Խմբապետ Մուշեղ (Աւետիսեան, 1887-1956). Ֆետայի Խմբապետի դաշնակցական անբասիր մարմնաւորումը

mousheg_19-3-13 (1) Տարուան այս օրը՝ Մարտ 19ին կ’ոգեկոչենք մահուան տարելիցը հայ ժողովուրդի ֆետայական շարժման առասպելատիպ հերոսներէն Խմբապետ Մուշեղի։

Խմբապետ Մուշեղ անմահացաւ մեր ժողովուրդի ազգային յիշողութեան մէջ ոչ միայն իր Սասնոյ ինքնապաշտպանութեան եւ անկախ Հայաստանի հայացման հերոսական Գործով, այլեւ՝ Դաշնակցական Խմբապետի բարոյական ու գաղափարական աւանդը մարմնաւորելու իր արժանաւորութեամբ։

Յատկապէս սփիւռքեան ափերու վրայ կազմաւորուած հայոց սերունդները ազգային-ազատագրական պայքարի եւ յեղափոխական յանդգնութեան իրենց ներշնչման աղբիւրը գտան Խմբապետ Մուշեղի մէջ, որ ապրեցաւ եւ գործեց հայոց նորագոյն պատմութեան ամէնէն բախտորոշ ժամանակաշրջանին եւ խորհըրդանշեց հայ ժողովուրդին վերապրումի եւ վերականգնումի ուժականութիւնը՝ թշնամի ծանրագոյն հարուածներու դէմ զէն ի ձեռին ծառանալու եւ Հայաստանի ու հայութեան յաւերժի երթը անվեհեր շարունակելու մարտունակութեամբ։

Խմբապետ Մուշեղի յիշատակը միշտ ոգեկոչելու Պարտքը ունինք նաեւ այն առումով, որ Հայաստանի անկախութեան խորտակման եւ հայոց պետականութեան պարտադրուած խորհրդային լուծի ժամանակներէն՝ հակադաշնակցական մաղձոտ գրոհներու խաժամուժին մէջ, ցեխարձակման թիրախ դարձաւ նաեւ ու մանաւա՛նդ Դաշնակցական Խմբապետի լուսաւոր կերպարը, որուն ամէնէն վաւերական ներկայացուցիչը հանդիսացաւ Խմբապետ Մուշեղ։

Անցեալ դարու քսանականներուն Չարենցի ստեղծած «Խմբապետ Շաւարշ»ի կերպարը, դրական թէ բացասական իր այլեւայլ արժեւորումներով, վերջին հաշուով «հիմք» ծառայեց հայրենի հողի վրայ կազմաւորուած հայոց սերունդներու ազգային յիշողութեան մէջ արմատաւորելու այսպէս կոչուած «խմբապետական սինդրոմ»ի կեղծ մտապատկերն ու կարծրատիպը։

Խորհրդային եօթանասունամեայ ամբողջատիրութեան երկար շրջանին տեւաբար հնչեց, իսկ Արցախեան Պահանջատիրութեան ու Հայաստանի վերանկախացման վերջին քսանհինգամեակին, սովորամալութեամբ թէ ուղղակի խորհրդային ժառանգութեան ներշնչումով՝ հայ քաղաքական մտքի հայրենական բեմերէն պարբերաբար կ’արձագանգէ այն յանկերգը, թէ իբր «խմբապետական» մտայնութիւնը արմատն է մեր պետականութեան վերականգնումը արգելակող… ներքին չարիքներուն։

Ահա՛ հիւանդագին դրսեւորումներէն մէկը նաեւ մեր օրերուն վերապրող այդ թունաւոր «ժառանգութեան», որ հայոց նորաստեղծ Ազգային Բանակին ներքին վէրքերուն իբր «պատասխանատու» ամբաստանութեան սիւնին կը փորձէ գամել «Դաշնակցական Խմբապետ»ի աւանդը.-

«Խմբապետի դասական կերպարը‘ մաուզերով, մորթէ գլխարկով ու թաւ բեղերով, սոսկ իր դարն ապրած դիմապատկեր չէ, այլ էութիւն, որ անփոփոխ անցել է վերջին հարիւր տարիների միջով ու արմատներ ձգել մեր օրերում: «Խմբապետն այսօր կենսակերպ է, ոգի, աշխարհայեացք: Խմբապետը առանցքն ու յենասիւնն է այն նախրային ըմբռնումի, համաձայն որի՝ թշնամին նա է, ով ի՛ր դեմ է, իսկ իւրայինները նրանք են, որոնց հետ նա կիսում է իրեն բաժին ընկած պատառը:

«Եւ հիմա մի մեծ, բազմանդամ ու բազմաճիւղ կառոյց, որ Ազգային Բանակ է կոչւում, դեռ շարունակում է յենուել այդ երերուն հիմքի վրայ, որից հնութեան բոյր է փչում, որն առաջնորդւում է քարեդարեան սկզբունքներով:

«Ու քանի դեռ կայ այդ կարծրացած մտայնութիւնը, երէկուայ թերուս ֆիդային կը շարունակի զօրամասեր ղեկավարել‘ համոզուած, որ իր չնչին գիտելիքները լիովին բաւարար են մի փոքրիկ վասալութեան իշխանը համարուելու համար: Քանի դեռ խմբապետութիւնն է պետութեան պատկերացումների վերջնակէտը, մարտավարական ու ռազմավարական տարրական իմացութիւններից զուրկ մարդկանց մի կաստա, իրենց փափուկ բազմոցներին նստած, գեներալական տիտղոսներ ու շքանշանների շարաններ կը վաստակեն երկրին մատուցած անյայտ ու անհասկանալի ծառայութիւնների դիմաց եւ ոչ մի գնով չեն բաժանուի այն բանի գիտակցումից, թէ ի վերուստ իրենց է տրուած հողի ու տասնեակ հազարաւոր մարդկանց ճակատագիրը տնօրինելու իրաւունքը:

«Ճիշդ այդպէս մտածում էին նաեւ նրանց նախապապերը, որ Առաջին Հանրապետութեան տարիներին առանց կրակոցի յանձնեցին Կարսը, որ ինտրիգներով ու գզվռտոցներով էին զբաղուած, քանի դեռ թուրքական բանակը աւերում էր Գիւմրին ու Լոռին, որ նոյնիսկ դուրս չեկան մի բուռ կիսաքաղց ու բոկոտն կարմիր-բանակայինների դէմ՝ երկիրն անմռունչ նուիրելով նրանց:

«Ո՞վ կ’ասի, թէ ինչ-որ բան է փոխուել այն ժամանակներից: Եւ այսօր այդ նոյն պաշարո՞վ են պատրաստւում կոչուելու տարածաշրջանի ամենամար- տունակ բանակը, սրա՞նց յոյսով պիտի աւարտին հասցնենք մեր անաւարտ կռիւը»…

Այսպիսի ախտորոշումներ կը պատշաճին բացառապէս վարձկանի հոգեբանութեամբ կազմուած ու գործող բանակներու, այս պարագային Կարմիր Բանակի օրինակով սեփական ժողովուրդին վրայ բըռ- նացող բանակի մը հիւանդագին մթնոլորտին։

«Դաշնակցական Խմբապետ»ի վեհագոյն աւանդը պարզապէս արատաւորելու զուր փորձեր են այսօրինակ ցեխարձակումները։

Ինչպէս «Առաջին Հանրապետութեան», նոյնպէս եւ վերանկախացեալ Հայաստանի այսօրուան Ազգային Բանակին գաղափարական ակունքները արատաւորելու կը ծառայեն նմանօրինակ խեղաթիւրումները։

Այդ առումով ալ, հայրենի հողի վրայ ծնած ու կազմաւորուած սերունդները ա՛յս աստիճան թունաւորող խորհրդային «ժառանգութեան» կեղտաջուրերէն հայ քաղաքական միտքը մաքրազտելու Պարտքը կը յուշէ ոգեկոչումը Խմբապետ Մուշեղի, որ 19 Մարտի այս օրը, 1956 թուին, Պէյրութի մէջ առյաւէտ փակեց իր աչքերը։

Սասնոյ Խիանք գաւառի ծնունդ էր հայ ժողովուրդին քաջագործ հերոսը, որ 1887ին լոյս աշխարհ եկաւ Աւետիսեան Մուշեղ աւազանի անունով եւ անմահացաւ, հայոց ազգային յիշողութեան մէջ, իբրեւ Խմբապետ Մուշեղ։

