Յիշատակի Ձեռնարկ` Վիգէն Զաքարեանի Նահատակութեան 21-րդ Տարելիցին Առիթով

vigenԱրցախեան ազատամարտիկ Վիգէն Զաքարեանի նահատակութեան 21-րդ տարելիցին առիթով երէկ` կիրակի, 12 մայիսին Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն: Ապա ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» ակումբի «Սարգիս Ազնաւուրեան» սրահին մէջ կատարուեցաւ յիշատակի ձեռնարկ` կազմակերպութեամբ ՀՅԴ- ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» մասնաճիւղի վարչութեան:

Այս առիթով խօսք առաւ Վանայ Բալիկ Չաքմաքճեան, որ լիբանանահայ իրականութեան մէջ Վիգէն Զաքարեանը բնութագրեց իբրեւ «Նիկոլ Դուման» ակումբի, «Զաւարեան» պատանեկան միութեան եւ «Դրօշակ» մասնաճիւղի պատմութեան մէջ փայլուն էջեր գրած ու այդ պատմութեան ժառանգորդ նոր սերունդներուն սրտերուն մէջ հաստատօրէն փորագրուած անուն մը, կենդանի հերոս մը, որուն անմահութեան 21-րդ տարելիցը կը նշուի:
Անոր համաձայն, Վ. Զաքարեան իւրաքանչիւր հայու կը փոխանցէ ազգասիրութեան, ազատասիրութեան ու Դաշնակցութեան ամուր կառչած մնալու շունչ:

Վանայ Բալիկ Չաքմաքճեան դիտել տուաւ, որ Վիգէն Զաքարեան հայրենիքին նկատմամբ այնքան մեծ սէր ունէր, որ նոյնիսկ իր կեանքը նուիրեց անոր բագինին: Լիբանանահայ իրականութեան մէջ ընդմիշտ ծառայելու պատրաստ, պատնէշի վրայ ըլլալու վճռականութեամբ լի այդ երիտասարդը ուզեց անպայման հասնիլ հայրենիք, հասնիլ Արցախ, Շուշի, որոնք զինք կը կանչէին: Վանայ Բալիկ Չաքմաքճեան յայտնեց, որ ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի տեսլականով ապրողներն ու վիգէններու պայքարին եւ գաղափարին հաւատացողները այսօր ներկայ են ամէնուրեք, նոյն թափով, նոյն վճռականութեամբ` միշտ հայրենիքին կողքին ըլլալու երբ կարիքը կը զգացուի: Իր խօսքը եզրափակելով ան հաստատեց, որ երբ զինեալ պայքարի փողը հնչէ, նոր սերունդները նոյն գաղափարով եւ ոգիով մկրտուած դուրս պիտի գան արդարութեան մարտադաշտ:

Գեղարուեստական բաժինով Հայկ Քէշիշեան նուագեց «Հիմի էլ լռենք»¬ը` շուիով, իսկ Նարեկ Քէշիշեանի (տհոլ) ընկերակցութեամբ անոնք նուագեցին «Պիտի գնանք վաղ թէ ուշ»-ը:
Ձեռնարկը փակուեցաւ «Վէրքերով լի»-ով:

aztagdaily.com

Տպել Տպել