Դաշնակցական Բաբգէնը

papapzyanՇատ յաջող չէ այս խորագիրը, կը զգա՛մ: Ան ունի թերեւս առաւելութիւնը յստակ եւ մեկին ցոյց տալու, թէ մեր ողբացեալ ընկերոջ ոգեկոչման առիթով կուսակցական մարդու երեսն է, որ պիտի փորձեմ: ներկայացնել այս գրութեամբ: Բայց, իր միակ որակականով, ան կրնայ նաեւ նշանակել, որ Բաբգէն Փափազեանը դաշնակցական էր ամէն բանէ առաջ եւ ամէն բանէ վերջ եւ վե՛րջ. բան մը, որ չի համապատասխաներ իր մասին իմ ունեցած պատկերացումիս, դրակա՛ն իմաստով: Ի՞նչ է ի վերջոյ դաշնակցականը առանց հայութեան եւ հայեցիութեան անմիջական ստորոգելիներուն, եւ մի՞թէ ազգային այս յատկանիշները մարդկային արժանիքներէ եւ արժէքներէ չեն բխիր իրենց կարգին: Նկարագիր, խառնուածք, աշխարհահայեացք եւ գաղափարներու աշխարհ կոչուածները ուսողական իմաստով տարազելի տուեալներ չեն, որ կարելի ըլլայ հաւասարութեան մը լուծման ճամբով յանգիլ անձի մը մէկ երեսին վերջնական եւ անհերքելի բնութադրման: Մարդը, հայը եւ կուսակցականը ընդելուզուած են իրարու այնպիսի անքակտելի կապերով, որ կարելի չէ յանգիլ միակ երեսի մը ամբողջական պարզումին, առանց տեւաբար նկատի ունենալու միւսները: Եւ այս` մանաւանդ տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի նման բարդ եւ բազմակողմանի անհատականութեան եւ պարագային: Ուստի հասկնալի պիտի ըլլայ, որ դաշնակցական Բաբգէնը ներկայացնելու համար ես նախ փորձեմ բնորոշել մարդու եւ հայու իր արժանիքները:
Անկարելի է ոգեկոչման քանի մը խօսքերու յատկացուած սահմանափակ այս սիւնակներուն մէջ սպառիչ վերլուծման ենթարկել Բաբգէն Փափազեան մարդը` իր կեանքով, ապրումներով, գործով, խառնուածքային առանձնայատկութիւններով եւ գաղափարական աշխարհով, այնքան որ տարբեր էր անիկա ընկերային որոշ դիրքով մը կամ մասնագիտութեամբ մը կաղապարուած ընթացիկ տիպարներէ: Ինքնուրոյն, բազմակողմանի եւ բազմաշնորհ անհատականութիւն, որ առանց թերեւս անփոխարինելի եւ անառարկելի հեղինակութիւն մը ըլլալու իր ասպարէզին կամ գործունէութեան բազմապիսի բնագաւառներէն մէկուն կամ միւսին մէջ` բժշկութիւն, հրապարագրութիւն, ուսուցչութիւն եւ կրթական գործ, թատրոն, ասմունք, հասարակական եւ կուսակցական զբաղումներ (եւ շարքը կարելի է երկարել) պատուաբեր չափանիշներով իր տեղը գրաւեց այդ մարզերու սփիւռքահայ պատմութեան մէջ, եղաւ բոլորը միաժամանակ կամ փոխնիփոխ` բժիշկ, հրապարակագիր, ուսուցիչ, վարժարանի տնօրէն, թատերագէտ եւ բեմի սպասարկու, ասմունքող, հասարակական գործիչ եւ կուսակցական ղեկավար անձնաւորութիւն իր ներքին անզսպելի մղումով ստանձնած գործին նկատմամբ լուրջ ու հաւատաւոր մօտեցումով, եւ իր անդուլ ու պտղաբեր աշխատանքով` տարիներու ընթացքին կուտակելով պատկառելի վաստակ մը:

Տարբեր էր, կը կրկնեմ, սովորական մարդերէն: Ինքնատիպ եւ քիչ մը տերվիշ` իր կեանքի ձեւին եւ առօրեային մէջ, անտեղիտալիօրէն ուժեղ` իր համոզումներուն եւ անոնց արտայայտութեան, միշտ խանդավառ եւ յաճախ յուզական` ճշմարիտին ու գեղեցիկին իր պաշտամունքին, ու խորապէս ամուր` իր հայութեան եւ դաշնակցականութեան մէջ: Համակ կեանք էր Բաբգէն, անսպառ ուժականութիւն եւ աշխատանքի կորով, ներքին տարականոն կենսունակութիւն, պոռթկացող ազնիւ յուզականութիւն եւ գաղափարին ու գործին նկատմամբ` աննահանջ հաւատք եւ վճռականութիւն: Իր բամբ եւ ուժեղ ձայնը, զգացումով ու համոզումով արտայայտած խօսքերը եւ անոնց ընկերացող շարժուձեւերը իւրայատուկ կը դարձնէին Բաբգէնի արտայայտուելու ոճն իսկ, որ այնքա՜ն թելադրական ու ներգործող էր` աշխատունակութեան. հաւատքի, հաստատակամութեան եւ ոգեղէն ու մտաւոր արժէքներու պաշտամունքին տեսակէտէն: Եւ գաղափարի ու տեսլականի այս մարդը գիտէր ներշնչել նորերը, յստակ ու պատճառաբանուած տեսակէտներ փոխանցել իր շրջապատին եւ զանգուածները ելեկտրականացնել երբեմն` խնամուած ու տպաւորիչ բանախօսութիւններով: Պերճախօս էր, ու բազմութիւնները կը գրաւէր` յորդացող յուզականութեամբը իր խօսքերուն, մտածուած եւ տեղի՛ն պարբերականութեամբ իր շեշտերուն եւ շեշտաւորումներուն, եւ ներքին եռեւեփող ապրումներու այնպիսի հարազատ դրսեւորումով, որ կարելի էր գուցէ միեւնոյն տիափազոնին վրայ չապրիլ արտայայտուած զգացումները, համաձայն չըլլալ նոյնիսկ Բաբգէնի այս ու այն դատումին ու գնահատումին, բայց կարելի չէր չյարգել այդ ապրումներն ու տեսակէտները, եւ անոնց տէրը:

Բնածին ու խոր հայկականութեամբ, ըմբռնումներու եւ ճաշակի անխարդախ հայեցիութեամբ օժտուած էր Բաբգէն Փափազեան: Հայ եւ հայեցի, ամէնէն առաջ, իր ընտանեկան յարկին տակ, անմիջական շրջապատին հետ իր յարաբերութիւններուն մէջ` երբեմն պահպանողականութեան երթալու աստիճան, առանց սակայն անհատական ազատութեանց նուազագոյն կաշկանդումին: Հայ եւ հայեցի` իր առօրեայ հետաքրքրութիւններուն, ներշնչումներուն, ապրումներուն եւ մտածումներուն մէջ: Հայկական նուազագոյն արժէք, հոգեմտաւոր նուազագոյն նուաճում, ազգային իւրայատուկ ամէն ըմբռնում եւ աւանդութիւն` սրբութիւններ էին Բաբգէնին համար, որ ունէր գաղտնիքը այդ սրբութիւնները փոխանցել կարենալու իր շուրջիններուն, բազմութիւններուն եւ յատկապէս նորերուն` իբրեւ հայեցի ապրումներու հարազատ ներշնչարան: Ան առանձին պաշտամունք կը տածէր մանաւանդ հայ գրականութեան այն էջերուն նկատմամբ, որոնք կը միտէին հայկական ինքնութիւնը եւ հայ ազգային արժանիքները հարազատօրէն եւ արուեստո՛վ բացայայտելու, կամ հայ ժողովրդական բանահիւսութեան եւ երգի այն նմուշներուն համար` որոնցմէ իրաւ, բիւրեղային հայեցիութիւն մը կը ծորէր: Ոչ ոք կրնայ մոռնալ, թէ ան ինչպիսի՛ խռովքով, որքա՛ն իրա՛ւ ապրումով կը կարդար, իր յուզումը անմիջօրէն փոխանցելով իր ունկնդիրներուն ալ, Կոստան Զարեանի, Հրանդ Մաթեւոսեանի, Մուշեղ Գալշոյեանի, Համօ Սահեանի թէ ուրիշներու այն կտորներն ու էջերը, որոնք հայու տեսակարար նկարագիրն ու ոգին կ՛արտայայտեն կամ Հայաստանի հողը, քարն ու ջուրը նրբօրէն կը գովերգեն: կ՛ընթերցէր, կ՛ասմունքէր, կը մեկնաբանէր անբասիր հարազատութեամբ եւ ազգային արդար հպարտանքի բարձր զգացումով: Կարելի է ըսել, որ Բաբգէնի ներաշխարհը կ՛ալեկոծէր արուեստի գործէ մը կամ դրական տարազումէ մը արտաբխած հայեցիութեան նուազագոյն թրթռացումէն:

