«Ակօս»ի հայերէն էջերու խմբագիր Սարգիս Սերովբեան Լիբանանէն հաղորդուող «Վանա Ձայն» ռատիօկայանին տուած իր հարցազրոյցին ընթացքին կ՛ըսէ, թէ «այսօր պոլսահայութիւնը դէմ յանդիման կանգնած է բազմաթիւ հարցերու, որոնց մէջ առաջին տեղը կը գրաւէ քաղաքացիական արիութիւն ցոյց տալը…»:
«Քաղաքացիական արիութիւն». Հասկացողութիւն մը, որմէ առհասարակ ետ կեցած ենք: Ընդհակառակը թելադրած են մեր հաւաքականութեան խորհրդատուները: Անոնք փորձուելով բազմաթիւ փորձանքներէ՝ ամբողջ հանրապետութեան շրջանին ապահով գտան հաստ պատեանի մը մէջ գոյատեւելը: Կարծեցին, որ այդ պատեանին մէջ անտեսանելի մնալով՝ աւելի քիչ կը վնասուինք: Հետեւանքը ցոյց տուաւ, որ բնազդաբար մեր վրայ քաշուած այդ պատեանը այնքան ալ ապահով չէր: Չէր՝ քանի որ իշխանութեան չար միտքը գիտէր, թէ ի՛նչ կար այդ պատեանին տակ, եւ ամէն առիթով կը փորձէր վնաս հասցնել անոր տակ ապաստանածներուն:
Այդ վնասները մեզի հասան նախ՝ քաղաքական միտքի սնանկացումով, ապա վրայ հասաւ իբրեւ թէ պատեանին տակ մեզ պահպանել ջանացածներուն կորուստը: Օրինակի համար, հայախօսութենէ դադրեցանք այդ պատեանին տակ: Մեր տոհմին յատուկ անուններէն հրաժարեցանք այդ պատեանին տակ: Այն, ինչ պահել, խնայել պիտի ջանայինք, մի առ մի կորսնցուցինք: Մեր դպրոցները, աշակերտը յաճախորդ կարծելով եւ աւելի շատ յաճախորդ ունենալու մարմաջով՝ կորսնցուցին իրենց առաքելութիւնը: Նոյնը ըրին մեր եկեղեցիները իրենց հօտերուն նկատմամբ:
Այս բոլորին մէջ խանգարուեցաւ նաեւ հայ ընտանիքի աւանդական հասկացողութիւնը: Նման այլասերում մը ինքնաբերաբար պիտի բերէր արտագաղթի ախտը, որ կրկնակիօրէն վնասեց պատեանին տակ պահուըտած հաւաքականութիւնը: Եւ որովհետեւ թանձր էր մեզ պատող պատեանը՝ աշխարհը ընկալեցինք իր մէջ միայն: Չնկատեցինք, որ դուրսը ինչե՜ր կ՛անցնին, կը դառնան: Թէեւ գտնուեցան պատեանին արտաքինով հետաքրքրուող մարդիկ, բայց անոնք ալ այդ հետաքրքրութեամբ մատնուեցան դուրսի հոսանքին եւ լքեցին պատեանը:
Վերջին քսան տարիներուն, մեր հաւաքականութեան կարեւոր մէկ մասը պատեանէն դուրս կու գայ, առանց հոն մնացածներուն հետ իր կապը խզելու: Այս վերջինները կարելի է «պահանջատէրեր» անուանել: Անոնք հաշիւ ունին դուրսիններուն հետ: Եւ քանի զօրեղ կ՛ելլէ իրենց ձայնը, նոյն համեմատութեամբ արձագանգ կը գտնեն դուրսի լայն աշխարհէն: Սերովբեանի «քաղաքացիական արիութիւն» կոչածը՝ ահա ա՛յդ պահանջատիրութիւնն է, որուն պատճառաւ կարելի է վնասներ կրել, բայց անկարելի է ոչնչանալ:
Մենք, հազիւ մեր գլուխները պատեանէն դուրս հանած՝ տեսանք, թէ բաւական հաշիւներ ունինք դուրսը: Նախ եւ առաջ, ունինք 90 տարուան կորսուած քոյրեր ու եղբայրներ, որոնք այդքան տարիներ մեզ կը փնտռէին ու չէին կրնար հաղորդակցիլ, պարզապէս՝ մեզ պատող անթափանց պատեանին պատճառաւ: Հիմա որ մենք դուրս եկած ենք, ունեցանք իրենց հետ հաղորդուելու բախտը, բայց ափսոս, որ դեռ պատեանին մէջ կան շա՜տ շատեր, որոնք ի գին մեր ապահովութեան՝ կառչած են մեր ոտքերուն եւ խորհուրդ կու տան, որ շատ ալ չբացուինք:
Գիտենք, որ աւելի վտանգաւոր է պատեանին տակ օրըստօրէ նուազիլ, ոչնչանալ, քան դուրս գալով՝ քաղաքացիական արիութեան հետեւանքով վնասուիլ:
Նախընտրեցինք կեղեւի մէջ փճացող ընկոյզ մը ըլլալու փոխարէն՝ համեղ ուտեստ մը ըլլալ:
ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒՔԵԱՆ
«ԱԿՕՍ», 7 Մարտ 2013
«ԱՍՊԱՐԵԶ», 18 Մարտ 2013







