«Ազդակ»ի Խմբագրական. Մայիս Մէկը Եւ Ժողովրդագրական Պատկերը

zhoghovurdԱշխատաւորական օրը իր դասական ըմբռնումով բանուորներու իրաւունքներու պաշտպանութեան օր է, որ անշուշտ գաղափարաբանական ներշնչումներ ունի եւ այդ ճամբով ալ կը ստանայ համամարդկային տարազ` քննարկելով եւ մանաւանդ պաշտպանելով աշխատաւոր դասակարգի շահերը կամ ժամանակակից ըսելաձեւով` մարդու իրաւունքները:

Իրաւունքներու պաշտպանութեան այս վարքագիծն է, որ կը բախի հարստապետական համակարգին, շահագործումի բազմատեսակ երեւոյթներուն: Կը վերածուի հասարակական-քաղաքացիական շարժումի:

Կը թուի, որ գաղափարաբանական տեսութիւններու ոլորապտոյտին մէջ շրջագայիլը այնքան ալ նպատակայարմար չէ մայիս մէկեան խորհուրդներու ժամանակակից վերլուծման փորձերուն համար: Պէտք է մասնակիացնել խնդիրը եւ ի վերջոյ խորհուրդը դիտարկել հայրենիքին սպառնացող վտանգներուն նկատառումով:

Իսկ այստեղ պարզ է, որ խնդիրը սուր կերպով կը դրուի աղքատութեան յաղթահարման ծրագիրներու բացակայութեան, կիրարկուած փորձերուն ոչ գոհացուցիչ արդիւնաւորումին, ստուերի գոյութեան, քաղաքական եւ ֆինանսական ուժերու համատեղ եւ ծրագրաւորուած սերտաճման, հովանաւորչութեան ու տակաւին աշխատատեղերու ապահովման, ցած աշխատավարձերու, շահագործման դրսեւորումներու կամ այլ խօսքով ընկերային-տնտեսական անմխիթար վիճակին մակարդակով:

Հարցերը սակայն փոխկապակցուած են: Ինքնավերարտադրանքի մեքենականութիւնները ըստ ձեւի կը փոխուին եւ ըստ էութեան կը մնան նոյնը: Ընտրակարգը կը մնայ արատաւոր, երեւութական փոփոխութիւններով հանդերձ, եւ տեղի կու տայ գոյավիճակի պահպանման:
Ընկերային-տնտեսական կացութիւնը հիմնական մղիչ գործօնն է արտագաղթին: Ժողովրդագրական պատկերի ներկայ ուղղուածութիւնը փայլուն հեռանկար չի խոստանար մեր բոլորի հայրենիքին: Հարստապետական կարգերուն մօտ կը բացակայի իրավիճակը հիմնովին շրջելու կամքն ու տրամադրուածութիւնը:

Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանապետին կատարած վերջին յայտարարութիւնները կը թուին յուսադրիչ նախադրեալներ պարփակել իրենց մէջ: Անիկա հիմնականին մէջ ուղղուած էր քրէական եւ յանցաւոր խաւին, որուն սանձարձակ գործունէութիւնը, միջքլանային բախումները հիմնուած են զուտ տնտեսական դաշտին մէջ արձանագրուող շահերու հակասութիւններուն վրայ: Արձանագրուած միջադէպերը կը խօսին պետական պաշտօններ զբաղեցուցած մարդոց միջեւ գոյութիւն ունեցող անհամաձայնութիւններու եւ անոնց հարթման համար դիմուած անօրինական միջոցներու, կրակոցներու, զոհերու մասին: Պարզ է, որ այստեղ միասին աճած են գործարարութիւնն ու քաղաքական պաշտօններու մագլցումը, հովանաւորչութիւնն ու անպատժելիութիւնը, ապօրինի գործունէութիւնն ու ստուերը, օրէնքի խախտումն ու քրէականութիւնը:

Այս բոլորը կ՛արձանագրուին ի վնաս աշխատաւորին, գիւղացիին, քաղաքացիին, հասարակութեան եւ պետականութեան: Նոյն այդ մարդիկն են, որոնք անհաղորդ են մայիս մէկեան խորհուրդներուն, որոնք շահագործող են, որոնք իրենց տրամադրութեան տակ ունին շահագործուողներ, որոնք հարստութիւն կուտակած են ի հաշիւ աշխատաւորին, գիւղացիին, քաղաքացիին:

Արտագնայ աշխատանքի մեկնողն ու հայրենիքէն հեռացողը աշխատանքի, արժանապատիւ կեանքի ապահովման առաջադրանքին առընթեր ունի արդար ակնկալութիւնը արդար հասարակարգի հեռանկարին:

Իրաւական պետութեան կայացումը պայմանաւորուած է գործարարութեան եւ պետական ու քաղաքական պաշտօններու գործառոյթներու տարանջատումով: Հաշուետուութիւնը պայմանական յղացք է ժողովրդավար կարգերով կառավարուող հասարակութիւններուն համար: Օրէնքին գերակայութիւնը եւ օրէնքին առջեւ բոլորին հաւասարութիւնը յայտարարողականէն անդին գործնականօրէն փաստուելու հրամայականին առջեւ է:

Իրօք հարցերը փոխկապակցուած են: Մայիս մէկը աշխատաւորներու օր է. բայց նաեւ կը յուշէ, որ աշխատաւորներու ներկայ պատկերը, շահագործողներու սանձարձակութիւնները եւ դասակարգային խաւերուն միջեւ գոյութիւն ունեցող բեւեռացուածութիւնը մեր հայրենիքի անվտանգութեան սպառնացող երեւոյթներ են: Անոնք կապ ունին ժողովրդագրական պատկերին հետ, եւ կ՛ազդեն անոր վրայ: Իսկ ժողովրդագրական ներկայ պատկերը Հայաստանի Հանրապետութեան առաջնային խնդիրներէն է: Եթէ ոչ առաջինը:

aztagdaily.com

Տպել Տպել