Ա՛յս էր մարդը, հա՛յ մարդը` ազգային արժէքներու անկեղծ երկրպագու եւ ազգային աւանդներու ինքնամատոյց քարոզիչ: Ո՛չ օտարատեաց, ո՛չ այլամերժ, ո՛չ ժխտական ապազգային մեծութիւններու եւ գեղեցկութիւններու նկատմամբ, բայց անզիջող պաշտպան հայկական, քիչ ետք պիտի ըսենք նաեւ` դաշնակցական, արժէքներու: Երբե՛ք փակ` օտար հորիզոններու դիմաց, միշտ պատրաստ ընկալելու անառարկելիօրէն աղուոր ու հարստացնող տարրեր` օտար մշակոյթներէ, բայց ամրօրէն նախանձախնդիր ազգային գանձարանի անաղարտ պահպանման նկատմամբ:
Ու հիմա, փոխադրենք այս բոլոր յատկանիշներն ու արժանիքները կուսակցական գետնի վրայ, եւ յաւելեալ նկարագրութեան պէտք չի մնար ներկայացնելու համար Բաբգէն Փափազեանը իբրեւ դաշնակցական մարդ: Դաշնակցական Բաբգէնը մարդ, հա՛յ մարդ Բաբգէնն էր` գաղափարախօսական, քաղաքական եւ կազմակերպական աշխարհին մէջ արտաբեւեռուած: Նոյնքան հաւատաւոր, նոյնքան ամրակուռ` իր հաւաքական թէ անհատական համոզումներուն մէջ. նոյնքան ուժեղ տրամաբանող, որքան` ենթակայ յուզական պոռթկումներու. խստապահանջ կազմակերպական կանոններու անշեղ գործածութեան նկատմամբ, բայց` մարդկօրէն ենթակայ լայնախոհութեան եւ ներողամտութեան զգացումներուն. նոյնքան բծախնդիր դաշնակցական աւանդներու եւ բարոյական հասկացողութիւններու անաղարտ պահպանման անհրաժեշտութեան գծով, որքան` հասկցող (չեմ ըսեր անպայման գնահատող) նոր ժամանակներու եւ նոր միջավայրերու պարտադրած նոր գործելակերպը. եւ նախանձախնդիր ժողովական որոշումներու անթերի գործադրութեան մարզին մէջ, որքան ուրիշներու, նոյնքան եւ աւելի, ինքն իրե՛ն նկատմամբ:
Էապէս դաշնակցական էր Բաբգէն, բառին ոչ միայն ընթացիկ կազմակերպական, այլեւ գաղափարախօսական, ծրագրային, կարգապահական թէ ընդհանրապէս` դաշնակցականութեան առաքինութիւններու բովանդակութեամբ: Բայց ան երբեք չեղաւ նեղմիտ ու այլամերժ կուսակցական, սկզբունքով իսկ փակ ուրիշներու կարծիքին եւ տեսակէտներուն առջեւ: Սակայն, լրիւ ընդունելով հանդերձ, որ կրնային գտնուիլ դաշնակցական աշխարհահայեացքէն տարբերող տեսլականներ, ընկերային թէ ազգային մեր գաղափարախօսութեան հետ ոչ հաշտ, նոյնիսկ հակընդդէմ համակարգեր, եւ յարգելով հանդերձ Դաշնակցութեան քաղաքական ուղղութեան հակադիր առանցքներ եւ մօտեցումներ, եթէ տրամաբանական գտնէր զանոնք եւ հաւատար անոնց հետեւորդներու անկեղծութեան, ան խոր հաւատք ունէր ի՛ր կուսակցութեան իտէալներուն, գաղափարական աւանդներուն, բարոյական սկզբունքներուն եւ ազգային-քաղաքական վարքագծին նկատմամբ: Աւելի՛ն. ան իրաւ դաշնակցութիւնը կը նոյնացնէր անաղարտ հայկականութեան հետ: Բաբգէնին համար Քրիստափորի մը անսակարկ անձնուրացութիւնը, Ռոստոմի մը ամբողջական ինքնանուիրումն ու Սպաղանաց Մակարներու եւ Գալէներու բնածին հերոսութիւնը, դաշնակցական առաքինութիւններ ըլլալէ առաջ կամ ըլլալու առընթեր, հայ ազգային նկարագրի հարազատ եւ անխարդախ յատկանիշներն էին: Հայ ժողովուրդէն անցած Դաշնակցութեան, այնտեղ զտուած, բիւրեղացած, բարոյական աւանդի վերածուած ու վերադարձուած հայութեան:

