կորսնցնելով առիթը իր յայտարարած սկզբունքներու ու արժէքներու ախոյեանը դառնալու:

Մենք առանձին մտահոգութեամբ ու անձկութեամբ կ՛արձանագրենք նախագահ Օպամայի այս ամօթալի քայլը, զայն նկատելով հայ-ամերիկեան առաւել մտահոգիչ գործարքի մը՝ հայ-թրքական արձանագրութեանց վերակենդանացման տանող քաղաքականութեան մը դրսեւորում:

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

«ԱՍՊԱՐԵԶ»

04/03/2013

Տպել Տպել