«Ազատ Օր»ի Խմբագրական – Արդարահատուցման ճանապարհին վրայ

_arms-t-shirtԱպրիլեան Մեծ Եղեռնի ոգեկոչումներու թուականը աւելի քան 50 տարի զօրաշարժի կը մատնէ Սփիւռքի բոլոր գաղութները։

Ընդհանրապէս մեր պահանջատիրական պայքարի փոխանցումը սգոյ երեկոներէն դէպի քաղաքական դաշտ՝ բաւական երկար ճանապարհ պարտադրեց 1965էն ետք։ Եթէ ժամանակին անկիւնադարձային ձեռքբերում մըն էր 50-ամեակի այդ փոխանցման հանգրուանը, վստահաբար կարելի է անկիւնադարձային բնորոշել Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակը։ Իսկ թուելով փոխանցման հանգրուանները դիւրաւ կարելի է հաստատել թէ եկեղեցականէն՝ քաղաքական, իսկ անկէ ալ իրաւական դաշտ հասած է Հայ Դատը։

Նոյն հանգրուանները ի զօրու են մարդոց հոգեբանական ազդեցութեան վրայ՝ ողբի ու անզօրութեան զգացումէն, զայրոյթի եւ ուժի գործածութեամբ արդարութեան համար մղուած պայքարի հանգրուաններուն ընդմէջէն։

Ո՞ր մէկը պիտի ըլլայ յաջորդող հանգրուանը։ Հայութեան արդար իրաւունքներու լրիւ վերահաստատման ճամբան ո՞ր ճանապարհէն պիտի ընթանայ։ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակէն երկու տարի առաջ արդեօ՞ք բաւարար են առնուած նախաձեռնութիւնները, որպէսզի հայութեան ամբողջական ներուժը օգտագործուի՝ ի սպաս Հայ Դատին։

Մենք շատոնց գտնուած ենք թրքական պետութեան հետ քաղաքականապէս անհամեմատ ուժերու դիմադրութեան մէջ, առանց երբեք հիասթափելու կամ վհատելու այս կացութենէն։ Բայց որքան տարիները կ’անցնին եւ պայքարի դաշտը կ’ընդարձակուի իր մէջ ներառնելով նաեւ իրաւականը՝ վերջին տարիներուն հոն արձանագրուած յաջողութիւնները նոր ելքեր կուտան Հայ Դատի պահանջատիրութեան։ Հայոց Ցեղասպանութեան ժառանգորդներու դատական գործերէն ետք, որ յարուցուեցան գերմանական դրամատընային կամ ապահովագրական ընկերութիւններուն դէմ, յաջորդեցին թրքական դրամատուները եւ այլ գործեր։ Կրնայ կնճռոտ թուիլ այս ճամբան, բայց պատմութիւնը կը վկայէ որ իրաւական դաշտէն ներս յա- ջողութիւններ արձանագրելու հնարաւորութիւնները կրկնապատկուած են, մինչ քաղաքական դաշտը բաւական յագեցած է ներկայիս, բացայայտօրէն ծառայելով որոշ պետութեանց միակողմանի ու ճնշիչ քաղաքականութեան, որ ոչինչ կը հասկնայ մարդկային արդարութեան սկզբունքը պարտադրելու անհրաժեշտութենէն: Ընդհակառակը՝ ոչ ամերիկեան, ոչ գերմանական եւ առհասարակ որեւէ պետութեան դատաիրաւական համակարգը չէ մերժած Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական փաստը, մէկ աւելի՝ չէ մերժած հատուցման վճիռներու կայացումը: Այս գործընթացի ու մարտավարութեան հետապնդումը յաջողութիւններու նոր առիթներ կրնայ տալ հայութեան:

Հին յունական արեւի ճառագայթներով գործող ժամացոյցի մը վրայ գրի առնուած է հետեւեալ արձանագրութիւնը. «Չեմ հաշուեր այն ժամերը որ արեւ չունին»։ Այս խօսքով առաջնորդելով մեր մտածումը կը կեդրոնանանք յաջողութեամբ պսակուած մեր պատմութեան լուսաւոր պահերուն վրայ։ Հայութեան շարունակուող պայքարը ունի այդպիսի պահեր, որ կրնան աւելնալ եւ լուսաւորել մեր ապագան։ Կը բաւէ որ չանտեսուին յարմար ժամանակները։

azator.gr

Տպել Տպել