Կարելիի արուեստը

Քա­ղա­քա­կա­նու­թիւնը կը ճանչց­ուի խտաց­եալ, հան­րա­ծա­նօթ եւ մի­ան­շա­նակ սահ­մա­նու­մով մը` «կա­րելիի ար­ուես­տը» բնո­րո­շու­մով:

Արդ­եօք պի­տի կա­րո­ղա­նա՞նք լա­ւա­պէս իւ­րաց­նել, ապա ըստ ար­ժան­ւոյն կի­րա­ռել «կա­րելիի ար­ուես­տը»:

Սուր­ի­ա­կան եր­կամ­եայ տագ­նա­պի սկիզ­բէն ի վեր սուր­ի­ա­ցի­նե­րու կող­մէ կը կրկնուին հետեւեալ հար­ցում­նե­րը. «յե­տոյ ի՞նչ», «ի՞նչ պի­տի ըլ­լայ այս կա­ցու­թեան վեր­ջը», «ե՞րբ պի­տի աւար­տի կոր­ծա­նա­րար ու ող­բեր­գա­կան այս ճգ­նա­ժա­մը…»:

Այ­սօր եւս կը կրկն­ուին նոյն հար­ցու­մները, որոնք ժա­մա­նա­կի թա­ւա­լու­մին հետ աս­տի­ճա­նա­բար կը զգե­նուն առա­ւել տխուր երանգ, առա­ւել մտա­հո­գիչ հն­չե­ղու­թիւն:

Ար­տերկ­րի սուր­ի­ա­ցի­ներ նա­եւ, իրենց կար­գին, յա­ճա­խակի­օ­րէն առաջ կը քշեն նոյնօրինակ հար­ցադ­րու­մներ, եւ այդ` մեկ­նե­լով իրենց հա­սած ոչ խրա­խու­սա­կան ու լուրջ մտա­վա­խու­թիւն առ­թող խիստ բա­ցա­սա­կան տե­ղե­կու­թիւն­նե­րէն, որոնք յու­սա­հա­տու­թեան եւ բա­րո­յալ­քու­մի կը մատ­նեն ոեւէ իրազեկուող:

Վերոյիշեալ տիպի հար­ցու­մի մը պա­տաս­խա­նե­լու որե­ւէ փորձ ան­տա­րա­կոյս դըժ­ուա­րու­թեան պի­տի հան­դի­պի, յս­տակ եւ բա­ւա­րա­րող եզ­րա­կա­ցու­թեան պի­տի չյան­գի, տե­սակ մը խա­բու­սիկ ու ապա­կողմ­նո­րո­շող բախ­տա­գու­շա­կու­թեան պի­տի նմա­նի:

Սա­կայն առանց ապա­գա­յի հաշ­ւոյն ան­հիմն ու թիւր կան­խա­տե­սու­թիւն­նե­րու, եթէ փոր­ձենք Սուր­իոյ կամ նոյ­նանման ճգնաժամ դի­մագ­րա­ւող այլ որե­ւէ երկ­րի մէջ սպա­սուող զար­գա­ցում­նե­րու մա­սին հա­ւա­նա­կան բա­նագ­րու­թիւն­ներ («սի­նարիօ»ներ) ներ­կա­յաց­նել, ապա Սուր­ի­ա­կան հայ­րե­նի­քը պա­տու­հա­սող 23-ամս­եայ տագ­նա­պի յաղ­թա­հար­ման մի­տող հնա­րա­ւոր ել­քե­րու եւ լու­ծում­նե­րու առն­չու­թեամբ հե­տեւ­եալ պատ­կե­րա­ցում­նե­րը հա­ւա­նա­կան կը նկատ­ուին:

Առա­ջին. Սուր­ի­ա­կան խճան­կա­րին եւ առանձ­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րուն քա­ջա­տեղ­եակ, ու յատկապէս` խնդ­րի նկատ­մամբ կան­խա­կա­լու­թեամբ չտ­րա­մադր­ուած, ան­կողմ­նա­կալ եւ իրա­պաշտ մար­դիկ առա­ջին օրէն իսկ կը նա­խա­տե­սէ­ին, որ երկ­խօ­սու­թեան ընտ­րան­քին չդի­մե­լու եւ հա­կա­մար­տող կող­մե­րը որոշակիօրէն գո­հաց­նող հա­մա­ձայ­նու­թիւն չգո­յաց­նե­լու պա­րա­գա­յին, ստեղծ­ուած ճգ­նա­ժա­մը տա­կաւ պի­տի բար­դա­նայ, պիտի կնճռոտի ու անոր հան­գու­ցա­լու­ծու­մը անո­րոշ թուա­կա­նով պի­տի յե­տաձգ­ուի` ան­հա­կակշ­ռե­լի զար­գա­ցում­նե­րու առիթ ըն­ծա­յե­լով, գա­հա­վէժ ան­դուն­դի եզ­րին առաջ­նոր­դե­լով երկիրն ու ժողովուրդը:

