Հպանցիկ Խորհրդածութիւն. Ուսուցչաց Տօնին Առիթով

UsutsichԿասկած չկայ, որ մեր կրթական դարբնոցները սփիւռքի տարածքին անսակարկ լոյս ու ջերմութիւն սփռած են, ինչպէս նաեւ ազգային հայրենասիրական ամէնօրեայ աւիշ ջամբած են: Վստահ ենք, որ նոյն հաւատքով անոնք իրենց սրբազան առաքելութիւնը պիտի շարունակեն` յօգուտ մեր ազգային նպատակներուն, հայապահպանումին ու հայակերտումին:

Այս օրերուն, սակայն, գիտենք ուրիշներու չափ եւ աւելի, թէ հայ դպրոցը ինչպիսի դժուարութիւններու դէմ յանդիման կը գտնուի, ինչպիսի թերացումներ կամ պակասներ ունի: Հինէն ժառանգուած դժուարութիւններու վրայ կու գան բարդուելու նորերը: Մեր շուրջը կուտակուող ընկերային խորթ բարքերուն կողքին, կան տնտեսական սուր տագնապները, հոս` Լիբանանի մէջ թէ այլուր, իսկ ուսումնական ծրագիրներու վերածրագրաւորումն ու փոփոխութիւնը կը դառնան անհրաժեշտութիւն մը սփիւռքահայ երիտասարդութեան համար:

Կրթական պատասխանատուներ կը ձգտին յաղթահարել սպասուող դժուարութիւնները, կը մտածեն պարտաւորութեանց եւ անոնց լուծումներու մասին, ճիգեր կը թափուին, որպէսզի բարձր պահուին մեր կրթարաններուն մակարդակը:

Այս մտահոգութիւններուն առաջքը կ՛առնուի, եթէ պատասխանատուներ իրենց պարտականութիւնները մասնագիտականօրէն ու պարտաճանաչութեամբ լաւագոյնին ծառայեցնեն` ժամանակին յարգը գիտնալով, ժամանակին հետ քայլ պահելով:

Այսօրուան եւ մանաւանդ վաղուան կեանքը արագ փոփոխութեան ենթարկուող ժամանակաշրջանի մը ընթացքն է ու այդ պիտի շարունակուի անջրպետային նուաճումներով, վիթխարի տնտեսական, ընկերային, քաղաքական, ճարտարարուեստի, գիտական բարեկարգումներով, որոնք էապէս պիտի ազդեն մեր մտածողութեան եւ աշխարհահայեացքին վրայ:տոնԵթէ կը հաւատանք բարեփոխութեան, եթէ կը հաւատանք կատարելութեան, պէտք է հարցաքննենք մենք զմեզ, հետազօտենք մեր շրջապատը, հաստատենք մեր պատկանելիութիւնը, իրականացնենք մեր երազները, մեր իտէալները, որպէսզի նոյն բարեփոխութեան օրէնքով հասնինք ճշմարտութեան, որուն արդիւնքը պիտի ըլլայ յաղթանակը:

Ժամանակավրէպ մտածելակերպով այս հարցերը չեն լուծուիր, ոչ ալ` խօսքով, այլ` նոր գործելաձեւերով, նոր միջոցներով, նոր յարաբերութիւններով, հաւատալով արդիւնաբեր գործի սկզբունքին, քիչ խօսելով, շատ աշխատելով ճի՛շդ ժամանակին, միշտ ինքնաքննադատութեամբ, քննադատութեամբ, միշտ հարցուփորձ ընելով` ի՞նչ եւ ինչպէ՞ս առնել յաջորդ քայլը, կարեւոր քայլը. սկզբունք ունի՞, ի՞նչ պիտի ըլլայ արդիւնքը:

Վերջապէս, իրատես ըմբռնումներով անհրաժեշտ է լուծել իրագործելին: Այս կ՛ակնկալուի կրթանուէր պատասխանատուներու առաքելութենէն:

Իսկ հասնելու համար ցանկալիին, անհրաժեշտ է նախ դիմել մասնագիտացումի, եւ` ճիշդ մարդը ճիշդ պաշտօնին, որովհետեւ կարկտաններով կարելի չէ կրթարաններ պահել:

Մեր մոլորակին վրայ ապրող բոլոր ժողովուրդներուն համար հիմնական եւ գլխաւոր մտահոգութիւնը եղած է պատրաստութիւնը հերթափոխի սերունդին, այսինքն` ապագայ սերունդին: Անոնք խոր փափաքը ունեցած են, եւ` ամէն միջոցի դիմած, որպէսզի ունենան կիրթ, պարկեշտ, գիտելիքներով հարուստ, ժամանակի պահանջները գոհացնող եւ մանաւանդ իր պատկանելիութեամբ հպարտ սերունդ մը:

Այս իմաստով մեր ժողովուրդը, միւս ժողովուրդներէն տարբեր կամ առաւել մտահոգութիւնը ունեցած է նոր սերունդի պատրաստութեան գործին մէջ, որովհետեւ իր պատմութեան ընթացքին հալածանքը, ջարդը, այլասերումը ստիպած են զինք իր կորսնցուցածը վերագտնելու, նոր եւ տոկուն հիմերով վերականգնելու:

Ուսուցչի-տոնԲայց ո՞վ էր այն մարդկային էակը, որ պիտի լծուէր այդ ծանր աշխատանքին, պատրաստէր գալիք սերունդը, ապագան: Այս մարդկային էակը ուրիշ մէկը չէր, եթէ ոչ` ուսուցիչը:
Համայն աշխարհի մէջ տասնամեակներէ ի վեր պետական եւ ժողովրդային մակարդակով կը նշուի Ուսուցչաց օրը, թէեւ` տարբեր թուականներով. օրինակ Հայաստանի մէջ` 22 հոկտեմբերին, Ռուսիոյ մէջ` նաեւ 22 հոկտեմբերին, Հարաւային Ամերիկայի երկիրներ` 21 սեպտեմբերին եւ այլն, հոս` Լիբանանի մէջ մարտի երկրորդ շաբաթ օրը: Այդ օր կամ յաջորդ օրերուն զանազան տեսակի եւ մակարդակի հանդիսութիւններով կը պատուըուին կրթութեան, ուսումի եւ դաստիարակութեան ծառայութեան լծուած նուիրեալները:

Ինչո՞ւ, սակայն, այս մեծարանքը, երբ կան այլ ասպարէզներ ալ, որոնք նոյնքան զոհողութիւն, ծառայութիւն եւ նուիրում կ՛ենթադրեն. կը կարծեմ, թէ պատասխանը պարզ է. գնահատելու համար ուսուցիչին այնքան ծանր, այնքան կարեւոր ու սուրբ մարդակերտումի առաքելութիւնը:

Կը տօնենք բազմաթիւ ու բազմապիսի օրեր, օրինակ Մայրերու օրը` մայրը նկատելով կեանքի ու զոհաբերութեան խորհրդանիշը: Կը պատուենք բանուորը, գործաւորը սրբացնելով աշխատանքը` մարդկութեան բարիքին ու բարօրութեան համար թափուած ճիգը ու տակաւին կը ձեռնարկենք պատուելու ուսուցիչը` անոր տալով մօր մը հաւասար պատուանդան ու զատորոշելով զինք բանուորէն, բժիշկէն, զինուորէն եւ այլնէն, զինք դասելով արժանի եւ իրաւ:

Այս բոլորը, որովհետեւ միշտ ալ ուսուցիչ տիպարը նկատուած է որպէս առաքինութեան, կատարելութեան ու մանաւանդ բարոյական անխախտ արժէքներ մարմնաւորող անձնաւորութիւն:

Հայերս յաւելեալ պատճառ մը ունինք պատուելու ուսուցիչները, մեր օրերու ուսուցիչները, որովհետեւ անոնք ժառանգորդներն են դարերու վրայ երկարող շարքին այն ուսուցիչներուն, որոնք իրենց հոգիէն կաթած լոյսով հայութեան ջահը վառ պահեցին մեր պատմութեան մութ ու դաժան օրերու անգամ. պատի՛ւ բոլորին:

Պէտք է լաւապէս ըմբռնենք ու գնահատական տանք` մենք մեզի հարց տալով. իսկապէս կը գիտակցի՞նք, կ՛արժեւորե՞նք ուսուցիչին դերը, օժանդակութիւնը, իմ-մեր անձին նկատմամբ, կ՛ըմբռնե՞նք անոր տառապանքը:

Պէտք է վստահ ըլլալ, որ հայ ուսուցիչը, «իրա՛ւ ուսուցիչ»-ը, տարբեր է, ան ունի խոր գիտակցութիւնը ու յարգանքը` իր առաքելութեան նկատմամբ: Ան կը գործէ հոգիով, խիղճով ու հաւատքով` իր պարտականութեան նկատմամբ:

Ճիշդ է, որ հայ ուսուցիչը երկրորդ ծնող է, սակայն գիտակցութիւնը ունի, որ ծնողէն աւելի պատասխանատուութեան առջեւ կը գտնուի: Ան գիտէ, որ պիտի փոխանցէ սէր` հանդէպ ազգին ու հայրենիքին, պիտի տայ ժամանակի պահանջները գոհացնող գիտելիքներ, պիտի պատրաստէ վաղուան տիպար հայն ու քաղաքացին, որ գիտէ իր պարտաւորութիւններն ու պարտականութիւնները` հանդէպ ազգին ու հայրենիքին:

Ուսուցիչը, հա՛յ ուսուցիչը արուեստագէտ է, քանդակագործ, նրբաճաշակ քանդակագործ մը, որուն յանձնուած է ժայռի կտորը, որ աշակերտն է, իր մուրճով ու սրածայր բրիչով, նուրբ-նուրբ կը մրճահարէ ու կը տաշէ նախ հայութեան, ապա մարդկութեան հոգիները, նկարագիրը, հրամցնելով հպարտութիւն պարգեւող գեղակերտ քանդակ մը:

Վերջապէս, հայ ուսուցիչը, լիարժէ՛ք հայ ուսուցիչը մեր ընկերութեան մէջ ունենալու է իր դիրքն ու տեղը, իր արժանապատիւ պատուանդանը, որպէսզի կարելի ըլլայ թէ՛ զայն մեծարել, թէ՛ գնահատել, նոյնքա՛ն բանիմաց ու իրատես ղեկավարութիւններով:

Բի՜ւր յարգանք ուսուցիչին, հա՛յ ուսուցիչին:

ՕՀԱՆ ՊՈՏՐՈՒՄԵԱՆ
«ԱԶԴԱԿ»

Տպել Տպել