Մուշեղ կը պատկանէր Հայկական Ազատամարտի միջնաբերդ Տարօն Աշխարհը ըմբոստացման եւ պայքարի հանած աննման Ֆետայիներու երկրորդ սերունդին։ Մանուկ տարիքին ականատես դարձաւ 1894-1895ի Սասնոյ առաջին ապստամբութեան, իր կարգին կրեց հետեւանքները Համիտեան կոտորածներուն մահասփիւռ խորշակին եւ, Ս. Կարապետ վանքի ու Մշոյ վարժարաններուն մէջ յեղափոխաշունչ ուսումի տիրանալով, պատանի տարիքէն սնանեցաւ ու առաջնորդուեցաւ Սերոբ Աղբիւրներու եւ Հրայր Դժոխքներու, Անդրանիկներու եւ Գէորգ Չաւուշներու յանդգնութեան, արութեան եւ անձնազոհութեան օրինակով։

Սասնոյ երկրորդ եւ երրորդ ապստամբութեանց շրջանին, 1904ին եւ 1907ին, Մուշեղ արդէն անդամագրուած էր Դաշնակցութեան եւ աշխոյժ մասնակից էր ֆետայական կռիւներուն։ Երիտասարդ իր այդ տարիքէն Մուշեղ գրաւեց ուշադրութիւնը Ռուբէն Տէր-Մինասեանի, որ իր կարգին՝ երիտասարդ տարիքին, առաքուած էր Տարօն Աշխարհ՝ յեղափոխական առաջնորդի իր կրակէ մկրտութիւնը ստանալու։

1908ի Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, Ռուբէնի յանձնարարութեամբ, Մուշեղ անցաւ Տիգրանակերտ եւ լծուեցաւ տեղւոյն հայութեան ինքնապաշտպանութեան կռուանները կազմակերպելու գործին։ Դաշնակցութեան Զինուորի իր կերպարը այդպէ՛ս արմատաւորուեցաւ եւ ամրապնդուեցաւ։

Իսկ երբ Իթթիհատական իշխանութեան առաջին տարիներուն ամէնուր խանդավառութիւն կը տիրէր ազատութեան, հաւասարութեան եւ արդարութեան խոստումներուն նկատմամբ, Մուշեղ միացաւ իր զէնքերը վար չդնող եւ մեր ժողովուրդին զինումն ու ինքնապաշտպանութիւնը կազմակերպող գործիչներու փաղանգին։ Ամբողջապէս նուիրուեցաւ Տարօնի հայութեան դիմադրական կորովը վառ պահելու, զէնքերը վար չդնելու եւ յոռեգոյնին՝ արիւնալի պատուհասին կազմակերպականօրէն պատրաստ գտնուելու տենդագին աշխատանքին, Ռուբէնի իսկ խրախուսանքով եւ յանձնարարութեամբ։

Այդ շրջանին էր, նաեւ, որ Հայկական Ազատամարտի առասպելատիպ քաջերէն Կորիւնի հետ, Մուշեղ անմիջական գործակիցը դարձաւ Սիմոն Զաւարեանի, որ իբրեւ կրթական հսկիչ եւ ուսուցիչ Պոլիսէն առաքուած էր գաւառները։ Այդ ճամբով էր, որ գաւառներու հայութիւնը եւ յատկապէս Տարօնի Աշխարհը թէ՛ հոգեմտաւոր, թէ՛ զինումի առումներով նախապատրաստուեցաւ Ցեղասպանին հետ օրհասական ճակատումին։

1915ին, Տարօնի հայութեան վեցամսեայ հերոսամարտին ամբողջ տեւողութեան, Մուշեղ դարձաւ շրջանի զինուորական հրամանատարութեան գլխաւոր դէմքերէն մէկը՝ հնարաւորինս փրկելով Տարօնի հայութիւնը։ 1916էն 1917, իբրեւ Խնուսի ձիաւոր գումարտակի հրամանատար, Մուշեղ մնաց Սասնոյ լեռներուն վրայ եւ շարունակեց քրտական ու թրքական սանձարձակութեանց ենթակայ հայութեան բեկորները հաւաքելու եւ փրկելու Գործը։