Այ­սօր կար­ծէք տի­րող իրա­վի­ճա­կէն ոչինչ փոխ­ուած է, հո­րի­զո­նի վրայ լա­ւա­տե­սու­թիւն ներշն­չող խրա­խու­սա­կան ոչ մէկ յա­ռաջ­խա­ղացք նշ­մա­րե­լի, հե­տե­ւա­բար` լուծ­ման հնա­րա­ւո­րու­թեանց բա­ցա­կա­յու­թեան ներ­կայ ան­նա­խան­ձե­լի հան­գա­մանք­նե­րու լոյ­սին ներ­քոյ, մա­նա­ւանդ երբ հա­կա­մար­տող խմ­բա­ւո­րում­ներ անդրդ­ուե­լի կեր­պով կառ­չած կը մնան իրենց տե­սա­կէտ­նե­րուն եւ կողմ­նո­րո­շում­նե­րուն, առանց նշա­նա­կա­լի, էա­կան փոխ­զի­ջում­նե­րու պատ­րաս­տա­կա­մու­թեան, ապա` ող­բեր­գա­կան, ան­բա­րե­յոյս ներ­կայ կա­ցու­թեան յա­րա­տե­ւու­մը ան­խու­սա­փե­լի կը դառնայ:

Այս վար­կա­ծը կամ հա­ւա­նա­կա­նու­թիւնը առա­ւել եւս կը հաս­տատ­ուի այն իրո­ղու­թեամբ, որ Սուր­իոյ տագ­նա­պին ուղ­ղակի­օ­րէն աղերս­ուած կող­մեր, շր­ջա­նա­յին թէ մի­ջազ­գա­յին ազ­դե­ցիկ պե­տու­թիւն­ներ առհասարակ հե­տաքրքր­ուած կամ անհանգստացած չեն կա­տար­ուա­ծի ահա­ւո­րու­թեամբ, պատ­ճառ­ուած կո­րուս­տի հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն մագլ­ցող ծա­ւա­լով, այն­քան ատեն որ տու­ժող­նե­րը կամ վնա­սի են­թար­կուող­նե­րը սուր­ի­ա­ցի­ներ են, անխ­նա­յօ­րէն թա­փուող արիւնը սուր­ի­ա­կան է, իսկ իրենք կորսնց­նե­լիք ոչինչ ու­նին:

Երկ­րորդ. Ամիս­նե­րէ ի վեր սպաս­ուած երկ­խօ­սու­թիւնը մեկ­նար­կէ շու­տով, ամենամօտ ապա­գա­յին: Շա­տեր մեծ յոյ­սեր կը կա­պեն այս ընտրանքին, որով­հե­տեւ երկ­խօ­սու­թիւնն ու հաշ­տու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը փո­խա­րի­նող տար­բե­րա­կը` արիւ­նա­լի տագ­նա­պին շա­րու­նա­կու­թիւնը սկ­սած է շատ սուղ ար­ժել խնդ­րին մի­ջա­մուխ ար­տա­քին ազդեցիկ ու­ժե­րուն, որոնք կը դժ­ուա­րա­նան մին­չեւ վերջ հան­դուր­ժել ստեղծ­ուած իրա­վի­ճա­կի ան­պա­տե­հու­թիւն­նե­րը, տո­կալ անոր նիւ­թա­կան ծան­րակ­շիռ բե­ռին, հս­կա­յա­կան ծախ­սե­րուն եւ բա­րո­յա­կան ան­նա­խան­ձե­լի, ան­բաղ­ձա­լի հե­տե­ւանք­նե­րուն:

