Լե­ւոն ­Շանթ (1869-1951). ­Հայ ժո­ղո­վուր­դի խո­հուն, բա­նաս­տեղծ եւ վսե­մա­շուք Ե­Սը

levon-shant-hin-astvatsner

Ապ­րի­լի 6ին կը նշենք ծննդեան տա­րե­դար­ձը ար­դի ժա­մա­նակ­նե­րու հա­յու­թեան ա­մէ­նէն խո­հուն եւ բա­նաս­տեղծ դէմ­քե­րէն ­Լե­ւոն ­Շան­թի, որ իր ստեղ­ծած մե­ծա­տա­ղանդ գրա­կա­նու­թեամբ, ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան յա­ռա­ջա­տար գոր­ծու­նէու­թեամբ եւ ման­կա­վար­ժա­կան ու սերն­դա­կերտ անձն­դիր ծա­ռա­յու­թեամբ՝ ար­ժա­նա­ւոր իր պա­տո­ւան­դա­նը նո­ւա­ճեց հայ ժո­ղո­վուր­դի ան­մահ մե­ծե­րու փա­ղան­գին մէջ։

Յատ­կա­պէս թա­տե­րա­կան իր գոր­ծե­րով՝ մա­նա­ւա՛նդ կո­թո­ղա­կան իր «­Հին Աս­տո­ւած­ներ» ու «­Կայս­րը» գլուխ-գոր­ծոց­նե­րով ան­մա­հա­ցաւ ­Լե­ւոն ­Շանթ։ Ա­նոր ծննդեան տա­րե­դար­ձը ե­զա­կի պա­հը կ­’ըն­ձե­ռէ իւ­րա­քան­չիւր հա­յու, որ­պէս­զի ­Շան­թի խո­րա­թա­փանց պրիս­մա­կով կա­տա­րէ փի­լի­սո­փա­յա­կան, հո­գե­վեր­լու­ծա­կան եւ պատ­մա­քա­ղա­քա­կան ինք­նա­ճա­նա­չումն ու ինք­նաքն­նար­կու­մը ոչ միայն ­Հա­յու իր ազ­գա­յին էու­թեան, այ­լեւ ա­ռանձ­նա­յա­տուկ իր նկա­րագ­րին՝ ամ­բող­ջա­կան ու ան­փո­խա­րի­նե­լի Ե­Սին։

Վեր­ջին կէս դա­րուն հայ մտքի եւ գրա­կա­նու­թեան հսկա­նե­րը շատ մե­լան հո­սե­ցու­ցին Հայն ու ­Հա­յու­թիւ­նը ազ­գա­յին սնա­պար­ծու­թեան ա­րատ­նե­րէն մաք­րազ­տե­լու եւ ազ­գա­յին մեր Ե­Սը իր բազ­մա­դա­րեան յղկու­մով եւ բիւ­րե­ղու­թեամբ հա­յոց սե­րունդ­նե­րուն ա­ւան­դե­լու հա­մար։

Յա­նուն հա­ւա­քա­կան մեր ու­ժին եւ կամ­քին ար­մա­տա­ւոր­ման ու ամ­րագ­րու­մին՝ ­Պա­րոյր Սե­ւակ­նե­րը հե­տե­ւո­ղա­կան պայ­քար մղե­ցին, որ­պէս­զի ազ­գո­վին կա­րե­նանք յաղ­թա­հա­րել — ան­հա­տա­բար թէ հա­ւա­քա­բար — մեր մէջ ծո­ւա­րած կեդ­րո­նա­խոյզ եւ յանձ­նա­պաս­տան Ե­Սե­րը, որ­պէս­զի աշ­խար­հաս­փիւռ մեր ժո­ղո­վուր­դը կա­րե­նայ նոր ժա­մա­նակ­ներ թե­ւա­կո­խել դա­րե­րու մա­շու­մին, կոր­ծա­նու­մին եւ փո­շիա­ցու­մին դի­մադ­րած ան­փո­խա­րի­նե­լի իր ձիր­քե­րուն ճա­ճան­չող Ե­Սով։

Հայ ժո­ղո­վուր­դի խո­հուն եւ վսե­մա­շուք այդ Ե­Սին բա­ցա­ռիկ պատ­գա­մա­բերն է ­Լե­ւոն Շանթ։