Ռուսական զօրքերու նահանջէն եւ Արեւմտահայաստանի հայութեան վերջնական պարպումէն ու դէպի Արեւելահայաստան գաղթէն ետք, 1918էն 1920, զէնքի իր հին ընկերոջ՝ Փեթարայ Մանուկի հետ, ապա անոր նահատակութենէն ետք առանձինն՝ Մուշեղ պատմական նշանակութեամբ մեծ գործ կապեց իր անունին, Թալինի ամբողջ շրջանը թաթարներէն մաքրագործելով եւ Սասունէն ու Մուշէն գաղթած հայութիւնը բնակացնելով։

Խմբապետ Մուշեղի վերջին խոյանքը հանդիսացաւ 1921ի Փետրուարեան համաժողովրդական ապստամբութեան յաղթանակը։ Սասունցի իր քաջագործ մարտիկներուն գլուխն անցած՝ խմբապետ Մուշեղ եղաւ Փետրուար 18ի ըմբոստացման առաջին ազդանըշանը տուողներէն մէկը՝ Էջմիածինէն ու Աշտարակէն վտարելով կարմիր ջոկատայիններուն ապաւինած հայ պոլշեւիկները։

Այնուհետեւ՝ Ատրպատական անցած Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարութեան հետ, Խմբապետ Մուշեղ իր կարգին ցմրուր ճաշակեց տարագիր հայու ճակատագրին դառն բաժակը։ Որոշ ժամանակ ապրեցաւ Յունաստան, ապա՝ Հալէպ եւ վերջնականապէս հաստատուեցաւ Պէյրութ, ուր եւ մահացաւ 19 Մարտ 1956ին՝ սերունդներուն կտակելով Դաշնակցութեան Զինուորի եւ Քաջ Խմբապետի օրինակելի աւանդ մը։

Հայ ժողովուրդի ու Հայաստանի ամբողջական ազատագրութեան համար մինչեւ վերջին շունչ իր բոլոր ուժերը , ի հարկին նաեւ կեանքը նուիրաբերելու պատրաստ Սասունցի Քաջը, Անվեհեր Ֆետային եւ Հաւատաւոր Դաշնակցականը անկորնչելի մարմնաւորումը գտան Խմբապետ Մուշեղի Տիպարին մէջ։

Խմբապետ Մուշեղի կենդանագիրը լաւագոյնս խտացուցած է սփիւռքահայ տաղանդաւոր բանաստեղծ, գրող եւ հրապարակագիր Անդրանիկ Ծառուկեան, որ մօտէն ճանչցած էր Խմբապետ Մուշեղը եւ, «Երազային Հալէպը» անուն իր գործին մէջ, հետեւեալ վկայութեամբ անմահացուց անոր վարքն ու գործը.-

«Հսկայ մարմին մը, վրան առիւծի գլուխ մը եւ երկու աչքեր, լեռնային լճակներու պէս խաղաղ ու վճիտ աչքեր։ Ամէն ինչ այդ աչքերուն մէջ է։ Իր մտածումները, զգացումները, ապրումները հոն են, այդ աչքերուն մէջ, որոնց թափանցիկ պայծառութեան մէջ կը կարդաս իր պարզունակ հոգին։ Հոգի մը, որ ծալքեր չունի, ներքին ալեկոծումներ եւ բարդութիւններ չի ճանչնար, այլ անմեղ մանուկի աչքերով կը դիտէ աշխարհը, զարմացած եւ զարմանալու միշտ պատրաստ։

«Ուսման բարիքները, ինչպէս եւ չարիքները անծանօթ են իր ուղեղին, որ դեռ մաքուր է, կաւիճէն չաղարտուած գրատախտակի մը պէս։ Մեսրոպեան տառերը հեգելու ժամանակ չէ ունեցած։ Իր կոշկոռած ձեռքերը հազիւ սորված են գութանին մաճը բռնել, անմիջապէս յետոյ հինգ մատներով գրկելու համար հրացանին պողպատը։ Ուրիշ գործ չի գիտեր, չէ ունեցած։ Ոչ արհեստ, ոչ ուսում։

«Իր սպիտակ նժոյգով եւ հրացանով պատմութեան անցած եւ այնտեղ ալ մնացած՝ խմբապետ Մուշեղը հիմա պարզապէս եղած է ընկեր Մուշեղ մը, որուն հետ կը նստինք, կը խօսինք, կը խօսեցնենք։ Խօսիլ շատ չի սիրեր, մանաւանդ իր մասին։ Եւ մեր պատանեկան անյագուրդ ծարաւին գոհացում տալու համար է, որ երբեմն կը զիջի պատմել դրուագ մը։

