ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ, Երկուշաբթի, Ապրիլ 15ին, Քալիֆորնիոյ մայրաքաղաք Սաքրամենթոյի մէջ տեղի ունեցան Հայ Դատի ջատագովման նպատակով ձեռնարկներ, ներառեալ Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկ մը՝ նահանգային օրէնսդիր մարմինին նստավայրը. ձեռնարկներուն մասնակցեցան մօտաւորապէս 200 գործիչներ:
Մասնակիցները առիթը ունեցան անձամբ հետեւելու Քալիֆորնիոյ խորհրդարանին ու Ծերակոյտին կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւերու վաւերացման. ընթացքին, խօսքերով հանդէս եկան նաեւ առաջնորդներ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ու Յովնան արք. Տէրտէրեան:
Ցեղասպանութեան ճանաչման երկու բանաձեւերը ներկայացուած էին Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամներ Խաչօ Աշաճեանի ու Ատրին Նազարեանի կողմէ, եւ վաւերացուեցան խորհրդարանին ու Ծերակոյտին կողմէ՝ վերածուելով միացեալ բանաձեւի մը (թիւ 2), որ Ապրիլ 15-19 շաբաթը վերածեց «1915-1923ի Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչման շաբաթ» եւ կոչ ըրաւ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին ու նախագահին, որ պաշտօանպէս ճանչնան Հայկական Ցեղասպանութիւնը՝ զայն ընդունելով իբրեւ պատմական անհերքելի իրականութիւն:
Մասնակիցները նաեւ առիթը ունեցան հանդիպումներ ունենալու օրէնսդիր մարմինի շարք մը անդամներուն հետ՝ անոնց հետ կիսելով հայութիւնը յուզող հարցեր:
Յատկանշական է, որ օրէնսդիր մարմինի անդամներու գրասենեակներուն վրայ դրուած էր՝ «Կը յիշենք 1915ի Հայկական Ցեղասպանութիւն» գրութիւնը:
15/04/2013
«ԱՍՊԱՐԵԶ»







