Աթէնքի մէջ քաղաքական ձեռնարկ նուիրուած Արցախեան Շարժման 25ամեակին

Արցախեան շարժման 25ամեայ աւանդին, պատմական փաստերուն, ընդհանուր արժեւորման եւ ապագայի հեռանկարներու քննարկման նուիրուած էր երէկ Չորեքշաբթի 6 Մարտ 2013ին, երեկոյեան ժամը 7ին, Աթէնքի Փանտիօ համալսարանի «Սաքիս Գարաեորղաս» սրահէն ներս տեղի ունեցած քաղաքական ձեռնարկը, կազմակերպութեամբ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի եւ Փանտիօ քաղաքական գիտութեանց համալսարանի։ Ձեռնարկի գլխաւոր բանախօսն էր Արցախէն յատկապէս հրաւիրուած ԼՂՀ Ազգային Ժողովի նախագահ պրն. Աշոտ Ղուլեան։

Ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան համալսարանի անուանի դասախօսները, որոնք հաստատեցին Արցախեան ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը, ջատագովելով արցախահայութեան վճռակամութիւնը եւ արժանապատուութեամբ ապրելու վեհ կեցուածքը։

pandios-tsernarg_7-3-13

Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Յունահայոց թեմակալ առաջնորդ Գերշ. Տ. Խորէն եպս. Տողրամաճեան, Յունաստանի մօտ ՀՀ դեսպան պրն. Գագիկ Ղալաչեան, Ազգային Վարչութեան, ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի, ՌԱԿի Շրջանային Վարչութեան, Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի, Հայ Կապոյտ Խաչի, Հ.Բ.Ը.Մ.ի, Համազգայինի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի, ՀՅԴ Երիտասարդական Միութեան, Յունահայ առեւտրական պալատի ներկայացուցիչներ, հայ եւ յոյն ժողովուրդ, ուսանողներ ու լրագրողներ։

ընկ. Սերգօ Գույումճեան

ընկ. Սերգօ Գույումճեան

Օրուայ նախագահն էր ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամ ընկ. Սերգօ Գույումճեան, որ ձեռնարկի կազմակերպման դրդապատճառներուն անդրադառնալէ ետք, շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Փանտիօ համալսարանի ռեկտորին եւ դասախօսներուն, որոնք իրենց հովանաւորութեան տակ առին Արցախի հեռանկարներու քննարկման նուիրուած ձեռնարկը։

Յաջորդաբար ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Փանտիօ համալսարանի ռեկտոր Ղրիղորիս Ցալթաս։ Փրոֆէսէօրը ըսաւ թէ համալսարանը իր 85ամեակը կը նշէ այս տարի եւ իր գործունէութեան ծիրէն ներս կարեւոր տեղ կուտայ միշտ՝ միջազգային իրաւունքի կապակցուած հարցերու քննարկման։ Ան ջերմ խօսքերով արտայայտուեցաւ հայութեան մասին, նշելով, թէ յարգանքի արժանի են ազգերը, որ պայքար կը տանին իրենց իրաւունքին տէր կանգնելու համար։

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ ռեկտորի տեղակալ փրոֆ. Վանկելիս Փրոծաս, որ իր կարգին նշում կատարեց Սփիւռք հասկացողութեան մասին, դիտել տալով թէ հայ եւ յոյն ժողովուրդները յատկանշող բազմաթիւ կէտերուն մէջ՝ Սփիւռք ունենալը հասարակ կէտ մըն է։ Ան խօսեցաւ գաղութներու զօրաւոր ներուժի մասին, նշելով թէ անոնց համաշխարհային ցանցի գոյութիւնը յատկանիշ է այդ ազգերուն համար։ Որպէս պատմաբան, փրոֆ. Փրոծաս հակիրճ տեղեկութիւններ փոխանցեց Օսմանեան տիրապետութեան տակ ապրած հայ եւ յոյն փոքրամասնութեանց մասին, ինչպէս նաեւ պատմական եւ արդի Հայաստանի սահմաններու միջեւ բաղդատական ընելով։

Յունաստանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան պրն. Գագիկ Ղալաչեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Ղարաբաղեան հակամարտութեան սկիզբնական շրջանին, պատմական տուեալներ փոխանցեց, խօսեցաւ արիւնալի կռիւներուն, փախստական ժողովուրդի մասին։