Բազ­մաշ­նորհ ու բազ­մա­վաս­տակ ­Հա­յու ա­ռինք­նող դէմքն է ­Լե­ւոն ­Շանթ եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի հո­գեմ­տա­ւոր ժա­ռան­գու­թեան մէջ յա­ւի­տե­նա­կան իր բար­ձուն­քը նո­ւա­ճած է իբ­րեւ այդ­պի­սին։ ­Տա­ղան­դա­շատ գրա­գէ­տը, ներ­հուն մտա­ւո­րա­կա­նը, անձ­նո­ւէր հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծի­չը եւ սերն­դա­կերտ ման­կա­վար­ժը միա­ձու­լող ու ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս մարմ­նա­ւո­րող ­Մեծ ­Մարդն ու ­Մեծ ­Հա­յը՝ ­Հա­յու Ամ­բող­ջա­կան Ե­Սին դրօ­շա­կիրն է ­Լե­ւոն ­Շանթ։

Ա­ռաս­պե­լա­կան է ­Շան­թի ան­խոնջ աշ­խա­տու­նա­կու­թիւ­նը, որ բե­ղուն ու բարձ­րո­րակ հարս­տու­թիւն կտա­կեց հայ ժո­ղո­վուր­դի սե­րունդ­նե­րուն՝ իբ­րեւ լու­սա­ւո­րիչ ու ճա­ռա­գայ­թող ժա­ռան­գու­թիւն մը հայ կեան­քի բո­լոր բնա­գա­ւառ­նե­րուն մէջ, գրա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րէն մին­չեւ տե­սա­բա­նա­կան եւ ման­կա­վար­ժա­կան իր ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րը, քա­ղա­քա­կան-պե­տա­կան գոր­ծի­չի դաշ­նակ­ցա­կան իր ներդ­րու­մէն մին­չեւ ­Հա­մազ­գա­յի­նի ­Հայ ­Ճե­մա­րա­նի հիմ­նա­դի­րի ու եր­կա­րա­մեայ տնօ­րէ­նի եւ ու­սու­ցի­չի վաս­տա­կը։

Շան­թի կեն­սագ­րու­թիւ­նը ինք­նին յու­զիչ եւ բարդ պատ­մու­թիւնն է իբ­րեւ ­Մարդ եւ ­Հայ Մարդ ա­նոր ինք­նա­կա­տա­րե­լա­գործ­ման մնա­յուն ձգտու­մին։

Գոր­գա­վա­ճառ ­Նա­հաշ­պե­տեան ­Սեղ­բո­սի զա­ւակն էր ­Լե­ւոն եւ հօր ա­նու­նով կո­չո­ւե­ցաւ Սեղ­բո­սեան։ 6 Ապ­րիլ 1869ին ծնաւ ­Պո­լիս եւ Ս­կիւ­տա­րի հայ­կա­կան վար­ժա­րա­նին մէջ ստա­ցաւ իր նախ­նա­կան կրթու­թիւ­նը։ ­Մա­նուկ տա­րի­քին որ­բա­ցաւ նախ հօր­մէ եւ, ա­պա, մօր­մէ։ Ու­սու­մը շա­րու­նա­կե­լու հա­մար ու­ղար­կո­ւե­ցաւ Ս. Էջ­միած­նի ­Գէոր­գեան Ճե­մա­րա­նը, ո­րուն մուտ­քի քննու­թեանց մէջ յա­ջո­ղե­լով՝ եօ­թը տա­րի մտքով ու նկա­րագ­րով թրծո­ւե­ցաւ ­Ճե­մա­րա­նի հա­յա­շունչ եւ հո­գեմ­տա­ւոր ար­ժէք­նե­րով յա­գե­ցած մթնո­լոր­տին մէջ։

