«Ձեռքէ Ելած Է»

cyprusԵորղոսը Կիպրոսի Նիկոսիա մայրաքաղաքի դրամատուներէն մէկուն պաշտօնեաներէն է: Ան միջին տարիքի սերունդին կը պատկանի, անոր համար գործը, արժանապատուութիւնը եւ բարոյական արժեչափերը կարեւոր գրաւականներ են իր կեանքին ու ասպարէզին համար: Տարիներու ընթացքին իմ կատարած դրամատնային գործառնութիւններուս ճամբով մեր միջեւ կերտուեցաւ պաշտօնեայ-յաճախորդ յարաբերութենէն աւելի բան մը` բարեկամութիւն եւ հաղորդականութիւն: Նկատի ունենալով, որ Կիպրոսը միջերկրականեան երկիր մըն է, հոն կեանքի արժեչափերն ու կենցաղային հոլովոյթները շատ աւելի միջինարեւելեան են, քան` եւրոպական, անկախ այն իրողութենէն, որ Կիպրոս Եւրոպական միութեան անդամ է:

Եորղոսի հետ մեր բարեկամութիւնը դրսեւորուած է սուրճի գաւաթի շուրջ հանդիպումներով, որոնց ընթացքին ծանօթութիւնները առաւել եւս կ՛ամրապնդուին, կարծիքներու փոխանակում կը կատարուին եւ տեսակէտներ կը ներկայացուին:

Կիպրոսը վերջին քանի մը տարիներուն կ՛ապրի տնտեսական-նիւթական մեծ տագնապ մը: Մեծ է տուժածներուն թիւը, անգործներու եւ սնանկացածներու շարքը:

Եորղոս եւս երկրին մէջ ստեղծուած տնտեսական տագնապին իր «տուրքը» կը վճարէ: Ինչպէս տարբեր հաստատութիւններու մէջ աշխատողներուն պարագային, Եորղոսի ամսականը եւս նուազած է քսան առ հարիւր համեմատութեամբ: Ասիկա բնականաբար պիտի ենթադրէ, որ Եորղոսի կեանքին մէջ ալ նոր պատշաճեցումներ կատարուին: Ան կը գիտակցի այս իրականութեան, բայց եւ այնպէս կ՛անդրադառնայ նաեւ, որ տնտեսական ճգնաժամին ազդեցութիւնը նաեւ պիտի հասնի կեանքի ընկերային-կենցաղային բնագաւառին, որովհետեւ այս բոլորը շաղկապուած են իրարու: Ան կը գիտակցի, որ կեանքի ամէն մէկ միաւորին ջլատումը կ՛առաջնորդէ միւսին, կ՛ազդէ միւսին վրայ:

Մտերմիկ հանդիպումի մը ընթացքին ուշի ուշով կ՛ունկնդրէի Եորղոսի ըսածները` գիտնալու, թէ իբրեւ տեղացի ան ինչպէ՞ս կը վերլուծէ կացութիւնները: Ինծի համար անհրաժեշտ էր տեղական բնութագրումը` ընդհանուր իրավիճակին: «Մեր քաղաքացիական, վարչական, պետական եւ հաւաքական կեանքերը մտահոգիչ իրավիճակ մը կը պարզեն», ըսաւ ան: Քիչ մը աւելի խորանալով նիւթին մէջ, ոչ շատ լաւատեսութեամբ, մտահոգ շեշտով աւելցուց. «Ձեռքէ ելած է»:

Բայց Եորղոսի համար կար աւելի կարեւոր նկատողութիւն մը` տագնապին եւ կացութեան նկատմամբ հաւաքական զգաստութեան անհրաժեշտութիւնը: Ան կը գիտակցի, թէ նեղութիւնը կրնայ մարդը հասունացնել, եթէ կայ սորվելու եւ զգաստանալու ցանկութիւնը: «Բայց ո՞վ եւ ինչպէ՞ս պիտի սորվին սխալներէն», հարց տուաւ ան:
Մեր բարեկամութեան բերումով ան գիտէր իմ աշխատանքս եւ հետաքրքրութիւններս. ուստի, պզտիկ ժպիտ մը ուրուագծելով իր դէմքին վրայ` ըսաւ. «Դուն Աստուածաշունչի մարդ ես, եւ Աստուածաշունչը յաճախ կը խօսի զգաստութեան մասին…»:

Ճիշդ էր Եորղոս, ոչ թէ որովհետեւ ես Աստուածաշունչի մարդ եմ, այլ որովհետեւ Աստուածաշունչին մէջ յաճախ կը խօսուի զգաստութեան մասին:

Թէեւ բաժնեցի անոր ըսածը, սակայն ես ինծի հարց տուի. «Արդեօք իմ` հայուս տագնապը այսօր տարբե՞ր է անկէ, որ կը չարչրկէ Եորղոսը»: Արդեօք մեր հայկական տագնապները, հայրենիքի մէջ թէ սփիւռքի, անոնց պատճառով ստեղծուած կացութիւնները, անկախ խորքային տարբերութիւններէ, նաեւ կրնան կամրջուի՞լ Եորղոսի մտահոգութեան տարբերակին: Թերեւս «ձեռքէ (չ)ելա՞ծ է» կամ մեղմ ըսած` «ձեռքէ ելլելու վրա՞յ է»: Հապա՞ հայուն զգաստութիւնը, եւ ո՞վ կամ ովքե՞ր պատրաստ են սորվելու սխալ փորձառութիւններէն, նաեւ` ինչպէ՞ս… Այս հարցումը կ՛ուղղուի հաւասարապէս Հայաստանի եւ սփիւռքի պարագային` զիրար հալածող եւ մէկը-միւսին վրայ կուտակուող շատ մը հիմնահարցերով…

Բայց նաեւ կ՛արժէ փակագիծ մը բանալ եւ վեր առնել Աստուածաշունչին բացատրած զգաստութեան հասկացողութիւնը:

Ուոլթըր Պրուկման` ամերիկացի ժամանակակից աստուածաբաններէն, եւ որ ճանչցուած է իր աստուածաբանական հայեացքներով, անդրադառնալով քաղաքական, տնտեսական, մշակութային եւ ընկերային ենթահողերուն եւ անոնց իրավիճակներուն` կը բացատրէ, թէ Քրիստոս կրցաւ աշխարհը «քակել» իր խաչելութեամբ եւ հաստատեց կեանքի եւ նոր ապագայի ուժը, որ Աստուծոյ կողմէ տրուած շնորհք է` ամբողջութեամբ արդիւնաւորուած Անոր յարութեամբ: Այս յարութեամբ է, որ նոր կեանք տրուեցաւ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով: Քրիստոս քննադատեց տիրող կացութիւնը, բայց ըրաւ աւելին: Ան փոխեց նոյն կարգավիճակը իր խաչելութեամբ, նորը ստեղծեց իր յարութեամբ: Այս աստուածաբանական տեսանկիւնէն մեկնելով` Պրուկման կ՛ընդարձակէ իր քաղաքական, ընկերային ու տնտեսական իրավիճակներու քննարկում-տեսութիւնները եւ կ՛ըսէ. «Հիմնական նպատակն է կազմել հաւաքականութիւն մը եւ արթնութիւն մը, որ ոչ միայն կը քննադատէ ու կը քակէ ներկայ իրավիճակը, այլ կը փոխարինէ զայն նորով: Քակելը նպատակ չէ», կը նշէ ան: «Քակելէ ետք անհրաժեշտ է հաւաքականութիւնը վերակարգել, վերակազմաւորել, որպէսզի կարելի ըլլայ նոր մարդկութեան սկիզբը ապահովել» («Մարգարէական տեսիլքը», 2001):

Եթէ պիտի սորվինք սխալներէն, այս կը նշանակէ, թէ պէտք է ազատութիւնը ունենանք քննադատելու: Այս գծով Ճորճ Օրուէլ կ՛ըսէ. «Ազատութիւնը մարդոց լսել չուզածը կարենալ ըսելն է»: Բայց անհրաժեշտ է նաեւ զգաստանալը, ազատ քննադատութիւնը դրական ուժի վերածելը` իբրեւ նոր ապագայի կեանքի ուժ: Այս ուժով կարելի է ստեղծել նորը, նոր մարդկութեան սկզբնաւորութեան ապահովումը:
Քննադատելը միայն «քակել»-ու օգտագործելը աննպատակ եւ ապարդիւն է, եթէ չկայ փոխելու եւ վերակարգելու զայն` նորին հասկացողութեամբ: Այս տեսլականին մէջ է, որ պէտք է փնտռել եւ տեսնել զգաստութեան հասկացողութիւնը:

Եորղոս իր «անկիւնին» մէջ կը գիտացի, թէ անհրաժեշտ է սորվիլ անցեալի սխալներէն, բայց ան նաեւ կ՛ուզէ զգաստ մնալ, որպէսզի կարելի ըլլայ նորը ստեղծել: Հայուն համահայկական ամէնէն մեծ մարտահրաւէրներէն մէկը զգաստութիւնն է, հոն, ուր «ձեռքէ ելած» կամ «ձեռքէ ելլելու վրայ է»: Իրավիճակը ո՛չ միայն կը քննադատուի, այլ կը փոխուի եւ կը փոխարինուի նորով: Նորը հայուն շարունակականութիւնը ապահովող գրաւականն է, որուն վրայ պէտք է հիմնել վաղուան ուժը:

ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

«ԱԶԴԱԿ»

Տպել Տպել