Բնաջնջողները եւ առաքինի մահմետականները’

kayqՎերջերս լոյս տեսաւ Սայիթ Չէթինօղլուի «Բնաջնջողները եւ առաքինի մահմետականները» խորագիրով թրքերէն գիրքը, որ կը մեկնի Զաւէն Պատրիարք Տէր Եղիայեանի »1868-1947( կազմած հայերու ցեղասպանութեան կազմակերպիչներու ցուցակէն։ Այս առիթով ԱԿՕՍ հեղինակին հետ ունեցած է հարցազրոյց մը, որուն վեց հարցումներէն չորսը թարգմանաբար պիտի ներկայացնենք այստեղ։

ԱԿՕՍ- Ձեր գիրքին կազմաւորման փուլերը կրնա՞ք բացատրել։ Փաստաթուղթերու քննարկման միջոցին ի մասնաւորի ո՞ր կէտերը ձեզ աւելի շահագրգռեցին։

Չէթինօղլու- Կատարած աշխատանքս, որ կը մեկնի Զաւէն Պատրիարքի ցուցակէն, տարբեր անկիւնէ մը կը քննէ Թուրքիոյ հանրապետութեան կազմութեան շրջանն ու անոր վարչաձեւը ու այդ նիւթին առնչուող վէճերուն մասնակցելու առիթ կու տայ։ իրքը ընթերցողները պիտի տեսնեն թէ մեկնաբանութեան հարկը չեմ զգացած։ Բաւականացած եմ ցանկին մէջ աւելցնել կենսագրութիւններ եւ Պատրիարքին ցուցակը հարստացուցած եմ միայն ամբողջացնող ուսումնասիրութիւններով։ Յաւելումներու մէջ Այհան Ագդարի եւ Ռաչօ Տօնէֆի այս նիւթով արժէքաւոր աշխատութիւնները Ռէճէպ Մառաշլը-ի գրի առած, Ապտիւլ Համիտէն մինչեւ Մ. Քէմալ երկարող բնաջնջողներէն Քիւրդ Մուսա Պէյի կենսագրութիւնը Զաւէն Պատրիարքի ցանկին տարբեր հարստութիւն մը շահեցուցած է։ Թէեւ խորհած էի այս աշխատութիւնս ձօնել Պեհաէտտին Շաքիրի հրոսախումբերուն կողմէ սպաննուած պապերուս, սակայն Պեհաէտտին Շաքիր պէյին թողած վաւերաթուղթերուն համեմատ «Իթթիհաթ եւ Թէրաքքի» անուն աշխատութենէն առած իշխան Սապահատտինի խօսքերուն յատկացուցի։ Պատահարներուն մասին հետեւեալը ըսած է իշխանը. «Թէեւ միշտ կը մերժէինք որ օտար տէրութիւնները խառնուին մեր ներքին գործերուն, սակայն առանց օտար միջամտութեան կարելի չէր բարեկարգումներ հաստատել։ Մենք օտար տէրութիւններէն քաշուելով է որ մեզի հետ ապրող քրիստոնեաները պահեցինք։ Եթէ օտար պետութիւններէն վախ չունենայինք, բոլոր քրիստոնեանները, ի մասնաւորի հայերը, կը սպաննէինք, մէկ հոգի իսկ չխնայելով…»։

1907-ին տեղի ունեցած երիտթուրքերու համաժողովին, Իշխան Սապահատտին իր արտայայտութեամբ ուրիշ որեւէ խօսքի պէտք չթողուց։ Զաւէն Պատրիարք, հայ ժողովուրդին հանդէպ գործադրուած յանցանքներուն դէմ առարկելուն համար իրաւազրկուած եւ աքսորուած կրօնական առաջնորդ մըն է։ Զաւէն Պատրիարք աքսորի մէջ ալ իր ժողովուրդին դէմ գործդրուած ցեղասպանութեան հանդէպ անտարբեր չէ մնացած եւ կրցած է պատմութեան փոխանցել ցեղասպանութիւնը իրականացնող ջարդարարներուն ցուցակը։ Առանց ժամանակ կորսնցնելու, ան հարուստ ցանկ մը պատրաստած է։ Այս ցանկը միեւնոյն ատեն ցոյց կու տայ թէ հակառակ իր գտնուած դժուար պայմաններուն եւ միջոցներու նեղութեան, Պատրիարքը իր ժողովուրդին հանդէպ անտարբեր չէ եղած։ Ասիկա ցոյց կու տայ նաեւ իր այն հաւատքը, որ օր մը արդարութիւնը երեւան պիտի ելլէ։