Այդ­պէ՛ս սկսաւ ամ­բող­ջա­կան մար­դու եւ ամ­բող­ջա­կան հա­յու ինք­նա­զար­գաց­ման ու ինք­նա­հաս­տատ­ման ան­խոնջ ձգտու­մը ­Շան­թի մէջ. այդ շրջա­նին էր, նաեւ, որ ա­րեւմ­տա­հա­յու իր ծա­գումն ու ա­րե­ւե­լա­հա­յու իր կազ­մա­ւո­րու­մը ­Շանթ միա­ձու­լեց մէկ ու միակ շա­ղա­խի մէջ եւ մին­չեւ մահ տէր կանգ­նե­ցաւ հա­յու­թեան պար­տադ­րո­ւած երկ­փեղ­կու­մը յաղ­թա­հա­րե­լու կո­չու­մին՝ միա­խառն հա­յե­րէ­նի մը մշա­կու­մով, այլ մա­նա­ւանդ հայ ազ­գա­յին միա­ձոյլ լե­զո­ւամ­տա­ծո­ղու­թեան մը զար­գա­ցու­մով։

Ճե­մա­րա­նը ա­ւար­տե­լով՝ ­Լե­ւոն ­Սեղ­բո­սեան վե­րա­դար­ձաւ ­Պո­լիս, ուր թա­փով նե­տո­ւե­ցաւ գրա­կան-ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան աս­պա­րէզ՝ ընտ­րե­լով ­Շանթ գրչա­նու­նը եւ «­Հայ­րե­նիք» թեր­թի է­ջե­րուն լոյս ըն­ծա­յե­լով իր ա­ռա­ջին բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­ներն ու ան­մի­ջա­պէս լայն ժո­ղովր­դա­կա­նու­թեան ար­ժա­նա­ցած իր «Մ­նաք ­Բա­րո­վի Ի­րի­կու­նը» վի­պա­կը։

Տա­րի մը ­Ռո­տոս­թո­յի Ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նին մէջ ու­սուց­չու­թիւն ը­նե­լէ ետք, 1892ին Շանթ ան­ցաւ ­Գեր­մա­նիա, ուր մին­չեւ 1897 ապ­րե­ցաւ եւ ­Լայփ­ցի­կի ու ­Միւ­նի­խի հա­մալ­սա­րան­նե­րուն մէջ բարձ­րա­գոյն ուս­ման հե­տե­ւե­ցաւ՝ կեդ­րո­նա­նա­լով ման­կա­վար­ժու­թեան, հո­գե­բա­նու­թեան եւ բնա­կան գի­տու­թեանց ու­սում­նա­սիր­ման վրայ։ ­Գեր­մա­նա­կան եւ ընդ­հան­րա­պէս հիւ­սի­սիկ (nordic) հո­գե­կեր­տո­ւած­քը ամ­բող­ջա­պէս հա­մա­պա­տաս­խան էր ար­դէն քսա­նե­րեք տա­րե­կան ու ­Հա­յու իր կազ­մա­ւո­րու­մը լիար­ժէք հու­նա­ւո­րած ­Շան­թի նե­րաշ­խար­հին՝ հո­գիին ու մտքին։

Գեր­մա­նա­կան մշա­կոյ­թը եւ յատ­կա­պէս ­Նից­չէի, ­Կէօ­թէի եւ ­Վակ­նե­րի ա­րո­ւեստն ու փի­լի­սո­փա­յու­թիւ­նը մե­ծա­պէս օգ­նե­ցին ­Շան­թի, որ­պէս­զի մշա­կէ եւ խո­րաց­նէ մտա­ւո­րա­կա­նի իր ներ­քին կար­գա­պա­հու­թիւ­նը, յղկէ եւ կա­տա­րե­լա­գոր­ծէ իր գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ու ի­մաս­տա­սի­րա­կան զէն­քե­րը, որ­պէս­զի կա­րե­նայ իր մէ­ջի լա­ւա­գոյնն ու մարդ­կայ­նա­կա­նը՝ ցե­ղա­յին ու ազ­գա­յին ա­մէ­նէն վա­ւե­րա­կան եւ տիե­զե­րա­կան ար­ժէք­նե­րը ըստ ար­ժան­ւոյն վե­րա­դարձ­նել հայ ժո­ղո­վուր­դին, յատ­կա­պէս ա­նոր պարզ, շի­նա­կան եւ բա­րի խա­ւի զա­ւակ­նե­րուն, ո­րոնց շար­քե­րէն սե­րած էր եւ ո­րոնց առ­ջեւ ինք­նա­զար­գաց­ման ու ինք­նա­կա­տա­րե­լա­գործ­ման ու­ղին հար­թե­լու կո­չու­մը իր միակ եւ մե­ծա­գոյն փա­ռա­սի­րու­թիւնն էր։

