Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի Վկայութիւնը` Տոքթ. Բ. Փափազեանի Մասին

Տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի մահով կը զգամ, որ մեծ բաց մը կը յառաջանայ ազգային, կրթական եւ մշակութային մեր կեանքին մէջ:
Տաղանդաւոր միտք մըն էր, տրամաբանական տոկուն կարողութիւններով եւ ըմբռնումի ու վերլուծումի շեշտ ձիրքերով օժտուած: Հոգեւոր, իմացական, գրական, թատերական, պատմական, քաղաքական, գաղափարաբանական, ազգային, ընկերային արժէքներու եւ իրականութիւններու մասին լայն հմտութիւն, քաղաքակրթական բարձր ճաշակ եւ հասկացողութիւն եւ մանաւանդ ապրումի վերածուած հաղորդականութիւն ունեցող անձ մը, որ իր իւրայատուկ տեղն ու ազդեցութիւնը, տեսակէտն ու դերակատարութիւնը գիտէր արժեցնել:

Մասնաւոր սէր եւ նուիրում ունէր` հանդէպ երիտասարդութեան: Վարպետն էր իր համոզումները ուժեղ հաղորդականութեամբ խանդավառիչ ներգործութեան վերածելու նոր սերունդին համար: Բառին խորագոյն եւ լայնագոյն իմաստով` դաստիարակ մըն էր, ո՛չ սոսկ դասարանի մէջ կամ դպրոցական յարկերէն ներս, գրասեղաններու առջեւ եւ` գիրքերով, այլ` ժողովրդային լայն խաւերու մէջ, հրապարակային բեմերէն տրուած դասախօսութիւններով եւ արտասանած ճառերով: Հրապարակային խօսքի «ճպոտ»-ը գիտէր այնպէս գործածել, որ մարդոց միտքերուն եւ սիրտերուն, կամքերուն եւ ձգտումներուն շարժում եւ թռիչք կ՛ընծայէր:

Բաբգէնի անձին ամէնէն ակնաբախ գիծերէն մէկը իր հաւատքն էր, ամբողջական, անձնադրոշմ, նոյնիսկ կարելի է ըսել` գոյութենական զօրութեամբ ապրուած հաւատքը մարդկային ազնուագոյն արժէքներուն եւ հոգեկան ձգտումներուն ու ազգային ինքնութեան եւ արժանապատուութեան վրայ: Իրեն համար մարդ էակը, մարդկային հարազատագոյն եւ բարձրագոյն արտայայտութիւնները` արուեստ, գրականութիւն, գաղափարաբանութիւն, գաղափարապաշտութիւն, ազգային առողջ զգացումներ, ըմբռնումներ, սկզբունքներ, գերագոյն շահեր, հայրենասիրական շաղուածք, աշխատանքի սրբութիւն` բառեր եւ խօսքեր չէին: Իր հոգիին բանաստեղծ դրսեւորումներն էին, որոնց անկաշկանդ շեփորահարը եղաւ իր ամբողջ կեանքին ընթացքին, Համազգայինի Ճեմարանի իր ուսանողութեան օրերէն մինչեւ իր դաւանած գաղափարաբանութեան կազմակերպեալ արտայայտութիւնը եղող ՀՅ դաշնակցութեան կուսակցութիւնը, եւ մինչեւ իր կրթական, մշակութային եւ ազգային-եկեղեցական գործունէութեան այլազան բնագաւառները:

Կ՛ընդվզէր արդի ժամանակներուն սխալ հասկցուած արժէքներու մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ տարածումի երեւոյթին դէմ, Աշխարհի մարդ էր, անշուշտ, բայց` ո՛չ աշխարհիկ: Ծանծաղ, մակերեսային, վաղանցուկ, զգայարանական ծիրով խեղդուած բարքերը վէրք էին իրեն համար: Կը տեսնէր իր ժողովուրդը այդ վէրքով վիրաւոր եւ իր «բժշկութեան» արուեստը, հոգեւոր բուժումի եւ դարմանումի իր ճիգերը անխնայ կը գործածէր անոնց դէմ, բուռն ըլլալու աստիճան խիստ բայց համոզիչ եղանակներով, կենդանի խօսքի թէ մնայուն գիրի ճամբով:

Բաբգէնը աշխատանքի խենթ մըն էր: Տենդոտ աշխատանքի, յարատեւ ճիգի, հետեւողական գործի եւ պարկեշտ ու սիսթեմաթիկ գործելակերպի ախոյեան մը, Եւ այդու` նաեւ աշխատցնող մը. իր կեանքի օրինակովը եւ գործերու յորդութեամբը:

Այո՛, երկար ատեն պիտի զգացուի մահով իր թողած պարապութիւնը: Բայց պէտք է յիշուի եւ ներշնչման աղբիւրի վերածուի իր թողած լեցունութիւնը, իր վաստակին անթառամելի եւ անժամանցելի ժառանգութիւնը:

26 յունուար, 1991

«ԱԶԴԱԿ»

Տպել Տպել