«- Այդտեղ՝ տղերքը իսկոյն դիրք գրաւեցին։ Տղաներէն մէկը ծանր վիրաւորուեցաւ, ինչ որ կատաղութեան հասցուց ընկերներուն զայրոյթը եւ գրոհի անցան, փախուստի մատնելով թշնամին։

«Միշտ տղերքն էին, տղաները, ինք չկայ։ Միշտ կը խօսի երրորդ դէմքով։ Անգամ մը միայն շեղում ունեցաւ.- «Այդ կռիւին, ներողութիւն սրա համար, ձիս զարնուեցաւ»։ Անձնական այդ միակ յիշատակութեան համար – ներողութի՜ւն…

«Մուշեղին այդ համեստութիւնը եւ պարզութիւնը կանուխէն ազդած են վրաս եւ մէկէ աւելի յօդուածներ գրած եմ իր մասին։ Դիպուածական պատահմունք պէտք չէ եղած ըլլայ, որ «Թուղթ առ Երեւան»ի մէջ մեր ապրող մարտիկներէն միայն Մուշեղն է, որ կը յիշատակուի, երբ դեռ ողջ էին Դրօն, Ռուբէնը եւ ուրիշներ…

«… Ի՞նչ եղած էր սակայն Մուշեղին գործը անցեալին։ Անձնուրաց եւ անվեհեր մարտիկ Սասունի լեռներուն վրայ՝ եզական պարագայ մը չէր։ Շատեր կային իրեն պէս։ Մուշեղին իսկական գործը, մեծ գործը, Կովկասի մէջ էր, Հանրապետութեան շրջանին։ Հայաստանը հայացնող հեծեալ մարտիկներու ջոկատին խմբապետն էր։ Սասունցիներու այդ գումարտակը, թիւով 200 հոգի, զինուորական հրամանատարութենէն անջատ միաւոր մըն էր, որ դրուած էր ուղղակի պատերազմական նախարար Ռուբէնի հրամանատարութեան տակ։

«– Գրաւոր կամ բերանացի հրաման տալու պէտք չունէի Մուշեղին,- կ’ըսէր Ռուբէն։ Սեղանիս բացուած Հայաստանի քարտէսին վրայ թուղթէ պզտիկ դրօշակներ կը դնէի եւ բարձրաձայն կը կարդայի նշուած թրքական գիւղին կամ աւանին անունը։ Մուշեղը կը հասկնար ու կþերթար։ Ինծի զեկոյց տալու պէտք չունէր։ Գիտէի թէ ճշդուած վայրը մաքրուած է»…

Գաղափարական ու բարոյական ա՛յս որակի մեծութիւններով սերունդներուն յանձնուած Աւանդ է Դաշնակցական Խմբապետի ժառանգութիւնը, որուն ըստ արժանւոյն գնահատումը հիմնական նշանակութիւն ունի հայ ժողովուրդի ազգային միասնականութեան վերանորոգումին եւ հայ քաղաքական մտքի ներքին միասնութեան ամրագրումին մէջ։

Հայաստանի եւ հայութեան ամբողջական ազատագրումի եւ լիարժէք վերականգնումի պայքարը, իր ողջ ներուժով թափ առնելու եւ յառաջ մղուելու համար, ներշնչման իր կիզակէտին կարեւորութեամբ պիտի հիմնուի Խմբապետ Մուշեղի օրինակով հերոսական ծնունդներու Աւանդին վրայ։

Յատկապէս հայրենական հողի վրայ հասակ նետող հայոց նոր սերունդներուն հաշւոյն, սրբազան Պարտքը ունինք միշտ յիշելու եւ յիշեցնելու հայ ազգային-ազատագրական շարժման անբասիր Խմբապետները, որոնց վարքն ու գործը այսքան երկար տասնամեակներ դուրս պահուեցաւ հայոց դասագիրքերէն։

Դաշնակցական Խմբապետի ոգեշնչող Աւանդը լիարժէք ճանչնալու ամէն իրաւունք ունին հայրենի հողի վրայ կազմաւորուող հայոց մերօրեայ սերունդները, որոնք դեռ յաղթահարած չեն «Խմբապետ Շաւարշ»ի չարենցեան խեղանկարով «սնանելու» շարունակուող «ժառանգութիւն»ը։

Ն.

ԱԶԱՏ ՕՐ

Տպել Տպել