«Զաւէն Պատրիարքի ցուցակը» գիրքը չորս տարուան աշխատութեան մը արդիւնքն է։ Զանազան աղբիւրներէ կարդացած էի այդ մասին, սակայն չորս տարի առաջ դիպուածով մը անոր հանդիպելէս վերջ է որ տքնաջան աշխատանքի լծուեցայ։ Պակասներ կան, որոնք յոյս ունիմ որ այլ հետազօտողներ պիտի ամբողջացնեն։ Ինչպէս ըսած եմ, իմ ջանքերս նպաստ բերել կը միտին վարչաձեւը քննադատող վիճաբանութիւններուն։
Ցուցակը հետաքրքրական դարձնող յատկանիշներէն մէկն ալ այն է, որ հակառակ Զաւէն Պատրիարք աքսորի մէջ կը գտնուէր, աքսորէ վերադարձին, 1918-ին, ան շատ ճշգրտօրէն պատրաստած է ցուցակը ։ Այս պարագան է որ ցուցակը կը դարձնէ կարեւոր եւ արժէքաւոր։
Այս ցուցակը, Ռէմոն էորգեանի բովանդակալից եւ հոյակապ Les Gռnocides des Armռniens-ի հետ ալ բաղդատեցի։ Հակառակ որ Զաւէն Պատրիարքի ցուցակը շատ սահմանափակ պայմաններու մէջ պատրաստուած էր՝ ճիշդ էր։ Ինչպէս որ ըսի, Պատրիարքը ցեղասպանութեան մասին պատմութեան համար կարեւոր ծանօթագրութիւն մը ձգած է, հայ ժողովուրդին ողբերգութիւնը օրակարգի բերելով ցեղասպանութեան հեղինակները աչքերու առջեւ փռած է։

ԱԿՕՍ- Զաւէն Պատրիարքի ցուցակը ինչպէ՞ս եւ ինչքա՞ն ժամանակի մէջ պատրաստուեր է։ Պատրիարքին վկայագրերու որքա՞նը հայոց, որքա՞նը թուրքերու եւ որքա՞նը քիւրտերու կը պատկանին։

Չէթինօղլու-Կրնանք ըսել թէ Պատրիարքը իր ցուցակը աքսորի շրջանին իրականացուցած է եւ վկաները կարեւոր տեղ գրաւած են։ Այս իսկ պատճառով կը խորհիմ թէ բաղդատական մը ընելը կարելի չէ։ Զաւէն Պատրիարքի ցուցակները պատերազմական ատեանի նիստերէն առաջ պատրաստուած են։ Կրնանք ըսել, թէ ցուցակը այս նիստերու ընթացքին թուրք եւ քիւրտ վկաներու կողմէ ճշդուած է։ Ի՜նչ մեղք, որ թրքական Նիւրէնպերկը reelpolitique-ի զոհուած է։ Քաղաքակիրթ երկիրներ մարդկութեան համար այս պատմական առիթը փախցուցած եւ 20-րդ դարու առաջին մեծ ցեղասպանութիւնը անտեսած են։ Եթէ այդ տարիներու իրաւականօրէն մարդկութեան դէմ գործուած յանցագործութիւնները, այսինքն 1915-ի Ցեղասպանութիւնը դատել կարելի ըլլար, այսօր անկասկած շատ աւելի յառաջընթաց ապահոված պիտի ըլլայինք։ Կրկին անգամ պէտք է ստորագծել, թէ այս յանցանքները քեմալիստ վարչաձեւին կազմութեան մէջ «րէֆերանսի» մեկնակէտ եղած են։ Ցուցակին մէջ մտած անձանց կենսագրութիւններուն մէջ այս բանը տեսնել կարելի է։ Կրնա՞ք երեւակայել որ բնաջնջողներ, այսինքն exterminateur-ներ դատական կարգի ամենաբարձր աստիճաններուն վրայ պաշտօնավարեր են։ Այսօր արդարութեան թշուառութիւնը ճիշդ այս աւանդութենէն կը ծագի։

ԱԿՕՍ- Հայկական Ցեղասպանութեան մէջ թուրք բժիշկներու մասնակցութենէն կը խօսիք։ Այս բժիշկները ի՞նչ մարզերու մէջ սպանդի մասնակցեցան։Ի՞նչ ըրին։