Հայութիւնն ու Հայաստանը դաշնակցական Բաբգէն Փափազեանի ապրումներուն, մտածումներուն եւ յոյսերուն հիմնական կիզակէտը կը կազմէին: Բարեբախտաբար, շատերուս նման, ինք եւս վերջին քանի մը տարիներուն ականատես եւ ականջալուր եղաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան սկզբունքներու, տեսակէտներու, եւ պատմական աւանդներու յաղթանակին եւ աստիճանական արմատացման` ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի: Տեսաւ Ղարաբաղի եւ հայրենի հայութեան ազգային տրամադրութիւններու եւ պահանջատիրութեան շքեղ բռնկումը, եւ երջանկացաւ: (Վերջին տասնամեակի մեր բոլոր նահատակները այդ բախտաւորութիւնը չունեցան, ափսո՜ս): Մահէն քանի մը ամիս առաջ, երբ միասին կը խօսէինք համայն հայութիւնը յուզող եւ Հայ դատի հետապնդման մարզին մէջ նոր հորիզոններ բացող Արցախեան անընկճելի շարժման մասին, հմայուած ու վերացած` Բաբգէն կ՛ըսէր իրաւամբ. «Տասնամեակներու ընթացքին անթեղուած ու հազիւ մխացող կրակը բոցավառած է կրկին: Չեմ կարծեր, որ Մոսկուան համաձայն ըլլայ Լեռնային Ղարաբաղի` Հայաստանի կցումին, բայց առայժմ այդ չէ՛ հիմնականը: Հիմնական շահը հայութեան քաղաքական արժանապատուութեան եւ պահանջատիրութեան վերազարթնումն է, որ անվերադարձ է»:

«Լռութիւններդ պերճախօս են յաճախ, բայց սֆինքսի պէս մի՛ կենար, խօսէ՛, արտայայտուէ՛», կ՛ըսէր երբեմն, երբ ժպիտով մը կամ գլխու հաստատական շարժուձեւով մը կը պատասխանէի հարցի մը կամ երեւոյթի մը մասին իր երկարաշունչ ու մանրամասն զարգացումներուն, յաճախ նուաճուած, չըսելու համար «ընկճուած», բանաւոր ու բանական խօսքի այդքան առատ եւ այդքան արագ արտաբերումէն` որու կարողութիւնը միշտ պակսած է ինծի: Բայց տասնամեակներ ամբողջ գործակցած ըլլալով հասարակական, կուսակցական, մշակութային, կրթական եւ զանազան ուրիշ մարզերու մէջ իրարու հետ բաժնած ըլլալով երեսնամեակի մը առօրեայ դժուարութիւնները (յաճախ), եւ յաջողութիւնները (երբեմն), զիրար ճանչցած էինք ու կը հասկնայինք: Ներկայացող հարցերուն եւ անոնց լուծման եղանակներուն կապակցութեամբ կրնայինք երբեմն տարակարծիք ըլլալ, բայց, ընդհանուր առմամբ, կարելի է ըսել, որ կուսակցական մեր հիմնական հասկացողութիւնները եւ մեր զգացական աշխարհի տիրապետող տարրերը համապատասխան էին իրարու: Բաբգէն Փափազեանը, իր անկեղծ հայեցիութեամբ, աննահանջ աշխատասիրութեամբ եւ անխարդախ դաշնակցականութեամբ, յարգելի մարդ եւ սիրելի ընկեր էր ինծի համար:

Անդարձ բաժնուեցաւ բոլորէս ՀՅ Դաշնակցութեան հարիւրամեակի սեմին, երբ այնքան պէտք ունէինք իր խօսքին, գրիչին, աշխատանքին: Իր անխոնջ կեանքին ընթացքին հայութեան եւ հայկականութեան, Դաշնակցութեան եւ դաշնակցականութեան համար բաբախած եւ յաճախ ալեկոծած սիրտը յոգնած էր կ՛երեւի: Իբրեւ բժիշկ` Բաբգէնը գիտէր արդէն, որ ան օր մը իրեն պիտի դաւաճանէ: Բայց ինք իր սրտէն բխած եւ իր էութիւնը լեցնող զգացումներուն, ապրումներուն եւ համոզումներուն երբե՛ք չդաւաճանեց:

ՀՐԱՉ ՏԱՍՆԱՊԵՏԵԱՆ

26 յունուար, 1991

«ԱԶԴԱԿ»

Տպել Տպել