Նշեց, թէ խորհրդային ժամանակաշրջանէն Ատրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան նկատմամբ հետեւողականօրէն հակահայկական քաղաքականութիւն կ’իրականացուէր, ազգային հողի վրայ ճնշումներով եւ խտրական վերաբերմունքով՝ ընկերային, տնտեսական ու մշակութային բնագաւառներէ ներս։ Այս քաղաքականութեան հետեւանքով էր, որ Ղարաբաղի բնակչութեան յարաբերակցութիւնը փոփոխութեան ենթարկուեցաւ, իսկ եթէ 1923 թուականին հայերը կը կազմէին Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան 94,4 տոկոսը, ապա 1989 թուականի տուեալներով այդ թիւը նուազած էր մինչեւ 76,9 տոկոս:

Ղարաբաղի ժողովուրդը խորապէս ընդվզած էր այդ քաղաքականութեան դէմ դիմումնագրեր ուղարկելով ԽՍՀՄ կեդրոնական իշխանութիւններուն՝ Ղարաբաղը Խորհրդային Հայաստանին միացնելու խնդրանքով:

Պատմական հանգրուաններուն անդրադառնալէ ետք, պրն. դեսպանը խօսեցաւ Ատրպէյճանի յարձակողապաշտ քաղաքականութեան մասին, որ 1988ի Փետրուար 27-29-ին յանգեցուց Սումկայիթ քաղաքէն ներս կազմակերպուած ծայրագոյն դաժանութեամբ իրականացած հայերու ջարդին: «Սումկայիթով սկիզբ դրուեցաւ Ատրպէյճանի ամբողջ տարածքէն ներս հայերու ջարդեր կազմակերպելու եւ Ատրպէյճանը հայաթափելու Պաքուի հետեւողական քաղաքականութեան: 1990ի Յունուար 13-19-ին ջարդերու ենթարկուեցաւ եւ երկրէն վտարուեցաւ Պաքուն չլքած հայերու վերջին զանգուածը: Այդ բարբարոսական գործողութիւններու զոհ գացին անմեղ հայեր եւ շուրջ 360 հազար հայ դարձաւ փախստական»:

Արցախի ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան ու պայքարին անդրադառնալէ ետք, ՀՀ դեսպանը աւելցուց թէ պատերազմի հետեւանքներու եւ հակամարտութեան բոլոր կողմերու կրած զոհերուն, աւերներուն ու փախստականներու ճակատագրին համար պատասխանատուութիւնը կը կրէ ուժային քաղաքականութիւն որդեգրած եւ յարձակողապաշտութիւն սանձազերծած Ատրպէյճանը:

«Ո՞րն է Հայաստանի Հանրապետութեան դերակատարութիւնը: ԼՂՀ անկախացման պահից սկսած՝ Հայաստանը կառուցել է իր յարաբերութիւնները ԼՂՀ-ի հետ՝ որպէս տե-ֆակտօ կայացած պետութեան հետ: Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի համագործակցութիւնը կարգաւորուած է տասնեակ երկկողմ պայմանագրերով, որոնք ընդգրկում են սոցիալական, մշակութային, տնտեսական, ֆինանսական, իրաւական, պաշտպանութեան ոլորտները: Համագործակցութեան կարեւորագոյն ուղղութիւններից է ԼՂՀ միջազգայնօրէն չճանաչուածութեան պատճառով մարդու իրաւունքների եւ հիմնարար ազատութիւնների իրացման սահմանափակումերի յաղթահարումը: Հաշուի առնելով Ատրպէյճանի կողմից անընդհատ հնչող ուժի կիրառման սպառնալիքները եւ հրադադարի պարբերական խախտումները, Հայաստանը մշտապէս պատրաստ է ռազմական աջակցութիւն ցուցաբերել Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակին` Ատրպէյճանի ռազմական ագրեսիան հետ մղելու եւ ժողովրդի անվտանգութիւնը պաշտպանելու գործում» յատկանշականօրէն ըսաւ ՀՀ դեսպանը։

pandios-tsernarg_7-3-13bԱպա տեղի ունեցաւ Արցախի մասին պատմող վաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութիւնը, յունարէն ենթախորագրերով։

