Պատանդը

Apo-Phot Այս խորագիրով Խորէն Արամունիի հեղինակած թատերախաղը տեսնելու առիթն ունեցայ անցեալ Կիրակի երեկոյեան: Հեղինակը յուշած էր, որ ներկայացումը այս օրերուն մեզ յուզող հարցեր կը շօշափէ. մերօրեայ իրականութիւնը ցոլացնող հոգեվիճակի գեղարուեստական արտայայտութիւն մըն է անիկա:

Թատերախաղը այս շաբաթավերջին եւս պիտի ներկայացուի Theater Unlimited սրահին մէջ, որ փոքրիկ սրահ մըն է, հետեւաբար՝ պէտք է անմիջապէս տեղ ապահովէք, այլապէս՝ տոմսերը շուտով կը սպառին:

Թատերախաղի նիւթը չեմ ուզեր այստեղ պատմել, բայց կը վկայեմ, թէ իրապէ՛ս մեր այսօրուան քաղաքական վիճակին ստեղծած ու անկէ բխած հոգեվիճակն է, որ կը մատուցուի բեմէն: Անկախութեան աւելի քան քսան այս տարիները, փոխանակ յոյսի ու հաւատքի հրավառութեան ժամանակաշրջան մը դառնային մեր ժողովուրդին համար, իրար յաջորդող իշխանաւորներու անբարեխիղճ, բնակչութեան տարրական կարիքներուն հանդէպ անտարբեր ու սեփական կամ առաւելագոյնը՝ խմբակային շահերու միայն ծառայող վարքագիծով համատարած բարոյալքում յառաջացուցած են քաղաքացիներուն մէջ: Այս հոգեվիճակը առաւել ծանրութեամբ ապրող Արցախեան ազատամարտի հերոսի մը (Արամ Մուրատեանի հրաշալի խաղարկումով) յուսահատական, ցնցող արարքը, բողոքի ու ընդվզումի պոռթկացող ճիչը, կարծես, Երեւանի թատերական-Ազատութիւն հրապարակէն է, որ կը հնչեն:

Ներակայացումը անհանգստացնող էր, որովհետեւ հերոսը, հայ յանձնառու քաղաքացին, փրկութեան ճանապարհ չի գտներ ու կ՛երթայ այնպիսի քայլերու, որոնք անհասկնալի են զանգուածներուն համար:

Անհանգստացնող էր նաեւ՝ ի լոյս երեւանեան զարգացումներուն, ժողովրդային հզօր ալիքով սկսած շարժումի ղեկավարի յուսահատական քայլերուն, որքա՛ն ալ ան փորձէ յաղթանակի շեշտեր տալ իր հռետորութեան: «Պատանդ» թէ «հացադուլ»՝ մեզի պարտադրուած ճակատագիրէն ազատագրուելու ճանապարհներ չեն, այլ պարզապէս՝ մարտահրաւէրի ահագնութեան ախտանիշեր:

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
«ԱՍՊԱՐԵԶ»

12/03/2013

Տպել Տպել