«Հայութիւնը Լաւ Վիճակի Մէջ Է Ամբողջ Լիբանանի Տարածքին» Ընդգծեց Յ. Բագրատունի


«Ազդակ».- Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Նահար» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին նշեց, որ հայութիւնը Պուրճ Համուտի մէջ եւ ամբողջ Լիբանանի տարածքին լաւ վիճակի մէջ է:

Ան շեշտեց, որ Պուրճ Համուտի մէջ ապահովական կայունութեան պահպանումը լիբանանեան պետութեան պատասխանատուութիւնն է եւ ոչ թէ ՀՅ Դաշնակցութեան պատասխանատուութիւնը:

«Մենք շրջանը չենք փակեր, անհատական ապահովութեան դրութիւն չունինք եւ մենք դէմ ենք այդ տրամաբանութեան: Ապահովութիւնը պետութեան պատասխանատուութիւնն է, եւ եթէ անիկա անկարող է, ապա պէտք է հզօրացնել անոր կարողութիւնները եւ ապահովական ուժերուն կարողութիւնները», ըսաւ Յ. Բագրատունի:

Երեսփոխան Բագրատունի հաստատեց, որ Պուրճ Համուտի ռազմավարական դիրքը եւ հոն բնակելու իմաստով տիրող համեմատաբար աւելի աժան դրութիւնը կը մղեն, որ հոն գործ ունեցողները վերադառնան շրջան եւ հոն վարձքով ապրին, կամ ալ հին կառոյց մը վերանորոգեն եւ վերադառնան հոն բնակելու:

«Այսօր կարելի չէ ըսել, որ Պուրճ Համուտը հայութեան հիմնական միջնաբերդն է, այլ պէտք է ըսել, որ այդ միջնաբերդը կ՛ընդարձակուի մինչեւ Անթիլիաս` հասնելով մինչեւ Պէյթ Քըքոյի բարձունքները: Սակայն առաջին միջնաբերդին նկատմամբ երախտագիտութեան զգացումն է, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը հոն կը պահէ` իբրեւ հիմնական կեդրոն եւ աշխուժ ներկայութիւն», ըսաւ ան:

Ան նշեց, որ գաղափարախօսական փոփոխութիւնները եւ կուսակցութեանց փորձառութեան մէջ գաղափարախօսութեանց սնանկացումը ՀՅԴ-ի ժողովրդականութեան վրայ ազդեցութիւն չեն ունեցած` աւելցնելով, որ ՀՅԴ-ի մարդուժը 20-25 առ հարիւրով աւելցած է, բաղդատած 1960-1970-ական թուականներուն: «Մեր կուսակցութեան կ՛անդամակցին երիտասարդներու նոր սերունդներ եւ կիներ: Կուսակցութիւնը միացեալ է եւ այդպէս ալ պիտի մնայ` իր կողքին պահելով իր ժողովրդականութիւնը: Իսկ երեսփոխանական ընտրութիւնները ատոր իսկական փաստն էին», ըսաւ Յ. Բագրատունի:

Անդրադառնալով սուրիահայութեան դիմագրաւած ներկայ իրավիճակին` Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ ինք կը հաւատայ, թէ թրքական եւ օսմանական բռնատիրութեան ներքեւ ապրած հայը կրնայ նաեւ դիմագրաւել ներկայ մարտահրաւէրները: «Այդ իրականութեան փաստը այն է, որ հայերը կառչած կը մնան իրենց հողին եւ Սուրիայէն դէպի Լիբանան գաղթող հայութեան թիւը աննշան է:

Յ. Բագրատունի նշեց, որ սուրիահայութիւնը Սուրիոյ մէջ աւելի ապահով վայրեր կը փոխադրուի, «սակայն գաղթող սուրիահայերուն թիւը տասնեակները չեն անցնիր», ըսաւ ան:

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչը շեշտեց, որ հայութիւնը շրջանին մէջ արմատներ ունեցող ազգ է եւ անոր արիւնը շաղախուած է արաբական հողին հետ: «Կրնայ ըլլալ, որ մենք թիւով քիչ ենք եւ փոքրամասնութիւն կը սեպուինք, քրիստոնեայ այլ փոքրամասնութիւններուն նման, սակայն մենք արաբական գոյացութեան անբաժանելի մէկ մասնիկն ենք», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի աւելցուց, որ հայութիւնը անորոշութենէն կը վախնայ, եւ այս վիճակին լուծումը այն է, որ նոր իշխանութիւնները ստանձնեն բոլոր քաղաքացիներուն հետ հաւասարութեամբ վարուելու պատասխանատուութիւնը:

Լիբանանեան իրադարձութիւններուն ակնարկելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական իրավիճակը մնայուն կերպով կ՛ազդուի արաբական եւ շրջանային իրադարձութիւններէն, յատկապէս այս հանգրուանին եւ մասնաւորապէս Սուրիոյ զարգացումներէն:

«Լիբանանցին տակաւին կը տառապի օտարին դիմելու բարդոյթէն, ազատ որոշումներ տալու իմաստով անչափահաս մնալու եւ արտաքին կապանքներէն չձերբազատելու իրականութենէն», ըսաւ Յ. Բագրատունի:

Լիբանանի ապագային առումով, Յ. Բագրատունի կը հաստատէ, որ երկիրը ենթակայ է քաղաքական ապակայունութեան` աւելցնելով, որ կացութիւնը պիտի չհանդարտի, բացի երբ քաղաքական ուժերուն միջեւ գոյանայ քաղաքական համաձայնութիւն մը այն հասկացողութեան շուրջ, թէ պէտք է պահպանել Լիբանանի շահերը եւ զանոնք նկատել գերագոյն շահեր:

Երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ Ազգային երկխօսութեան խորհուրդը լուծման յանգելու վերջին միջոցն է, «սակայն կարելի չէ այդ երկխօսութեան ներկայանալ` քաղաքական իւրաքանչիւր ուժի կողմէ պարտադրուած պայմաններով: Մենք պէտք է ձերբազատինք պայմաններէն, որպէսզի վերջ տանք նաեւ Ազգային երկխօսութեան սեղանը կաշկանդող կապերուն», ընդգծեց ան:

Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ կան ձեռքեր, որոնք կը ձգտին հարուածել Լիբանանի մէջ տիրող ապահովական կայունութեան մնացորդացը եւ կայունութիւնը պահպանելը բոլորին պատասխանատուութիւնն է: «Անհրաժեշտ է կարմիր գիծեր գծել ազգային որոշ սկզբունքներու շուրջ, ինչպէս` ազատութեան, գերիշխանութեան, ազգային համակեցութեան, համերաշխութեան եւ բանակին ու ապահովական ուժերուն հեղինակութեան պահպանման սկզբունքները», շեշտեց ան` եզրափակելով, որ «պետութիւնը եւ միայն պետութիւնը մեր բոլորին ապաւէնն է»:

www.aztagdaily.com

Տպել Տպել