Սուր­ի­ա­ցի­ներ մե­ծա­մաս­նու­թեամբ այս երկ­րորդ հնա­րա­ւո­րու­թեան կը յա­րին ու կը զօրակցին, որով­հե­տեւ այս տար­բե­րա­կը հա­մա­հունչ է իրենց ցան­կու­թիւն­նե­րուն եւ սպա­սում­նե­րուն, մա­նա­ւանդ որ այդ մէ­կը պի­տի նպաս­տէ երկ­խօ­սու­թեան մեկ­նարկ­ման, սպա­նու­թեանց թա­փի եւ զո­հուող­նե­րու թիւի ան­հա­մե­մատ նուա­զու­մին կամ ընդ­միշտ դադ­րե­ցու­մին, թէ­կուզ նա­եւ` բազ­մա­կող­մա­նի օգտակար շփումներու եւ բազ­մա­ձայն զրոյ­ցի յա­ջո­ղու­թեան նպաս­տող խրախուսիչ, դրա­կան մթնոլորտի ձե­ւա­ւոր­ման:

Եր­րորդ. Տագ­նա­պը կր­նայ ստա­նալ նոր դի­մա­գիծ, նոր ձե­ւեր, նոր զար­գա­ցում­ներ եւ ուղղ­ուա­ծու­թիւն­ներ, այն­պէս որ կը ստեղծ­ուին պե­տու­թեան վե­րահս­կո­ղու­թե­նէն եւ օրէն­քի գե­րա­կա­յու­թե­նէն դուրս ան­հա­կակշ­ռե­լի շր­ջան­ներ (ընդ­դի­մա­դիր­նե­րու գնա­հա­տու­մով` «ազա­տագր­ուած տա­րածք­ներ»), սան­ձար­ձա­կու­թեանց, անուղ­ղա­յու­թեանց եւ ապօ­րի­նու­թեանց ան­հան­դուր­ժե­լի կղզ­ի­ակ­ներ, ուր կը տի­րէ առանձ­նա­յա­տուկ իրա­վի­ճակ` ոճ­րա­րարք­նե­րու ու յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու հեր­թա­կան մա­կըն­թա­ցու­թեան եւ տե­ղա­տուու­թեան են­թա­կայ: Այս­տեղ կեան­քը պի­տի բնու­թագր­ուի յարաճուն խռովութիւններով, դառ­նու­թեամբ, արիւ­նա­հե­ղու­թեամբ, անիշ­խա­նա­կան ու եպե­րե­լի բռ­նա­րարք­նե­րով` ներ­կայ անմ­խի­թար կա­ցու­թեան շա­րու­նա­կու­թիւնը հան­դի­սա­ցող եւ նոյ­նիսկ աւե­լի ահա­ւոր պա­տու­հաս­նե­րով ու չա­րա­գու­շակ հե­տե­ւանք­նե­րով յա­գե­ցած:

«Յե­տոյ ի՞նչ», «ո՞ւր եւ ինչ­պէ՞ս պի­տի աւար­տի դժո­խա­յին ու ար­հաւ­րա­լի այս իրա­վի­ճա­կը…»:

Այս հար­ցադ­րում­նե­րը ինք­նա­բե­րա­բար կը հաս­ց­է­ագր­ուին բո­լոր անոնց` որոնք կը մեր­ժեն երկ­խօ­սու­թիւնը, կ՛ըն­դի­մա­նան կլոր սե­ղա­նի շուրջ նս­տիլ եւ խորհրդակցիլ իրենց հայ­րե­նա­կից­նե­րուն հետ Սուր­ի­ա­կան հայ­րե­նի­քի ճա­կա­տագ­րին շուրջ:

Հա­սա­րա­կու­թիւնն ու եր­կի­րը յու­զող, մղձաւանջող հիմ­նախն­դիր­նե­րու քն­նար­կու­մը մեր­ժող­ներ գի­տակ­ցա­բար թէ ան­գի­տակ­ցա­բար կը մաս­նակ­ցին Սուր­ի­ան տկա­րաց­նե­լու եւ կազ­մա­քան­դե­լու մի­տող ծրա­գիր­նե­րու կենսագործման:

Սուր­ի­ա­կան ճգ­նա­ժա­մի հան­գու­ցա­լուծ­ման հե­ռան­կա­րով երկ­խօ­սու­թեան կա­րե­լի էր ձեռ­նար­կել երբ տա­կա­ւին զո­հե­րու եւ նա­հա­տակ­նե­րու հանրագումարը սահ­մա­նա­փակ թիւ կը կազմէր, քա­նի մը հա­րիւ­րը չէր շր­ջան­ցեր:

Այ­սօր մարդ­կա­յին թէ նիւ­թա­կան կո­րուստ­նե­րու ծա­ւա­լը բազ­մա­պատկ­ուած է, ահագ­նա­ցած: Իսկ որե­ւէ երկ­խօ­սու­թիւն կամ հա­մա­ձայ­նու­թիւն դր­ժող, ար­գե­լա­կող կարգ մը խմբաւորումներու ներ­կայ բա­ցա­սա­կան, ապա­կա­ռու­ցո­ղա­կան ըն­թաց­քը եթէ շա­րու­նակ­ուի, քա­ղա­քա­ցի­նե­րու մի­ջեւ անվս­տա­հու­թիւնը յա­մե­նայ ու խո­րա­նայ, ինչ­պէս նա­եւ խա­ղաղ ել­քի եւ հաշ­տու­թեան նկատ­մամբ, թե­րա­հա­ւա­տու­թիւնը ար­մա­տա­նայ… ապա հս­կա­յա­կան գու­մար­ներ ար­ժող վնաս­նե­րու եւ տասնեակ հա­զար­ներ հա­շուող զո­հե­րու ներ­կայ վիթ­խա­րի թիւե­րը պար­զա­պէս հա­մեստ եւ աննը­շան քա­նա­կու­թիւն­նե­րու պի­տի վե­րած­ուին ոչ հե­ռա­ւոր գա­լի­քին:

Ան­հա­շիւ կեր­պով հե­ղուող բիւ­րա­ւոր ան­մեղ քա­ղա­քա­ցի­նե­րու ար­եան եւ ար­ձա­նագր­ուած աստ­ղա­բաշ­խա­կան թիւե­րու հաս­նող դրա­մա­կան թէ ստաց­ուած­քա­յին հսկայաքանակ վնաս­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւնը կը բարդ­ուի սուր­ի­ա­կան հա­սա­րա­կու­թեան տար­բեր շեր­տա­ւո­րում­նե­րու մի­ջեւ գրգ­ռու­թիւն­ներ հրահ­րող­նե­րու, տա­րա­կար­ծու­թիւն­ները խո­րաց­նող­նե­րու եւ երկ­խօ­սու­թիւնը խո­չըն­դո­տող­նե­րու վզին:

Սուր­ի­ա­կան հան­րու­թեան մե­ծա­մաս­նու­թիւնը այ­սօր անձ­կու­թեամբ եւ ան­համ­բե­րօ­րէն կը սպա­սէ տագ­նա­պի ան­յա­պաղ լուծ­ման: Հայ­րե­նի­քի վե­րա­դաս շա­հե­րուն նա­խան­ձախն­դիր խմ­բա­ւո­րում­նե­րուն (իշ­խա­նա­մէտ թէ ընդ­դի­մա­դիր) կը մնայ ու­րեմն` ապա­ւի­նիլ խա­ղաղ մի­ջոց­նե­րով կար­գա­ւոր­ման խե­լա­միտ ընտ­րան­քին, այլ խօս­քով` քա­ղա­քա­կա­նու­թեան կամ «կա­րելիի ար­ուես­տին»:

* * *

ՈՒՍԱՆԵԼԻ

– Այ­լոց արիւնը հեղելու ջատագովներ, հան­րու­թիւնը դա­ժա­նու­թեան մղող­ներ, իրենց հե­տե­ւորդ­նե­րուն ու երկրպագուներուն կիրառական առա­ջին փոր­ձե­րը բա­ցառ­ուած չէ որ նախ սե­փա­կան մոր­թի վրայ կրեն:

– Եթէ դուն կոյր ես եւ խօ­սա­կից-գոր­ծա­կիցդ համր ու խուլ` ապա զի­րար կա­տա­րե­լա­պէս ճանչ­նա­լու, նոյն ապ­րում­ներն ու զգա­ցում­նե­րը լի­ար­ժէ­քօ­րէն բաժ­նեկ­ցե­լու հա­մար պէտք է ձեռք-ձեռ­քի տաք, ափ-ափի մէջ առ­նէք:

– Ան որ ու­րի­շին մո­մը կը մա­րէ, խա­ւա­րի մէջ ապ­րե­լու նոյն ճա­կա­տագ­րին կը դա­տա­պար­տէ նա­եւ ինք­զինք:

– Եթէ կը ցան­կաք մար­դոց հա­ւա­տար­մու­թիւնը քն­նել ու հաս­տա­տել, ապա ստու­գե­ցէք անոնց նուի­րումն ու գո­րո­վը սե­փա­կան հայ­րե­նի­քին, ինչ­պէս նա­եւ` սէրն ու ան­կեղ­ծու­թիւնը իրենց հա­րա­զատ­նե­րուն նկատ­մամբ:

Խ.Շ.
«ԳԱՆՁԱՍԱՐ», 5 Մարտ 2013

Տպել Տպել