Լոս Անճելըսի Հայութիւնը Կը Զօրակցի Հայաստանի Ժողովրդային Շարժումին

գլենդել 1 ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կիրակի, 3 Մարտի երեկոյեան, Կլենտէյլի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ սրահը պոռթկաց Հայաստանի ժողովրդային շարժումին զօրակցելու եկած շուրջ հազար հայորդիներու ծափողջոյններով ու համակրանքի արտայայտութիւններով:

Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ, Րաֆֆի Յովհաննէսեանի կողքին իր երգերով ժողովուրդը խանդավառած Յարութ Փամպուքճեանը եւս եկած էր սրահ, ու «Մեր Հայրենիք»ի կատարումով բացաւ երեկոյի յայտագիրը:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի, Հայ իրաւաբաններու միութեան, Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան ու ՀՅԴ «Շանթ» Ուսանողական միութեան կողմէ հրաւիրուած սոյն հաւաքի հանդիսավար Դրօ Գրիգորեանը առաջին խօսքը տուաւ դաշնակցական երիտասարդ գործիչ Դաւիթ Առաքելեանին, որ շեշտեց հայ երիտասարդութեան պատրաստակամութիւնը՝ թիկունք կանգնելու Հայաստանի մէջ ծաւալած յանուն արդարութեան եւ արժանապատուութեան վերականգնման շարժումին:

Դաշնակցական երիտասարդութեան եւ ուսանողութեան կողմէ զօրակցութեան յայտարարութեամբ հանդէս եկաւ նաեւ Գասպար Ճիւելէկեան, որ մարտահրաւէր կարդաց ընդահանրապէս հայ երիտասարդութեան՝ յանձնառութիւն վերցնելու մեր ազգային խնդիրները հետապնդելու պայքարին մէջ:

Հայաստանի եւ Պոսնիոյ մէջ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան ծրագիրներուն իր մասնակցութիւնը բերած իրաւաբանութեան ուսանող Թամար Շահպանեան, իր կարգին կոչ ըրաւ Սփիւռքի հայ համայնքներուն՝ միանալու Հայաստանի մէջ ծաւալած ժողովրդային շարժումին, ձերբազատելու համար հայրենի ժիողովուրդին վրայ բռնացող օլիկարքներէն ու զանոնք հովանաւորող իշխանութենէն:

Յաջորդ բանախօսը՝ Հայ իրաւաբաններու միութեան նախկին նախագահ, վարչութեան անդամ Էտուին Մինասեան, իր խօսքը կեդրոնացուց Փետրուար 18ի ընտրութիւնները ճանչնալու եւ նախագահ Սերժ Սարգսեանի ընտրութիւնը շնորհաւորելու արեւմտեան պետութիւններու դատապարտելի շտապողականութեան վրայ (այս մասին նաեւ տես ՕՐԸ ՕՐԻՆ սիւնակը):Գլենդել 4«Հիմնուած բոլոր անկախ եւ վստահելի եզրակացութեանց վրայ՝ ընտրութիւններու հրապարակուած պաշտօնական արդիւնքները շատ հեռու են արժանահաւատ ըլլալէ եւ չեն արտայայտեր հայ ազգի կամքը: Հայաստանի քաղաքացիները խիզախօրէն ոտքի ելան յանուն ազատ եւ անկախ Հայաստանի, ուր գերիշխանութիւնը ժողովուրդինն է, այլ ոչ թէ խորհրդային տեսակի բռնատէրերուն. անոնք յաղթահարելով յուսահատութիւնը՝ ոտքի կանգնեցան քաղաքացիական իրենց իրաւունքներուն տէր կանգնելու համար: Ամէնէն կարեւորը՝ Հայաստանի ժողովուրդը ոտքի կանգնեցաւ վերատիրանալու համար իր ոգեղէն ուժին», յայտնեց Էտուին Մինասեան:

