Երէկ Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան կատարեց տեսագրուած արաբերէն յայտարարութիւն մը, որուն մէջ նշեց.
Երկու տարիէ ի վեր Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն թոհուբոհին մէջ, ի սկզբանէ անկեղծ եւ յստակ էինք մեր յայտարարութիւններուն, պատգամներուն եւ կացութեան գնահատականին մէջ: Եւ նկատի ունենալով իրադարձութիւններու յաջորդականութիւնը եւ ոմանց մօտ յառաջացած հարցականները` յարմար նկատեցինք վերահաստատել ինչ որ շեշտած էինք յաճախ, մաղթելով, որ մեր կատարելիք այս շեշտադրումները կ՛օգնեն յստակութեան յաւելման եւ կը նպաստեն ներկայ տագնապէն երկրին եւ քաղաքացիներուն դուրս բերման համար թափուող ջանքերուն:
Ա.- Նախ կը հաստատենք, որ երկրին եւ քաղաքացիին ապահովութիւնը գլխաւոր առաջնահերթութիւնն է:
Բ.- Սէրը քաղաքացիութեան հիմնաքարն է, ինչպէս նաեւ ուրիշներու նկատմամբ յարգանքն ու ներողամտութիւնը` մէկ ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն միջեւ, համակեցութեան հիմքն է:
Գ.- Երկխօսութիւնը ազնուական արժէք է եւ քաղաքակիրթ միջոց մը` տենչացուած լուծումին հասնելու համար, եւ վայրագութիւնը միայն վայրագութիւն կը ծնի:
Դ.- Սուրիական զէնքը զրահ է` երկիրը եւ քաղաքացիները պաշտպանելու անոնց դէմ սպառնացող վտանգներէն: Երկրին զաւակները եղբայրներ են եւ գործընկերներ` երկրին կերտման եւ յօգուտ բոլորին անոր վարկին բարձրացման աշխատանքին մէջ, եւ մէկը միւսէն աւելի լաւ չէ, բացի իր զոհողութեամբ:
Ե.- Երկրին եւ ժողովուրդին միութիւնը քաղաքակրթական արժէք մըն է, որով յատկանշուած է Սուրիան պատմութեան միջոցին: Ձեռք ձեռքի տուած ե՛ւ ամուր կամքով պահպանենք այս արժէքը:
Զ.- Մեր ապագան կը ճշդենք իբրեւ ազատ քաղաքացիներ` ազգային ամբողջական գերիշխանութեամբ եւ անկեղծ իրապաշտ հայեցակէտով, սկսելով ժխտական երեւոյթներու դիտարկումէն, հասնելու համար մինչեւ լուսաւոր ապագայի իրագործում:
Այս է մեր ուղին, այսպէս պէտք է շարունակենք մեր երթը` դէպի մեզի համար ընդունելի եւ վայել ապագայ:
Խաղաղութիւն ընդ ձեզ`
ԺԻՐԱՅՐ ՌԷՅԻՍԵԱՆ
aztagdaily.com