Այդ տա­րի­նե­րուն ար­դէն ­Շանթ դրսե­ւո­րած էր ըն­կե­րա­յին յանձ­նա­ռու գրո­ղի իր նկա­րա­գի­րը։ ­Պո­լի­սը իր հայ­կա­կան խմո­րու­մով՝ իր քաղ­քե­նիու­թեամբ եւ ե­սա­պաշ­տու­թեամբ, հեշ­տա­մո­լու­թեամբ եւ ազ­գա­յին ան­տար­բե­րու­թեամբ, ձաղ­կու­մի թի­րախ դար­ձած էր հա­զիւ ե­րի­տա­սարդ ­Շան­թի գրի­չին տակ։ Իսկ ­Գեր­մա­նիա­յէն վե­րա­դար­ձին, ­Հա­մի­տեան կո­տո­րած­նե­րուն եւ ա­նոնց հե­տե­ւած հա­կա­հայ հա­լա­ծան­քի խստաց­ման բա­խե­լով, ­Շանթ ան­ցաւ ­Թիֆ­լիս, ուր շուրջ տա­սը տա­րի մնաց եւ ման­կա­վար­ժա­կան ու գրա­կան բե­ղուն գոր­ծու­նէու­թիւն ծա­ւա­լեց։ ­Յով­հան­նէս Թու­մա­նեա­նի եւ ­Նի­կոլ Աղ­բա­լեա­նի հետ հռչա­կա­ւոր «­Վեր­նա­տուն» գրա­կան շար­ժու­մի հիմ­նա­դիր­նե­րէն ե­ղաւ։ ­Նաեւ՝ ար­դէն ար­ձա­կով գրո­ւած իր գոր­ծե­րով եւ թա­տե­րա­խա­ղե­րով, ա­ւե­լիով խո­րա­ցուց հայ­կա­կան ինք­նու­թիւ­նը քաղ­քե­նիա­կան եւ նիւ­թա­պաշ­տա­կան ե­սա­պաշ­տու­թեան ա­րատ­նե­րէն մաք­րաջ­րե­լու իր պայ­քա­րը։ Յատ­կա­պէս թա­տե­րա­կան իր գոր­ծե­րը լրիւ յա­գե­ցան ­Հա­յու Ե­Սը իր ինք­նա­հաս­տատ­ման դա­րա­ւոր ձգտու­մով թե­ւա­ւո­րե­լու, հա­յու գեղջ­կա­կան պար­զու­թեամբ ու վե­հու­թեամբ զար­գաց­նե­լու, խո­րաց­նե­լու եւ կա­տա­րե­լա­գոր­ծե­լու բա­նաս­տեղ­ծա­կա­նու­թեամբ։

Ձա­րա­կան իշ­խա­նու­թեանց կող­մէ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան դէմ բա­ցո­ւած բուռն հա­լա­ծան­քի շրջա­նին, 1908էն ետք, երբ կով­կա­սա­հայ մտա­ւո­րա­կա­նու­թիւ­նը անխ­տիր ոս­տի­կա­նա­կան հե­տապն­դու­մի են­թար­կո­ւե­ցաւ, ձեր­բա­կա­լո­ւե­ցաւ ու բան­տար­կո­ւե­ցաւ, շա­տե­րու նման ­Շանթ եւս ճա­շա­կեց ցա­րա­կան բռնու­թիւն­նե­րը։ 1910ին ան­ցաւ Եւ­րո­պա, ա­պա՝ ­Պո­լիս, ուր ե­րեք տա­րի ու­սուց­չու­թիւն ը­րաւ ­Կեդ­րո­նա­կան եւ Ե­սա­յեան վար­ժա­րան­նե­րուն մէջ։ 1913ին դար­ձեալ Եւ­րո­պա մեկ­նե­ցաւ եւ նա­խախ­նա­մու­թիւ­նը օգ­նեց, որ թրքա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած հա­յաս­պա­նու­թեան շրջա­նին ­Պո­լի­սէն հե­ռու գտնո­ւի։