Հայաստանի վերջին երկու՝ խորհրդարանական եւ նախագահական, ընտրութիւններուն տեղւոյն վրայ հետեւած Հայ իրաւաբաններու միութեան նախագահ Կարօ Ղազարեանը ընդվզում յայտնեց, թէ անկախութենէն քսանմէկ տարի ետք, տակաւին կարգապահ, պարկեշտ եւ հայավայել չափանիշներով գնահատելի հանրապետութիւն չենք կրցած դառնալ, այլ ականատես կ՛ըլլանք, թէ ինչպէ՛ս մեր հայրենիքին մէջ կը տիրապետէ անպարկեշտութիւնը, հայութեան ան-վայել ու անմարդկային ընթացքը:

«Մինչեւ Փետրուար 18, Սփիւռքը, որոշ բացառութիւններով, չէ գործած համայն հայոց երազանքը իրկանացնելու վճռականութեամբ, այլ հաշտուողականութիւն ցոյց տուած է առկայ անիրաւութեանց», ըսաւ Ղազարեան՝ սփիւռքահայութիւնը նմանցնելով քնացած հսկայ արջի մը, մինչ Հայաստանի ժողովուրդը, յանուն իր իրաւունքներու ձեռքբերման երկարատեւ պայքարէն փոխանակ սպառելու, Փետրուար 18ին գերմարդկային նոր ուժով տոգորուած է եւ ոտքի կանգնած՝ «ո՛»չ ըսելու իրեն պարտադրուած կեղծիքին: Իր ապագայ սերունդներու արժանապատուութիւնն ու ազատութիւնը անսակարկելի նկատող ժողովուրդը դրականօրէն ընդառաջեց Րաֆֆիի կոչին, եւ իր ձայնին տէր դառնալու վճռականութեամբ ոտքի կանգնեցաւ:

Ղազարեան, որ խումբ մը իրաւաբաններու հետ նախագահական ընտրութիւններու նախօրէին Հայաստան մեկնած էր, իր ընկերներով մօտէն հսկած է ընտրական գործընթացին, Երեւանի ու մարզերու մէջ դիտորդական առաքելութեամբ հետեւած է բազմաթիւ ընտրատեղամասերու քուէարկութեանց եւ ականատես եղած է կոպիտ խախտումներու:
Ղազարեան հաստատօրէն համոզուած է, որ ընտրութիւնները կեղծուած են: Ան յայտարարեց, որ ինք հանդիպած է դիտորդական միջազգային կազմակերպութեանց գրեթէ բոլոր ղեկավարներուն հետ, անոնց փոխանցած է իր յուսախաբութիւնը՝ կեղծիքը օրինականացնելու անոնց դատապարտելի վարքագիծին հանդէպ: Ան նաեւ յայտնեց, որ կան դիտորդներ, որոնք պատրաստ են որեւէ ատեանի առջեւ հրապարակելու արձանագրուած կեղծիքները: Ղազարեան կոչ ուղղեց սփիւռքահայութեան՝ կապուելու դիտորդական կազմակերպութեանց պատասխանատուներուն հետ եւ բողոքելու անոնց ընթացքին դէմ:

