Հ.Յ.Դ. Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի 116-րդ պատգամաւորական ժողով

conventioն1ՊՈՍ­ԹԸՆ (Մա­սա­չու­սէց).- Հ.Յ.Դ. Ա.Մ.Ն. Արե­ւել­եան շրջա­նի 116-­րդ Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան Ժո­ղո­վը տե­ղի ու­նե­ցաւ Ապ­րիլ 4-էն 8, 2013-ին, Ուա­թըր­թաու­նի Սուրբ Ստե­փա­նոս եկո­ղեց­ւոյ սրա­հին մէջ, մաս­նակ­ցու­թեամբ շրջան­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու եւ հրա­ւիր­եալ­նե­րու:

Ժո­ղո­վը ման­րա­մաս­նօ­րէն քննեց ներ­քին կազ­մա­կեր­պա­կան, երի­տա­սար­դա­կան, Հա­յաս­տան-Սփիւռք հար­ցեր եւ կա­տա­րեց առա­ջարկ­ներ, որոնք աւար­տին վերջ­նա­կա­նա­պէս հա­մադր­ուե­ցան բա­նա­ձե­ւի յանձ­նա­խում­բին կող­մէ:

Պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը կը ներ­կա­յաց­նէ­ին, զա­նա­զան շրջան­ներ, որոնց կար­գին` Տիթ­րոյթ, Շի­քա­կօ, Ռէյ­սին, Ֆլո­րի­տա, Ռիչ­մընտ, Ուա­շինկ­թըն, Նիւ Եորք, Նիւ Ճըր­զի, Փրո­նի­տընս, Վուս­թըր, Լօ­ուըլ եւ հիւ­րըն­կալ Պոս­թըն:

Ժո­ղո­վի աւար­տին, ընտր­ուե­ցաւ նոր Կեդ­րո­նա­կան Կո­մի­տէ մը: Նո­րըն­տիր մարմ­նին ան­դամ­ներն են.- Արի Քիլ­եան, Թո­րոս Չէ­օփճ­եան, Անդ­րա­նիկ Գաս­պար­եան, Ան­ժէլ Մա­նուկ­եան, Արամ Յո­վա­կիմ­եան, Լե­ւոն Աթ­թար­եան եւ Ռի­չըրտ Սա­րաճ­եան:

«ՀԱՅՐԵՆԻՔ»
11/04/2013

Տպել Տպել