Յաջորդաբար խօսք առաւ Փանտիօ համալսարանի Արեւելեան Ուսմանց բաժանմունքի տնօրէն, դասախօս Խրիսթոտուլոս Եալուրիտիս, որ վերյիշեց հինէն պահպանած բարեկամական իր կապերը հայութեան հետ։ Ան ըսաւ թէ Հայ Դատի մասին առաջին անգամ իմացաւ, 1970ական թուականներուն, Գերմանիոյ մէջ, եւ անմիջապէս հետաքրքրուեցաւ, գիտակցելով թէ սփիւռք կ’ունենան այն ազգերը, որոնք կորսնցուցած են հողային իրենց տարածքային կարգավիճակը։ Այդ տարիներէն ի վեր փրոֆ. Եալուրիտիս խորապէս ազդուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան, ինչպէս եւ Պոնտոսցիներու Ցեղասպանութեան հարցերով, որ ծրագրուեցան եւ իրագործուեցան Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ, երբ ցեղապաշտ նոր պետութիւն մը կը հիմնադրուէր։

Փրոֆէսէօրը յատկանշականօրէն ըսաւ թէ հայերու եւ յոյներու միջեւ կապերը հինէն կուգան, բայց միշտ կը նորոգուին, որովհետեւ երկուքն ալ ազգեր են որ ազատութեան եւ իտէալներու կը հաւատան։ Ոչ միայն իրենց համար, այլ նաեւ գալիք սերունդներուն փոխանցելու համար։

Փրոֆ. Եալուրիտիս պատասխան տուաւ բոլոր անոնց, որոնք զուգահեռ կ’ուզեն տեսնել Արցախի եւ գրաւեալ Կիպրոսի հարցերուն միջեւ, դիտել տալով թէ բացարձակապէս հիմք չունին այդ խօսքերը ու եզրափակեց ըսելով թէ «դասեր պէտք ենք քաղել Արցախի ժողովուրդէն, որովհետեւ իրենք գիտեն պայքարիլ իրենց իրաւունքներու եւ արդարութեան պաշտպանութեան ի խնդիր»։

Յաջորդաբար խօսք առաւ Փանտիօ համալսարանի միջազգային օրէնքի դասախօս պրն. Սթելիոս Բերաքիս, որ ծանրացաւ ինքնավարութիւն ունեցող երկիրներու կարգավիճակին վրայ։ Ան ըսաւ թէ ներկայ պահուն շատ յստակ են երկիրները որ ինքնավարութիւն կը վայելեն, իսկ մնացեալները պէտք է բանակցին՝ օրինականացման ճամբուն վրայ։ Դասախօսը գնահատեց Մինսկի խումբի ջանքերը, որպէս միջազգային հանրութեան բանակցութեան լաւ օրինակ մը տեսնելով այդ։ Պնդեց թէ ՄԱԿի դերակատարութիւն ալ օգտակար կրնայ ըլլալ ԵԱՀԿի ջանքերուն կողքին։ Ան ջերմ խօսքերով արտայայտուեցաւ հայութեան մասին, նշելով թէ պայքարունակ ազգ են հայերը, իսկ անոնք որոնք կը գիտակցին ու կը գնահատեն խաղաղութեան արժէքը, խիստ պայքար մղած ազգերն են: Յորդորեց վստահիլ միջազգային իրաւական սիսթեմին, նշելով թէ հետզհետէ կը բազմանայ ցեղասպանութեամբ ու ազգայնապաշտ հալածանքներով ամբաստանուած ոճրագործներու թիւը, որ միջազգային դատարաններ կը ներկայանան:

Իր խօսքերը աւարտեց զօրակցութիւն յայտնելով Արցախի ժողովուրդին, ոչ միայն որպէս համալսարանական համակարգ, այլ նաեւ որպէս պարզ քաղաքացիներ:

ԼՂՀ Ազգային Ժողովի նախագահի խօսքը

պրն. Աշոտ Ղուլեան

պրն. Աշոտ Ղուլեան

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի նախագահ պրն. Աշոտ Ղուլեան անմիջական ու տպաւորիչ իր ելոյթով գրաւեց հանդիսատեսներու ուշադրութիւնը:

Պրն. նախագահը շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Յունաստանի ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբին եւ Փանտիօ համալսարանին եւ ողջոյններ փոխանցեց Արցախի իշխանութիւններուն եւ ժողովուրդին կողմէ:

Ան խորհրդանշական համարեց սոյն հանդիպումը, որ տեղի կ’ունենայ հեղինակաւոր կրճօճախէն ներս, քանի որ կրթութիւնը եղած է հայ եւ յոյն ժողովուրդներուն մերձեցնող կարեւոր օղակներէն մէկը:

Յարգելի բանախօսը անդրադարձ կատարեց Արցախի ճակատագիրը ճըշդած անցեալ դարավերջի աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններուն, նշելով թէ «իմ երկրին վերապահուած էր հարաւ-կովկասեան ենթատարածաշրջանի ոչ միայն ռազմաքաղաքական, այլեւ՝ հոգեւոր եւ մշակութային բազմազանութիւնը պահպանելու բացառիկ դերակատարութիւն:

Հակառակ պարագային աշխարհն այսօր գործ կÿունենար Եւրոպայի եւ Մերձաւոր Արեւելքի համար չափազանց վտանգաւոր ուժերի դասաւորութեան հետ:

Դա չի նշանակում, թէ առաջնայինը արտաքին շահերն էին կամ ներկայ կացութեան համար մենք հայցում ենք որեւէ փոխ հատուցում: Ոչ: Դա մեզ նետուած մարտահրաւէր էր, այն դիմագրաւելու կամքը՝ մեր սեփական ընտրութիւնը:

Հպարտութեամբ պիտի նշեմ, որ իմ ժողովուրդը պատիւով յաղթահարել է ինքնութեան պահպանման դժուարութիւնները, ստեղծել պետական կառավարման եւ անվտանգութեան ազգային համակարգեր, որոնց արդիւնաւէտութիւնը եւ փաստացի օրինականութիւնը 1994թ. Զինադադարի մասին քաղաքական եւ ռազմական համաձայնութիւններով ճանաչուած են ինչպէս միջնորդների, այնպէս էլ՝ Ատրպէյճանի հանրապետութեան կողմից»:

Անցնող 20ամեակին մասին խօսելով ԼՂՀ ԱԺ նախագահը նշեց թէ հակամարտութեան գօտիէն խնդիրը տեղափոխուած է քաղաքական եւ դիւանագիտական քննարկումներու դաշտ: «Բայց ո՞րն է այստեղ իմ ժողովրդի եւ նրա կառավարութեան հիմնական կռուանը: Ամէնից առաջ, դա ինքնորոշման անօտարելի իրաւունքն է, ինչից Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը բըռնութեամբ զրկուել է 1921թ.-ին, երբ նրա ճակատագիրը տնօրինուել է ի հակակաշիռ ազատ կամարտայայտութեան:

Բայց, ինչպես ասում են, պատմութիւնը ըղձական խոնարհում չի հանդուրժում: Մենք ապրում ենք 21-րդ դարում եւ ականատեսն ենք իրողութիւնների, երբ խնդիրները լուծւում են կամ փորձ է արւում դրանց լուծումը գտնելու քաղաքակիրթ երկխօսութեան հարթակում, եւ հիմք են ընդունւում ոչ թէ կող- մերից մէկի, այլեւ բոլորի շահերը»:

Ատրպէյճանի իշխող վարչախումբի անհանդուրժողականութեան, օտարավախութեան պետական մակարդակի դրսեւորումներուն եւ ռազմահունչ հռետորաբանութեան մասին խօսելով՝ պրն. Աշոտ Ղուլեան յիշեցուց 1991ի Նոյեմբերին օրերը, երբ ստեղծուած իրավիճակի հարկադրանքին տակ Արցախին այլ ելք չկար, բացի ինքնակազմակերպումէ, գոյապահպանութեան համար անհրաժեշտ կառավարման եւ պաշտպանութեան մարմիններու ստեղծումէն, որ առաջնորդեցին ինքնապաշտպանական քայլերը: «20 տարին պատմութեան համար մեծ ժամանակահատուած չէ: Ցաւոք, միջազգային հանրութիւնը զլանում է տալ որոշ հարցերի պատասխաններ, իսկ ես ուզում եմ առիթն օգտագործել եւ յիշեցնել, իրեն առաջադրելու մի պարզագոյն հարց.

– Իսկ ի՞նչ տեղի կ’ունենար, եթէ Լեռնային Ղարաբաղի հայութիւնը 1991-94թթ. չդիմէր ինքնապաշտպանութեան:

Կանխելով բոլոր թերահաւատներին, որ, կարծում եմ, այս լսարանում չկան, պատասխանեմ.