Հայաստանի քաղաքացիներու ցաւը կիսելով՝ Ղազարեան արհամարհանքով արտայայտուեցաւ ժողովուրդի սպառնացողներուն մասին եւ վերահաստատեց իր հաւատքը, թէ հայ ժողովուրդը, հայոց զաւակները, պայծառ ճակատներով պիտի սաւառնին անհունէ անհուն ու անոնց հետ միասին մենք ալ հպարտօրէն պիտի երգենք «Մեր հայրենիք, ազատ անկախ, որ ապրել է դարէ դար. Իւր որդիքը, արդ կանչում է, Ազատ Անկախ Հայաստան»:
Ապա, հաւաքի մասնակիցները ծափողջոյններով ու զօրակցական բացագանչութիւններով դիմաւորեցին Րաֆֆի Յովհաննէսեանը, որ ուղիղ կապով իր պատգամը փոխանցեց ներկաներուն: «Փետրուար 18ին նոր Հայաստանի մը սկիզբը դրուեցաւ», յայտնեց Րաֆֆին՝ վերահաստատելով իր վճռականութիւնը, ժողովուրդին հետ միասին, ժողովրդային այս շարժումը տանելու մինչեւ յաղթանակ:գլենդել5 Ազատութեան հրապարակի ժողովրդային հաւաքի պատկերն էր, կարծես, որ այստեղ կը կրկնուէր: Սրահը լեցուած էր անօրինակ յուզումով ու խանդավառութեամբ: Ներկաները լարուած մտիկ կ՛ընէին իրենց սրտէն բխած խօսքերը արտասանող Րաֆֆիին, իրենց արձագանգներով ու ծափերով կ՛ուզէին զայն համոզել, թէ իրեն հետ են, ժողովուրդին հետ են՝ անոնց պայքարին մէջ:

Հաւաքի փակման խօսքը փոխանցեց ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեանը, որ շուրջ չորս ամիս առաջ, նոյն այս բեմէն, Րաֆֆիի հետ միասին քննարկած էր Սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւնները նոր որակի հասցնելու խնդիրը:
«Փառք մեր ժողովուրդին, որ իր քուէով իրագործեց անսպասելին եւ ամէնէն շռնթալից կերպով Սփիւռքի զաւակ քաղաքացին ընտրելով նախագահ՝ փշռեց Սփիւռք-Հայաստան բարդոյթը եւ հաստատումը կատարեց, թէ մենք մէկ ազգ ենք», յայտնեց Յովսէփեան:

«Շատեր չարագուշակութիւն կ՛ընեն՝ «մարգարէանալով», թէ այս շարժումը շուտով պիտի խամրի: Կը սխալին անոնք, որովհետեւ այս շարժման գլխաւոր շարժիչներն են երիտասարդութիւնն ու ուսանողութիւնը: Կը սխալին անոնք, որովհետեւ այս շարժումը թէեւ Րաֆֆիի ընտրութեամբ կը խորհրդանշուի, սակայն Րաֆֆիով չի պայմանաւորուիր», ըսաւ դոկտ. Յովսէփեան՝ աւելցնելով, որ մենք այս շարժումին միացած ենք, որպէսզի ի վերջոյ, քսանմէկ տարիներու պայքարէ ետք, կարենանք իրագործել իսկական արդար, ազգային իտէալներու հետամուտ իշխանութիւն մը ունենալու մեր իրաւունքը:

«Շարժումը պիտի յեղափոխէ մեր հայրենիքը», ըսաւ ՀՅԴ ներկայացուցիչը՝ աւելցնելով, որ թող ոչ ոք մեզ այպանէ կամ մեր ժողովուրդը վախցնէ՝ ապակայունացման սպառնալիքը մէջտեղ նետելով: Երկիրը ապակայունացնողները անոնք են, որոնք կը բռնանան Հայաստանի քաղաքացիներու ազատ արտայայտուելու եւ քուէի իրաւունքին վրայ:
«Ոչ ոք թող սարսափի գունաւոր յեղափոխութենէն: Գունաւոր յեղափոխականներն ու իրենց հովանաւորները այսօր գործող իշխանութեան հովանաւորներն են, անոր անօրինականութեան օրինականութիւն տուողներն են: Այս շարժումը ջինջ է՝ մաքուր, պայծառ, ազգային», յայտնեց Յովսէփեան, աւելցնելով, որ հաւաքի մասնակիցներուն կը մնայ՝ իրենց զօրակցութիւնը գործնականօրէն արտայայտել իշխանութիւնը ժողովուրդին վերադարձնելու շարժումին:
Հաւաքը աւարտեցաւ Յարութ Փամպուքճեանի երգով:

«ԱՍՊԱՐԵԶ»
04/03/2013թ

Տպել Տպել