Հայոց ցեղասպանութեան 98-ամեակի ձեռնարկները սկսած են արդէն: Միութենական, կուսակցական, յարանուանական, երիտասարդական, ուսանողական մակարդակներու վրայ ձեռնարկներու իրերայաջորդականութիւն մը ամբողջ, անգամ մը եւս ընդգծել կու տայ, որ համագաղութային մակարդակի վրայ զսպանակուած մեկնարկի մը իբրեւ արդիւնք ծրագրաւորուած ձեռնարկներու շարք մը ինքզինք տեսանելի կը դարձնէ հանրութեան:
Երեւոյթը անշուշտ դուրս կու գայ զուտ ոգեկոչականութենէ, կը հասնի քարոզչաքաղաքականին, ցուցականին, եւ տակաւ կը ծանօթացնէ հայութեան պահանջատիրութեան ընդհանուր ուղղութիւնները:
Այս ամսուան սկիզբն էր, որ տեղի կ՛ունենար Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի յանձնախումբերու ներկայացուցիչներու խորհրդաժողովը: Այնտեղ զեկուցական եւ քննարկումի բաժիններուն հիմնական առանցքը պահանջատիրութեան իրաւականացումն էր եւ անոր ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն համակարգումն ու նպատակաուղղումը:
Այսպէս. ցեղասպանութեան ուղղութեամբ կատարուած եւ կատարուող գիտահետազօտական հսկայական աշխատանքներուն մէջ պէտք է լուսարձակի տակ բերել այն փաստերը, որոնք միջազգային օրէնքին կիրարկման համար կրնան օգտակար հանդիսանալ: Յուշագրական գրականութեան եւ անոր ընկերակցող լուսանկարներու, եւ արխիւային գրականութեան այն նիւթերը, որոնք կը շեշտեն «ցեղասպանութիւն» սահմանումին տակ ինկող պատժելի արարքներուն եւ հայոց դէմ կատարուած զանգուածային բռնութեան համապատասխանելիութիւնը:
Շարունակելով մնալ իրաւաբանական ոլորտին մէջ, հատուցման թղթածրարի պատրաստութեան մասնագիտական մօտեցումի հրամայականը, որ պիտի կարենայ ներառել թէ՛ եկեղեցապատկանը, թէ՛ անհատական- կալուածայինը եւ թէ՛ համազգային հողայինը: Նկատի ունենալով իրաւական այն բոլոր նրբերանգները, որոնք այնպէս պիտի հունաւորեն աշխատանքը, որ անհատական պահանջները եւ անոնց վրայ յարուցուած դատերը չվնասեն համազգային մեր պահանջատիրութեան:
Շատ են օրինակները: Կարեւորը այն է, որ դէպի իրաւական անցում կատարելու համահայկական ակնկալութիւնն ու մօտեցումը իբրեւ առաջադրանք դրուած է հայ կազմակերպ կեանքի բաղկացուցիչ բոլոր շրջանակներուն մօտ:
Ապրիլեան մեր ձեռնարկները պահանջատիրական շեշտադրումներով նպատակ պիտի ունենան թիրախային այս կէտը: Ապրիլեան տարաբնոյթ մեր ձեռնարկներուն` քարոզչաքաղաքականին, հրատարակչականին, ոգեկոչականին, կրթադաստիարակչականին ձեւով մը ծառայեցումը իրաւական դաշտի ձեւաւորման եւ կայացման հրատապ առաջադրանքին:
Ներագզային միասնականութիւնը գլխաւոր գործօնն է այս բոլորի մշակման, համակարգման, դրսեւորման եւ նպատակաուղղուած աշխատանքին: Թէ՛ լիբանանեան հասարակութիւնը, քաղաքական կողմերը եւ թէ՛ միջազգային լրատուադաշտն ու ընտանիքը պիտի իմանան, որ հայկական կողմը կը նախապատրաստուի պահանջատիրութեան իրաւականացումին: Պիտի իմանայ մանաւանդ Թուրքիան, որ աշխուժ ներկայութիւն է այս տարածաշրջանին եւ այս երկրին մէջ:
Մեր ձեռնարկները եւ մեր ցուցական պահանջատիրութիւնը յատկապէս իր երիտասարդական հաւաքով վաղը եւ իր համաժողովրդային բողոք-քայլարշաւով պիտի փաստեն այս գաղութին կազմակերպուածութեան, գիտակցականութեան եւ մանաւանդ վճռակամութեան բարձր աստիճանաչափը: Այս ներուժն է, որ ամուր, երկարաժամկէտ եւ հետեւողականութեան բարձր ցուցանիշեր նուաճած` նոր զսպանակում պիտի տայ պայքարի նախապատրաստուող հանգրուանին` պահանջատիրութեան իրաւականացումին:
Իրաւական թղթածրարը, որքան մասնագիտական, որքան օրէնսդրական եւ որքան արհեստավարժ, այնքան պէտք է յենած ըլլայ համաժողովրդային համախումբ ներուժին վրայ` կարենալ քաղաքական նպատակային արդիւնքներ ձեռք ձգելու համար:
«Ա.»
«ԱԶԴԱԿ»







