«Թուրքիա Նոր Գաղափարներ Առաջարկելով Դարձեալ Կ՛Ուզէ Աշխուժացնել Ղարաբաղեան Տագնապի Կարգաւորումը» Կ՛ըսէ Հիքմեթ Չեթին

Cetin«Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախկին արտաքին գործոց նախարար Հիքմեթ Չեթին յայտարարած է, որ «Լեռնային Ղարաբաղի հարցին լուծումը Հայաստանի եւ ամբողջ շրջանին առջեւ զարգացման բազմաթիւ կարելիութիւններ պիտի բանայ»:

Ան Պաքուի մէջ «Հարաւային Կովկասի մէջ եւ անոր շուրջ աշխարհաքաղաքական իրադրութիւն ձեւաւորելու հարցին մէջ ՕԹԱՆ-ի դերը» խորագիրով միջազգային խորհրդաժողովին ընթացքին յայտնած է, որ ղարաբաղեան տագնապը պէտք է լուծուի միջազգային իրաւունքի արժեչափերուն ծիրին մէջ:

«Լեռնային Ղարաբաղի հարցը պաղ պատերազմէն ետք շրջանային ամէնէն լուրջ խնդիրներէն է: Անիկա ունի պատմական խոր արմատներ, որոնք մնացած են Խորհրդային Միութեան ժամանակներէն», յայտարարած է ան:

Չեթին նշած է, որ Թուրքիա` իբրեւ ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիր, բազմաթիւ անգամներ հանդէս եկած է տագնապը լուծելու առաջարկներով: «Եթէ Հայաստանը հեռանար Լեռնային Ղարաբաղի յարակից 5 շրջաններէն, ապա հայ-թրքական սահմանը կը բացուէր: Ես նկատի ունիմ ոչ թէ Լաչինը (Բերձոր) եւ Քելբաջարը (Քարվաճառ), այլ միւս 5 բռնագրաւուած տարածքները», ըսած է ան:

Թրքական դիւանագիտութեան նախկին պետը ՕԹԱՆ-ին եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն կոչ ուղղած է իրենց ներդրումը ունենալու Հարաւային Կովկասի մէջ անվտանգութիւն ապահովելու հարցին մէջ: «Չլուծուած տագնապը կը սպառնայ միջազգային անվտանգութեան… Թուրքիան այժմ, նոր գաղափարներ առաջարկելով, դարձեալ կ՛ուզէ աշխուժացնել տագնապին լուծումը», յայտարարած է Չեթին:

aztagdaily.com

Տպել Տպել