Չէթինօղլու- Ցեղասպանութեան ընթացքին բժիշկները կարեւոր պարտականութիւններ ստանձնեցին, Պեհաէտտին Շաքիր, Ռէշիտ եւ Նազըմ բժիշկ էին։ Բժիշկները Տրապիզոնի եւ Էրզինճանի մէջ սպանդներու մասնակցեցան։ Էրզինճանի մէջ բժիշկներ հայ բժիշկներ սպաննեցին, իսկ բծատենդէ »թիֆիւս( վարակուած Էրզրումի կուսակալի դարմանումին համար՝ առողջ հայ երիտասարդներու բծատենդ փոխանցելով պատուաստ պատրաստելու համար զանոնք «գօպայ» գործածեցին։ Այս բժիշկները անուն փոխեցին եւ կրնանք ըսել թէ իրենց հետքը կորսնցուցին։ Ասոնց մէջ կան խելագարողներ եւ խօսելնուն արգելք ըլլալու համար հիւանդանոցի մէջ բանտարկուողներ։ ։ Էրզինճանի հիւանդանոցին պարտէզը, հայ բժիշկներուն սպանդին վկայ եղած վայրերէն մէկն է։ Հոս գործող բժիշկներէն մէկն ալ Քեանի Եավէրն է։ Քեմալական շրջանին կարեւոր պարտականութիւններ ստանձնած է։ Քեանի Եավէր Թալէաթի յուղարկաւորութեան ընթացքին առաջին շարքը զբաղեցնողներէն եղած է։ Զօրավար Թէվֆիք Սաղլամ ալ անունը փոխողներէն է։ Մուսթաֆա Քեմալի անփոփոխ արտաքին գործոց նախարար Թէվֆիք Ռիւշթիւ Արասին համար ալ բժիշկ մը ըլլալով Ցեղասպանութեան խառնուած ըլլալուն մասին տեղեկութիւններ կան։

ԱԿՕՍ- Զաւէն Պատրիարքի վաւերաթուղթերուն համաձայն, ո՞ւր ամենէն շատ սպանդներ կատարուած են։ Ո՞ր շրջանի իսլամները ամենէն աւելի հայերուն տէր կանգնած են։ ոնեայի եւ Քոթահիոյ կուսակալները աքսորի որոշումը գործադրելը մերժած են։ Այս նահանգներուն կուսակալներն ու ժողովուրդները միւսներուն բաղդատմամբ տարբեր ընողը ի՞նչ բան էր։

Չէթինօղլու- Ըստ Զաւէն Պատրիարքի ցուցակին, Տիարպաքըրը, Մարաշը, Սվազը, Ամասիան, Թոգաթը սպանդներու գլխաւոր վայրեր եղած են։ Այս շրջաններուն վերաբերեալ մանրամասն ծանօթութիւններ կու տայ։ ասթամոնու նահանգին կուսակալն ու ժողովուրդն ալ աքսորներուն դէմ ելած են։ Քեմալական վարչակարգին նախարարներէն եւ դատարանի նախագահ Մուսթաֆա Նէճաթիին գտնուած ասթամոնուի Ազատութեան դատարանները ամենէն աւելի մահավճիռ արձակած վայրերէն եղած են։ Ինչպէս յայտնի է, Մարաշի ցուցակն ալ երկար է։ Սակայն կարելի չէ ըսել թէ Մարաշի մասին տուեալներուն կրցած եմ հասնիլ։ Այս նահանգին մէջ գտնուող ընկերներս ցուցակին մէջ գտնուող անուններու մասին տեղեկութիւն տալէ խուսափեցան, հակառակ որ զանոնք կը ճանչնային։ Յաւելուածներու մէջ տեղ տրուած Ռաքօ Տօնէլին «Առաքինի իսլամներ» աշխատութիւնը մեր երեսը մաքուր հանող մարդ լոյս աշխարհ կը բերէ։ Այհան Աքթարէն առնելով աւելցուցած աշխատութիւնս ալ կը վկայէ թէ ինչպէս Ճէլալ Պէյին բոլոր ջանքերը Համալ Ֆէրիթի կողմէ մէկ անգամէն պարապի գացին եւ ոնիա գտնուող հայերը մահուան ճամբորդութեան ղրկուեցան։ Կÿուզեմ առանձնապէս յիշել Րաղըպ Զարաքօլուն եւ Այհան Աքթարը, որոնց պնդումին եւ քաջալերանքին կը պարտիմ այս աշխատութիւնս։ Կը յուսամ որ այս աշխատութիւնս 1915-ի Ցեղասպանութեան հետ դէմ յանդիման գալու առիթ կը ստեղծէ։

Թարգմանեց Արայ Կարմիրեան
«ՀՈՐԻԶՈՆ»
o4/04/2013

Տպել Տպել