1916ին վե­րա­դար­ձաւ ­Թիֆ­լիս եւ ամ­բող­ջա­պէս նո­ւի­րո­ւե­ցաւ ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան գոր­ծու­նէու­թեան։ 1919ին ընտ­րո­ւե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան խորհր­դա­րա­նի պատ­գա­մա­ւոր եւ ի­րեն վի­ճա­կո­ւե­ցաւ, 1920ին, պոլ­շե­ւի­կեան ­Ռու­սաս­տա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ­Լեգ­րա­նի հետ բա­նակ­ցու­թիւն­ներ վա­րող ­Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան պա­տո­ւիար­կու­թիւ­նը գլխա­ւո­րե­լու դժո­ւա­րին ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը։

Հա­յաս­տա­նի խորհր­դայ­նա­ցու­մէն ետք ­Լե­ւոն ­Շանթ իր կար­գին ան­ցաւ ­Պարս­կաս­տան, հոն­կէ՝ Ֆ­րան­սա, ուր մին­չեւ 1925 թո­ւա­կա­նը ու­սուց­չու­թիւն ը­րաւ եւ գրա­կան-ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան ու հա­սա­րա­կա­կան-հրա­պա­րա­կագ­րա­կան աշ­խոյժ գոր­ծու­նէու­թիւն ծա­ւա­լեց։ 1926ին հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ ­Գա­հի­րէ՝ Ե­գիպ­տոս, ու­սուց­չու­թեան հա­մար, ուր վե­րագ­տաւ տա­րի­նե­րու իր մտե­րի­մը՝ ­Նի­կոլ Աղ­բա­լեա­նը, ո­րուն հետ հի­մը դրին Հա­մազ­գա­յին Մ­շա­կու­թա­յին եւ Կր­թա­կան Ըն­կե­րակ­ցու­թեան եւ, հուսկ, միաս­նա­բար ան­ցան ­Պէյ­րութ՝ ­Լի­բա­նան, հիմ­նե­լու հա­մար ­Հա­մազ­գա­յի­նի ­Հայ ­Ճե­մա­րա­նը։

Այդ­պէ՛ս, մին­չեւ իր մա­հը, 29 ­Նո­յեմ­բեր 1951, ­Լե­ւոն ­Շանթ ապ­րե­ցաւ ու գոր­ծեց ­Պէյ­րու­թի մէջ, իբ­րեւ ­Ճե­մա­րա­նի տնօ­րէն եւ ու­սու­ցիչ։

Լե­ւոն ­Շանթ ութ­սուն տա­րի ապ­րե­ցաւ եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի հա­մար վե­րել­քի, ան­կու­մի, վե­րա­կանգ­նու­մի եւ տա­ռա­պա­գին մա­քա­ռում­նե­րու այդ դժո­ւա­րին ժա­մա­նակ­նե­րը ցմրուր ճա­շա­կեց… ­Շա­րու­նակ կան­գուն մնաց պատ­նէ­շի վրայ եւ գրա­ւեց հայ կեան­քի յա­ռա­ջա­պահ դիր­քե­րը, ­Թիֆ­լի­սի գրա­կան-մշա­կու­թա­յին զար­թօն­քին մե­ծար­ժէք դրօ­շա­կիր­նե­րէն դար­ձաւ, հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շար­ժու­մին հա­ւա­տա­ւոր եւ լու­սա­ւոր ա­ռաջ­նորդ­նե­րէն ե­ղաւ, սե­րունդ­նե­րու հա­յե­ցի կազ­մա­ւոր­ման ու հո­գեմ­տա­ւոր զար­գաց­ման մեծ դաս­տիա­րա­կը դար­ձաւ եւ երբ հնչեց նո­րան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան-պե­տա­կան կեան­քին տի­րու­թիւն ը­նե­լու ժա­մը՝ ան­վա­րան նե­տո­ւե­ցաւ գոր­ծի աս­պա­րէզ, հայ ժո­ղո­վուր­դի եւ ­Հա­յաս­տա­նի հա­մար ճա­կա­տագ­րա­կան ա­մէ­նէն դժո­ւա­րին բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն իր ներդ­րու­մը կա­տա­րե­լով ու ազ­գա­յին ան­կորն­չե­լի ար­ժէք­նե­րուն, ի­րա­ւունք­նե­րուն եւ շա­հե­րուն ան­զի­ջող պա­հա­պա­նը դառ­նա­լով։

