«Ժազիրա» Կայանին Հետ Իր Ունեցած Հարցազրոյցին Ընթացքին. «Թուրքիա Պէտք Է Հրապարակաւ Ներում Հայցէ Եւ Հայութեան Վերադարձնէ Իր Քաղաքական Իրաւունքները» Վերահաստատեց Վերա Եագուպեան

Vera-Yacoubian3Հայոց ցեղասպանութեան 98-ամեակի ոգեկոչման առիթով օտար մամուլին եւ լրատուամիջոցներուն կատարուած յայտարարութիւններուն շրջագիծին մէջ, «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը երէկ երեկոյեան կարճ հարցազրոյց մը կատարեց Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեանի հետ:
Հարցազրոյցին ընթացքին Վերա Եագուպեան վերահաստատեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին հայ ժողովուրդը կ՛ակնկալէ, որ միջազգային ընտանիքը ճնշում բանեցնէ Թուրքիոյ վրայ, որպէսզի ան ճանչնայ 1915-1916 թուականներուն Օսմանեան կայսրութեան կողմէ կազմակերպուած եւ գործուած Հայոց ցեղասպանութիւնը:

«Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ ցուցաբերուած ուրացումի քաղաքականութիւնը կը պարտադրէ, որ հայութիւնը անշեղ մնայ միջազգային ընտանիքին ներկայացուցած իր պահանջէն, որուն հիման վրայ Թուրքիա պէտք է ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ հայութենէն ներում հայցէ», շեշտեց ան:

Վ. Եագուպեան նշեց, որ Թուրքիոյ կատարած յայտարարութիւնները, թէ 300-500 հազար հայեր սպաննուած են այդ տարիներուն ընթացքին, ուղղակի մաս կը կազմեն Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութեան: «Այդ ժամանակաշրջանին Անատոլուի մէջ կ՛ապրէին երկու միլիոն հարիւր հազար հայեր, սակայն 1915-էն ետք անոնց թիւը հասաւ 77,500-ի, որոնք կ՛ապրէին Պոլսոյ մէջ: Ո՞ւր գացին մնացեալ հայերը: Ի՞նչ պատահեցաւ անոնց: Եթէ թրքական նենգափոխուած տարբերակը նկատի պիտի ունենանք, թէ անոնք հայերը տեղափոխեցին դէպի աւելի ապահով վայրեր, ապա ո՞ւր վերաբնակուեցան անոնք, ի՞նչ եղաւ Անատոլուի հայութեան: Այսօր Անատոլուի մէջ ոչ մէկ հայ գոյութիւն ունի, ո՞ւր են անոնք», հարց տուաւ ան:

Վ. Եագուպեան հարցազրոյցը եզրափակեց նշելով, որ այսօրուան դրութեամբ ամբողջ հայութիւնը կը պահանջէ, որ Թուրքիա հրապարակաւ ներում հայցէ հայութենէն, նիւթական ու բարոյական հատուցում կատարէ հայութեան, ինչպէս նաեւ անոր վերադարձնէ իր քաղաքական իրաւունքները:

aztagdaily.com

Տպել Տպել