– Բնաջնջման կամ լաւագոյն դէպքում բռնատեղահանութեան կ’ենթարկուէր Արցախի աւտոխտոն 150.000 հայութիւնը, եւ միջազգային օրակարգից դիւանագիտական անյոյզ գրչի մի հարուածով դուրս կը մղուէր Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը:

Սա է, տիկնայք եւ պարոնայք, այն գլխաւոր ուղերձը, որը ձեզ հասցնելու համար, արդարացիօրէն պիտի խոստովանեմ, ես կտրել եմ իմ հեռաւոր նախնիների անցած ճանապարհը եւ հասել Հելլադա՝ երկիր, որի հանդէպ անկեղծ երկիւղածութիւն եւ անսահման յարգանք է տածում իւրաքանչիւր հայ մարդ»:

Թէ ի՞նչ հեռանկարներ կարելի է տեսնել խնդրի լուծման կապակցութեամբ, ԼՂՀ Ազգային Ժողովի նախագահը անկեղծութեամբ նշեց թէ «մենք պատրանքներ չենք տածում, որ անգամ Օսմանեան բռնապետութեան լուծը թօթափելու համար սրբազան ապստամբութեան ելած եւ թանկ գնով անկախութիւն նուաճած Յունաստանը վաղը կը ճանաչի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը: Մենք պատրանքներ չունենք նաեւ, որ իքնիշխանութեան մեր ներկան փորձութեան ենթարկուելու դէպքում ունենալու ենք ուղղակի ռազմական օժանդակութիւն իրեն մարդու իրաւունքների եւ օրինականութեան պաշտպան հռչակած Եւրոպայից:

Բայց մենք վճռական ենք մի հեռանկարի հանդէպ. պատմութիւնը ետընթաց չի արձանագրում, եւ իրերի դրութիւնը հնարաւոր չէ վերադարձնել ելակէտին: Այստեղ, այս արդարացիօրէն առասպելական հողի վրայ է իմաստունը բանաձեւել՝ «միեւնույն ջրում երկրորդ անգամ ոտք չեն դնում» ըսաւ ան:

Պրն. Աշոտ Ղուլեան իր խօսքի վերջաւորութեան յստակացուց թէ Արցախ դէմ չէ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան հասնելու միջազգային միջնորդութեան: 1992էն արդէն, Արցախի Հանրապետութիւնը ԵԱՀԿ հովանիի ներքոյ բանակցութիւններու կողմնակից է: Աւելի քան 20-տարուայ բանակցութիւններու ընթացքին միջնորդները մի քանի առաջարկութիւններ ներկայացուցած են կողմերուն, որոնք սակայն մշտապէս մերժուած են Ատրպէյճանի կողմէ:

«Պաշտօնական Պաքուն միջազգային հանրութեանը յուսախաբ արեց նաեւ 2011-ի Ռուսաստանի դաշնութեան Կազան քաղաքում բարձր մակարդակի հանդիպմանը, որից յետոյ ղարաբաղեան կարգաւորման բանակցութիւններում ակտիվութիւնը նուազել է: Ի՞նչ հեռանկար ենք մենք տեսնում:

Ստեղծուած իրավիճակում չենք կարող յուսալ, որ Ատրպէյճանը կը ճանաչի եւ կը յարգի ԼՂ ժողովրդի ինքնորոշումը, թէեւ դա կը լինէր հարցի լուծման ամենաընդունելի տարբերակը: Ուստի մնում է առաջարկել, որպէսզի միջազգային հանրութիւնը ճանաչի ԼՂՀ անկախութիւնը, այդպիսով կանխի անկայունութեան վտանգը, հնարաւորութիւն ստեղծի, որպէսզի Ատրպէյճանը եւ Արցախը որպէս իրաւահաւասար կողմեր, քննարկեն փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերը եւ գտնեն լուծումները»:

Խօսքերու աւարտին առիթ տրուեցան ներկաներուն հարցումներ ուղղելու: Հարցումները ընդհանրապէս շօշափեցին միջազգային հանրութեան դերակատարութեան, Յունաստանի որդեգրած կեցուածքի, Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ յարաբերութիւններու, Ստեփանակերտի օդանաւակայանի բացման առընչուած հարցեր:

«ԱԶԱՏ ՕՐ», 7 Մարտ 2013

Տպել Տպել