Եւ ո՛ւր որ ալ ճա­կա­տա­գի­րը տա­րաւ զինք՝ ­Լե­ւոն ­Շանթ ողջ էու­թեամբ հա­ւա­տա­րիմ մնաց ստեղ­ծա­գործ այն նե­րու­ժին, որ հայ ժո­ղո­վուր­դի բազ­մա­դա­րեան ժա­ռան­գու­թե­նէն կը բխէր, ինք­նա­զար­գաց­ման եւ ինք­նա­կա­տա­րե­լա­գործ­ման դա­րա­ւոր զէն­քե­րով մշա­կո­ւած ու յղկո­ւած էր եւ միշտ յա­ռաջ կը մղո­ւէր Ամ­բող­ջա­կան ­Հայն ու Ամ­բող­ջա­կան Մար­դը մարմ­նա­ւո­րե­լու ձգտու­մով։

Շան­թի մտա­ծում­նե­րէն քա­ղո­ւած հե­տե­ւեալ փուն­ջը թող հա­ղոր­դու­թեան ա­ռիթ մը ըլ­լայ իր ծնուն­դը նշող ըն­թեր­ցո­ղին հա­մար.

— Ով ջար­դո­ւած է, բնա­կա­նա­բար, կը քա­շո­ւի մէջ­տե­ղէն, ով յոգ­նած է, կը նստի, բայց ա­տով ո­չինչ չի փո­խո­ւի: Եւ քա­շո­ւող­նե­րուն տե­ղը կու գան նո­րե­րը, մէկ նստո­ղին տե­ղը ոտ­քի կ’ել­լեն ու­րիշ­նե­րը: Եւ ե­թէ այ­սօր մենք բո­լորս ալ քա­շո­ւինք աս­պա­րե­զէն, վա­ղը հրա­պա­րակ կու գայ նոր սե­րուն­դը՝ հին դրօ­շա­կը բարձր պա­հած իր ձեռ­քին, ո­րով­հե­տեւ ա­նի­կա ալ ապ­րիլ պի­տի ու­զէ իր ազ­գա­յին կեան­քո­վը: ­Վեր­ջա­պէս պէտք է հասկ­նանք, որ ինքն իր տե­ղը ըլ­լա­լու եւ իր տի­րա­պե­տու­թեան հաս­նե­լու պա­հան­ջը իմ ու քու հնա­րած խա­ղը չէ, ո՛չ մեզ­մով է սկսած եւ ո՛չ մեզ­մով կը վեր­ջա­նայ:

— Ազ­գը ապ­րող օր­գա­նիզմ մըն է, որ քա­նի կեն­դա­նի է, ու­զեէ-չու­զէ, են­թար­կո­ւի պի­տի իր գո­յու­թեան օ­րէնք­նե­րուն: Եւ այս օ­րէնք­նե­րուն ա­մէ­նէն ա­ռա­ջի­նը իր լրիւ գո­յու­թիւ­նը ու­նե­նա­լու, իր բո­լոր ֆունկ­սիոն­նե­րուն տէ­րը ըլ­լա­լու պա­հանջն է: Ա­մէն հի­ւանդ օր­գա­նիզ­մի ա­ռա­ջին ձգտու­մը ա­ռող­ջա­նալն է, այ­սինքն՝ վերս­տին ձեռք բե­րել իր բո­լոր օր­գան­նե­րու ա­զատ ու ա­ռողջ գոր­ծա­ծու­թիւ­նը, ո­րոնց­մե զրկո­ւած էր, եւ այդ պատ­ճա­ռով խան­գա­րո­ւած, թու­լա­ցած ու տխեղծ էր դար­ձած ամ­բողջ օր­գա­նիզ­մը:

— Իր կամ­քէն ու պե­տա­կա­նու­թե­նէն զրկո­ւած ժո­ղո­վուրդ մը, ինչ­քան ժա­մա­նակ որ կ­’ապ­րի, միշտ պի­տի ձգտի, ան­խու­սա­փե­լի կեր­պով պի­տի ձգտի իր կամքն ու իր ա­զատ պե­տու­թիւ­նը ձեռք բե­րե­լու: ­Կը կա­րո­ղա­նայ, թէ ոչ՝ ա­տի­կա տար­բեր հարց է, բայց որ պի­տի տեն­չայ ու ձգտի՝ ա­տոր տա­րա­կոյս չկայ:

Հէնց որ դադ­րե­ցաւ այդ պա­հան­ջը, հէնց որ մե­ռաւ ան­կա­խու­թեան ձգտու­մը, կը նշա­նա­կէ սկսո­ւած է ժո­ղո­վուր­դին հո­գե­վար­քը: Իր ջի­ղե­րուն ու հո­գիին մէջ կեն­սու­նա­կու­թիւն զգա­ցող ժո­ղո­վուրդ մը հրա­ժա­րիլ չի կրնար եր­բեք իր այդ ա­մե­նաբ­նա­կան ձգտու­մէն:

— ­Հայ ժո­ղո­վուր­դը, որ իր քսա­նեօթ դա­րե­րու գո­յու­թեան ըն­թաց­քին իր կեան­քին կէ­սը հպա­տակ է ապ­րած, միշտ ձգտեր է ձեռք բե­րե­լու իր թան­կա­գին կո­րուս­տը, եւ կռիւ է մղեր աշ­խար­հիս ա­մէ­նէն հզօր բռնա­պե­տու­թիւն­նե­րուն դէմ՝ հաս­նե­լու հա­մար կամ պա­հե­լու հա­մար իր ան­կա­խու­թիւ­նը։

— Ա­յո, կրնանք, կրնայ պա­տա­հիլ: Կ­ռո­ւի մէջ նե­տո­ւո­ղը ե՛ւ կը վի­րա­ւո­րո­ւի, ե՛ւ կրնայ մեռ­նիլ: ­Բայց մեռ­նե­լէն վա­խե­ցող ժո­ղո­վուր­դը ո՛չ կրնայ ապ­րիլ ու դի­մա­նալ, ոչ ալ ի­րա­ւունք ու­նի ապ­րե­լու, իբ­րեւ ու­րոյն գո­յու­թիւն, իբ­րեւ ջոկ ան­հա­տա­կա­նու­թիւն: Եւ իր վա­խո­վը ան չ­þա­զա­տիր մեռ­նե­լէ. միայն կը մեռ­նի քաշք­շո­ւե­լով, հիւ­ծո­ւե­լով, ար­հա­մար­հո­ւե­լով ու ոտ­քի տակ եր­թա­լով:

— Ին­չի՞ է նման ա­մէն ար­ժա­նի­քէ զուրկ ու ստո­րին ազ­գա­յին գո­յու­թիւն մը: Ար­դի ու ան­ցեալ մեր բո­լոր հա­լա­ծան­քը, մեր բո­լոր տա­ռա­պան­քը, մեր մարդ­կա­յին ար­ժա­նա­պա­տո­ւութ­յան այս բո­լոր ոտ­նա­հա­րու­մը, ա­նա­զատ կեան­քի այս բո­լոր լե­ղին ե­թէ մենք կը խմենք, կը խմենք միայն մէկ նպա­տա­կով, որ դի­մադ­րենք, մա­քա­ռինք, յանձն առ­նենք ա­մէն ինչ, մին­չեւ որ ոտ­քի հա­նենք նո­րէն մեր ժո­ղո­վուր­դի լրիւ քա­ղա­քակր­թու­թիւ­նը, լրիւ ինք­նու­րոյ­նու­թիւ­նը:

Իսկ ե­թէ գո­յու­թիւն պի­տի չու­նե­նայ այդ ձգտու­մը մեր հո­գի­նե­րուն մէջ ու չպի­տի վա­րէ մեր շար­ժում­նե­րը հան­րա­յին կեան­քի մէջ, ի՞նչ ար­ժէք ու­նի այ­լեւս այս կի­սատ ու քա­ռորդ ազ­գա­յին ցա­ւա­գար գո­յու­թիւ­նը, որ պա­հե­լու կ­’աշ­խա­տինք:

Ն.
«ԱԶԱՏ ՕՐ»

Տպել Տպել